ԵՐԳԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
ԱՆՋԷՅՆՏ ՄԵԼՈՏԻ - ԷԼՎԻՍ ՓՐԵՍԼԻ (UNCHAINED MELODY - ELVIS PRESLEY)
Երբ կը հնչէ «Անջէյնտ մելոտի»ն, ան կարծես կը ծորի ժամանակի մէջէն՝ կանգնեցնելով մոլորակի շարժումը 3 վայրկեան եւ 35 երկվայրկեանով, շրջապատը վերածելով մեծ, հիասքանչ քնքոյշ ու մեղմ սիրավէպի մը։ Ան իրմով կը պարուրէ ամէն ինչ, բայց աւելին՝ ան ունակ է ստիպելու թրթռալ ամենաչոր սիրտերն ու ամենաանտարբեր հոգիները։ Այս երգը սիրոյ մարմնացում է երաժշտական նօթերու միջոցաւ։
Ան գրուած է 1955 թուականին «Շղթաներէ ազատուածը» («Unchained») շարժանկարին համար։ Հեղինակներն են Հէյ Զարեթն ու Ալեքս Նորթը։ Շարժապատկերը իրական դէպքերու հիման վրայ գրուած պատմութիւն մըն էր բանտարկեալի մը մասին, որ դժուարին ընտրութեան առջեւ էր։ Ան պէտք է որոշէր իր յետագայ ճակատագիրը․ փախուստի գնով ազատութիւն՝ վտանգուելով ցմահ ազատազրկման, թէ՝ այնուամենայնիւ ողջ պատիժի կրումը՝ խեղդամահ ընող կարօտի զգացումով, բայց ուշ կամ կանուխ ազատութեան մէջ ըլլալու հեռանկարով։
Երգի հեղինակ Հէյ Զարեթ երգը գրելու միջոցին փորձած է հնարաւոր չափով հոն կեդրոնացնել ամէն ինչ սիրելիի մասին ու կարօտի եւ թախիծի շուրջ։ Ան ոչ մէկ կերպով կ՚առընչուի բանտարկեալի ըմբոստութեան պոռթկման հետ, այլ՝ ամբողջովին կ՚արտացոլացնէ սիրեցեալին կարօտած տղամարդու հոգեկան տանջանքները։
Շարժանկարի ճերմակ պաստառ բարձրանալէն յետոյ նոյն տարին՝ 1955 թուականին երգը առաջադրուեցաւ «Օսքար» մրցանակաբաշխութեան, սակայն մրցանակը զիջեց մէկ այլ երգի։ Հակառակ այս հանգամանքին, երգը մեծ յաջողութիւններ ունեցաւ․ անմիջապէս սիրուեցաւ հանդիսատեսին կողմէ եւ գրաւեց ուշադրութիւնը բազմաթիւ աստղային երաժիշտներու, որոնք վերաերգեցին զայն բազմաթիւ անգամներ։
Երգի առաջին տարբերակի կատարողը եղաւ Թոտ Տանքըն, որ իր հիանալի կատարումով երգը աւելի յուզական դարձուց։ Սակայն երգի անզուգական ու չգերազանցուած տարբերակի կատարողը եղաւ Էլվիս Փրեսլի, 1976 թուականին։ Եւ, իրականին մէջ, երգի մասին խօսելու պահուն բոլորը կը կարծեն, որ երգի առաջին ու հեղինակային կատարողը Էլվիսը եղած է։ Անոր կատարումով երգը անմահացաւ։
Երգի երկրորդ ծնունդը եղաւ 1990 թուականին, երբ երգը Ռայթչես Պրատըրս խումբի կատարմամբ հնչեց «Ուրուականը» («The Ghost») շարժանկարին մէջ՝ Տեմի Մուրի եւ Փաթրիք Շուայզէի մասնակցութեամբ։ Այն կրկին յայտնուեցաւ բրիտանական հիթ-շքերթներու յառաջատար դիրքերուն վրայ։
Պարբերաբար կատարելով այս երգը, կատարողները կ՚ապահովեն երգի «ճանաչելիութեան եւ յայտնիութեան» բարձր չափանիշը։ Բացի Էլվիս Փրեսլիէն, յայտնի կատարողներուն մէջ կան Կարեթ Կեյթսը, Եութու խումբը, Ռոպսըն էնտ Ժերոմ զոյգը, Սմաշինկ Փամփկինս խումբը, եւ ուրիշներ։
Հետաքրքրական է հետեւեալը․ երգը յայտնուած է «Կինես»ի մրցանիշներու գիրքին մէջ՝ իր բազմաթիւ վերաերգուած տարբերակներու շնորհիւ։ Յայտնի են 500-է աւելի տարբերակներ, աւելի քան հարիւր լեզուներով։
Եւ ինչպէս միշտ՝ երգը անմահ է, քանի դեռ զայն լսող կայ։ «Անջէյտտ մելոտի»ի պարագային՝ կարելի է ըսել, որ ան յարատեւ է։ Դժուար է պատկերացնել ռոմանթիք երեկոյ կամ արարողութիւն առանց այս երգի մասնակցութեան։ Ան սիրավէպերու անբաժան մասը կը կազմէ եւ արդարեւ արժանի է կոչուելու սիրոյ հիմներու յառաջատար։
«Միայնակ գետերը կը հոսին դէպի ծովը՝
Դէպի ծովի՝ լայն բացուած գիրկը․․․»։
ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան