«ԱՅՖՈՆ» 10 ՏԱՐԵԿԱՆ. ԻՆՉՊԷ՞Ս ՓՈԽԵՑ ԱՇԽԱՐՀԸ

Էփըլ-ի հիմնադիրներէն Սթիվ Ճոպս առաջին այՖոնը հրապարակեց Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, 2007-ին:

Տասը տարի առաջ Յունիսի վերջին շաբաթը այՖոն-ը տարածուեցաւ Միացեալ Նահանգներու վաճառատուներուն մէջ: Թուղթի վրայ սարքը յատկանշական չէր, անիկա զուրկ էր 3Ճի. հաղորդակցական կապէն, որ սկսած էր չափանիշ դառնալ գրեթէ ամբողջ աշխարհի մէջ: ԱյՖոն-ի բարդը (պաթըրին) չէր կրնար 24 ժամ դիմանալ, եւ նկարչական սարքը հազիւ 2 մեկափիքսըլ էր: Նոյնպէս հարց էր սակը՝ 499 տոլար, պարտադիր երկու տարուան պայմանագրութիւն՝ «Էյ. Թի. էնտ Թի.»ի հետ: Ատիկա ամենէն փոքր՝ 4Ճի.Պի. տարբերակին համար:

Բայց յատկապէս այՖոն-ը չէր, որ ժամանակավրէպ կը թուէր: Մնացեալ բոլորը այդպէս էին: Այժմ յետադարձ ակնարկ մը նետելով՝ փոփոխութեան ծովը բացայայտ է, որ առաջին այՖոն-ը, 10-ամեայ սարք մը, կը նմանի բանի մը, որ տրամաբանական է գտնել մարդոց գրպաններուն մէջ, մինչ իր մրցակցութիւնը կը նմանի պատմական հետաքրքրութիւններու: Սկիզբէն իսկ սարքը ամբողջութեամբ գունաւոր էր, բազմաշերտ պաստառով, որ եկաւ սահմանելու սմարթֆոն-ը, եւ ատիկա ունէր այսօր օգտագործուող ծրագիրները միացնող համակարգը: Ուրիշ ոչ մէկ բանի կը նմանէր, եւ երկու ամսուան մէջ մէկ միլիոն միաւոր վաճառուեցաւ:

Բայց ծովը ալեկոծ էր նաւարկելու համար: Էփըլ արագօրէն վերատեսութեան ենթարկեց առաջին սակը. 8Ճի.Պի.-ի գինը 200 տոլարով նուազեցուց եւ ընդհանրապէս հրաժարեցաւ 4 Ճի.Պի.-էն, որ հազիւ երեք ամիս առաջ հրապարակած էր: Մինչ այս քայլը այՖոն-ը աւելի գրաւիչ դարձուց նոր գնորդներու համար, զայրացուց առաջին գնողները, որոնք կողոպտուած զգացին: Ի վերջոյ ընկերութիւնը անոնց վերադարձուց 100 տոլար, իսկ ընդհանուր տնօրէն Սթիվ Ճոպս անձամբ ներում հայցեց:

Հեռաձայնի հրապարակուած տարբերակին մէջ տարօրինակօրէն չկային կարգ մը իւրայատկութիւններ: Ամենէն յատկանշականը՝ ոչ մէկ յաւելուած ունէր: Ատկէ աւելի քան տարի մը առաջ, մինչեւ այՖոն ՕԷս.2-ի 2008 թուականի Յուլիսին հրապարակումը, էփըլ-ի միակ բջիջային սարքը, որուն վրայ կրնայիք ներբեռնել եւ տեղադրել ծրագիրներ, հին այՓոտ-ն էր, որ խաղերու վաճառքի փոքր հաւաքածոյ մը ունէր:

2017-ին տարօրինակ կը թուի խորհիլը, երբ էփըլ կը սկսի խոշոր գովազդային արշաւներու, որոնք պատկերեն «աշխարհը առանց յաւելուածներու» (apps), սակայն հեռաձայնը սկզբնապէս հրապարակուած է միայն 15 բնածին յաւելուածով, նոյնիսկ անբաւարար՝ տան պաստառը (homepage) լեցնելու: Էփըլ փորձած է ձեւով մը խաբել օգտագործողները եւ ծրագրաւորողները այն պնդումով, որ «ուեպ-էփ»երը՝  միակ ծառայող կայքերը, որոնք կրնային տեղադրուիլ եւ պահուիլ տնային պաստառին վրայ, ապագան էին: Իր վարկին համար հեռաձայնը վաճառքի դրուեցաւ, տպաւորիչ շարք մը երեւոյթներով, ներառեալ՝ սարքին մէջ տուեալներ պահելու եւ տնային պաստառին վրայ նկարներ տեղադրելու ունակութեամբ: Բայց յստակօրէն ատիկա կիսկատար, ժամանակաւոր լուծում մըն էր:

Գրեթէ աւելի վնասակար էր պարզ յատկութիւններու բացակայութիւնը, օրինակ՝ ծրագիրներուն մէջ կամ ատոնց միջեւ գրու-թիւնը պատճեէնահանելու եւ տեղադրելու ունակութիւնը: 2009-ին, երբ այՖոն ՕԷս.-ին հետ աւելցուցին, մրցակցութեան մէջ ատիկա գլխաւոր վաճառուողը կէտը եղաւ: Կուկըլ-ի Անտրոյտ-ը առաջին օրէն իսկ ատոր աջակցողը եղաւ, թէեւ սկիզբը անշնորհք  գործածողի փորձառութեամբ, ստեղնաշարի վրայ հիմնուած գործողութեան համակարգի նախնական իր հասկացողութեան պատճառով:

Այն ժամանակ այՖոն-ը նորարարութիւն կը ստեղծէր աւելի պարզ պատճառով. ըրաւ այն, որ ըսած էր. պարզ, դիւրին  եղանակով: Մինչ այլ հեռաձայններ տակաւին ունէին  շօշափելի ստեղնաշարներ, բազմաթիւ կոճակներ, «էփս»ի հպումի, շփումի ծրագիրներու համակարգը ամէն բան աւելի պարզացուց, դիւրացուց:

Թեէւ ատիկա այդքան ալ դիւրին չէր օգտագործելը: Էփըլ-ի իւրայատուկ դիրքը ճարտարարուեստին մէջ նոյնիսկ այն ատեն (այդ ասպարէզին մէջ ամենէն ցանկալի ընկերութիւնը) անոր տուաւ արտակարգ  ուժ՝ հաղորդակցութիւններու միջոցներու ընկերութիւններուն վրայ, բազմապատուած այն իրողութեամբ, որ այՖոն-ը շուկաներուն մեծամասնութեան մէջ սկսաւ վաճառուիլ բացառիկ կրիչով: Էյ-Թի.եւ Թի. Միացեալ Նահանգներու, O2 Բրիտանիոյ, Օրանժ  Ֆրանսայի մէջ, բոլորն ալ համաձայնեցան էփըլ-ի համար բացառիկ պայմաններ ստեղծել իւրայատկութեան դիմաց: ԱյՖոն-ը գործարկուեցաւ առանց կրիչի արտօնեալ ծրագիրներու, բոլոր գործածողներու համար պարտադիր անսահման տուեալներու համաձայնագիրներու եւ նոր «տեսողական ձայնային փոստ» համակարգի:

Նոյնիսկ այդ փոփոխութիւնները, որոնք երկարատեւ չեղան, փոխեցին շուկան: Անսահման տուեալներու համաձայնագիրները մեծամասնութեամբ այժմ անցեալին կը պատկանին, բայց անոնց ներկայութիւնը առաջին օրերուն երաշխաւորեց, որ այՖոն ունեցող մարդիկ ազատ զգան ամբողջութեամբ գործածելու անոր կարելիութիւնները: Ասիկա շրջեց նախորդ սերունդներու թերի ծիրը. բաւական բարձր գիները:

ԱյՖոն-ը իմ կեանքս ալ փոխեց: Բրիտանիոյ մէջ առաջին անգամ վաճառքի դըր-ւելէ ամիս մը ետք ես հատ մը նուէր ստացայ 18-րդ տարեդարձիս առիթով, իսկ երկու օր ետք համալսարանի մուտքի հարցաքննութիւն ունէի: Փիլիսոփայութեան բաժանմունքի սպասման սրահին մէջ նստած՝ ես յանկարծ անդրադարձայ, որ պէտք չունիմ սահմանափակելու իմ վերջին վայրկեաններս պայուսակիս մէջի գիրքերը ուղեղիս մէջ թխմելու: Ես կրնայի Կուկըլ-ին մէջ արձանագրել զիս հարցաքննող ուսուցիչին անունը, որ գրուած էր դրան վրայ, եւ անոր հրատարակութիւնները ուղղակի կարդալ: Այդպէս ալ ըրի: Չեմ կրնար ըսել, որ ես այդ հինգ վայրկեանին մէջ աճապարանքով կարդացածներս բոլորն ալ հասկցայ, բայց ամէն պարագայի անոնք զիս տեղ մը առաջնորդեցին:

Թէեւ որոշ ժամանակ մը պահանջուեցաւ, որ այՖոն-ը աճի եւ վերածուի այն սարքին, որ մենք ամբողջովին կ՚ակնկալենք այսօր: Անիկա միայն ծրագրային իւրայատկութիւնները չէին, ինչպէս՝ յաւելուած-ներու պահեստը, եւ կտրել ու տեղադրելը (cut and paste), որոնք տակաւին պիտի աւելցուէին. յաջորդական սարքերու հրապարակումները իրենց սեփական  բարելաւումները բերին:

ԱյՖոն 3Ճի.-ն, որ հրապարակուած է 2008 թուականի ամրան, ամբողջովին փոխարինեց առաջին հեռաձայնը (անիկա տակաւին միակ այՖոն-ն է, որ վաճառքէ հանուած է, երբ փոխարինողը հրապարակուած է), եւ իրեն հետ բերաւ երկու իւրայատկութիւններ, առանց որոնց՝ ապրիլը  դժուար է երեւակայել. 3Ճի. համացանց եւ Ճի.Փի.Էս.: Առաջինը կը նշանակէ, որ  հեռաձայնը կրնայ դիւրին ներբեռնման արագութիւն ապահովել, երբ միացած չէ ուայֆայ  ցանցերուն, որոնք Էփ-ի պահեստի ներդրմանը, այՖոն իր ներկայիս դիրքին ճամբուն վրայ դրաւ, հոն, ուր անոնք կրնան իրենց սեփականատէրերու  ձեռքերուն կպչիլ, ուր որ ալ ըլլան: Երկրորդը փոխարինեց նորարար, բայց անճիշդ համակարգ մը՝ գուշակելու համար  վայր մը, գործածելով ուայֆայ ցանցերու եւ բջիջային հեռաձայնի աշտարակներու  համադրութիւն մը, թոյլ տալով, որ սարքը յայտնաբերէ գործածողին գտնուելու վայրը՝ մինչեւ իսկ որոշ տան մը մէջ, ճամբան բանալով Ուպեր-ի, Ֆորըսքուեր եւ, ի վերջոյ, Փոքեմոն կօ-ի:

Եւ այՖոն 4-ը, հրապարակուած՝ 2010 թուականին, բերաւ իր նոր իւրայատկութիւնները: Ծրագիրներու առումով կար ՖէյսԹայմ-ը, Էփըլ-ի սեփական տեսազանգ ծառայութիւնը, սակայն շատ աւելի կարեւոր է, անոր հետ եկած լուսանկարչական սարքը: Այո, այՖոն-ը երեք տարեկան էր, երբ սկսաք անոր հետ ինքնանկարուիլ (սելֆի):

Աւելի դժուար է մտածել, թէ վերջին ո՞ր յաւելումները նոյնքան հիմնարար կ՚ըլլան: Բայց հետզհետէ աւելի եւ աւելի  դժուար կը դառնայ յիշել սմարթֆոնի օրերը՝ առանց մատնահետքի սենսըրներ-ը, օրինակ՝ 2013 թուականի այՖոն-5էս.-ին մէջ: Եւ մինչ հեռաձայնային վճարումները (Էփըլ վճարում 2014-ի այՖոն 6) տակաւին ընդհանրացած չեն, արդէն բաւական հաւանական կը թուի, որ այս պատմութեան 2027-ի տարբերակը պիտի քմծիծաղի՝ յիշելով այն օրերը, երբ դուք ձեր բջիջայինով կրնայիք վճարել վաճառատուներու մէջ:

Մենք տակաւին չենք գիտեր, թէ այս աշնան այֆոն-ը ի՛նչ նորութիւն պիտի բերէ, կամ նոյնիսկ ի՞նչ պիտի կոչուի: Բայց հաստատ է այն, որ բնականոնի սահմանները մինչեւ հիմա հեռու մղուած են, հաւանաբար այֆոն կը ներկայացնէ իր սեփական նոր ձեւը, որ ի վերջոյ կախեալ կ՚ըլլայ մեր կեանքերէն:

Կամ ալ, թերեւս, անիկա պարզապէս կը կծկուի եւ դուրս կը նետէ խորհրդաւոր լուսանկարչական սարքը: Ատիկա նոյնպէս հաճելի կ՚ըլլայ:

ԱԼԵՔՍ ՀԵՐՆ

ԱՅՖՈՆ-Ը ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ ՄԻԱՅՆ ԱՅՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ,
ՈՐ ՍԹԻՎ ՃՈՊՍ ԱՏԱԾ Է ԱՅՍ ՄԱՐԴԸ ՄԱՅՔՐՈՍՈՖԹԻ ՄԷՋ

Եթէ չըլլար Մայքրոսոֆթի պատասխանատուներէն մէկը, որ Սթիվ Ճոպս խորապէս ատած է, Էփըլ) կրնար բնաւ ստեղծած չըլլար այՖոն-ը, կամ այՓատ-ը:

Համակարգիչի պատմութեան Գալիֆորնիոյ թանգարանին մէջ, վերյիշելով ԱյՖոն-ի ծնունդի պատմութիւնը, Էփըլ իՕՍ-ի նախկին տնօրէն Սքոթ Ֆորսթալ ըսաւ. «ԱյՖոն շատ ոլորապտոյտ ուղի մը ունի: Մենք կ՚աշխատէինք նախագիծի մը վրայ: Անիկա սկսաւ, որովհետեւ Սթիվ կ՚ատէր Մայքրոսոֆթի մէջ այս մարդը: Որեւէ ատեն, երբ Սթիվ այս մարդուն հետ գործ ունեցած է, ջղայնացած վերադարձած է»:

Մայքրոսոֆթի անանուն պատասխանատուն, որ ըստ երեւոյթին, ամուսինն է Սթիվ Ճոպսի կնոջ ընկերուհիին, Ռետմոնի մէջ գտնուող ընկերութեան մը նախագիծներու մասին, անդադար խանդավառութեամբ խօսած է, այն աստիճան, որ Սթիվ Ճոպս որոշած է ծեծել զայն:

Այս նախագիծներուն մասին ընթրիքի մը ընթացքին 10-րդ անգամ խօսելէ ետք, Ճոպս համբերութիւնը հատած, ըսած է. «Խե՛րն անիծածս, եկէք՝ անոր ցոյց տանք, որ այդպիսի նախագիծ մը իսկապէս ինչպէս կ՚ըլլայ»:

ԱյՓատի մշակման ատեն, որ սկսաւ որպէս սեղանի չափերով բազմապատկիչ (multi-touch) նախատիպ, որուն վրայ կարելի էր մատներով տեղափոխել նկարներ, անուանուած էր «ծիրանագոյն նախագիծը»: Էփըլ երբ ստուգեց, որ սմարթֆոն- ները սկսած են սպառնալիք ըլլալ իր այՓոտ-ի առեւտուրին, ուրեմն շեղեց ջանքերը դէպի այՖոն:

Ֆորսթալ յիշեց Ճոպսի խօսքը. «Կը կարծէ՞ք, թէ այս նախագիծը, որուն վրայ կ՚աշխատինք, կրնաք այնքան փոքրացնել, որ բաւէ ձեր գրպաններուն մէջ»:

Ֆորսթալ աւելցուց. «Մենք վերադարձանք նախագծողներու խումբին, որ առաւ ատիկա, անկիւն մը յղկեց: Սթիվ տեսաւ այդ մէկը եւ ըսաւ, որ թապլեթ-ի ծրագիրը դադրեցնենք եւ սկսինք հեռաձայն շինել: Եւ մենք այդպէս ալ ըրինք»:

«Սկիզբը բազմաթիւ էին քննադատողները, մանաւանդ՝ Պլեք Պերիի հետ համեմատողները, բայց անոնք չէին հասկցած, որ մենք փոփոխութեան կ՚ենթարկենք ամբողջ օրինակը: Մենք կը փոխէինք մինչ այդ կատարուածին ամբողջ ձեւը», ըսաւ ան:

Սկզբնական վաճառքը լաւ էր, բայց՝ ոչ բացառիկ: Իրական աշխարհի մէջ մէկ հատի հետ ժամանակ անցընելէ ետք Ֆորսթալի եւ Էփըլ-ի միւս պաշտօնեաները համոզուեցան, որ արդիւնքը օր մը հսկայական պիտի ըլլայ:

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Օգ­տա­գոր­ծուած աղ­բիւր՝ «­Կար­տիըն»
«Ազդակ», Լիբանան

Երկուշաբթի, Յուլիս 10, 2017