ԱԶԳԱՅԻՆ ԼԵԶՈՒԻ ԷԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Անվարան պէտք է խօսիլ ազգային լեզուի, մեր պարագային՝ հայերէնի, էականութեան մասին, ընդդէմ ամէն կարգի արդարացման եւ մարդորսական ճապկումի, թեթեւսոլիկութեան, կարեւոր անձ երեւնալու տխրութեան, ֆրանսացին կ՚ըսէ՝ snobisme-ի, տգէտի մանկավարժութեան, որոնք մեզ համախումբ կը տանին օտարման:

Գէթ մեր գրողները, տպարանները, մամուլը (տպագիր, լսուող եւ տեսնուող) նախանաձխնդրօրէն համեստ ըլլային իրենց աշխատանքի սեղանին վրայ բառարան ունենալու: Եթէ այդ ճիգը ընէին, լուրջ եւ հաստափոր հատորի մը մէջ, քանի մը անգամ  «ծառաւ» չէին գրեր «ծարաւ»ի փոխարէն, ուշադիր կ՚ըլլային եւ թրքաբանութիւնը հաստ եւ մեծատառ չէին գրեր կարեւոր համարուող յօդուածներու որպէս վերնագիր, ինչպէս «գալ տարի»ն, փոխան՝ «յառաջիկայ տարի»ի…

Հայերէնը անգիտութեամբ եւ անպատասխանատուութեամբ ենթակայ է խուժանային յարձակման: Երեւոյթը չի քննադատուիր ինչ-ինչ պատճառ-պատրուակներով, որոնք, կը յանգեցնեն ազգավնաս ընթացքի: Ընկերային կեանքի բոլոր մարզերուն համար կը ճառենք մասնագիտական ղեկավարումէ եւ կազմակերպութենէ, բայց երբ հարցը կը վերաբերի հայերէնի, անոր գործածութեան, կարեւորութեան եւ տեղին, մեծ ու պզտիկ իրենք իրենց իրաւասութիւն կու տան վարդապետական կարծիքներ յայտնելու:

Ոչ ոք կը զարմանայ, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս իւրաքանչիւր հայ, համեստներ եւ ուսում ստացածներ, կը յանդգնին (եւ բառը զօրաւոր չէ) ազգի լեզուն չափել, ձեւել, կտրատել, բառ եւ շարահիւսութիւն, իրենց յատուկ տրամաբանութեամբ: Մին կ՚ըսէ, թէ «այսպէս կը խօսինք, այսպէս պէտք է գրենք»: Թէ ո՞վ են «իրենք», ո՞ր իրաւասութեամբ, ո՞ր շարունակութիւն ըլլալու հաւատարմութեամբ: Հայերէնը յղկուած լեզու է, օժտուած արտայատչական կարողութեամբ, չէ գտնուած ոջիլի շուկային մէջ (ֆլի մարքէթ, պիթ պազար): Մին կ՚ըսէ պէտք է պարզացնել, ուրիշ մը կ՚ըսէ պէտք է վերցնել կարգ մը տառեր, միւսը տարօրինակ բառակերտումներ եւ շարահիւսութիւն կը ստեղծէ՝ արդարանալով որ այդ արդիական է կամ քաղաքական ոճ:

Եւ հայերէնը կը դառնայ մէկ շրջանակէ միւսը, մէկ քաղաքէ միւսը, մէկ երկրէ միւսը, նորահայերէն: Ոչ ոք կը գայթակղի: Գայթակղողներնլսող չեն գտներ:

Այս խառնակութիւնը համահայկական տարողութեամբ տեղի ունեցաւ 1922-ին, հայերէնի ուղղագրութեան երկփեղկումով: Հայաստանի վերանկախացումէն ետք ներազգային միութեան եւ համագործակցութեան մասին շատ խօսուեցաւ եւ կը խօսուի: Հայրենասիրական զեղումները, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), անպակաս են, այլազան լեզուներով, բայց մեր ինքնութեան պատուանդան լեզուն համահայկական մտահոգութեան առարկայ չէ: Խօսքը չի վերաբերիր փոքրամասնութիւններու, որոնք այդպէս ալ կը մնան, միշտ քիչ մը աւելի կծկուելով: Այս պատկերը հայկական թերթերը կը փռեն մեր առջեւ, լոյս տեսնելով բազմաթիւ լեզուներով, հայերէն էջերու եւ անոնց որակի նուազումով:

Սովորական է քմծիծաղը, երբ խօսուի հայերէնի, անոր ուղղագրութեան եւ շարահիւսութեան մասին:

Կը հպարտանանք Հայաստանի վերանուաճուած անկախութեամբ, բայց ի՞նչ կ՚ըսենք եւ կը մտածենք մեր լեզուին մասին, որ կը նահանջէ, կը գաղութացուի, չի վերագտներ իր արմատներու հարազատութիւնը, այսինքն՝ անկախութիւնը:

Մեր պատմութեան ոեւէ մէկ շրջանէն աւելի ուսումնականներ ունինք, սաւանանման վկայականներով, բայց ստուար մեծամասնութեան համար հայերէնը օտար լեզու է, երկրորդ լեզու անգամ չէ, ինչպէս սպաներէնը անգլերէնի կողքին, անգլերէնը արաբերէնի կամ ֆրանսերէնի կողքին: Ղեկավարութիւնները ինչ-ինչ հաշիւներով հաշտուած են կացութեան հետ, պատեհապաշտի ճապկումով կը հրաժարին վերականգնումի նախաձեռնութենէ: Այդ մասին խօսիլ անհեթեթութիւն կը համարուի:

Սփիւռք(ներ)ի եւ Հայաստանի ղեկավարութիւնները պիտի ունենա՞ն բաւարար իմաստութիւն, ազգի ընթացքը դնելու համար ճիշդ ուղիի վրայ, որմէ շեղած ենք եւ մեզ շեղած են պատմական չարիքները: Շեղած ըլլալու ընթացքը մեզ տարած է եւ կը տանի, զանազան ձեւերով, դէպի այլասերում (aliénation), զոր զանազան բառերով սահմանած ենք, ձուլում, ուծացում, օտարում, բայց անոնց դէմ իսկական համազգային ազդու դարմաններ չենք յաջողած գտնել, կամ չենք ուզած գտնել, գործածելով հանդերձ տպաւորիչ բառեր, ինչպէս՝ ռազմավարութիւն, մարտավարութիւն, քաղաքականութիւն, անմիջական, մօտաւոր եւ հեռաւոր նպատակներ, բայց անոնց ետին չենք գտներ անխարդախ ակունքներ վերադարձի յանձնառութիւն, որ ազգի տոկալու եւ տեւելու հիմնական ընթացքը պիտի ըլլար եւ չկայ:

Ազգային լեզուէն խոտորումը դարձած է մեր բարքերուն մաս, մեզ կրծող չարիք, որ չ՚անհանգստացներ նահանջող աճող մեծամասնութիւնը եւ ղեկավարութիւնները: Մեր իմաստունները, որոնք գիտեն ապագայի նախատեսութիւններ ընել, projections, ինչո՞ւ այդ փորձը չեն ըներ 2099-ի համար, գիտ նալու համար, որ եթէ դէպքերու ընթացքը այսպէս շարունակուի, իրողապէս (de facto) ի՞նչ պիտի մնայ ազգի համրանքէն եւ որակէն: Ոչ մէկ արդարացում ընդունելի պիտի ըլլայ պատմութեան առջեւ, եթէ լեզուի նահանջի կրաւորականութիւնը շարունակուի: Զանգուածը չէ որ պիտի հակազդէ եւ նախաձեռնէ, այլ իր կոչման հաւատարիմ ղեկավարութիւնը, ան ըլլայ քաղաքական, կրօնական, տնտեսական, մշակութային, կրթական, մարզական:

«Լեզուն կը յառաջդիմէ»ի ապազգայնացնող տրամաբանութիւնը, որ հայերէնը ողողած է եւ կ՚ողողէ օտար բառերով եւ օտարաբանութիւններով, այսօր կը շարունակուի գործնապաշտական նոր վերաբերումով մը, որ իր գլուխը կը ցցէ ասդիէն անդիէն: Կ՚առաջարկուի հայերէն տառերու քանակը նուազեցնել, սորվեցնելու երեւակայական արգելքը վերցնելով, կամ պարզապէս «սովետական» ուղղագրութիւնը որդեգրելով ամէնուրեք: Փոխան համահայկական վերականգնումի մշակութային քաղաքականութիւն մը որդեգրելու եւ գործադրելու, ղեկավարութիւնները կարծէք անկարող են ապագայակերտ որոշումներ կայացնելու:

Լեզուն կարելի չէ մարդորսական նպարավաճառային հաշիւներու կամ ամբոխավարութեան  ստորադասել: Լեզուն կը սորվեցնեն: Հայերէն սորվեցնել ըստ գլխու մազ սափրելու չի նմանիր:  Լեզուն կը սորվին եւ կը սորվեցնեն ինչպէս որ է, իր բառագանձով (չմոռնալով՝ գանձը), իր արտայայատչական հարստութեամբ, ճշգրտութեան երաշխաւոր քերականութեամբ եւ շարահիւսութեամբ:

Յիշեցում մը: Ֆրանսերէնը այնքա՜ն խառնափնթոր պարագաներ ունի, յոգնակիներու, արական-իգականի, խնդրառութիւններու: Ափրիկեան երկիրներու մէջ, ոչ անցեալին, երբ Ֆրանսան գաղութարար պետութիւն էր, ոչ ալ այսօր նոյն ափրիկեան անկախ երկիրներու ղեկավարութիւնները, ափրիկեցի մանուկներուն համար նոր պարզացուած-դիւրացուած քերականութիւն չեն մշակած եւ չեն մշակեր: Միթէ՞ հայածնունդ տղաքը ափրիկեցի մանուկներուն չափ խելք չունին:

Համազգային քաղաքականութեան կը վերածուի՞ հայերէնի հարազատութեամբ պաշտպանութիւնը եւ ուսուցումը, վերականգնելով ուղղագրութիւնը, բառապաշարը, քերականութիւնը, շարահիւսութիւնը, աստիճանաբար հայ սերունդին ջամբելով հայերէն եւ հայատառ խօսք եւ գիր, թերթ եւ գիրք, օտարաբարբառ խօսքը եւ գիրքը վերապահելով օտարներու մօտ քարոզչութեան, ծանօթացման:

Պէտք է յիշել եւ յիշեցնել պատմական ճշմարտութիւնը, որ կրնայ լուսաւորել մեր ներկան: Հայաստան եւ հայու հողը դարերով տիրապետուած են օտար ուժերու կողմէ, պարսիկներ, բիւզանդացիներ, արաբներ, օսմանցիներ, ռուսեր, բայց հայ ազգը տոկացած է, պահած է իր ազգային նկարագիրը եւ ինքնութիւնը, քանի որ այդ բոլորին դէմ վահան եղած է իր լեզուն:

Այսօր այդ վահանը վա՞ր դրած ենք, վա՞ր պիտի դնենք վասն զանազան գործնապաշտութիւններու:

Ո՞վ եւ ի՞նչ պատասխան պիտի տայ նորահաս սերունդներուն եւ պատմութեան:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 10, 2017