ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԷՆ ԿԻՒՄՐԻ… ՓՕԼ ՊԱՂՏԱՏԼԵԱՆԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
Հալէպցի երգիչ Փօլ կ՚ապրէր մեր հարեւանութեամբ: Անոր ձայնը հեղեղի պէս կը տարածուէր Պուրճ Համուտի բոլոր հին ու նոր թաղամասերու անցքերէն: Մեր կեանքի պատմութեան մէկ օղակն էր Փօլը, որուն չէինք ուզեր կարեւորութիւն մը տալ պարզ անոր համար, որովհետեւ անոր ճակտին փակցուցած էին «Ալա թուրքա» երգիչի պիտակը: Յայտնի պատճառներով: Փօլ Պաղտատլեանին հետ իմ առաջին հանդիպումս եղաւ Կիւմրիի մէջ: Գացած էի տեսնելու «Եօթ Վէրք» եկեղեցին, որ այդպէս ալ մնաց յիշողութեանս մշուշներուն մէջ: Վահան Թամարեանն էր առաջնորդս ու քաղաքի բոլոր մանրամասնութիւնները կը բացուէին իմ առեւ: «Պուլուզ Մուկուչ»ի պատմութիւնը, քաղաքի յայտնի գարեջրատունը, օլիկարխեան ծանր ու սեւ փողկապներով ու երիտասարդ ամոլին խառնաշփոթ պատմութիւնը, որ մեզի հետ Երեւանէն ճամբորդելով հասած էր հայրենի քաղաք: Կիւմրի քաղաքի հին շէնքերու տակ արեւմտահայերէն լեզուին համարձակ ձայները կը լեցնէին մեր ականջները: Վահան ուզեց արեւային սեւ ակնոց մը առնել, ու երկուքով գացինք քաղաքի շուկան: Թանձր բան մը կար այդտեղ: Զարմանալի աչքերով կը հետեւէին մեզի ու Վահանը աչքով նշան կ՚ընէր, որ իրենց համար արտասովոր էր փոքր մորուքով ու սափրագլուխ գանկով տղամարդու մը բերնէն լսուած լեզուն: Ո՛չ ես, ո՛չ իրենք կը հասկնային խօսակցութեան ընդհանուր առանցքը: Բառեր կ՚ըսէին ու ես անիմաստ կերպով գլուխ կը շարժէի: Միակ հեշտ բանը, որ ըսի, գիրքի մը անունը տալս պիտի ըլլար:
-Ունի՞ք «Յովաձորի գերիներ»ը, հարց պիտի տայի։
-Այո՛ ունենք, կ՚ըլլար պատասխանը:
Վահանը լռութեան պահու թաղանդը պատռելով, նիւթին մէջ կը մտնէր եւ առեւտուրի իրեն յատուկ օրէնքները կը պարտադրէր:
-Ո՛չ քեզ, ո՛չ իրան, կ՚ըսէր ան:
Գիրքը ձեռքերուս (Չեմ ալ յիշեր եթէ կարդացի որսորդական պատմութիւններով հարուստ Վախթանգ Անանեանի այդ հատորը, միայն գիտեմ, որ տարիներ անց մեր հարեւան Նազօն, որ «խենդ որսորդ» էր, աղաչեց, որ գիրքը տամ ու այդպէս ալ գիրքը գնաց: Մնաց միայն Նազոյին աղիողորմ աղաչելու տեսարանը:)
Քիչ մը աւելի կը յառաջանանք ու կը լսեմ՝ «Սիրում ենք իրար խելագարի պէս, թանկագին ծնողները մեզ բաժանում…»։ Հին, սովետական օրերէն մնացած ժապաւէնին վրայ Փօլին սկաւառակը կայ, պատրաստուած 1974 թուականին, Պէյրութ:
Երգը կ՚աւարտէր, կրպակին տէրը կը նայէր աչքերուս եւ կը զգար, որ ըսելիք մը ունիմ.
-Կանգնիր անջատեմ:
-Սա Փօլն է:
-Այ՛ ապրես, Փօլն է, հայ երգի մեծ վարպետը:
Կը ծանօթանանք, անուն ֆլան-ֆըստան, քաղաք, փողոց ու շէնք: Հեռախօսի համար-մամար եւ մարդը անձկագին կը խնդրէ ջերմագին բարեւներ տանիլ երգիչ Փոլին:
Կիւմրեցիներուն համար Փօլը պէյրութցի էր: Հայաստանցիներուն համար Փոլը սփիւռքահայ էր, պէյրութցիներուն համար Փօլը հալէպցի էր, իսկ ամենակարեւորը՝ հալէպցիներուն համար Փօլը միջազգային էր:
Մարդուն չէի համարձակած ըսել, որ երգիչ Փօլը Պէյրութէն սուս ու փուս չուած էր դէպի Լոս Արմենոս: Առանց ձայնի ու անաղմուկ:
Երբ Փօլ Պաղտատլեան, իր մայրը կորսնցնելով Պէյրութ կը հասնէր, կ՚աշխատէր հայահոծ Պուրճ Համուտի մէջ: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներն էին ու այդ օրերուն էր նաեւ, որ Փօլ Պաղտատլեան շրջանը պահպանող ակումբի տղոց հետ հերթապահութիւն կ՚ընէր: Փօլը աշուղական երգերով հանդէս գալով կ՚ընդլայնէր զինք սիրողներուն շրջագիծը: Կը դառնար անօրինակ սիրուած երգիչ: Չեմ գիտեր ինչ պատճառներով ան կը հեռանար իր սիրած թաղամաս Պուրճ Համուտէն, բայց բազմաթիւներէ լսած եմ, որ Փօլ Պաղտատլեանին կազմակերպած համերգներուն ասեղ նետելու տեղ չէր մնար: Հրապարակին վրայ ինքն էր տիրականը, կա՛ր նաեւ Ձախ Յարութը, ու երկուքն ալ հայ պահակ տղոց համար տասնեակ համերգներով հանդէս կու գային:
Տարիներ անց, Փօլ Պաղտատլեան կը մտնէր ոսկեայ սկաւառակներ ունեցող երգիչներու ցանկին մէջ։ Աւելի՛ն. կը գլխաւորէր ամենէն շատ վաճառուող սկաւառակներ ունեցող երգիչներու առաջին դիրքը:
Իր անձին հանդէպ անխնայ, պոհեմական կեանքով ապրող ու մոմի պէս հալող Փօլը կը դառնար ոչ միայն Ամերիկայի սիրուած երգիչը, այլ ամբողջ հայաշխարհի համար առաջին երգիչը:
Այդ տարիներուն էր, որ ան տասնեակ սկաւառակներ կը թողարկէր՝ «Այս աշխարհում», «Սօնա եար», «Առանց քեզ եար», «Աշխարհի մէկ օրով», «Դու իմ աշխարհն ես», «Իմ կեանքի գարուն» եւ այլ բազմաթիւ երգեր կը դառնային թոփ-հիթ:
Աւելի վերջ, շրջագայութիւններ կը կատարէր, այցելելով իր ծննդավայրը՝ Հալէպ եւ Սուրիոյ բազմաթիւ այլ քաղաքներ:
Իր երգացանկին վրայ մշտական տեղ կը գրաւէր արաբ հայ ժողովուրդին նուիրուած երգ մը, որ իր քիչ մը արտառոց, բայց անկեղծ ու ժողովրդային լեզուով արաբներուն գովքը հիւսելէն զատ, Հալէպի սիրտէն իր ողջոյնի խօսքը կ՚ուղարկէր Երեւանին ու երեւանցիներուն:
Ան կ՚ըսէր՝
«Մին Պիլատի Արմինիա Ժինաք ատյուֆաք
Ու ժալապնա մահնա նար ուլուպինա
Ու ամին քուլ Երեւան Ուաթան Ալաութան
Ու ամին Սեւան ալ կամիլա Սալամ լաք ախի ալ Արապի»
(«Իմ Հայաստան աշխարհէն հիւր ենք քեզ եկել
Մեր սիրավառ սրտերի հուրն ենք քեզ բերել
Հասուն արտերից, Խաղաղ սրտերից կապուտաչեայ մեր Սեւանից
Քեզ ողջոյն իմ արաբ եղբայր»)
Բեմին վրայ փոքր ու մեծ չարաճիճիութիւներ կատարած ու ընդունուած բոլոր կարգ-կանոնը քանդող Փօլին համերգներուն մասին առասպելներ կը հիւսուէին: Տարբեր պատմութիւններ, անոր խենթ մօտեցումները, բայց նոյն ատեն երաժշտութեան ու երգին հանդէպ անոր ունեցած կիրքը զինք կը դարձնէին հայկական ռապիզի առաջին աստղը:
Փօլ Պաղտատլեան չէր մոռնար ազգային երգերն ալ ու հակառակ իր ունեցած կարգ մը տարակարծութիւններուն կամ իրեն հանդէպ եղած մեղադրանքներուն, կը հաստատուէր անոր յեղափոխական երգերու փնտռուած մեկնաբան մը ըլլալու երեւոյթը:
Քիչ չեն այդ դէպքերը, որ Փօլ իր երգի ցուցակէն դուրս գալով տարբեր պատմութիւններ կը պատմէր: Վստահ չեմ, թէ ինչ վիճակներու մէջ կը կատարուէր այդ բոլորը, բայց յստակ էր, որ իրեն հաւատարիմ եղող հանրութիւնը, որ շատ յաճախ Լոս Անճելըսէն մինչեւ Հալէպ կամ Հալէպէն մինչեւ Պէյրութ կը մեկնէր, մեծ սիրով կ՚ընկալէր անոր «խենդութիւնները»:
2010 թուականին Փօլ կը հիւանդանար: Իր անձին հանդէպ անհոգ ու անձնական տուայտանքներով լեցուն կեանքի բովին մէջ անոր ծանր հիւանդութիւնը հայաշխարհին մէջ կ՚ընկալուէր որպէս բազէի մը հրապարակէն նահանջի առաջին տխուր լուրը:
Սիրոյ վէրքէն մաշած ու նոր օրերու աշուղի մեծութիւն բերած Փօլին ամենէն վաւերական մեծութիւնը անկեղծութիւնն էր:
Ան էր, որ մէկ կը դարձնէր լեզուն, փշրելով բոլոր սահմանուած օրէքները եւ դառնալով արեւելահայոց եւ արեւմտահայոց սիրուած ու փնտռուած երգասացը:
Այսօր ալ պատահական չէ, որ Երեւանի փողոցներով ման եկող հին ու նոր տարբեր «աւթօ»ներ ու իրական բնակիչը՝ Փօլ Պաղտատլեանն է:
Այն Փօլը, որ Հալէպի արգանդէն մինչեւ Պէյրութի խրամատները ու ապա աւելի վերջ՝ Լոս Անճելըսի ամենէն ճոխ ու հարուստ սրահները մնաց նոյն Տէրվիշը:
Սիրոյ կարօտ մնաց Փօլ ու այդ սիրոյ վառ կրակով իր աչքերը փակեց յաւիտենապէս:
Մեր օրերուն անհնար է անտեսել իր ներկայութիւնը, որ ռապիզի ու հայ աշուղական երգին միաձուլուած մէկ մեղրամոմն է: Ան մէկն էր, որուն երգը դեռ երկար տարիներ պիտի լսուի՝ Պուրճ Համուտէն Կիւմրի, անցնելով Երեւանի փողոցներէն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան