ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԱՖԻԱ» ԿԱ՞Յ

Հայկական լրահոսին հետեւողներ՝ վերջին շրջաններուն պիտի նկատէին, որ մէկէ աւելի ելեկտրոնային կայքերու վրայ տեղեկութիւններ հրապարակուած են Եւրոպայի տարածքին գործող կարգ մը յանցախումբերու մասին, որոնց հիմնական գործը զեղծարարական աշխատանքներով զբաղիլն է։ Խօսքը յատկապէս կեդրոնական Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն մասին է, որոնց արդիւնքով ալ յստակ կը դառնար, որ այդ յանցախումբերուն գործունէութիւնը յար եւ նման է մաֆիաներու գործունէութեան։

Ի դէպ, նաեւ պարզ կը դառնար, որ այդ խմբակներուն հիմնական գործունէութեան դաշտը կը տարածուէր Գերմանիայէն մինչեւ Իտալիա։ Այս յօդուա-ծով փորձած եմ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողները իրազեկել յատկապէս վերջերս ուշագրաւ դարձած կարգ մը եղելոյթներու մասին։ Նիւթը աւելի հիմնաւորեալ մօտեցումներով օժտելու նպատակով՝ նաեւ իրականացուցած եմ հարցազրոյց մը՝ գերմանահայոց աշխոյժ պատասխանատուներէն մէկուն հետ։

Մինչ այդ ըսեմ, որ երբ այս նիւթին վերջակէտը կը դնէի, ուշադրութիւնս կը գրաւէր BBC կայանին կողմէ հրապարակուած լուր մը, որ կը հանրայնացնէր այս անգամ Պելժիոյ մէջ տեղի ունեցած դէպքի մը մասին, որ առընչուած էր տեղւոյն թենիսի մրցաշարքին հետ։ Ըստ հեղինակաւոր BBC-ին, Պելժիոյ մէջ բացայայտուած յանցախումբի անդամներուն մէջ կային վեց հայորդիներ, որոնք դրամաշորթութեան նպատակով մասնակից դարձած էին թենիսի մրցաշարքի մը յատկացուած գրաւատան մը աշխատանքներու կեղծումին ու այդ հարցով ալ ձերբակալուած ու կալանաւորուած էին։

Մասնաւորապէս Պելժիոյ մէջ «բացուած» այս գործը բաւականին բարդ եւ մութ ծալքեր ունէր, որովհետեւ տեղւոյն հայկական համայնքին գլխաւոր պատասխանատուները ոչ մէկ տեղեկութիւն ունէին այդ խմբակի մասին։

Ամէն պարագայի, ուշագրաւ փաստ է, որ «հայկական մաֆիա»ներու մասին եւրոպական մամուլին կատարած հրապարակումները սկսած են դառնալ յաճախակի։ Բան մը, որ մեծ մտահոգութեան առիթ պէտք է դառնայ մանաւանդ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն ու առհասարակ հայ ժողովուրդին համար։ Անկախ «յան-ցաւոր աշխարհ»ին մէջ իրենց ունեցած «դիրք»էն, այդ յանցախումբերը կրնան լուրջ վնաս պատճառել հայութեան ու Հայաստանի Հանրապետութեան ընդհանուր վարկանիշին։

ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԷՋ «ՆԵՐՔԻՆ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ»

Գերմանիոյ կամ առհասարակ Եւրոպայի տարածքին «հայկական մաֆիա» գոյութիւն ունի՞։ Կամ որքանո՞վ ճիշդ է այն ձեւակերպումը, որ Եւրոպայի մէջ ապրող «յանցագործ տարրեր» իրարու քով գալով կազմած են «հայկական մաֆիա» մը։ Հետաքննական լրագրութեան կանոններով եւ տեղեկութիւններով առաջնորդուող ոեւէ լրագրողի աչքէն չեն վրիպիր այն դէպքերը, որոնք կը համարուին ուշագրաւ եւ նոյնիսկ չնախատեսուած։

Գերմանիոյ մէջ գործող հայկական որեւէ յանցախումբի մասին առաջին ուշագրաւ հրապարակումը լոյս կը տեսնէր Երեւանի «Ազգ» շաբաթաթերթին մէջ։ Պերլին հաստատուած հայաստանցի լրագրողուհի Անահիտ Յովսէփեանի ստորագրութեամբ հրապարակ կ՚ելլէր լուր մը, ուր մանրամասնութիւններ կը տրուէին վերջերս տեղի ունեցած միջադէպերու մասին, որոնց ընթացքին Գերմանիոյ կեդրոնական հատուածին մէջ բնակութիւն հաստատած հայորդիներ զիրար ծեծած էին։ Դէպքին արձագանգները լսելի կը դառնային շրջանի ոստիկանական մարմիններու մօտ, որոնք հարցը կը դարձնէին հանրային ուշադրութեան կեդրոն եւ այդ մասին իրազեկումներ կու տային Գերմանիոյ հեղինակաւոր զանգուածային լրատը-ւութեան միջոցներուն։

Ըստ նախնական տուեալներու, մաֆիայի «տրամաբանութեամբ» գործող «հայկական խմբակներ»ուն գործունէութեան ընդհանուր դաշտը կը տարածուէր Իտալիայէն մինչեւ Գերմանիա աշխարհագրական տարածքը, ուր անոնք բացի կեղծուած եւրոներու Գերմանիա «ներածում»էն, կը զբաղէին նաեւ ինքնաշարժներու ապօրինի առեւտուրով, դրամ լուալով եւ այլ բազմապիսի ապօրինի գործարքներով։

Այս բացասական երեւոյթներուն դիմաց մտահոգութեան մեծ ալիք մը կը բարձրանար գերմանահայոց շրջանակներուն մօտ, որոնք ուշի-ուշով կը հետեւէին զարգացումներուն։

Այստեղ հարկ է նշել, որ յատկապէս Գերմանիոյ Պունտեսթակին կողմէ հայկական հարցի փաստը ընդունելու որոշումէն ետք՝ երկրին մէջ ընթացք առած էր հայանպաստ մթնոլորտ մը եւ տեղւոյն հայերուն գլխաւոր մտավախութիւնն այն էր, որ «հայկական մաֆիա»ի մը հաւանական գոյութիւնը կա՛մ կարգ մը հայկական «խմբակներ»ու կողմէ գործադրուած ապօրինի գործողութիւնները կրնային ուղղակիօրէն վնաս հասցնել հայութեան ընդհանուր դրական «իմաժ»ին։

Այս բոլորէն անդին ալ բաւականին մտահոգիչ էր այն երեւոյթը, որ մասնաւորապէս վերջին շրջաններուն «հայկական խմբակներ»էն իւրաքանչիւրը «հրոսակային» յարձակում մը կը գործէր միւս խմբակի անդամներուն ունեցած ճաշարաններուն վրայ։

Թէեւ այս մասին բաւարար ստոյգ եւ հրապարակուած տեղեկութիւններ չէին երեւիր մամուլին մէջ, բայց եւ այնպէս, ըստ Գերմանիոյ մէջ գործող «Հայ ակադեմականներու միութեան» նախագահ Տքթ. Ազատ Օրտուխանեանին, եղած էր նման արարք մը։

Երկար տարիներէ ի վեր Գերմանիա հաստատուած հայ մտաւորականը նաեւ կը յայտնէր, որ եղածը աննախադէպ է իրենց համար։ Ան կը կարեւորէր Գերմանիոյ մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Սմբատեանի իրականացուցած ճիգերը այս առումով եւ կը հաստատէր, որ մասնաւորաբար վերջերս հայազգի դեսպանը շփումներ ունեցած է գերմանացի բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ։

Բացայայտ է, որ այս «հայկական խմբակներ»ը ձեւաւորուած են վերջին տարիներուն, շատ հաւանաբար Հայաստանէն արտագաղթած հայերով, որոնք անցած են ընկերային-տնտեսական բաւական բարդ ճանապարհ մը եւ Հայաստանի մէջ տիրող ծանր պայմաններէն հեռանալով՝ յայտնուած են Գերմանիոյ մէկ անկիւնը։

Ի՞նչ ձեւով կարելի է լուծել նման յանցախումբերու գործունէութիւնը, դժուար է ըսել, սակայն կարեւորը այն է, որ այս մարդիկը հնարաւորինս հասկնան, թէ նման անօրէն գործունէութիւններով մեծ վնաս կը բերեն հայութեան եւ Հայաստանին։

Բնականաբար Հայաստանի իշխանութիւններն ալ կարեւոր ընելիք ունին այս առումով, ու յստակ է, որ այդ ընելիքը պէտք է կատարուի լոյսերէ հեռու եւ բաւական խորհրդապահական պայմաններու տակ։

Մեծագոյն խնդիրը այն է, որ «օրինական դաշտ» պէտք է բերուի անոնց գործունէութիւնը՝ փորձել բացատրելով, որ ապօրինի ճանապարհներով անոնք կրնան մեծ հարուած տալ հայութեան վարկին ո՛չ միայն Գերմանիոյ, այլ՝ ամբողջ Եւրոպայի տարածքին։

*

Գերմանիոյ «Հայ ակադեմականներու միութեան» նախագահ Տքթ. Ազատ Օրտուխանեան պատասխանեց մեր հարցումներուն։

-Պր. Օրտուխանեան, վերջին շրջանին դարձեալ թարմացած են լուրեր՝ Գերմանիոյ հայկական մաֆիայի ու յանցախումբերու մասին: Ի՞նչ տեղի ունեցած է:

-Ցաւօք սրտի, հայկական մաֆիայի մասին խօսակցութիւնները Գերմանիոյ մէջ նորութիւն չեն: Անոր առընչուող հետաքննութիւնը այստեղ կ՚ընթանայ 2009 թուականէն ի վեր։ Այդ խմբաւորումներու մէջ ներառուած են ոչ միայն հայեր, այլեւ՝ ռուսեր, չեչեններ, գերմանացիներ, մոլտովացիներ, իտալացիներ, ինկուշներ եւ այլ ազգերու ներկայացուցիչներ: Այս գործի մասին մենք կը տեղեկանանք գերմանական հեռուստատեսութեամբ, մամուլով, որ, ի հարկէ, շատ բացասական կ՚ազդէ հայկական համայնքի վրայ՝ հեղինակութեան առումով: Կ՚ուզէինք, որ չըլլային նման բաներ, բայց մարդիկ այդ կեանքով կ՚ապրին, մենք ոչինչ կրնանք ընել:

-Իսկ ի՞նչ է այդ խմբաւորումներու ուզածը:

-Գերմանական մամուլը նշած է, որ երկու հայկական «մաֆիէօզ» խմբաւորումներու միջեւ տեւական կայ բախում, որու պատճառը մինչեւ վերջ հնարաւոր չէ ճշդել: Տարիներ շարունակ ընթացող հետաքննութիւնը վերջնականապէս չէ կրցած պարզել պատճառը, քանի որ հայերը, իրենց նկարագիրի համաձայն, ամբողջական տեղեկութիւն չեն տար ոստիկանութեան, այսպէս ըսած՝ «զիրար» չեն ծախեր, ինչ որ գերմանական ոստիկանութեան գործը կը դժուարացնէ: Բայց յայտնի է, որ գործին մէջ կան տարբեր բնոյթի յանցանքներ. օրինակ՝ Իտալիայէն մեծ քանակութեամբ կեղծ փողերու պատմութիւն՝ մօտաւորապէս 125 հազար եւրոյի հասնող, յարձակումներ հայերու ճաշարաններու վրայ, ինչ որ մէկ «ցեղ»ը կը կատարէ միւս «ցեղ»ին հանդէպ, կան նաեւ զանազան տեսակի խնդիրներ, որոնց հիմնական պատճառը խճճուած է: Երկու հայկական խմբաւորումներ իրարու միջեւ հարցերը չեն կրնար լուծել, անկէ զատ հարցերուն խառնուած են նաեւ քրէական հեղինակութիւններ՝ «օրէնքով գողեր», չեչեններ, ինկուշներ… Շատ տհաճ իրավիճակ է, որ լարուածութեան մէջ կը պահէ այստեղի հայերը: Տակաւին հետաքննութիւն կը կատարուի, կան տուժածներ, վիրաւորներ, ձերբակալուածներ:

-Դեսպանատունը կամ համայնքային կառոյցները կը միջամտե՞ն, որեւէ քայլերու կը ձեռնարկե՞ն:

-Գերմանիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը հանդիպած է նահանգային ներքին գործերու ղեկավարներուն հետ, քննարկած է հարցը՝ լուծումներ գտնելու համար, բայց, ցաւօք սրտի, համայնքը այս առումով շատ բան չի կրնար ընել. աւելի՛ն, տուժած է տեղի ունեցածէն: Ի ուրախութիւն մեզի, մաֆիաներու շուրջ հայկական համայնքը չկայ, յատկապէս այստեղի սփիւռքահայերը նոյնիսկ պատկերացում չունին, թէ ինչի մասին է խօսքը, այսպիսի գործունէութիւն անծանօթ է համայնքային հոգեբանութեան:

Գերմանացիները կ՚ըսեն, որ սովորաբար մաֆիաները կը փորձեն իրենց գործունէութեամբ աննկատ մնալ, յետին ծրագիրի մէջ գործել, բայց այս պարագային օր ցերեկով գործողութիւններ տեղի կ՚ունենան։ Օրինակ՝ բռնի կերպով ներխուժած են ճաշարան, զինեալ յարձակում կատարած են եւ այլն, որ նոր երեւոյթ է եւ չափազանց մտահոգիչ, գերմանացիները նոր որակի յանցագործութեան հետ գործ ունին: Անոնց համար յաճախ անսպասելի են օր ցերեկով կատարուող նման յարձակումները:

Կրկին շեշտեմ, որ թէեւ խմբաւորումներու անունը «հայկական մաֆիա» է, բայց անոր գործունէութիւնը ամբողջութեամբ հայերուն վերագրել կարելի չէ, այլ ազգեր ալ կան խառնուած: Այս գործին մէջ քանի մը նահանգներ ներգրաւուած են, ինչպէս նաեւ՝ Պերլինը: Շատ մը շրջաններու մէջ հայերը ապրած են հանգիստ, խաղաղ պայմաններու տակ եւ այսպիսի գործողութիւնները բացասական ազդեցութիւն կ՚ունենան: Յուսանք՝ հետաքննութիւնը շուտ կ՚աւարտի եւ վերջապէս կը դրուի այս պատմութեան աւարտը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Օգոստոս 10, 2018