Շուէ­տը Դար­ձեալ Կա­րի­քը Ու­նի Ըն­կեր­վար-Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան Կա­ռա­վա­րու­թեան

Շուէտի Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը այն կուսակցութիւնն է, որ 1928-էն մինչեւ օրս գրաւած է քուէարկողներուն քուէները ստանալու առաջին դիրքը եւ աւելի քան 50 տարի կառավարութիւններ գլխաւորած է:

Այդ 50 տարիներուն ընթացքին ընկերվար-ժողովրդավարները յաջողեցան նուազեցնել ընկերային անհաւասարութիւնը եւ վերջ դնել ամէն տեսակի խտրականութեան: Անոնք հարստութեան արդար բաշխման քաղաքականութեան միջոցով կրցան Շուէտը դուրս բերել 1930-ականներու տնտեսական ճգնաժամէն, եւ Շուէտը դարձաւ աշխարհի լաւագոյն պետութիւններէն մէկը (եթէ ոչ՝ լաւագոյնը) ընկերային ապահովագրութեան, բարեկեցութեան, բնակարանային ապահովման, աշխատաւորներու իրաւունքներու յարգման, ձրի ուսման եւ առողջապահութեան առումով:

2006-էն մինչեւ 2014 կառավարութեան գլուխ գտնուեցաւ ազատականներէ եւ պահպանողականներէ կազմուած «Դաշինք»վը, բաղկացած՝ չորս կուսակցութիւններէ, ներառելով պահպանողական, քրիստոնեայ-ժողովրդավար, կեդրոն եւ ազատական կուսակցութիւնները: Յիշեալ դաշինքի ընկերային-տնտեսական քաղաքականութիւնը արմատականապէս կը տարբերէր ընկերվար-ժողովրդավարներու կիրարկածէն. «Դաշինք»ը զարկ տուաւ սեփականաշնորհման հոլովոյթին, որուն ենթարկուեցան կրթութեան եւ առողջապահութեան բնագաւառները: Այսպէսով, կրթական եւ առողջապահական բնագաւառներուն մէջ հրապարակ եկան այնպիսի ընկերութիւններ, որոնք իրենց շուկայական շահերը աւելի առաջնահերթ նկատեցին, քան՝ մարդկային պահանջները:

Ինչպէս գիտենք, Շուէտը յարմար վայր մը դարձած էր Միջին Արեւելքէն փախուստ տուած գաղթականներուն, որոնք ճողոպրած էին պատերազմներէն: Սեփականաշնորհման հոլովոյթը բացասականօրէն ազդած էր անոնց վրայ, մանաւանդ՝ կրօնական դպրոցներու բազմացումով, որոնք կրօնամոլութեան թափ տուին եւ խոչընդոտ հանդիսացան գաղթականներու համարկման հոլովոյթին:

«Դաշինք»ի տնտեսական ազատական քաղաքականութիւնը ոչ միայն բացասականօրէն ազդեց գաղթականներուն վրայ, այլ նաեւ՝ բնիկ շուէտացի աշխատաւոր դասակարգին վրայ: Անոնք կորսնցուցին իրենց ընկերային բարեկեցութեան պետական ծախսի մեծ մասը:

Բնիկ շուէտացի աշխատաւոր դասակարգին անտեսումը եւ կեդրոնացումը՝ գաղթականներու բարեկեցութեան վրայ, զէնք մը դարձաւ ծայրայեղ աջ Շուէտի Ժողովրդավարներ կուսակցութեան ձեռքը:

Ընկերվար-ժողովրդավարներն ու «Դաշինք»ը յաճախ միշտ ալ թեր եղած են, որ Շուէտը իր դռները բանայ գաղթականներուն, սակայն բարեկեցիկ համակարգի մասամբ սեփականաշնորհումը («Դաշինք»ին կողմէ) եւ յաւելեալ ծախսերը գաղթականներուն վրայ, անվստահութիւն յառաջացուցին բնիկ շուէտացի աշխատաւոր դասակարգին մէջ:

Ընկերվար-ժողովրդավարները ընտրութիւններուն կը մասնակցին «Աւելի զօրաւոր ընկերութիւն, աւելի ապահով Շուէտ» կարգախօսով: Անոնց ընտրական մանիֆեստը կեդրոնացած է 2006-2014 տարիներուն ընթացքին տնտեսական ազատական քաղաքականութիւններէն յառաջացած ընկերային անարդարութիւնը վերացնելու եւ ցեղապաշտութեան ու կրօնամոլութեան վերջ տալու վրայ:

Ծայրայեղ աջ Շուէտի ժողովրդավարները, ցեղապաշտ եւ այլամերժ գաղափարներ քարոզելով, արդէն իսկ ատելութիւն սերմանած են շուէտական հասարակութեան մէջ, իսկ միւս կողմէ ալ կրօնական դպրոցներուն թիւը բազմացած է, ինչ որ խոչընդոտ սկսած է հանդիսանալ՝ մեկուսացնելով կրօնական որոշ պատկանելիութիւն ունեցող իւրաքանչիւր աշակերտ: Այսպէսով, կրօնական դպրոցները աղբիւր դարձած են կրօնամոլութեան: Ընկերվար-ժողովրդավարները քննելով այս երեւոյթը՝ խոստացած են ջնջել կրօնական դպրոցները: Այսպէսով, մէկ կողմէ ջնջած կ՚ըլլան մոլեռանդութեան եւ այլամերժութեան աղբիւրը, իսկ միւս կողմէ ալ յաւելեալ ծախսեր կը տրամադրեն հանրային կրթական հաստատութիւններուն: Ընկերվար-ժողովրդավարները նաեւ խոստացած են դիւրացնել գաղթականներուն մուտքը աշխատանքային շուկայ: Ընկերվար-ժողովրդավարները կը խոստանան քրէականացնել ահաբեկչական խմբաւորումներու մաս կազմելը եւ ահաբեկչութեան քարոզիչներուն արգիլել մուտք գործել Շուէտ: Ազգային ապահովութեան վերաբերեալ, ընկերվար-ժողովրդավարները յայտնած են, որ միտք չունին համագործակցելու ծայրայեղ աջին հետ, այլ միայն պիտի համագործակցին այն ուժերուն հետ, որոնք կը հաւատան ժողովրդավարութեան արժէքներուն:

Ինչ կը վերաբերի մանիֆեստի ընկերային-տնտեսական առաջադրանքներուն, ընկերվար-ժողովրդավարները արդէն շատոնց յայտնած են, որ՝ «շուէտական մոտելը պէտք է զարգանայ եւ ոչ թէ կանգ առնէ»: Հետեւաբար անոնք կը խոստանան ընդլայնել վճարովի արձակուրդերը, որպէսզի աշխատաւորները յաւելեալ ժամանակ անցընեն իրենց ընտանիքներուն հետ, բարձրացնել թոշակը, վերջ տալ բարեկեցութեան սեփականաշնորհման հոլովոյթին՝ մերժելով անձնական սեփականատիրութեան տակ գտնուող դպրոցներու եւ հիւանդանոցներու օրինականացումը, դրամատուներուն ու բարձր եկամուտ ունեցող անհատներուն վրայ հարկերու բարձրացում եւ յաւելեալ ծախսեր տրամադրել՝ զօրացնելու համար ընկերային բարեկեցութեան համակարգը: Մանիֆեստը նաեւ կ՚անդրադառնայ սեռային բռնութիւններուն, ուր կ՚առաջադրէ զօրացնել սեռային կրթութիւնը դպրոցներուն մէջ, սեռերու միջեւ հաւասարութիւն ապահովել՝ ընտանեկան, աշխատանքային եւ ընկերային կեանքին մէջ ու սեռային հաւասարութեան ի նպաստ արտաքին քաղաքականութիւն որդեգրել, ուր կը հետապնդուին կիներու իրաւունքները եւ հաւասար ներկայացուցչութիւնը: Նաեւ՝ ընկերվար-ժողովրդավարները կը խոստանան, որ մերժեն ծայրայեղ աջի՝ վիժումի արգիլման առաջարկը:

Ինչպէս որ 1930-ականներուն Շուէտի ընկերվար-ժողովրդավարութեան բարեկեցութեան օրինակը դարձաւ միջազգային ընկերվար-ժողովրդավարական շարժման ազդեցութեան աղբիւր, այսօր ալ պիտի դառնայ աղբիւր՝ վերադարձ կատարելով ընկերվարական արմատներուն: Շուէտի ընկերվար-ժողովրդավարներուն յաղթանակը, իրենց ներկայ նախընտրական մանիֆեստով, որ կը կոչուի «Արդի ժամանակներու ամենէն ապահովագրական ծրագիրը», կը նշանակէ ամբողջ ընկերվար-ժողովրդավարական մտածողութեան յաղթանակ՝ ընդդէմ նոր-ազատականութեան եւ ծայրայեղութեան:

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2018