ՊԷՅՐՈՒԹԸ՝ ԱՒԵՐԱԿ, ԱՐԻՒՆԼՈՒԱՅ ՈՒ ՍԳԱՒՈՐ

Ահ, սարսափ, զարհուրանք ու սոսկում. մահաբեր ցնցում մը շարժեց ամբողջ Լիբանանն ու լիբանանցիները:

Պէյրութը հիմնայատակ է, քարուքանդ, մոխրածածկ, Ո՛Չ ԵՒՍ:

Կարելի պիտի չըլլայ յիշողութենէ ջնջել Պէյրութը թնդացուցած մահաբոյր պայթիւնը եւ անկէ ծնունդ առած սարսափազդու ալիքը, որ քալեց աւելի քան 250 քիլօմեթր՝ հասնելով մինչեւ Կիպրոս:

Անբացատրելի երկվայրկեաններ. խառնափնթոր միտքեր ու զգացումներ, զօրաւոր երկրաշարժ, ապա ականջալուր՝ հզօր որոտումի: Շէնքը կը ճօճուի… Մինչ ոմանք կը ճչան, պապանձած, լոյսի արագութեամբ միտքեր կը փոխուին, երկրաշա՞րժ, ռո՞ւմբ, միշտ սպասուող պատերա՞զմ, հրէական օդային յարձակո՞ւմ, շէնքի փլուզո՞ւմ…

Եւ յանկարծ, արդէն կ՚իմանանք պատահածը. աներեւակայելի իրավիճակի մատնուած է Պէյրութը՝ իր բնակիչներով… բառերը բաւարար չեն արտայայտելու վիճակին ահաւորութիւնը: Արիւնլուայ մարդիկ կը փորձեն փութալ կիսաւեր հիւանդանոցներ: Անբացատրելի դժոխային պատկերներ, լաց ու կոծ, աղօթք առ բարձրեալը Աստուած, անէծք, աղաղակ, ճիչ… ամբողջ ժողովուրդի մը ցաւը կը պատկերասփռուի՝ ուղիղ:

Կոկորդս սեղմուած, արցունքներով, զարհուրանքով կը դիտեմ անճանաչելի դարձած շքեղ Պէյրութը, արիւնաթաթախ ժողովուրդը, հոս-հոն նետուած դիակները, աւերակներու վրայ նստած վիրաւոր ծերունիները, քարուքանդ տուներն ու հիւանդանոցները, ճչացող ծնողներն ու անմեղ մանուկները, փլատակներու տակ թաղուած շնչահեղձները…

10, 20… 63, 73, 100, բարձրանալով՝ 137 կը յայտարարուի զոհերուն թիւը, 80՝ անյայտ կորսուածները, աւելի քան 5000՝ վիրաւորները, աւելի քան 300.000՝ անտուն մնացողները:

Լիբանանեան, մարդկային, համամարդկային մահաշունչ աղէտ մը, երկրի վրայ ստեղծուած դժո՛խք մը:

Կարծէք Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական աննախադէպ ճգնաժամը, աղքատութիւնը, թշուառութիւնը, անօթութիւնը, անտառներու հսկայ հրդեհները, լիբանանեան թղթոսկիի անտրամաբանական արժեզրկումը, սղաճը, անգործութիւնը եւ «Քորոնա» ժահրը չէին բաւեր, ահա աննախընթաց աղէտ մը եկած է ամբողջացնելու այս հոգի տանջող արարքները. անիկա աւերեց մայրաքաղաքը ամբողջութեամբ, մահ ու սարսափ սփռեց ամբողջ Պէյրութի տարածքին:

Ակնթարթի մը մէջ կը կորսնցնես տուն, ընտանիք, ծնողք, զաւակ կամ ազգական, կը կորսնցնես գործ, կը կորսնցնես ամբողջ կեանքի տքնաջան աշխատանքի արգասիք, կը կորսնցնես առողջութիւն եւ կեանք… կը կորսնցնես ապագայ:

Յետո՞յ…

Ինչո՞ւ… կարելի չէ վերծանել այս ականակիտ առեղծուածը. պարզապէս ապրելակերպ, բոլորը միացնող իւրայատուկ կենցաղ:

Աստուած հոգիները լուսաւորէ այս երկիրը կառավարողներու մեծամասնութեան փտածութեան, ընչաքաղցութեան, ագահութեան, աւազակութեան, ժպրհութեան, անհոգութեան ու ոճրագործութեան նահատակ՝ անմեղ քաղաքացիներուն, ամոքելով անոնց սգակիր սիրելիները եւ սփոփելով բոլոր հայրենասէր ու պատկանելիութեան զգացում ունեցող լիբանանցիներու վշտացած սրտերը:

Ուժ, կորով եւ համբերութիւն ճերմակ բանակի առաքեալներուն, որոնք անսակարկ նուիրումով, իւրաքանչիւր երկվայրկեան փրկեցին ու կը փրկեն կեանքեր, անգամ մութին՝ հեռաձայններու լոյսին տակ վիրահատութիւններ կատարելով:

Պէյրութը կը վերականգնի նիւթականով, սակայն նահատակնե՞րը, մայրե՞րը, հայրե՞րը, զաւակնե՞րը, անմեղ հոգինե՞րը, որոնք դարձեալ վասն ոչինչի մեկնեցան անվերադարձ…

Սրտի խոր ու անսահման կսկիծով՝

ՔՐԻՍՏ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2020