«ՍԱՍՆԱՅ ԾՌԵՐ»Ը ԴԱՐՁԵԱԼ ՆԺԱՐԻ ՎՐԱՅ. ԺԽՏԱԿԱՆ ՄԻԱՒՈՐՆԵՐԸ ԱՒԵԼԻ ՇԱՏ ԵՆ

Ազգագրագէտ Հրանոյշ Խառատեանի կարծիքով՝ Հայաստանի իշխանութիւնները կը վախնան «Սասնայ ծռեր»էն: Ազգագրագէտը այս կարծիքը յայտնած է Երեւանի մէջ գործող լրատուական ծառայութեան մը՝ նշելով նաեւ, որ հակառակ անոր, որ ինք ամբողջապէս համաձայն չէ «Սասնայ ծռեր»ու տարի մը առաջ կատարած գործողութիւններուն, որոշ դրական վերաբերում մը ունի զինեալներու գաղափարական մօտեցումին վերաբերեալ:

Խառատեանի այս խօսքը ուզեցի մէջբերել պարզապէս ընթերցողին հետ կիսելու «Ծռեր»ու մասին դրական մօտեցում մ՚ունեցող հասարակական գործիչի մը տեսակէտը: Թէեւ Խառատեանի մօտեցումը ինծի զարմանք չ՚առթեր, այն առումով, որ մօտէն կը հետեւիմ ու գիտեմ անոր հասարական ընկալումները, սակայն անոր խօսքերուն ենթաթեքստին մէջ տեղ գտած միտքերը որոշ մտահոգութեանց տեղի կու տան: Այն իմաստով, որ ազգագրագէտը կարկինը լայն բանալով Հայաստանի հասարակութեան մօտ մատնացոյց կ՚ընէ այդ զինեալներուն հանդէպ առկայ դրական մօտեցումներէն անդին, կը տեսնէ նաեւ որոշակի սէր:

Ուրեմն այս մօտեցման համաձայն Հայաստանի բնակչութեան մէկ տոկոսը (ու չենք գիտեր, որ ինչ թիւի մասին է խօսքը) համաձայն է Հայաստանի քաղաքական խնդիրները լուծել դիմելով բռնի միջոցներու:

Ահա հոս է վտանգը: Ու հակառակ անոր, որ մեզի համար յստակ ապացոյցներ չկան, թէ ինչ թուային տոկոսի մասին է խօսքը, սակայն նման մօտեցման մը մասին խօսիլը, կամ յղում ընելն ալ բաւարար պատճառ պէտք է հանդիսանայ իրապէս մտահոգուելու, թէ ինչ հունի մէջ է Հայաստանի հասարակութիւնը:

Խօսք ըրի «Սասնայ ծռեր»ու գաղափարական երեսակին մասին, սակայն այդ առումով եւս երեւելի անյստակութիւններ կան: Այսինքն նոյն այդ զինեալներու գործողութիւնները, կամ ընդհանուր տրամադրութեան տակ իշխանափոխութիւն կատարելէ անդին յստակ ոչինչ կայ:

Ու շատ պարզ է, որ զինեալ գործողութեան մը հեղինակները, որոնք այսօր յայտնուած են բանտի ճաղերու ետին, տարի մը առաջ Էրեբունիի ՊՊԾ-ի գունդ մտնելու պահուն լուրջ ծրագիր մը չունէին:

Յեղափոխութիւն յանուն յեղափոխութեան, որուն մէկ ծայրը կար Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին իր պաշտօնէն հրաժարելու պահանջը, ինչպէս նաեւ տասնեակ այլ պահանջներ, որոնց մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէր այդ դէպքէն ամիսներ առաջ ձերբակալուած Ժիրայր Սէֆիլեանի բանտէն ազատ արձակելու պահանջը:

«Սասնայ ծռեր»ի հարցը հանրային ուշադրութեան արժանի կը դառնար յատկապէս շաբաթ մը առաջ սկիզբ առած դատական նիստերէն ետք, որոնց աւարտին տարբեր մակարդակներու եւ մարդոց կողմէ քննարկութեան նիւթ դարձաւ այն, որ անոր անդամները խոշտանգումներու ենթարկուած են: Ընդդիմադիր շրջանակներուն կողմէ նիւթի բացայայտ «շահարկում»էն ետք, կարեւոր յայտարարութիւն մը կը հրապարակէր Հայաստանի Մարդկային իրաւանց պաշտպանի գրասենեակը: Հրապարակուած զեկոյցին մէջ «Սասնայ ծռեր»ու անդամ կարգ մը զինեալներու բռնութեան ենթարկուածութեան մասին մանրազննին տուեալներ ներկայացնելէ ետք, աւարտին մասնաւորապէս կ՚ըսուէր. «Նշուած բոլոր տեղեկութիւնները կը պարունակեն յանցագործութեան առերեւոյթ յատկանիշներ, որոնց հիման վրայ պէտք է անյապաղ նախաձեռնուի քրէական դատավարութեան օրէնսգրքով նախատեսուած ընթացակարգ:

«Ձեռք բերուած բոլոր տուեալները սահմանուած կարգով ամփոփուած են եւ կ՚ուղարկուին Հայաստանի գլխաւոր դատախազութիւն՝ քրէական վարոյթի շրջանակներուն մէջ զանոնք ստուգելու, անհրաժեշտ իրաւական գնահատական տալու հարցը լուծելու նպատակով»:

Այլ գետնի վրայ յստակ կը դառնար, որ «Սասնայ ծռեր»ու օրակարգը լաւագոյն առիթն է իշխանութեան դէմ բողոքի արտայայտութիւնները լսելի դարձնելու:

Գաղտնիք չէ, որ շուրջ տարի մը առաջ տեղի ունեցած եւ Հայաստանի պատմութեան մէջ աննախադէպ համարուած ՊՊԾ-ի գունդին դէմ եղած յարձակումը երկուքի բաժնած է հայութիւնը: Ու թէեւ այդ դէպքը ողջունողներն ու դէպքը կատարողներուն արարքը «հերոսական արարք» համարողները թիւով քիչ են, սակայն այդ մէկը չի խանգարեր, որ տարբեր առանցքներու վրայ եղած այլակարծութիւնը աճի ու վերածուի սուր տարակարծութեան:

Մինչ «Սասնայ ծռեր»ու «գաղափարական»ը կրողներուն համար այսօր Հայաստանի մէջ դրական փոփոխութիւն մը առաջացնելու համար մնացած է մէկ ձեւ, այն ալ զինեալ իշխանափոխութիւնն է։ Անդին «Սասնայ ծռեր»ու գործելոճը մերժողներու մեծամասնութիւնը համոզուած է, որ եղածը ահաբեկչական ոճի գործողութիւն է, որ պէտք է սաստուէր նոյնիսկ Կիրակի, 17 Յուլիսին, երբ զինեալ տղաք մուտք գործեցին ՊՊԾ-ի գունդի կեդրոնատեղի եւ գերի վերցուցին հոն գտնուող քանի մը ոստիկանները:

Հիմա, ո՛րն է ճիշդը: Եւ ի՛նչ միջոց պէտք էր, որ «Սասնայ ծռեր»ու այդ դէպքը աւարտէր աւելի «փայլուն բեմագրութիւն»ով մը: Կամ ինչո՛ւ կարեւոր են այս բոլոր դիտարկումները, երբ դէպքէն անցած է ամբողջ մէկ տարի, իսկ իրենց զէնքերը յանձնած զինեալները յայտնուած են դատարանին առջեւ կենալու եւ իրենց մօտեցումները ներկայացնելու իրավիճակին մէջ:

25 տարեկան դարձած Հայաստանի պետութեան պատմութեան մէջ նման «քաղաքական բնոյթ»ի տասնեակ դատավարութիւններ կան: Անոնց ամենէն ուշագրաւը 27 Հոկտեմբերի գործն է, որու աւարտին Նայիրի Յունանեան եւ իր ընկերակիցները դատապարտուեցան ցկեանս բանտարկութեան:

27 Հոկտեմբերի ծանրակշիռ եւ ցըն-ցումնային դէպքէն անցած են տասնութ տարիներ, սակայն մեր հանրութեան որոշ շերտի մը համար երկրին մէջ զինեալ միջոցներով փոփոխութեան մը հասնելու «իւթոփիա»ն կը շարունակէ մնալ ազդու երեւոյթ:

Մենք՝ հայերս անհամբեր ենք: Նոյն այդ անհամբերութիւնը յատուկ շեշտերով կ՚ուրուագծուի Հայաստանի բնակչութեան կարեւոր մէկ տոկոսին մօտ, որուն բաղկացուցիչ տարրերուն հոգեբանութեան մէջ սկսած է արմատաւորուիլ «այս իշխանութիւնները պէտք է բռնի ուժով հեռացուին»ի թիւր եւ վնասակար մօտեցումը:

Նոյն այդ մարդիկ պահու մը համար կը մոռնան, որ Հայաստան «Սասնայ ծռեր»ու հարցէն անդին ունի ծանրակշիռ եւ այժմէական հիմնահարցեր, որոնց ամենէն էականը մեր սահմաններու պաշտպանութեան եւ բանակի հզօրութիւնը ամրագրող ազդակներու որոնման եւ կիրառման խնդիրն է:

Պետութիւնը, գործող իշխանութիւնները այս բոլոր տուեալները մէկդի դնելով ու հաշուի առնելով մեր երկրի ընդհանուր վիճակը, շատ դանդաղ քայլերու ձեռնարկելով ու նոյնիսկ երեք ոստիկաններու սպանութեան «հանդուրժել»ով՝ կտրուկ քայլերու չդիմեցին:

Ու հոս է նաեւ, որ անընդունելի պէտք է համարել աստ եւ անդ հնչող այն խօսքերը, թէ Հայաստանի մէջ «ոստիկանական պետութիւն» մը գոյութիւն ունի:

Սխալ չէ, որ Հայաստանն ալ ունի մեծ ու փոքր խնդիրներ, Հայաստանի մէջ ալ կայ գործազրկութեան մեծ տոկոս, Հայաստանը նաեւ չունի բարձր ցուցանիշներ ունեցող տնտեսութիւն: Կան այս բոլորը, բայց ըսել, որ մենք կը պատկանինք երրորդ աշխարհի մօտելով կառավարուող պետութիւններու շարքին, ընդունելի չէ:

Որպէսզի հռետորական չդառնայ յօդուածին ընդհանուր շրջագիծը, ապա նոյնպէս պէտք է հարց տալ, որ ի՞նչ օգուտ բերաւ «Սասնայ ծռեր»ը Հայաստանին:

Ու շատ խիստ չըլլալու համար մեր գնահատակններուն մէջ, պէտք է անմիջապէս յիշատակել, որ նոյնինքն «Սանսայ ծռեր»ը մինչեւ այս պահը յստակ ծրագիր մը չունի:

Սեպենք, որ անոնք յաջողէին աւելի երկար պահել ՊՊԾ-ի շէնքը իրենց տիրապետութեան տակ, կամ թէ, յաջողէին այլ քայլերու ալ ձեռնարկել, գրաւել տասնեակ շէնքեր եւ սպաննել տասնեակ ոստիկաններ, ապա ո՞վ պիտի ըլլար շահողը այդ բոլորէն:

Կամ աւելի անդին երթալով, եթէ անոնք հասնէին աւելի «շռնդալից» յաղթանակի մը, ապա ի՞նչ էր անոնց ծրագիրը:

Ամէն պարագայի մտահոգիչ է, որ իշխանութիւններուն ցոյց տուած «հասկացողութեան» դիմաց, այսօր «Սասնայ ծռեր»ու նիւթը կը դառնայ ատելութիւն եւ մաղձ արտաբերելու հերթական առիթ: Մարդոց կողմէ, որոնք այդ գործին ետեւն են ծրագրուած եւ ուսումնասիրուած եղանակներով: Իսկ հանրութիւնը, որ խմորի պէս պատրաստ է շաղուիլ եւ իրեն համար ամենէն հեշտ ու հաճելի գործը՝ վէրքի վերածուող քննադատութիւններ տալն է, այսօր եւս ինկած է նոյն թակարդին մէջ:

Խօսելով խնդրին դատական ընդհանուր գործընթացին մասին՝ շատ յստակ է, որ «Սասնայ ծռեր»ու դատական ամբողջ գործընթացը առիթ պիտի հանդիսանայ յաւելեալ լարումներու: Եթէ ընդդիմութեան մօտեցումներն ու մեղադրանքները այն մասին, որ Հայաստանի մէջ ընտրական գործընթացները առողջ չեն եւ երկրի բոլոր խնդիրները արդիւնք են այդ թերացումներուն, ապա նոյնը պէտք է ըսել «Սասնայ ծռեր»ը պաշտպանող եւ այդ տղոց մէջ «փրկութիւն» մը տեսնող հասարակութեան մէկ շերտին մասին, որ այսօր հրապարակ ելած է նպատակ ունենալով բնովել դատական ամբողջ համակարգը:

Իշխանութեան համար կարեւոր խնդիր է այս էջը փակել: Այսինքն իրականացնել արդար դատավարութիւն, եւ ինչքան հնարաւոր է, հանրութիւնը հեռու պահել յաւելեալ անտեղի եւ անօգուտ ցնցումներէ:

Ու այստեղ խնդիր կը ծագի, եթէ պահ մը պատկերացնենք, որ այսօր իշխանութիւնները քննադատող կողմերը իշխանութեան գլուխ ըլլային, ապա ինչ միջոցներով անոնք պիտի շրջէին Հայաստանի ու հայութեան համար ծանր ռիսքերով լեցուն այդ գործողութեան տխուր էջը:

Չմոռնանք, որ իշխանութիւնը ամենէն ծանր պահերուն, ոչ մէկ կերպ իր ուժային ներուժը գործի դրաւ այդ զինեալները ճնշելու համար եւ փորձեց բոլոր կարելի միջոցներով հարցին տանելի լուծումներ գտնել: Ի վերջոյ կար նաեւ Հայաստանի պետութեան «իմաժ»ի խնդիրը, որ, որեւէ ծանր դէպքի մը պարագային կրնար Հայաստանը «յաճախորդ» դարձնել միջազգային հանրութեան համար անընդունելի վարք ունեցող պետութիւններու ցուցակին մէջ: Ու հոս գաղտնիք ալ չէ, որ ժխտական երեւոյթները քաղաքական առեւտուրի եւ շահարկման հիմնական օրակարգի նիւթ կը հանդիսանան:

Հեշտ է խօսքով, հեռուէն, առանց աշխատանքի ու առանց քրտնելու յորդորներ ընելը: Այն, որ այս եղանակները եւ բռնի ուժով եւ նոյնիսկ արիւնով բարեփոխութիւն կատարելու միջոցները միայն վնաս կը բերեն մեր երկրին, շատ պարզ ու յստակ է:

Կը մնայ այդ մօտեցումը աւելի ամուր վէմի մը վրայ դնել ու այդ վէմը կոչել՝ «Հայաստանի անվտանգութիւնը ամէն բանէ վեր է»:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յուլիս 10, 2017