«ՈՒՍՈՒՄՆ ՊԱՐՏՈՒՑ»
ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ
«Երկու բան կայ, որ հոգին միշտ կը լեցնեն նոր զարմացումով եւ յարգանքով, այն է՝ մեզմէ վեր եղող աստեղազարդ երկինքը եւ խղճմտանքին ձայնը մեր սիրտերուն մէջ» (Էմմանուէլ Կանտ)
Պօղոս առաքեալ մարդուն զանազան պարտաւորութիւններուն մասին խօսելով՝ գլխաւորաբար երեք մասերու կը բաժնէ.
ա. Պարեպաշտութեան պարտաւորութիւն, որու առարկան Աստուած է:
բ. Արդարութեան պարտաւորութիւն, որ կը վերաբերի մեր ընկերոջ (նմանին):
գ. Զգաստութեան պարտաւորութիւն, որ մեր անձին կը վերաբերի:
Մեր պարտաւորութիւնները, իրենց սկզբունքին նայելով, բոլորը մէկ պարտաւորութեան մէջ կ՚ամփոփուին, որ է՝ հնազանդիլ Աստուծոյ: Որովհետեւ, Աստուած ըստ ինքեան Ինք ծայրագոյն բարութիւնն է: Ան է բարոյական եւ միաժամանակ նիւթական աշխարհի Օրէնսդիրը: Ան է սկիզբը, որմէ ծագում ունին բարոյական եւ նիւթական աշխարհի օրէնքները: Մեր խիղճը, որ մեր հոգիին հետ ծնած է եւ մեր բոլոր պարտաւորութիւններուն աղբիւրն է, մեզ կ՚իմացնէ, թէ բարոյական աշխարհ մը կայ. իսկ նիւթական տիեզերքը իր դաշնակաւոր կարգով, կը յայտնէ մեզի, որ ամբողջ բնութիւնը Աստուծոյ իմաստութեամբ կը կառավարուի, որուն կամքը կատարելը, բոլոր արարածներուն կոչումն է, որովհետեւ Աստուած է բոլորին սկիզբն ու վախճանը1:
Աշխարհի մէջ մարդոց բուն եւ ճշմարիտ կոչումը բարոյական օրէնքը կատարելն է, որպէսզի կարողանայ բարոյական կատարելագործութեամբ եւ առաքինութեան ճանապարհով երջանկութեան հասնիլ, ըլլալ այնպէս, ինչպէս Արարիչէն ստեղծուած է, այսինքն՝ ըլլալ Աստուծոյ պատկերին եւ նմանութեան համաձայն: Որովհետեւ մարդուն վսեմ պարտաւորութիւնն ու ճշմարիտ երջանկութիւնը Աստուծյ նմանիլն է եւ ոչ թէ ուրիշ բանի. ըլլալ բարի, մարդասէր, խաղաղասէր, հեզ, խոնարհ եւ համբերող, որովհետեւ Աստուած ամենաբարի եւ ամբողջութեամբ՝ Սէր. տակաւին, մեզ կը հրաւիրէ յառաջանալ այս առաքինութիւններուն մէջ, որպէսզի կարողանանք կատարեալ ըլլալ, ինչպէս որ Ինք՝ մեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է:
Մարդուն երջանկութիւնը Աստուծոյ մէջ է: Մարդը, կեանք այս փորձանքներու աշխարհին մէջ, չի՛ կրնար երջանկութեան հասնիլ: Մարդուն կեանքը պատերազմ է, եւ աշխարհը՝ պատերազմի դաշտ, ու միայն բռունցքները կրնան Աստուծոյ Արքայութիւնը յափշտակել, ինչպէս որ ըսաւ մեր Փրկիչը: Փորձանքով ալեկոծուած այս կեանքին մէջ, ճշմարիտ մարդը գիտէ, որ ինք կոչուած է արիութեամբ եւ առաքինութեամբ պատերազմելու ամէն տեսակի ձախորդութիւններու եւ դժբախտութիւններու դէմ: Այս պատերազմին մէջ է, որ կը բացուի եւ կը կրթուի մարդուն բարոյական բնութիւնը եւ ազատութիւնը: Այս պատերազմով է, որ մարդը կը մեծնայ եւ կը գործակցի իր Արարիչին հետ՝ իր հոգիին նորոգութեամբ: Մարդը, թէեւ իր առաքինութեան յաղթանակը ծանր եւ մեծ զոհողութեամբ կը գտնէ եւ ձեռք կը բերէ այս աշխարհիս մէջ, սակայն, ան գիտէ, որ յաղթանակի թանկագին գինով միայն երջանկութեան կը հասնի, որովհետեւ ինչքան ալ հնարաւոր չէ կատարեալ երջանկութիւն գտնել փորձանքներու այս աշխարհին մէջ, սակայն մարդ առաքինութեամբ, յոյսով եւ հաւատքով իրաւունք կը ստանայ երջանիկ ըլլալու՝ հանդերձեալին մէջ: Այսպէսով, ճշմարիտ մարդը յաւիտենական արդարութեան վրայ հիմնուելով, իր հոգիին աչքը այս կեանքէն կը բարձրացնէ դէպի հանդերձեալ կեանքը՝ ակնկալելով ուրիշ աշխարհ մը, որուն լոյսը խաղաղ ու անանց է, ուր փորձանքները վերջացած են եւ միայն երանութիւնը կը թագաւորէ: Այս յոյսով է, որ մարդը այս աշխարհը եւ բնութիւնը չ՚արհամարհեր, որ կրնայ գործել ինչպէս իրեն համար, այդպէս ալ իր ընկերոջ համար: Ան այս կեանքէն չի՛ պահանջեր այն, ինչ որ չի՛ կրնար տալ: Ան, առաջին եւ գլխաւոր պարտաւորութիւն կը համարէ իր ներկայ կեանքի նպատակը՝ առաքինութիւն գործել: Ան, այս ներկայ կեանքին մէջ երջանկութիւն կը փնտռէ հոգեւոր այն բարութիւններուն մէջ, որոնք պատահարներն ու դժբախտութիւնները չե՛ն կրնար անոր ձեռքէն խլել ու յափշտակել, կ՚ուզենք ըսել, որ ան երջանկութիւն կը փնտռէ իր բարի խիղճի եւ հոգիի անդորրութեան եւ ուրախութեան մէջ: Ճշմարիտ մարդը, երբ աշխարհի մէջ բախտաւոր չէ, երբեք չի՛ գանգատիր իր վիճակէն, իր ընկերոջմէն եւ հասարակութեան կարգադրութենէն, որովհետեւ աշխարհային վայելչութեան տենչանքով չէ վառուած: Ան, իրեն պատահած ձախորդութիւններէն չի՛ յուսահատիր, եւ յօժարութեամբ կը կրէ զանոնք: Ան կեանքը չ՚արհամարհեր, թէեւ կեանքը անբաւական է անոր սիրտին եռանդուն զգացմունքը գոհացնելու եւ համապատասխան չէ մարդոց հոգեկան եռանդին: Ան կրնայ կեանքը ձգել առանց ափսոսալու եւ դիմել մահուան՝ առանց թուլութեան, դիմել մահուան՝ յոյսով եւ խաղաղ սիրտով, երբ իր պարտաւորութիւնը կը պահանջէ, որ ան իր կեանքը չխնայէ: Ան իր պարտքը այնքան մեծ ջերմեռանդութեամբ կը կատարէ, որքան ալ կատարելու հանգամանքները մեծ ու ծանր ըլլան: Այս հանգամանքներն են, որոնք առաւել եւս հնարաւորութիւն կու տան, որ աւելիով բացուին մարդուն ազատութիւնը եւ բարոյական առաքինութիւնը: Մարդը երբ բարոյական այս կատարելիութեան կը դիմէ, ինչ վիճակի մէջ ալ ըլլայ, երբեք չի՛ նախանձիր ուրիշներու բախտաւորութեան, ճոխութեան եւ արտօնաւորութեան կամ մեծութեան, որոնցմէ ինք զրկուած է: Ան երբեք չի՛ մտածեր ուրիշներու ամբարտաւան հոգիին հաւասարելու եւ կամ միջոցներ փնտռելու, որով կարենայ ուրիշներէն գերազանց ըլլալ: Ան ճշմարիտ հաւասարութիւնը միա՛յն առաքինութեան մէջ կը տեսնէ եւ Աստուծոյ առջեւ հաւասար ըլլալուն մէջ: Ան կը փափաքի փառքի, բայց իր փառասիրութեան միակ նպատակն է բարոյականութեամբ բարձրանալ, զօրաւոր ըլլալ՝ ճշմարտութեամբ, սիրտի բարութեամբ, հաւատքով, սրբութեամբ եւ առաքինութեամբ: Ան կը փափաքի իշխանութեան, սակայն իր փնտռած իշխանութիւնը՝ բարոյական օրէնքի իշխանութիւնն է, իշխանութիւն՝ իր անձին եւ կիրքերուն վրայ: Այս բարոյական իշխանութիւնն է, որ ան երբեք չէ՛ աշխարհի բոլոր իշխանութիւններուն հետ: Սակայն, պէտք է ըսել, որ ան իր բաղձանքը եւ աշխատանքը չի՛ սահմանափակեր միայն այս վսեմ անձնասիրութեան մէջ, այլ՝ աւելի զօրաւոր կերպով կ՚աշխատի իր ընկերոջ, իր ազգակիցի եւ բոլոր հասարակութեան յառաջդիմութեան համար: Եւ իր աշխատանոցը բո՛ւն նպատակ կը բռնէ առաւելաբար հասարակաց հոգեւոր եւ բարոյական շահը, քան թէ նիւթականը: Ան ուրախութեամբ կը նուիրէ իր անձը հասարակաց լուսաւորութեան համար, որպէսզի անոնց մէջ ճշմարիտ լուսաւորութիւն տարածէ, անոնց սիրտերուն մէջ առաքինութեան կանոններ եւ բարոյական օրէնքներ հաստատէ: Ան պատրաստ է նոյնիսկ իր կեանքը զոհելու՝ այս գլխաւոր եւ ամենէն մեծ օրէնքը թագաւորեցնելու համար, որ է՝ Սէր առ Աստուած եւ առ մարդ, եւ արդէն ինքն իր անձը վարձատրուած կը համարէ, եթէ կարողանայ բարոյապէս ազնուացնել իր շուրջի մարդիկը, եթէ կարողանայ փոխանակ ագահ, նախանձոտ եւ թշնամութիւն տածող մարդոց, տեսնել՝ խոհեմ, զգաստ, արդար, մարդասէր եւ աստուածասէր մարդիկ: Սակայն, ան գիտէ, թէ աշխարհը ինչքան ալ կատարելագործուի, դարձեալ չի՛ կրնար կատարեալ բարեկարգութեան աշխարհ ըլլալ եւ կամ արդարութեան անպայման թագաւորութիւն, որովհետեւ մեր Փրկիչին թագաւորութիւնը այս աշխարհէն չէ: Հետեւաբար, մարդուն միակ կոչումը՝ աշխարհի վրայ կատարել բարոյական օրէնքը, կատարել այն՝ ինչ որ մեզմէ կը պահանջէ մեր երջանկութիւնը, այն՝ ինչ որ համաձայն է Աստուծոյ նախախնամութեան:
Ճշմարիտ մարդուն կեանքը պատերազմ մըն է: Ան կը պատերազմի արդարութեան համար՝ անարդարութեան դէմ, սիրոյ համար՝ ատելութեան դէմ, ճշմարտութեան համար՝ մոլորութեան եւ ստութեան դէմ: Ան կը պատերազմի այսօր, վաղը եւ յաւիտեան: Մարդուն սիրտը ստեղծուած է Աստուծոյ համար,- կ՚ըսէ [Ս.] Օգոստինոս-, եւ այս է պատճառը, որ ան միշտ անհանգիստ է եւ երբեք չի՛ հանդարտիր, մինչեւ որ Աստուծոյ մէջ չհանգստանայ:
1 Տե՛ս, «Համառօտութիւն Քրիստոնէական ուսմանց», երես 4-5:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 1
Վաղարշապատ