ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԸԼԼԱԼՈՒ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ ՈՒՆԻ ՍԱԱՏ ՀԱՐԻՐԻԻ ՄՈՍԿՈՒԱ ԿԱՏԱՐԱԾ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Լի­բա­նա­նի մէջ վերջին շրջաններուն ե­ղած քա­ղա­քա­կան շփում­նե­րը կը մատ­նեն, որ նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թեան օ­րա­կար­գը դրուած է բա­ւա­կան «ու­ժեղ կրակ»ի մը վրայ:

2014 թուա­կա­նի Մա­յի­սէն ի վեր ա­ռանց նա­խա­գա­հի «գո­յա­տե­ւող» եր­կի­րը յայտ­նուած է բա­ւա­կան լուրջ փու­լի մը մէջ ու ինչ որ տե­ղի ու­նե­ցաւ ան­ցեալ շա­բաթ, յստա­կօ­րէն կ՚ու­րուագ­ծէ երկ­րին մէջ առ­կայ «քա­ղա­քա­կան դա­տար­կու­թիւն»ը լեց­նե­լու շրջա­նա­յին ճիգ մը:

Այս շփում­նե­րուն հիմ­նա­կան «տի­նա­մօ»ն լի­բա­նա­նեան սիւն­նի հա­մայն­քի հիմ­նա­կան ղե­կա­վար Սաատ Հա­րի­րիի կա­տա­րած քայ­լերն են: Նախ­կին վար­չա­պետ եւ 2006 թուականին Պէյ­րու­թի մէջ մութ պայ­ման­նե­րու ներքոյ սպան-նըւած վար­չա­պետ Ռա­ֆիք Հա­րի­րիի որ­դին, Պէյ­րութ վե­րա­դառ­նա­լով ու իր դաշ­նա­կից­նե­րուն հետ բա­ւա­կան եր­կար զրոյց­ներ ու­նե­նա­լէ ետք կը հան­դի­պէր նա­խա­գա­հա­կան հիմ­նա­կան թեկ­նա­ծու հա­մա­րուող զօրավար Մի­շէլ Աու­նի հետ: Այս հան­դի­պու­մը զար­մանք կ­՚առ­թէր բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնց հա­մար Հա­րի­րի վճռած էր ա­մէն գնով պաշտ­պա­նել ոչ թէ զօրավար Մի­շէլ Աու­նի, այլ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ Սալէյ­ման Ֆրան­ժի­յէի նա­խա­գա­հա­կան թեկ­նա­ծու­թիւ­նը: Ու հա­կա­ռակ իր «կող­մին­նե­րուն» մօտ ե­րե­ւե­լի դար­ձած ան­հանգս­տու­թիւն­նե­րուն՝ Հա­րի­րի կը շա­րու­նա­կէր յա­ռաջ տա­նիլ իր շփում­նե­րը, ա­ռանց յստակ բա­ներ ը­սե­լու:

Մինչ, ի­րեն հա­կա­դիր հա­մա­րուող Մար­տի քա­ղա­քա­կան թե­ւը կը խօ­սէր Հա­րի­րիի շատ հա­ւա­նօ­րէն նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թեան հա­մար Աու­նի ա­նու­նը որ­դեգ­րե­լու մա­սին, ան­դին Հա­րի­րիի ղե­կա­վա­րած «Ալ Մուս­թաք­պալ» հո­սան­քի «ներ­քին տան» մէջ դժգոհ ձայ­ներ կը լսուէին:

Բացի այս իրադարձու­թիւն­ներէն, յստակ էր նաեւ, որ Հա­րի­րի Պէյ­րութ կը վե­րա­դա­ռնար (շատ հա­ւա­նա­բար Ռիա­տէն), իր հետ բե­րե­լով կա­րե­ւոր «գաղտ­նա­բառ» մը, ո­րուն մա­սին սկսած էին խօ­սիլ շատ շա­տե­րը:

Խոր­քին մէջ ինչ կրնար պա­րու­նա­կել այդ «գաղտ­նա­բառ»ը: Հասկ­նա­լ փոր­ձե­լու հա­մար Լի­բա­նա­նի նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն կա­յաց­ման դժուա­րու­թիւն­նե­րը, պէտք է ան­պայ­ման հաս­կ­­նալ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի ու մաս­նա­ւո­րա­պէս Սու­րիոյ մէջ ցարդ ըն­թա­ցող գոր­ծը­նթաց­նե­րը:

Լի­բա­նան հա­կա­ռակ իր փոքր տա­րածք մը զբա­ղե­ցու­ցած ըլ­լա­լուն, կը հա­մա­րուի Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի «ներ­քին» քա­ղա­քա­կան խո­հա­նո­ցի հիմ­նա­կան պա­տու­հա­նը: Հոն է նաեւ, որ շրջա­նա­յին ու­ժեր յա­ռաջ կը մղեն ի­րենց ծրա­գիր­նե­րը եւ նա­խա­գա­հի որեւէ թեկնա­ծու, ե­թէ չյար­գէ կող­մե­րէն ո­րե­ւէ մէ­կուն ու­նե­ցած պայ­ման­նե­րը կամ «խառ­նէ» ա­նոնց հա­շիւ­նե­րը, դա­տա­պար­տը-ւած է ձա­խո­ղու­թեան:

Այս մօ­տե­ցու­մին որ­պէս ա­պա­ցոյց կան եր­կու նա­խա­գահ­ներ, ո­րոնք տար­բեր պայ­ման­նե­րու տակ սպան­նուե­ցան ու գաղտ­նիք ալ չէ, որ «քա­ղա­քա­կան սպա­­-նու­թեանց» Լի­բա­նա­նի ար­խի­ւը լե­ցուն է տաս­նեակ ցցուն օ­րի­նակ­նե­րով:

Յստակ է նաեւ, որ Հա­րի­րի հա­կա­ռակ Սու­րիոյ հար­ցով իր ու­նե­ցած բա­ւա­կան «ան­հե­ռան­կար» եւ ծայ­րա­յեղ յայ­տա­րա­րու­թեանց, լաւ կը հասկ­նայ վե­րեւ նշուած կա­նոն­նե­րը յար­գե­լու ընդ­հա­նուր խա­ղը: Ու գի­տէ նաեւ, որ ա­ռանց այդ պայ­ման­նե­րու լրաց­ման, ոչ միայն անհ­նար է նոր նա­խա­գահ մը ընտ­րե­լը, այլ ա­ւե­լի՛ն. որեւէ «սխալ» նա­խա­գա­հի ընտ­րու­թիւն կրնայ եր­կի­րը տա­նիլ նոր հա­կա­մար­տու­թեան մը:

Այս բո­լո­րով հան­դերձ զգա­լի է նաեւ, որ պաշ­տօ­նա­կան Ռիատ, որ ցայ­սօր զօրավար Աու­նի թեկ­նա­ծու­թեան դէմ յստակ վէ­թօ­ներ դրած է, սկսած է խոր­հիլ այ­լընտ­րանք­նե­րու մա­սին: Շրջա­նին մէջ Ռիա­տի վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան դէմ ե­ղող մէ­կէ ա­ւե­լի աղ­բիւր­ներ անց­նող ա­միս­նե­րուն սկսան գրել թա­գա­ւո­րու­թեան իշ­խող կող­մին մօտ կար­ծիք­նե­րու բա­ցա­յայտ տար­բե­րու­թեան եւ նոյ­նիսկ տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րու մա­սին:

Այ­սինքն Հա­րի­րիի քայ­լե­րը պէտք է դի­տար­կել մեկ­նե­լով այս մօ­տե­ցում­նե­րէն ու զա­նոնք տե­ղադ­րե­լով Ռիա­տի մօտ ե­ղող բա­ցա­յայտ տա­րա­կար­ծու­թեան օ­ղակ­նե­րուն մէջ:

Այս բո­լո­րէն ան­դին Հա­րի­րի (ու ա­ռա­ջին ան­գա­մը չէ այս) կը մեկ­նէր Մոս­կուա, թա­կե­լու հա­մար Ռուսաստանի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի դռնե­րը եւ «զրու­ցե­լու» Լի­բա­նա­նի նա­խա­գա­հա­կան օ­րա­կար­գին մա­սին:

Հա­րի­րի կ­՚ըմբռ­նէր, որ Սու­րիոյ մէջ այ­սօր պար­զուած ի­րա­վի­ճա­կով՝ մաս­նա­ւո­րա­պէս Լի­բա­նա­նի մէջ «խօսք ու­նե­ցող կողմ»ը Մոս­կուան է: Մինչ մօ­տիկ ան­ցեա­լին Լի­բա­նա­նի խորհր­դա­րա­նի քուէասն­տու­կին մէջ քուէար­կող հիմ­նա­կան կող­մը Է­սա­տի Սու­րիան էր, այ­սօր ար­դէն դե­րե­րը փո­խուած են:

Ճիշդ է նաեւ, որ Ռիա­տի կող­քին կայ Թեհ­րա­նի դե­րը, բայց եւ այն­պէս Հա­րի­րի կը փոր­ձէր հար­ցե­րը քննար­կել ա­ւե­լի մեծ տե­սա­դաշ­տէ մը, որ բնա­կա­նա­բար Մոս­կուան է:

Ան Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի հետ իր ու­նե­ցած հան­դիպ­ման ա­ւար­տին լրագ­րող­նե­րուն հետ խօ­սե­լով՝ Ի­րա­նի նե­ցու­կով գոր­ծող «Հիզ­պուլ­լահ»ին յստակ «պատ­գամ» մը ուղ­ար­կե­լով կ­՚ը­սէր. «Բո­լորս լաւ գի­տենք, որ Լի­բա­նա­նի մէջ նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւ­նը խան­գա­րող հիմ­նա­կան կող­մը՝ «Հիզ­պուլ­լահ»ն է»: Այս խօս­քը Մոս­կուա­յի մէջ ար­տա­յայ­տե­լով Հա­րի­րի բա­ռա­ցիօ­րէն կ­՚ար­տա­յայ­տէր Ռու­սաստանի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լու ըն­թա­ցա­կար­գը: Ճիշդ է նաեւ, որ Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մին սկիզ­բէն աս­դին, ու տագ­նա­պի ա­մե­նէն թէժ փու­լե­րուն, սէու­տցի տար­բեր բա­նագ­նաց­ներ Մոս­կուա այ­ցե­լած են: Եր­կու կող­մե­րուն մի­ջեւ միշտ ե­ղած են խօ­սակ­ցու­թեան «քա­նալ»ներ, սա­կայն անոնք յայտնի պատ­ճառ­ներով մնացած են փակ սենեակնե­րու մէջ։

Յստակ է նաեւ, որ Ռիատ այս հանգ­րուա­նին ալ չի պատ­րաս­տուիր «լքել» իր հիմ­նա­կան դաշ­նա­կի­ցը՝ Ա­մե­րի­կան, սա­կայն այդ մօ­տե­ցու­մը չի խան­գա­րեր, որ սիւն­նի աշ­խար­հի հիմ­նա­կան ո­րո­շիչ հա­մա­րուող եր­կի­րը փոր­ձէր առ­նուազն Լի­բա­նա­նի մէջ նոր «քոն­սէ­նսիւս» մը ստեղ­ծել: Ու այդ «քոն­սէ­նսիւս»ին հա­մար էր նաեւ, որ Հա­րի­րի կը հաս­նէր մայրաքաղաք Մոս­կուա:

Յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րը կրնան բա­ւա­կան ճա­կա­տագ­րա­կան ըլ­լալ Լի­բա­նա­նի հա­մար: Այն ի­մաս­տով, որ «ու­ժեղ կրակ»ի վրայ դրուած «քա­ղա­քա­կան ճա­շը» կրնայ ե­փիլ ու Լի­բա­նան­ցի ե­րես­փո­խան­­նե­րը Պէյ­րու­թի «Ալ Նըժ­մէ» հրա­պա­րա­կին վրայ գտնուող խորհր­դա­րան հաս­նե­լով ընտ­րեն երկ­րի 12-րդ նա­խա­գա­հը:

Բացի այդ, կայ նաեւ այս նախ­նա­կան հա­մա­ձայ­նու­թեան դէմ տար­բեր թե­ւե­րու կող­մէ դէմ դնե­լու վար­կած մը, որ սա­կայն գետ­նի վրայ ազ­դե­ցիկ դեր ու­նե­նա­լու ու­ժը չու­նի:

Ան­շուշտ խօս­քը կը վե­րա­բե­րի Սաատ Հա­րի­րիի ղե­կա­վա­րած «Ալ Մուս­թաք­պալ» հո­սան­քին, ո­րուն թիւ եր­կու ղե­կա­վարը հա­մա­րուող նախ­կին վար­չա­պետ Ֆուատ Սի­նիո­րան կը հա­մա­րուի ա­ւե­լի «կարծր» կե­ցուածք­նե­րու տէր քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ մը: Սի­նիո­րա նոյն­­­պէս կը հա­մա­րուի Ա­րեւ­մուտ­քի ու մաս­նա­ւո­րապ­էս Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու գլխաւ­որ «խա­ղա­ցող­ներ»էն մին: Սի­նիո­րա­յի կող­քին ե­րե­ւե­լի գոր­ծօն դառ­նա­լու ու­ժա­կա­նու­թիւն ու­նի երկ­րի հրա­ժա­րեալ ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րար զօրավար Աշ­րաֆ Ռի­ֆի, ո­րուն հիմ­նա­կան «խա­ղա­դաշտ»ը սիւն­նինե­րու «բոյն» եւ հիմ­նա­կան քա­ղաք հա­մա­րուող Թրի­փո­լին է: Ճիշդ է, որ այս եր­կու քա­ղա­քա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք կը հա­մա­րուին Ռա­ֆիք Հա­րի­րիի եր­կու «վստա­հե­լի յե­նա­րան­ներ»ը, այ­սօր բա­ւա­կան լուրջ տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներ ու­նին Սաատ Հա­րի­րիին հետ: Ա­նոնց բա­ւա­կան արմատա­կան մօ­տե­ցում­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն հէնք դառ­նալ այն սիւն­նի հա­տուա­ծին, ո­րուն հա­մար Սաատ Հա­րի­րի յա­ռա­ջի­կայ նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար պէտք չէ սա­տա­րէ ի­րենց քա­ղա­քա­կան ըմբռ­նում­նե­րու հա­կա­դիր ճա­կա­տին վրայ գտնուող ո­րե­ւէ թեկ­նա­ծուի:

Սա­կայն Հա­րի­րի այդ կար­գա­վի­ճա­կին մէջ չէ: Սիւն­նի ղե­կա­վա­րը անց­նող ա­միս­նե­րուն «Ալ Մա­րա­տա» հո­սան­քի նա­խա­գահ ե­րես­փո­խան Սալէյ­ման Ֆրան­ժի­յէի նա­խա­գա­հա­կան թեկ­նա­ծու­թիւ­նը որ­դեգ­րե­լով՝ մեծ տագ­նապ մը կը ստեղ­ծէր իր «իւ­րա­յին­նե­րու» շար­քե­րէն ներս։

Ֆրա­նժի­յէ, որ կը հա­մա­րուի Սու­րիոյ Նա­խա­գահ Պեշար Է­սա­տի հա­ւա­տա­րիմ գոր­ծա­կից­նե­րէն մին, կ­՚ըն­դու­նէր ա­ռա­ջար­կը ու իր կար­գին «ճեղք» մը կ­ը յա­ռա­ջաց­նէր փրօ-Սու­րիա եւ փրօ-Ի­րան հա­մա­րուող «8 Մարտ»ի ու­ժե­րերէն ներս:

Այս ամ­բողջ թատրերգութեան մէջ մէկ բան ե­րե­ւե­լի է: Ե­րե­ւե­լի է, որ յա­ռա­ջի­կայ հանգ­րուա­նի լու­ծում­նե­րու «ընդ­հա­նուր սե­ղան»ը «սա­րե­րու ե­տին չէ» ու շատ հե­ռա­տես պէտք չէ ըլ­լալ ըն­կա­լե­լու հա­մար Սաատ Հա­րի­րիի նա­խա­ձեռ­նած այս քա­ղա­քա­կան «մրցար­շաւ»ը: Հե­տաքրք­րա­կա­նը այն է, որ Հա­րի­րի իր նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ չի միտիր հա­կա­դիր կող­մին հա­րուած մը հասց­նե­լ, այլ կը բա­նայ երկ­խօ­սու­թեան եւ հա­մա­ձայ­նու­թեան նոր փու­լի մը ա­ռա­ջին պա­տու­հա­նը:

Թէ որքանով կը յա­ջո­ղի ան իր ստանձ­նած այս կա­րե­ւոր ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ, յստակ չէ, սա­կայն ե­րե­ւե­լի է, որ Լի­բա­նա­նի մէջ ըն­թա­ցող ընդ­հա­նուր գոր­ծըն­թաց­նե­րը բա­ւա­րար նե­րուժ ու­նին ամ­բողջ շրջա­նին հա­մար հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու նոր հար­թակ մը դառ­նա­լու:

Մէկ կող­մէն Ռիատ եւ միւս կող­մէն Մոս­կուա հան­դէս կու գան, որ­պէս Լի­բա­նա­նի հա­մար տա­րուող բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու հիմ­նա­րար «հաշ­տեց­ման ու­ժեր»: Ու ե­թէ յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կուի Հա­րի­րիի դե­րա­կա­տա­րու­թեամբ յա­ռաջ քշուած այս քա­ղա­քա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը, ա­պա չի բա­ցա­ռուիր, որ այդ եր­կու ու­ժե­րը նոյն դե­րը ստանձնեն նաեւ Սու­րիոյ մէջ:

Սու­րիոյ տագ­նա­պին սկիզ­բէն ի վեր լի­բա­նան­ցի մէ­կէ ա­ւե­լի վեր­լու­ծա­բան­ներ ալ Լի­բա­նա­նի ընդ­հա­նուր ի­րադ­րու­թեան մա­սին յղում­ներ ը­նե­լով՝ գրած են, որ ա­ռանց Սու­րիոյ տագ­նա­պին հան­գու­ցա­լուծ­ման՝ անհ­նար է, որ լի­բա­նան­ցիք յա­ջո­ղին ընտ­րել երկ­րին հա­մար նոր նա­խա­գահ մը:

Այ­սօր սա­կայն նոր ի­րադ­րու­թիւն մըն է ստեղ­ծուա­ծը եւ ե­թէ Ռիատ-Մոս­կուա ան­մի­ջա­կան հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ գծուած այս «ճա­նա­պար­հա­յին քար­տէս»ը յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կուի կամ այլ խօս­քով Լի­բա­նա­նի խորհր­դա­րա­նը յա­ջո­ղի իր 45-րդ նիս­տով ընտ­րել երկ­րին նոր նա­խա­գա­հը, ա­պա յստակ կը դառ­նայ, որ այդ քայ­լը նա­խաս­կիզբ մը կրնայ դառ­նալ Սու­րիոյ մէջ քա­ղա­քա­կան նոր ո­րա­կի խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րու:

Ան­շուշտ այս ծրագ­րին հա­մար կա­րե­ւոր ու հիմ­նա­րար խօսք ու­նի ը­սե­լիք Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րը, ո­րուն ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը յա­ռա­ջի­կայ Նո­յեմ­բե­րին սպա­սուած նա­խա­գահա­կան ընտ­րու­թեանց օ­րա­կար­գին պատ­ճառով յայտ­նուած է «օֆ­լայն» կա­ցու­թեան մը մէջ: Ու չի բա­ցա­ռուիր, որ Ո­ւա­շինկ­թըն նոյն­պէս ան­հան­գիստ ըլ­լայ Ռիատ-Մոս­կուա այս նա­խա­ձեռ­նու­թե­նէն ու մե­տա­սա­ներ­որդ պա­հուն խա­ղի բո­լոր կա­նոն­նե­րը փո­խէ կամ ա­ւե­լի վա­տը ը­նե­լով ամ­բողջ խա­ղը տա­պա­լէ:

Ա­մէն պա­րա­գա­յի ինչ որ ալ ըլ­լան Սաատ Հա­րի­րիի նա­խա­ձեռ­նու­թեան ար­դիւնք­նե­րը՝ յստակ է, որ սիւն­նի ա­ռաջ­նոր­դը Մոս­կուա­յի հետ որ­դեգ­րած իր «բա­ցուե­լու» քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ կը փոր­ձէ կա­ռու­ցել անց­նող տա­րի­նե­րուն փուլ ե­կած բո­լոր կա­մուրջ­նե­րը, քաջ գիտ­նա­լով հան­դերձ, թէ Մոս­կուա­յէն ար­ձա­կուած որեւէ խօսք իր խոր­քա­յին ազ­դե­ցու­թիւ­նը պի­տի ու­նե­նայ Հա­րի­րիի հա­կա­ռա­կորդ հա­մա­րուող Լի­բա­նա­նի շիի­նե­րուն եւ Սու­րիոյ ա­լե­ւին­ե­րուն մօտ:

Վճռո­­րոշ դե­րով Մոս­կուա այ­ցե­լած Սաատ Հա­րի­րի կանգ­նած է ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին կէ­տի մը առ­ջեւ ու յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րու զար­գա­ցում­նե­րը յստա­կօ­րէն յայտ­նի պի­տի դարձ­նեն ա­նոր մշա­կած (կամ ա­նոր տէ­րե­րուն մշա­կած) քար­տէս­նե­րուն եւ լու­ծում­նե­րու ծրարին ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թիւ­նը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

 Երեւան

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2016