ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Ո՞վ է աղքատներուն եւ տնանկներուն պաշտպանը:
Պատասխան. Աստուած Ամենաբարին Ինք է: Իմաստունը կը գրէ. «Աղքատը մի՛ կողոպտեր իր աղքատութեանը համար ու տնանկը դատաստանի մէջ մի՛ անարգեր: Վասնզի Տէրը անոնց իրաւունքը պիտի պաշտպանէ եւ զանոնք կողոպտողներուն հոգին պիտի կողոպտէ» (Առ 22.22-23):
Սուրբ Կիւրեղ Մեծ Հայրապետը կը գրէ. «“Ինչ ընես՝ նոյնը պիտի ընեն քեզի” (Աբդ 1.15): Այս է բնութեան կարգը, որ իւրաքանչիւր ոք ստանայ նոյն վերաբերմունքը՝ ինչ ինք կ՚ունենայ ուրիշին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ ան ըստ իր գործերուն հաւասար՝ տուգանքներ կը ստանայ»:
Հ. Ինչո՞ւ պէտք չէ ընկերութիւն ընել բարկացող մարդուն հետ:
Պ. Իմաստունը կը գրէ. «Բարկացող մարդուն հետ ընկերութիւն մի՛ ըներ ու ցասկոտ մարդուն հետ մի՛ երթար. որպէսզի չըլլայ թէ անոր ճամբաները սորվիս եւ դուն քեզ որոգայթի մէջ ձգես» (Առ 22.24-25):
Շա՜տ պարզ ու յստակ պատասխան: Արդարեւ, մարդը որու հետ որ ընկերութիւն ընէ, անոր պէս կ՚ըլլայ, աւելի ճիշդ անկէ կ՚ազդուի: Եթէ աստուածավախ ու աղօթասէր մարդոց հետ ընկերութիւն ընէ, ապա ինչքան ալ չար ու վատ մէկը ըլլայ, կամաց-կամաց կը սկսի փոխուիլ դէպի լաւը, նմանելով իր ընկերներուն, աւելի ճիշդ՝ սորվելով անոնցմէ ինք եւս կը սկսի իր կեանքի ընթացքը փոխել: Ճիշդ ասոր հակառակը, երբ մարդ վատ ընկերներու հետ ընկերութիւն ընէ, ինչքան ալ լաւ ու բարի ըլլայ, կամաց-կամաց ինք եւս կը սկսի չարանալ ու ընդօրինակել իր վատ ընկերներուն սովորութիւնները. ինչպէս՝ խաբել, խմել, ծխել, գողնալ, եւ այլն:
Յակոբ նահապետը իր որդիներուն ուղղած վերջին խօսքին մէջ, Շմաւոնին ու Ղեւիին հետեւեալը կ՚ըսէ. «Իմ հոգիս անոնց խորհուրդներուն մէջ թող չմտնէ, իմ պատիւս անոնց ժողովին հետ թող չմիանայ, որովհետեւ իրենց բարկութիւնով մարդ սպաննեցին եւ իրենց կամապաշտութիւնով ցուլի ջիղ կտրեցին» (Ծն 49.6): Բարկութիւնը, արդարեւ, նոյնիսկ ծնողներու օրհնութենէն եւ հովանաւորութենէն կը զրկէ մարդ արարածին, որովհետեւ բարկութեան մէջ մարդ ի զօրու է ամէն տեսակի մեղք ու անօրէնութիւն գործելու…:
Սուրբ Բարսեղ Մեծը կը գրէ. «Անխիղճներու եւ կեղծաւորաբար պատուիրանները պահելու մօտեցողներուն հետ ապրիլը վտանգաւոր է, ինչպէս կ՚երեւի Սողոմոն Իմաստունի հետեւեալ խօսքերէն. “Բարկացող մարդուն հետ ընկերութիւն մի՛ ըներ ու ցասկոտ մարդուն հետ մի՛ երթար. որպէսզի չըլլայ թէ անոր ճամբաները սորվիս եւ դուն քեզ որոգայթի մէջ ձգես”»:
Բարկութիւնը ինքնին բացասական երեւոյթ ու յատկութիւն մըն է մարդուն մէջ, որ զինք կրնայ կորուստի մատնել, եթէ մարդ չկարենայ տիրապետել ինքն իր վրայ եւ բարկութեան յանձնուի: Միւս կողմէ, սակայն, բարկութեան տեսակ մըն ալ կայ, որ նպատակ ունի անիրաւութիւն մը կամ սխալ բան մը շտկել, ուղղել: Այս մասին լուսահոգի Զարեհ Արք. Ազնաւորեան Տասնաբանեայի վեցերորդ պատուիրանը բացատրած ժամանակ, կ՚ըսէ.
* Իւրաքանչիւր սպանութեան խորքը կամ արմատը ատելութիւնն է. եթէ ատելութիւն չկայ՝ սպանութիւն չկայ: Մէկը կրնայ ոեւէ մէկուն դէմ բարկանալ, զայրանալ: Եթէ այդ արդար զայրոյթ է՝ կը նշանակէ վրդովմունք է երեւոյթի մը դիմաց, որ արդար չէ, օրէնքի մը, կարգի մը խախտումը, եղծումն է: Այդ բարկութիւնը կամ զայրոյթը ունի նպատակ մը՝ ուղղուած, շտկուած տեսնել այդ երեւոյթը, դարման բերել, կարգը վերահաստատել... Յիսուսի կեանքին մէջ ասոնք քանի մը առիթներով կը տեսնենք: Յիսուս, տաճար մտնելով, ի տես հոն աշխոյժ առուծախ կատարող վաճառականներուն, յոյժ զայրացաւ, նոյնիսկ ձեռքը վերցուց պարան մը ու զայն մտրակի վերածելով՝ վտարեց վաճառականները: Յիսուս այս ըրաւ, որովհետեւ Աստուծոյ տան նախանձախնդրութիւնն ունէր եւ չհանդուրժեց Աստուծոյ տունը վաճառատան վերածուած տեսնել:
Ուրիշ առիթով ալ Քրիստոս զայրացաւ, երբ տեսաւ Իր դիմաց գտնուողներուն սիրտի կուրութիւնը, այլ խօսքով՝ Իր զայրոյթը վրդովում մըն էր, թէ ինչո՞ւ այդ մարդիկը, որ Աստուծոյ օրէնքը տեւականօրէն կը կարդան, կ՚ուսումնասիրեն, Աստուծոյ կամեցածը չեն հասկնար կամ չեն տեսներ: Բայց այնպիսի զայրոյթ կամ բարկութիւն մը չէր, որ Յիսուս ելլէր ու դատապարտէր զանոնք: Ո՛չ: Արդարութեան զգայարանքով կամ զգացումէ մղուած՝ անարդարութեան հետ չհաշտուելու վիճակ մըն է, մինչդեռ երբ ատելութիւնը կը մտնէ մարդուս սիրտին մէջ, պատճառ կ՚ըլլայ թէ՛ վրէժխնդրութեան, թէ՛ ամէն տեսակի ժխտական արարքներու, որոնք եթէ նոյնիսկ չհասնին սպանութեան, դիմացինին անպայման վնասելու ցանկութիւնն ունին իրենց մէջ:
Մատթէոս Ջուղայեցի Վարդապետը խօսելով սպանութեան պատճառներու մասին, ի շարս այլ պատճառներու բարկութիւնն ալ կը յիշէ, գրելով. «Վեցերորդ՝ բարկութիւն, ինչպէս Տէրը կ՚ըսէ. «Ով որ առանց պատճառի իր եղբօր դէմ բարկանայ, գեհենի կրակին պիտի դատապարտուի» (տե՛ս Մտ 5.22), քանի որ բարկութենէն մահ կը ծնի, եւ թէ՝ «մարդուն բարկութեամբ Աստուծոյ արդարութիւնը չ՚իրագործուիր» (տե՛ս Յկ 1.20)»:
Ղպտի եկեղեցւոյ սուրբերէն՝ Սուրբ Ապահուր Ալ Պահճուրին հետեւեալ խրատը կու տայ. «Քեզմէ վանէ՛ բարկութեան բոլոր պատճառները, որովհետեւ բարկութիւնը կը պղտորէ միտքը, ինչպէս որ երբ քարը ջուրին մէջ իյնայ՝ կը պղտորէ զայն»:
Իսկ Սուրբ Մովսէս Սեւը հետեւեալը կը գրէ. «Չորս բան հոգին կը պահեն. բոլոր մարդոց նկատմամբ ողորմութիւնը, բարկութիւնը ձգելը, տոկալը եւ յանցանքը սիրտէն փառեբանութեամբ հանելը»: Հետեւաբար, մարդ եթէ կ՚ուզէ իր հոգին փրկել եւ ներքին խաղաղութիւն գտնել, ապա հեռու պէտք է մնայ բարկութենէն եւ անոր պատճառած բոլոր հետեւանքներէն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 110
Վաղարշապատ