Նշան Պէշիկթաշլեան. Սփիւռքահայ Երգիծագրութեան Արժանաւոր Իշխանը

Սեպտեմբեր 7-էն 8-ի լուսցող գիշերը, 46 տարի առաջ, Փարիզի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, մեր կեանքէն առյաւէտ հեռացաւ հայ գրականութեան տաղանդաւորներէն Նշան Պէշիկթաշլեան (1898-1972), որ սերունդներու յիշողութեան մէջ յաւերժ պիտի ապրի իբրեւ սփիւռքահայ երգիծագրութեան արժանաւոր իշխանը։

Միայն երգիծագիր չէ, սակայն, Նշան Պէշիկթաշլեան։ Նաեւ՝ բանաստեղծութեանց, վէպերու եւ թատերախաղերու հեղինակ է։ Իսկ իր կեանքի վերջալոյսին ան հռչակուեցաւ նաեւ իբրեւ հմուտ թատերագէտ՝ հայ գրականութեան կտակելով շուրջ 1200 էջերէ բաղկացած «Թատերական դէմքեր» կոթողական աշխատասիրութիւնը, որ արժանացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակին ու հրատարակութեան։

Արեւմտահայերէնի գեղեցկութեան եւ կատարելութեան նուիրուած անվիճելի վարպետ մը հանդիսացաւ Պէշիկթաշլեան, որ իր գրիչին գեղեցիկ պարզութեան միացուց պատկերաւոր արտայայտութեան եւ խորամոյն մտածողութեան վաւերական թռիչքը։ Իր այդ արժանիքներուն շնորհիւ՝ ստեղծեց երգիծանքի իր ուրոյն ոճն ու դպրոցը. բնաւ հեգնող ու քինախնդիր չեղաւ, այլեւ՝ իր ամենէն սուր խայթոցներուն մէջ անգամ մնաց… յարգալիր։

Այդ պատճառով ալ սիրուեցաւ ընթերցող լայն հասարակութեան կողմէ, որ անհամբեր սպասումով «լափեց» հայ մամուլի էջերուն հրամցուած Պէշիկթաշլեանի գրեթէ ամէնօրեայ տոմսերը, որոնք ինքնաքննարկման, քննադատութեան եւ ինքնաքննդատութեան առումով հարազատ հայելին դարձան հաւաքական մեր կեանքին՝ սփիւռքեան բոլոր ափերուն։

Անխոնջ աշխատող մը եւ ներշնչումի անսպառ աղբիւր մը եղաւ Նշան Պէշիկթաշլեան, որ աւելի քան քսան հատոր կազմող հրատարակուած իր գործերու կողքին՝ ժառանգ ձգեց նաեւ անտիպ գործերու ամբողջ հարստութիւն մը։

Ծնած էր 1898-ին (որոշ աղբիւրներու համաձայն՝ 1896-ին) Պոլիս, ուր Բերայի նախակրթարաններուն մէջ տարրական իր ուսումը ստանալէ ետք՝ 12 տարեկանէն նետուեցաւ կեանքի ասպարէզ եւ ինքնաշխատութեամբ կատարելագործեց ոչ միայն իր մայրենին ու գրելու տաղանդը, այլեւ՝ հայ մշակոյթին եւ հայոց պատմութեան մասին գիտական իր այնքա՜ն լայն պաշարը։

Սկսաւ ստեղծագործել պատանի տարիքէն՝ պոլսահայ մամուլի էջերուն քերթուածներ եւ պատմուածքներ հրատարակելով։ Միայն կարճ ժամանակ մը զբաղեցաւ հայերէնի ուսուցչութեամբ, որմէ ետք ամբողջ կեանքը նուիրեց գրականութեան։

Եղեռնէն վերապրած պոլսահայ գրողներէն շատերու պէս, Պէշիկթաշլեան ինք եւս նախ ձեռնամուխ եղաւ յետեղեռնեան պոլսահայ գրական կեանքի վերաշխուժացումին, ապա՝ 1922-ի Զմիւռնիոյ մեծ աղէտէն ետք, անցաւ Յունաստան, կարճ ժամանակ մը նուիրուեցաւ Քերքիրայի որբանոցները հաւաքուած հայ մանուկներու հայեցի դաստիարակութեան։ Այնուհետեւ վերջնականապէս հաստատուեցաւ Փարիզ, ուր ամբողջ կէս դար իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերաւ արեւմտահայ գրականութեան եւ, ընդհանրապէս, հոգեմտաւոր ժառանգութեան պահպանման ու զարգացման նուիրական պայքարին։ Մնայուն եւ փնտռուած աշխատակիցը դարձաւ ատենի հայ մամուլին՝ օրաթերթային տոմսեր հասցնելով Փարիզի «Յառաջ»էն ու Պոսթընի «Հայրենիք»էն մինչեւ Աթէնքի «Ազատ Օր»ին ու Պէյրութի «Ազդակ»ին եւ «Սփիւռք»ին։ Իսկ գրական իր ստեղծագործութիւններով՝ մնայուն ներկայութիւն եղաւ նախ «Հայրենիք Ամսագիր»ի եւ, ապա, «Բագին»ի էջերուն։ Յատուկ կանոնաւորութեամբ աշխատակցութիւն բերաւ Պէյրութ հրատարակուած «Բժիշկ» ամսագրին։

Պէշիկթաշլեան անձուկ պայմաններու մէջ ապրեցաւ եւ ըս-տեղծագործեց, բայց բնաւ վար չդրաւ գրիչը. ապրուստի դժուարութեանց եւ հիւանդութեան դէմ շարունակ պայքարեցաւ, առաւել՝ բարութիւնն ու լաւատեսութիւնը բնաւ չկորսնցուց։ Ընդհակառակն՝ ժպիտը վերածեց կեանքի փիլիսոփայութեան եւ այդ պատգամով ոգեւորեց մեր սերունդները՝ «ժպիտ»ը խորագրին տակ գրելով.-

«Ժպիտը շնորհաց շնորհն է, Աստուծմէ առաքուած միմիայն մարդ արարածին։ Մարդը պարտի գործածել ու փայլեցնել այդ շնորհը։ Երեսը կախ մարդը կը մեղանչէ Արարիչին, արարածներուն եւ մանաւանդ իր շուրջիններուն դէմ։

«Գիտէ՞ք թէ ինչո՛ւ Երկնաւոր Հայրը ժպտելու շնորհը միայն մարդ էակին տուաւ։ Ատով ան ըսել ուզեց.

«-Ա՜յ մարդ, աշխարհի վրայ, բոլոր շնչաւորներուն մէջ, դուն ես, որ ամէն միջոց ու պատճառ ունիս երջանկանալու։ Դուն ես, որ կրնաս խնդալ՝ վայելելով առատաձեռն մայր բնութեան բարութիւնները։

«Մարդը երջանկացա՞ւ, խնդա՞ց։ Ո՛չ։ Մարդը չխըն-դաց ու չխնդացուց։ Իր երջանկութիւնը, ամէն դարերու մէջ, իր ձեռքով խեղդեց։

«Հիմա պէտք է մարդկութիւնը ժպտիլ սորվի, վերագտնելու համար կորուսեալ դրախտը։

«Ու երգիծաբանը, այս բարի սատանան, հարկ է ներբողեան հիւսէ ժպիտին համար։

«Ժպիտը անթառամ ոսկեշուշան մըն է, զուարթուններու խումբի մը կողմէ յանձնուած մարդուն։

«Ժպիտը աստղն է հոգիին։ Ու ճառագայթը մարմնոյն։ Բարերար է աստղը ու կենսատու է այդ ճառագայթը։ Երանեալ է ան, որ այդ բարի աստղին տակն է միշտ։ Գովեալ է ան, որ այդ ճառագայթին ազդեցութեան ներքեւ է։

«Ժպիտը կը պարգեւէ մեզի ներքին ծափեր։ Կ՚ընծայէ մկանային շարժումներ։ Կու տայ արեան ալիք, կարմիր գնդիկներուն հրճուանք, մեր յօրինուածքին կենսահոսանք։ Անով կը վերանորոգուի արիւնը, կ՚արագանայ շրջանը։

«Մարդ կ՚երիտասարդանայ ժպտելով։

«Մտածումը կ՚ոսկեջրուի, երազը կը բուրումնաւէտ-ւի եւ յոյսը կը մտնէ լուսեղէն ոլորտի մէջ։

«Ժպիտը լոյսն է գոհունակութեան, եւ գոհունակութիւնը աստուածահաճոյ է։ Ժպտիլը ուրեմն քրիստոնէական է։ Ժպտողին գլխուն շուրջը կարծես լուսապը-սակ կայ»։

Որքա՜ն դիպուկ է հայկական երգիծանքի ազնուասիրտ իշխանին նուիրուած Մինաս Թէօլէօլեանի այն արժեւորումը, թէ՝

«Պէշիկթաշլեան բնաւ «չէ ծաղրած, այլ՝ երգիծած է, չէ խնդացած, այլ՝ ժպտած է։ Երգիծողը հոն է, ուր մարդը կրնայ ճապաղիլ, կոպտանալ։ Ու Պէշիկթաշլեան առ հասարակ կրցած է նուրբ երգիծանքին վարպետը մնալ»։

«Նուրբ երգիծանք»ի այդ ոճին խօսուն վկայութիւններէն մէկն է Արշակ Չօպանեանին նուիրուած Պէշիկթաշլեանի «Դիմաստուեր»ին հետեւեալ պատկերը.-

«Երբ ծնած է Արշակ Չօպանեան՝ իր դայեակը սարսափէն գետին ինկած, մարած է։

«Հայրն ու մայրը՝ վերցնելով այդ գլուխը, խանթարը զարկած են ու կշռած.- Կապար՝ 3500 տիրէմ։

«Բժիշկ մը, վրայ հասնելով, կը յայտարարէ.

«-Վախու բան չկայ։ Ընդհակառակն՝ ուրախացէ՛ք, քանզի ծնաւ նոր արքայ, ի Պէշիկթաշ քաղաքի։ Գլուխ մը՝ մեր անգլուխ ազգին համար։

«Անուշիկ մայրը կ՚առարկէ.

«-Տոքթոր էֆէնտիս, սա ամէնը աղէկ, ամմա, ասանկ անմարմին ինտո՞ր պիտ որ ապրի իմ մինուճար զաւակը…

«-Կնիկ, ըսի քեզի, որ ազգը անգլուխ է ու զաւակդ ալ գլուխ է։ Բռնէ զաւակդ ու ազգին վիզը անցուր»։

Իր կեանքի վերջին տարիներուն Պէշիկթաշլեանի առողջական վիճակը կտրուկ վատթարացաւ։ Անկողնոյ ծառայեց երկար տարիներ, բայց դարձեալ շարունակեց թափով ստեղծագործել, մինչեւ որ 1972-ին, սեպտեմբեր 7-էն 8-ի լուսցող գիշերը, առյաւէտ փակեց բարութեամբ զեղուն իր աչքերը։

Մեր սերունդներուն Նշան Պէշիկթաշլեան կտակեց ազգային պատգամ, որ այնքա՜ն համով ու հոտով խտացած է անոր գլուխ-գործոցներէն «Հայը» խորագրով անմահ տոմսին մէջ՝

«Հայուն մէջ երկու հոգի կայ՝ վախկոտ մը եւ քաջ մը, կամ ստրուկ մը եւ հերոս մը։ Ամէն ազգի մէջ վախկոտը կը կծկուի քաջին ետեւը. ընդհակառակն է Հայուն մէջ. քաջը կը գտնուի վախկոտին տակը։ Ամէն բռնակալ կրնայ իր առաջին հոգին հանել։ Հանե՞ց. սոսկալի է հրաշքը։ Կը ցցուի պահեստի հոգին՝ խենթի նման։ Ու կը զարնէ։ Եւ իր հարուածը անսխալական է… Պապին պէս։

«Երբ վտանգի օրերը անցնին, Հայը կը մեռցնէ իր մէջի հերոսը ու վախկոտին հետ քաջաբար շուկայ կ՚իջնէ՝ գրաւելու՛ համար Ոսկեբերդ մը։

«Հայը, երբ կուսակցական է, կը ճառէ ազատութենէ, երբ չէզոք է, կը խօսի միութենէ։ Իբր մարդ՝ անիշխանական է, իբր Հայ՝ ազգայնական։ Անգամ մը որ տիրանայ իր հայրենիքին, կրկին անիշխանական կը դառնայ։

«Քաղաքական կեանքի մէջ գործազուրկ է, ու գործազրկութեան նպաստ չի տրուիր իրեն։ Հայասէրներու բարոյական լումաներով կը կառուցանէ սպանիական դղեակներ եւ, անոնց մէջ նստած, կարկանդակներ կ՚որոճայ։

«Եթէ տարագրուի կամ աղքատանայ կամ երբ աշխարհի հեռաւոր մէկ անկիւնը իյնայ, շուտով կը գտնէ հացի ճամբան։ Փորձէ իրեն նպաստ տալ՝ այն ժամանակ կը ծուլանայ, մոլութենէ մոլութիւն կը գլտորի։

«Կարելի չէ ոչ սուրով, ոչ հուրով սպաննել զինքը։ Զինքը մեռցնելու միակ միջոցը իրեն նպաստ տալն է։

«Կրօնաւորները լաւ գիտեն այս գաղտնիքը ու հայուն վրայ կը վազեն աղէտներէ վերջը՝ տանելով նպաստի, կաթոլիկութեան կամ բողոքականութեան սնտուկներ եւ պարկեր։ Հայը լերան մը վրայ կանգնած ըլլայ, ու միսիոնարը լերան ստորոտը՝ պարկը բացած, Հայը ահագին բարձրութենէն, մէկ ոստումով, ամբողջ գլուխովը կը մտնէ պարկին մէջ։

«Հայը, ինչով ալ զբաղի, կ՚ընէ նաեւ դագաղագործութիւն։ Ան ամէն օր կը շինէ քանի մը դագաղ՝ բան մը թաղելով իրմէ։ Բարեբախտաբար, անսպառ է իր կենդանութիւնը։ Լաւ դագաղագործ ըլլալով՝ լաւ ալ մեռել թաղող եղած է։

«Գիտունները կը փնտռեն յաւիտենական շարժումը։ Հայը կը խնդայ անոնց վրայ ու կ՚ըսէ իւրովի. «Ե՛ս եմ յաւիտենական շարժումը, եւ ինծի է, որ կը փնտռեն»։ Ինքն ալ, սակայն, բան մը կը փնտռէ՝ Անկախութիւնը, ու զայն գտնելու համար օտարին դռները ափ կ՚առնէ։ Կ՚ըսես իրեն. «Անկախութիւնը դուն պիտի յայտարարես»։ Այս անգամ կը չէզոքանայ՝ անկախ հռչակուելու համար»։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2018