ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Բ.

ԹԷ ԽԻՍՏ ՊԱՏԱՍԽԱՆ ՏՈՒԱՒ ԻՐ ՄՕՐ

Խօսք. «Անոր ժամանակը չէր հասած»:

Հարցում. Ի՞նչ է «Անոր ժամանակը չէր հասած»:

Պատասխան. Նախ՝ հրաշքներուն ժամանակը չէր հասած, որոհետեւ հրաշքներ կը գործածէր, Իր վարդապետութիւնը հաստատելու համար, եւ տակաւին յայտնապէս չէր քարոզուած:

Երկրորդ՝ «Ժամանակս տակաւին չէ հասած», այսինքն՝ յարմար ժամանակը հրաշքներ գործելու, որ Ես գիտեմ, եւ ո՛չ թէ դուն, որովհետեւ գինիին պակասութիւնը տակաւին բոլորին յայտնի չէր եղած, այդ պատճառով դեռ կարիք չէին զգար:

Երրորդ՝ ոմանք կ՚ըսեն. «Չարչարանքներուս ժամանակը տակաւին չէ հասած», որովհետեւ այդ ատեն կը խոնարհիմ քեզի՝ կատարելով քու կամքդ, այն է, որ խաչին վրայ յանձնեց զինք Իր սիրեցեալ աշակերտին:

Չորրորդ՝ հերձուածողներէն ոմանք կ՚ըսեն, թէ Քրիստոսի եւ ուրիշ մարդոց գործերը կախում ունին աստղերու զօրութենէն: Ասիկա սակայն սուտ է, որովհետեւ ոչ միայն Քրիստոսի համար, այլեւ բոլոր մարդոց բանաւոր զօրութիւնը կախում չունի մարմնաւոր գործերու հետ, այդ պատճառով ալ աստղերուն զօրութիւնը ուղղակիօրէն չեն ազդեր բանաւոր հոգիներուն վրայ, այլ միայն՝ անուղիղաբար, որովհետեւ ազդելով մարմինին վրայ, մարմինին միջնորդութեամբ կը խոնարհեցնէ, որովհետեւ եթէ մարդ բանականութեամբ կրնայ մարմինի կամքին հակառակիլ, որու պատճառով ճարտար աստղաբաշխները կ՚ըսեն, թէ իմաստուն մարդը կը տիրէ աստղերուն, այսինքն՝ որովհետեւ կը հետեւի մարմինի կամքին, սակայն բանական ընտրութեամբ կը տիրէ աստղերուն, այդ պատճառով պէտք է այսպէս մեկնել. «Ժամանակս տակաւին չէ հասած», այսինքն՝ յարմար ժամանակը հրաշքներ գործելու:

Հարցում. Եթէ հրաշքներ գործելու ժամանակը չէր, հետեւաբար ինչո՞ւ համար գործեց:

Պատասխան. Թէեւ հրաշքներ գործելու ժամանակը չէր, քարոզութիւնը հաստատելու համար, ինչպէս նաեւ չորս պատճառով գործեց. նախ՝ Իր մօր աղաչանքներուն համար: Երկրորդ՝ գինիի կարիք ունենալնուն համար: Երրորդ՝ անոնց ամօթը վերացնելու համար: Չորրորդ՝ աշակերտները հաւատքի մէջ հաստատելու ժամանակը եղաւ, ինչպէս որ թագաւոր մը յանցանքներու պատճառով կը կշտամբէ մարդ մը եւ կարգ մը ազնուականներ կ՚աղաչեն իրեն, որպէսզի չպատուհասէ զայն, ու թագաւորը կ՚ըսէ. «Հակառակ որ ժամանակը չէ անոր մեղքերը ներելու», սակայն անոնց աղաչանքներուն համար կը ներէ:

Եւ այն, թէ կ՚ըսեն, որ Աստուածածինը փառասիրութեամբ խնդրեց հրաշքը գործել, սուտ կ՚ըսեն, որովհետեւ փառասիրութիւնը մահու չափ մեղք է, իսկ Աստուածածին Կոյսը չէր կրնար մեղանչել ո՛չ մահու չափ եւ ո՛չ ալ ներելի: Ասիկա յայտնի է նախ, որովհետեւ մեղքի փառքը այն է, որ միայն անձին համար կ՚ըլլայ, իսկ հրաշքին փառքը Քրիստոսի փառքն էր, ինչպէս նաեւ Անոր Հօր ու Հոգիին փառքը, եւ տեսնողներուն փառքը եւ հրաշքին փառքը, հետեւաբար մեղք չէր: Դարձեալ, մենք անդադար փառք կու տանք Քրիստոսի, որ մեղք չէ: Դարձեալ, Տէրը զԻնք փառաւորողները կը փառաւորէ, եւ մեղք չէ, այդպէս ալ Սուրբ Կոյսին փառքը Քրիստոսի հրաշքին համար մեղք չէր: Դարձեալ, Քրիստոսի պատասխանը Իր մօր թէեւ անպատիւ կ՚երեւի, սակայն վեհագոյն պատիւի եւ սիրոյ նշան է, չորս պատճառով.

Նախ՝ որովհետեւ ինչքան որ որդին կատարեալ է, այնքան եւ մայրը կը պատուէ, եւ Քրիստոս կոպիտ պատասխանով ցոյց տուաւ, թէ մօր նկատմամբ մարմնական սէր չունի՝ որ անկատար է, այլ՝ միայն հոգեւոր սէր, որ պատուական է եւ կատարեալ:

Երկրորդ՝ Քրիստոս Մարիամի կատարեալ եւ հաստատ սէրը ցոյց տուաւ, որ մարդահաճոյ չէ, ու խիստ պատասխանին համար չէր որ կը խռովէր, այդ պատճառով ալ համարձակ խօսելով պատուեց զայն:

Երրորդ, վերացնելու համար փառասիրութեան բոլոր կարծիքները Իր հրաշքներուն համար, որովհետեւ եթէ քաղցր պատասխան տուած ըլլար, կ՚ըսէին, թէ մարմնական սիրոյն պատճառով հրաշքը գործեց:

Չորրորդ պատճառ՝ ցոյց տալու համար ըստ հասարակ պատճառի եւ կարգի, թէ հրաշագործութեան ժամանակը տակաւին չէր հասած, եւ ասիկա Իր մօր համար մեծ պատիւ է, որովհետեւ Քրիստոս անժամանակը Իր մօր պատիւին համար ժամանակի ըրաւ:

Խօսք. «Իր մայրը ըսաւ սպասաւորներուն»:

-Ինչ որ ըսէ ձեզի՝ կատարեցէ՛ք» (Յհ 2.5):

Մեկնութիւն. Նախ ցոյց կու տայ, թէ գիտէր, որ Քրիստոս հրաշքը պիտի կատարէր: Երկրորդ՝ եւ հրաշքին կերպն ալ մասնաւորապէս գիտցաւ, այսինքն՝ որովհետեւ Քրիստոս ոտքի ելլելուն՝ հրաշքը գործելու, սպասաւորներուն բան մը պիտի հրամայէր, այդ պատճառով մայրը ըսաւ. «Ինչ որ ըսէ ձեզի՝ կատարեցէ՛ք»:

ՎԵՑ ԹԱԿՈՅԿՆԵՐ

Խօսք. «Հոն քարէ վեց կարասներ [թակոյկ] կային» (Յհ 2.6):

Մեկնութիւն. Աւետարանիչը երբ հրաշքի պատճառին մասին խօսեցաւ, որ գինիին պակասութիւնն էր, հիմա կը խսօի, թէ ինչպէ՞ս եղաւ, մինչ կ՚ըսէ. «Հոն քարէ վեց կարասներ [թակոյկ] կային»:

Մեկնութիւն. կուճը մարմարն է, թակոյկը՝ ջուրի ամանը, որպէս կոյժ կամ փարչ:

Խօսք. «Հրեաներու ծիսական մաքրութեան սովորութեան համաձայն» (Յհ 2.6):

Մեկնութիւն. Ասիկա կ՚ըսէ, որպէսզի չկարծուի, թէ գինի կար անոնց մէջ, այլ՝ լուացումի համար պատրաստուած էին, որովհետեւ գետերն ու աղբիւրները կը պակսէին Պաղեստինէն, որով կարենային իրենք զիրենք մաքրէին հրապարակէն մտած ժամանակ կամ լեցուն ձեռքերով լուալ, եւ ջրհորներուն ջուրը մաքրուելու համար չէր, եւ եթէ այդ թակոյկներուն մէջ գինի լեցուած ըլլար, գործի չէր ծառայեր:

Խօսք. «...որոնցմէ իւրաքանչիւրը ութսունէն հարիւր լիթր կ՚առնէր» (Յհ 2.6):

Մեկնութիւն. Մարը չափի անուն է, ինչպէս որ մենք «փաս» կ՚ըսենք, եւ յոյները՝ «սօսարիօս»: Սօսարիօսը, այսինքն՝ մարը, երկու լիթր1 է, ո՛չ աւելի մեծ, ո՛չ ալ աւելի փոքր, այլ՝ միջակ: Կ՚ըսեն, թէ անոնցմէ երկուքը երկու-երկու մար կը տանէին, այսինքն՝ չորս-չորս լիթր, իսկ անոնցմէ չորս թակոյկները երեք-երեք մար կը տանէին, որ է վեց-վեց լիթր, ու բոլոր միասին տասնվեց մար կ՚ընէին, որ է երեսուներկու լիթր:

Խօսք. «Կարասները ջուրով լեցուցէք» (Յհ 2.7):

Մեկնութիւն. Ինչո՞ւ համար կ՚ըսէ՝ «ջուրով լեցուցէք», որովհետեւ կրնար հրամանով ջուրը լեցնել, ինչպէս անապատին մէջ հրամանով հացը բազմացուց, եւ այլն:

Կ՚ըսենք, թէ երեք պատճառով. նախ՝ որպէսզի ցուցնէ, թէ ոչ թէ ըստ Իր կարողութեան կը կատարէր հրաշքները, այլ՝ ըստ մեր օգուտին: Երկրորդ՝ որովհետեւ առաջին հրաշքն էր, ու պէտք էր հաստատուն եւ յայտնի ըլլար, որպէսզի միւս հրաշքներուն ալ հաւատան: Երրորդ՝ որպէսզի եթէ զլանան, անոնց ոտքերն ու ձեռքերը յանդիմանեն զիրենք, որոնք բերին եւ ջուրը լեցուցին:

Խօսք. «Սեղանապետին» (Յհ 2.8):

Մեկնութիւն. Ոմանք կ՚ըսեն, թէ փեսային եղբայրն է, որոնք հարսանիքը կ՚ըսեն թէ Շմաւոնինն է ու Յովհաննէսը փեսայի եղբայր ու սեղանապետն է, իսկ Ոսկեբերանը կ՚ըսէ, թէ քահանայ էր եւ իշխանութիւն ունէր տաճարին մէջ, այդ պատճառով ալ պետ կ՚ըսէ, իսկ խորհրդաբար կ՚ըսեն, թէ սեղանապետը Աբրահամն է, իսկ ուրիշներ՝ Յովհաննէսը: Անոյշ գինի՝ նոր Օրէնքը եւ յոռի հինին կ՚ըսէ:

ԱՆՈՅՇ ԳԻՆԻՆ

Խօսք. «Երբ համտեսեց» (տե՛ս Յհ 2.9):

Մեկնութիւն. Նախ՝ զարմացաւ գինիի լաւ որակին համար, եւ չէր գիտեր, թէ Քրիստոսի զօրութեամբ եղած էր: Դարձեալ՝ գինիին բնութիւնն ու զօրութիւնը, համն ու հոտը փոխուած էր, իսկ գոյնը՝ ջուրի գոյն, ուստի յայտնի է ատկէ, որ երբ համտեսեց, այդ ատեն գիտցաւ, թէ գինի է: Տաճարապետը փեսային հետ կը խօսի՝ յանդիմանելով. «Ամէն մարդ» (Յհ 2.10), այսինքն՝ որ խելքով կը վարուի. «Նախ ընտիր գինին կը հրամցնէ» (Յհ 2.10), այսինքն՝ կերակուրին սկիզբը, որովհետեւ ճաշակելիքը այն ատեն աւելիով կը ճաշակէ գինիին ազնուութիւնը եւ ոչ թէ գինովնալէն ետք, եւ ապա վատը, այսինքն՝ անպիտանը գինովցած ժամանակ կու տան, երբ չեն կրնար լաւը վատէն զանազանել, դուն պահեցիր, որպէս թէ յիմարութեամբ գործեցիր: Այստեղ, փեսան տաճարապետին պատասխան կու տայ, սակայ Աւետարանը համառօտակի կ՚անցնի, միայն ջուրին փոխուիլը կը գրէ: Քրիստոնեաները այստեղէն սորված են, որ երբ գինի կը խմեն իրարու «անոյշ» կ՚ըսեն, ինչպէս որ տաճարապետը ըսաւ՝ անոյշ գինի: Սուրբ Եւագրիոսը այս կ՚ըսէ. «Երբեք գինի մի՛ խմեր, - այսինքն՝ կրօնաւորներուն համար կանոն է -, իսկ եթէ խմես, Արարիչը օրհնէ», ասիկա աշխարհականներուն համար կ՚ըսէ:

Խօսք. «Յիսուս Իր այս առաջին հրաշքը կատարեց» (Յհ 2.11):

Մեկնութիւն. Հրաշք [նշան], որ խօսքով կ՚ըլլայ, եւ արուեստ՝ որ ձեռքով կը գործէր:

Խօսք. «[Իր] աշակերտները հաւատացին Իրեն» (Յհ 2.11):

Մեկնութիւն. Անդրէասն ու Յովհաննէսը եւ միւսները այն ատեն հաւատացին, երբ Անոր հետ եկան, սակայն այստեղ՝ առաւել հաստատուեցան: Եւ գիտելի է, թէ երբ աշակերտները Յիսուսի հետ հարսանիքի հրաւիրուեցան, տակաւին Անոր չէին աշակերտած, այլ՝ միայն հաւատացած, ինչպէս որ վերը ցոյց տրուեցաւ, սակայն աշակերտ կը կոչէ, որովհետեւ պիտի աշակերտէին, ինչպէս կ՚ըսենք. «Պօղոս Առաքեալը, որ Տարսոն ծնած է», ոչ թէ առաքեալ ծնաւ, այլ՝ առաքեալ կ՚իմանանք, երբ ասիկա կ՚ըսենք: Ոմանք կը շեղեն այս խօսքը, թէ Իր հրաշքներուն սկիզբը չէ, այլ՝ միայն Գալիլիայի մէջ առաջինն էր:

Սուտ են, երկու պատճառով.

Նախ՝ որովհետեւ Մկրտիչը ըսաւ, թէ՝ ես ինքս ալ չէի ճանչնար զԱյն (Յհ 1.31), եւ դարձեալ կ՚ըսէ. «Ձեր մէջ կայ մէկը, թէպէտ դուք չէք ճանչնար» (Յհ 1.26): Արդ, եթէ հրաշքներ կատարած էր, անծանօթ չէր ըլլար անոնց համար:

Երկրորդ՝ եթէ հրաշքներ գործած էր մինչեւ մկրտութիւն, հետեւաբար կարիք չկար կարապետ եւ վկայ ունենալու, որովհետեւ հրաշքները բաւարար էին ցոյց տալու, եւ մանաւանդ, որովհետեւ մանուկ հասակին հրաշքները աւելի զարմանալի կ՚ըլլային ու երկար ժամանակով [կը տպաւորէին]:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 18

Վաղարշապատ


1Նոր Կտակարանի թէ՛ Արեւմտահայերէն, թէ՛ Արեւելահայերէն թարգմանութիւններուն մէջ ութսուն եւ հարիւր լիթր ըսուած է: Հայր Անդրանիկ Վարդապետ Կռանեանի կազմած բառարանին մէջ՝ տպուած Պէյրութ, 1998-ին, մար բառին տուած բացատրութեան մէջ, կ՚ըսէ, թէ մարը 38 լիթրնոց չափ է: Ռուբէն Սերոբի Ղազարեանի կազմած Գրաբարի բառարանին մէջ՝ տպուած Երեւան, 2000, մար բառը այսպէս բացատրած է. «Հեղուկաչափ, որ հաւասար է 39, 29 լիթրի»: Թէ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին ի՛նչ հիմունքով մարի չափը երկու լիթր բացատրած է, անծանօթ կը մնայ մեզի համար [Թրգմ.]:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2019