ՏԵՍԻԼՔԸ
-Սիրունին կը սպասեմ...:
Նախադասութեան հնչիւնները կը կրկնուին մահամերձին կեանքի վերջին ակնարթները գլորելու պահուն: Ծերունի մըն է զանոնք արտաբերողը: Լսելով կը կասկածիս նոյնիսկ անոր գիտակցութեան գոյութեան մասին: Կը թողու այն տպաւորութիւնը, որ մահը ժամեր առաջ զինք այցելած է, սակայն կարօտ մը կը թեւածէ մթնոլորտին մէջ, տեսնելու, հրաժեշտ տալու ցանկութիւն մը թերեւս, կամ ալ հանգստանալու, գուցէ միայն հնչիւնները լսելով կարօտի այդ մարմնաւորումին:
Այր ու կին առողջ ծերունիներ էին, մինչեւ այն ատեն, երբ իննսունի մօտ այրը հաւասարակշռութիւնը կորսնցուց ու ինկաւ մահճակալ, ինքզինք յանձնելով կորաքամակ կնոջը խնամքին, որմէ ետք մերթ ընդ մերթ մարմնէն սկսան բացակայիլ կեանքին կապող յատկանիշները անոր: Բացակայեցաւ ամէն ինչ, բաց աչքերուն ետին մթութիւնը կարելի էր նշմարել անոր, վստահ ինք ալ բան չէր տեսներ, կորսուած գիտակցութեան վերջին հնչիւնները այս նախադասութիւնն էր միայն, կը սպասէր ան, միայն երէկ չլսած աղջկան ձայնին թերեւս, որ հեռուները իր կեանքի մաքառումներուն մէջ մխրճուած, թերեւս պահ մը չէր կրցած որսալ խօսելու համար ծնողաց հետ:
Բաց աչքերուն կուրութիւնը նշմարելի էր այո, բայց նաեւ այլ նշմար մը, ճիգ մը կար անոր մէջ: Երրորդ աչքին՝ ենթագիտակցութեան ճիգն էր թերեւս, որ ան ալ խամրելու վրայ էր արդէն, սակայն կարողացած էր կարծես վերջին ազդ մը ուղարկել աղջկան ու վերջին հաղորդակցութիւն մըն ալ ապահովել, իմաց տալ անոր, հրաժեշտ՝ թերեւս:
Ու ահա այդ ազդը կը թակէ աղջկան ենթագիտակցութեան դուռը, տեսիլքով մը կը փոխանցէ անոր այս պատկերը հօր, որուն բերնէն կեանքը փրփուռ առ փրփուռ կը կաթի գետնին:
Սիրուն սարսափահար կը ցատկէ տեղէն, մատները արդէն պիտի սկսին հարուծել հեռաձայնին ստեղները, զանգը պիտի հասնի..., ան կը փորձէ ինքզինք մխիթարել, զսպել, համոզել, որ ընդամէնը երազ մըն է տեսնուածը, տեսիլք մը, կարօտի մը կառոյցը կրնայ ըլլալ միայն, անիրաւ պատկերներու գոյացում մը, սակայն նաեւ նախապատրաստում մըն ալ թերեւս տարիքը առած հօրը վախճանին, որմէ խուսափիլ անկարելի է: Հայրը, որուն խորհուրդները ժամեր շարունակ անյագօրէն մտիկ կ՚ընէր ան, հայրը, որ ծերութեան առանձնացաւ ու զաւակներուն տեսքին կարօտ է հիմա, բայց ինչո՞ւ, ինչո՞ւ այսպէս են գրեթէ բոլոր հայ ընտանիքները, կը ծնի ընտանիքը, կ՚աճի ու կը բազմանայ որպէս ծառ մը, որուն ճիւղերը կը հասնին շատ հեռաւոր ափեր, ամէն բաժանումի ու հեռաւորութեան պատճառ մը գրկած կ՚երկարին ճիւղերը, մէկը՝ պատերազմի պատճառով, միւսը՝ ուսման, ուրիշ մը տեղւոյն տնտեսական անբարենպաստ կեանքը պատճառաբանելով կ՚երկարէ իր ճիւղը ու կը շարունակէ աճիլ հոն, ուր որ է այժմ:
Ժամերը կը քաշքշէ Սիրուն խորհրդածելով, մերթ չհաւատալով իր իսկ տեսած տեսիլքին, մերթ՝ լաւատեսուեամբ, մերթ՝ յոռետեսութեամբ, աչքերը ժամացոյցին սլաքներուն սեւեռած, անհանգիստ վիճակով կը սպասէ հօրը առտուան, որպէսզի ծերունիներուն նեղութիւն չպատճառէ ու չմտահոգէ այս ժամուն հեռաձայնին զանգը հնչեցնելով:
Վայրկեանները կը թուին ժամեր, յոգնած աչքերէն քունը կը հոսի Սիրունին, սակայն անկարելի է զանոնք փակել, բայց ինչպէ՞ս փակել զանոնք, երբ խորհուրդները կը յարձակին ու այնքան արագ կը փոխուին անոնք, որ մէկը չաւարտած կը հասնի ուրիշ մը, անցեալը, ներկան, մանկութիւնը, պատանութիւնը, ամէն, ամէն ինչ պատկերի կը վերածուին Սիրունին աչքերուն առջեւ, տագնապը կը սաստկանայ անոր ներսիդին, կ՚աճի ու պատկերները կ՚օժտէ մռայլութեամբ մը, որուն հաւատալ չ՚ուզեր ան, չէ՛, չէ՛ անկարելի է, ա՞յս է մարդուն վախճանը միթէ, ա՞յս, հապա ինչո՞ւ համար են ընտանիքը, զաւակները, կեանքի աւարտին առանձնութի՞ւն պարգեւելու, բայց առանձնութիւնը զգացում է լոկ, կրնայ անհատը բազմութեան մէջ ալ առանձին ըլլալ, միթէ հայրս կը սփոփուի՞ մեր ձայնով, մենք կարողացա՞ծ ենք անոր մենութեան բաժակը լեցնել գոնէ մի քանի կաթիլով...:
Ու ահա կը հասնի հօրը առաւօտին ժամը, ստեղներուն հարուածէն անմիջապէս ետք հայրը կը վերցնէ ընկալուչը ու.
-Զանգիդ կը սպասէի, աղջիկս, որ հաղորդեմ այս կարդացած գիրքիս մասին, շատ աղուոր է, կ՚ուզեմ դուն ալ կարդաս, դեռ ունիմ մի քանի հատոր գրադարանիս մէջ, անոնք ալ պէտք է կարդամ,- կ՚ըսէ հայրը ուրախ ու առողջ շեշտով մը:
Հօր իւրաքանչիւր հնչիւնին հետ կը նուազի աղջկան տագնապը, կասկածները յօդս կը ցնդին, կը յստականայ հօրը սպասումին պատճառը, ու.
-Հայրի՛կ, անոնք կարդայ, ես քեզի նոր գիրքեր պատրաստած եմ, ամրան հետս կը բերեմ, գրադարանիդ գիրքերը երբեք պէտք չէ վերջանան:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ