ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ

ԼՔՈՒԱԾ ՆՈՐԱԾԻՆԸ…

Նորածին մը անտէր, անօգնական լքելը՝ նորութիւն մը չէ ամերիկայի տարածքին։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ սեռային յարաբերութիւնը ընդհանրացած երեւոյթ մըն է, յատկապէս՝ պատանիներու միջեւ։

Մանկամարդուհի մը երբ ակամայ կը յղիանայ, չ՚ուզեր՝ կրօնական համոզումի հետեւանքով եւ կամ նիւթական միջոցը չունենալուն համար, վիժեցնել իր սաղմը։ Ուրեմն` երբ մանուկը ծնի, կ՚ուզէ զայն լքել եւ իր կեանքը անկաշկանդ շարունակել…

Հակառակ որ պետութիւնը յաճախ կը յիշեցնէ պատանիներուն՝ որ եթէ երեխան չեն ուզեր, կրնան առանց հարցաքննութեան նորածինը թողուլ հիւանդանոցի մը եւ կամ ալ ոտիկանատան մը մուտքին եւ հեռանալ անաղմուկ։ Այդպէսով՝ այդ նորածինը կ՚որդեգրուի սիրայօժար ընտանիքի մը կողմէ եւ կ՚ունենայ ապահով եւ հանգիստ կեանք մը։

Բայց անյայտ պատճառներով՝ յաճախ հակառակը կը պատահի։ Այսինքն՝ տհաս մայրը նորածինը կը թողու ուր որ յարմար է իրեն համար եւ կ՚անցնի կ՚երթայ, առանց ետեւը նայելու ու առանց թոյզն իսկ մտահոգուելու երեխային ապագայով։ Սա՝ յաչս պետութեան, քրէական յանցանք է ու վերջ։

Ահա ճիշդ այդ պատահեցաւ վերջերս՝ Ճորճիա նահանգի Քամինկ քաղաքի մօտերը։ Ֆրիմըն ընտանիքի անդամները ճամբորդութենէ մը տուն վերադարձին, երբ կը պատրաստուէին տուն մտնել՝ տարօրինակ ձայն մը կը լսեն իրենց տան ետեւի մացառներուն մէջէն։ Հետաքրքրուելով երբ կը մօտենան՝ կը գտնեն նորածին մը (տես նկարը), փաթթուած կերպարուեստէ (plastic) տոպրակի մը մէջ։

Անմիջապէս նորածինը կը փոխադրեն մօտակայ հիւանդանոց մը, ուր զայն կը կոչեն «Baby India», չենք գիտեր ինչո՞ւ։ Անշուշտ Ֆրիմըն ընտանիքը՝ ըստ ընկալեալ սովորութեան, լուր կու տայ նաեւ ոստիկանութեան՝ որոնք կը սկսին հետաքրքրուիլ, թէ ո՞վ է նորածինին մայրը, որպէսզի հասկնան երեխան լքելուն պատճառն ու ի հարկին՝ սկսին դատավարութեան!

Կրնա՞ք երեւակայել որ մայր մը՝ իր նորածինը թողու մացառներուն մէջ եւ հեռանայ, կարծես աղբի կոյտ մը ըլլար այդ…

ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ…

Յուլիս 4-ը Միացեալ Նահանգներու անկախութեան տօնն է։ Այս տարի մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ՝ առաջին անգամ ըլլալով, բացառիկ շքեղ տօնակատարութեամբ մը նշուեցաւ անկախութեան տօնը։

Այդ առթիւ՝ նախագահ Թրամփ հայրենասիրական ճառ մը խօսեցաւ, վեր առնելով բանակայիններու զոհողութիւնը՝ ապահովելու երկրի խաղաղութիւնը, ինչպէս նաեւ գիտնականներու եւ արուեստագէտներու ներդումը՝ երկրի յարատեւ բարգաւաճման մէջ։ Տեղի ունեցաւ նաեւ զինուորական տողանցք եւ ռազմական օդանաւերու ցուցադրութիւն։

Սովորութիւն դարձած է, որ երկրի անկախութեան տօնակատարութեան հետ առընթեր տեղի ունենայ նաեւ Hot Dog (տես նկարը) ուտելու մրցոյթ մը՝ կազմակերպուած Նիւ Եորքի Նէյթհընս նշանաւոր ճաշարանին կողմէ։

Խիստ հետաքրքրական է գիտնալ, որ վերոյիշեալ մրցոյթը սկսած է 1916-ին եւ կը շարունակուի մինչեւ օրս, ի բացառեալ երկու ընդհատումներէ՝ 1941-ին, Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին պատճառաւ եւ 1971-ին, Ամերիկայի քաղաքական անկայունութեան պատճառաւ։

Այս տարուան էրիկ մարդոց առաջնութեան մրցանակը շահեցաւ Ճոուի Չեսթնաթ (տես նկարը), որ 10 վայրկեանի մէջ կերաւ 71 Hot Dog։ Անցեալ տարի՝ ան «կլլած» էր 74 Hot Dog եւ այս տարի կ՚ուզէր ուտել 75, որպէսզի անցեալ տարուան մրցանիշը անցած ըլլար…

Հետաքրքրական է գիտնալ, որ Ճոուի Չեսթնաթ՝ չորրորդ տարին ըլլալով առաջնութեան մրցանակը կը խլէ, վերոյիշեալ տարօրինակ մրցոյթին։ Իսկ այս տարուան կիներու մրցանակը շահեցաւ Միքի Սուտօ անունով մանկամարդուհի մը, որ 10 վայրկեանի մէջ կերաւ 31 Hot Dog:

Ըստ իս՝ 10 վայրկեանի մէջ 31 կամ 71 Hot Dog-ը ուտել չէ, այլ լափել է՝ բառին բուն իմաստով եւ ի՞նչ հաճոյք կայ անոր մէջ, չեմ հասկնար։ Միտքս եկաւ հայկական ասացուածքը՝ որ կ՚ըսէ, «Եթէ դուն Շարայի որկորը ունիս՝ մենք Շիրակայ ամբարները չունինք»։

Սակայն ըստ երեւոյթին, Նիւ Եորքի Nathan՚s ճաշարանը Շիրակայ ամբարները ունի եւ վերոյիշեալ մրցանակները շահողներն ալ Շարայի որկորները ունին…

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2019