ՀԱՄՇԷՆԱՀԱՅԵՐ (Գ.) «ԵՍ ՀԱՅ ՉԵ՞Մ»

Նախորդ շաբթուայ սեբաստական ընդմիջումէս ետք, ահա կը վերադառնամ համշէնցիներու նուիրուած շարքիս, վերջին յօդուածով մը եզրափակելու համար զայն։

Նախապէս գրեցի համշէնցիներու բազմատեսակ ըլլալուն մասին, ներկայացուցի անոնցմէ ոմանք, որոնք զիրենք հայ չեն զգար, եւ ուրիշներ, որոնք հայ կը համարեն զիրենք։ Այս վերջին սիւնակով պէտք է անդրադառնամ աւանդական թրքահայերէն համշէնահայերու ակնկալիքներուն։ Լայն նիւթ է, որուն կարելի է առնուազն մի քանի սիւնակ յատկացնել, բայց պիտի բաւարարուիմ մէկ անհատի, համշէնահայ Ալի/Արիի դիրքորոշումը ներկայացնելով։ Կը խոստանամ աւելի ուշ դարձեալ գրել Թուրքիոյ քրիստոնեայ հայերու եւ ընդհանրապէս մահմետական կամ ալեւի հայերու յարաբերութիւններուն, փոխադարձ կարծիքներուն եւ ակնկալիքներուն մասին։

Ալին համշէնահայու լաւագոյն ներկայացուցիչներէն է։ Ամենէն աւելի հայ զգացող, հայութեամբ հետաքրքրուող եւ համշէնցիութիւնը հայութեան կապել փորձողներէն մէկը։ Որոշ համացանցային ընկերային ցանցերու վրայ կը ներկայանայ պարզապէս Արի անունով, այդպէսով ձեւով մը «հայացնելով» ինքզինք։ Աւելի՛ն. այնտեղ իր մականունն ալ օղլուէն փոխած է եանի։ Բազմիցս այցելած է Հայաստան, մի քանի անգամ ալ՝ այս կամ այն սփիւռքեան հայկական համայնքներուն այցելութիւններ տուած է, միշտ համշէնցիութեան եւ հայկականութեան միջեւ մշակութային-ինքնութենական կապեր վերհանելով։ Հայաշխարհի մէջ իր ճամբորդութիւնները ֆիզիքական տարածքներու մէջ չեն սահմանափակուիր։ Մտաւոր տարածութեան վրայ եւս անընդհատ հայութեան հետ շփման մէջ է. «Մնձուրի, Համաստեղ, եւ այլ հայ գիւղական գրականութիւն կը կարդամ, որպէսզի մեր համշէնական գիւղերու կենցաղի հետ համեմատեմ, եւ յաճախ իւրայատուկ նմանութիւններ կը գտնեմ», կ՚ըսէ ինծի։

Կարճ պատմեմ իր «հայացման» կենսագրութիւնը, քրիստոնեայ պոլսահայերէն իր ակնկալիքները ձեզի սուրհանդակելէ առաջ։ Ծնած է համշէնեան գիւղերէն մէկուն մէջ, բայց տասն տարեկան չեղած՝ տեղափոխուած Իսթանպուլ։ Միշտ գիտէ եղեր, որ թուրք չեն, որ համշէնցի են.  մայրենի լեզուն եղած է համշէներէնը, զոր հիմա անվարան «համշէնի հայերէն» կը կոչէ։ Բայց հայութեան մասին ոչինչ գիտցած է, մինչեւ լեզուի նմանութեան յայտնաբերումը։ Օր մը, տասնչորս տարեկանին, իրենց թաղի գրադարաններէն մէկուն մէջէն Հնչակեան կուսակցութեան մասին (հաւանաբար զայն թշնամաբար նկարագրող) գիրք մը կը գտնէ եւ կը սկսի հետաքրքրութեամբ թերթատել։ Էջի մը վրայ կուսակցութեան քայլերգը կը տեսնէ՝ լատինատառ հայերէնով ու թրքերէն թարգմանութեամբ։ Լեզուի նմանութիւնը տեսնելով՝ կ՚ապշի. «Հնչակեանները համշէնցի՞ են, թէ՞ համշէնցիները հայ…»։

Եւ կը սկսի քիչ-քիչ փորփրել ու պեղել աւելին։ Թէ՛ գիրքերու մէջ եւ թէ ընտանիքին։ Մեծ մայրը, օրինակ, հարցախեղդ կ՚ընէ։ Երկար դիմադրելէ ետք, վերջինս չի դիմանար ու ջղայնացած կ՚ըսէ իրեն՝ «Հա՛, հայ ենք, գնա՛ բոլորին ըսէ, որպէսզի լեզու՛դ կտրեն…»։

Յաջորդող տարիներուն, Ալիի գիտելիքները կ՚ամրանան եւ կը հասնի այսօրուայ վիճակին՝ Արիին։ Բայց զուգահեռաբար կ՚աճի նաեւ պոլսահայերէն իր յուսախաբութիւնը, առ այն, որ վերջիններս շատ վերապահ ձեւով կը մօտենան իր ու իր նման համշէնցիներու հայ ըլլալուն։ Արի յատկապէս կը շեշտէ, որ պոլսահայոց մէկ մասին մօտ կայ հայկականութեան այնպիսի «նեղ-կրօնական» պատկերացում մը, որ իրեն նմանները դուրս կը թողու հայութեան շրջանակէն։ Մէջբերեմ հատուած մը իր հետ հարցազրոյցէս, եւ այդպէսով փակեմ այս շարքս, ընթերցողին մօտ հարցադրումներ յառաջացնելու փորձով։

«Այո ես հայ եմ. պատմականօրէն եւ մշակութային առումով հայութեան մասնիկը կը համարեմ ինքզինքս եւ կ՚ուզեմ որպէս այդպիսին գոյատեւել։ Բայց ես իրե՛նց ուզած «հայ»ը չեմ եւ երբեք ալ պիտի չըլլամ։ Ես քրիստոնեայ չե՛մ կրնար ըլլալ։ Կրօնական առումով անհաւատ եմ. հայ եմ ըսելով երթամ կնքուի՞մ։ Զո՞վ խաբելու համար. ինքզի՞նքս, թէ՞ մկրտութիւնը կատարող վարդապետը։ Ի՞նչ է, աթէիստ հայեր չկա՞ն։ Ինչո՞ւ անոնց հայկականութիւնը հարցականի տակ չ՚առնուիր։ Մենք՝ համշէնցիներս ունինք հայկական մշակութային որոշ ժառանգութիւն, որ քրիստոնէութենէ՛ն ալ հին է։ Բանաւոր կերպով մօրմէն տղուն կամ հօրմէն աղ-ջըկան փոխանցուող աղօթք մը ունինք, որ ո՛չ քրիստոնէական է, ո՛չ մահմետական. բնաշխարհի եւ բնութեան ուժի մասին է մեծ մասամբ, բայց ՀԱՅԵՐԷՆՈՎ է, հայկակա՛ն ժառանգութիւն է։ Ես այդ հին հայկական աւանդութիւնը ստացեր եմ, եւ պատրաստ եմ աղջկաս փոխանցել… Եւ ես հայ չե՞մ։ Կը կարծեմ որ, հայ ինքնութիւնը խնդրականացնել, ետքն ալ՝ վերարտադրել պէտք է։ էթնօ-կրօնական ինքնութեան դարը անցած է շատոնց, հիմա ինքնութեան բազմազանութեան ժամանակներն են։ Հայ ինքնութիւնն ալ պէտք է արդիականացնել, ու համախմբուիլ պատմական ժառանգութեան, մշակոյթի եւ լեզուի շուրջ. ոչ թէ կրօնքի, որ անհատական հարց է»։

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 10, 2019