Շարլ Ազ­նա­ւու­րի Հետ

Շարլ Ազնաւուրի մասին շատ խօսուած ու մելան հոսած էր իր կենդանութեան: Շատ խօսուեցաւ ու գրուեցաւ, նաեւ՝ յետմահու:

Գովաբանական խօսքերն ու գրութիւնները բազմաթիւ ըլլալով հանդերձ, ամբողջական չեն կրնար ըլլալ: Տակաւին այնքա՜ն գրելիք կայ իր մասին:

Այս քանի մը տողերուս մէջ, եթէ խօսիմ իր արուեստի մասին, վստահաբար նորութիւն մը տուած պիտի չըլլամ: Փոխարէնը՝ պիտի ջանամ քանի մը յիշատակներով վերյիշել այն օրերը, երբ պատիւն ու բախտը ունեցայ 10 օրեր վայելելու իր ներկայութիւնը: Մօտէն ծանօթացայ անձի մը հետ, որուն համար շա՜տ շատեր երանի պիտի տային ինծի: Այո՛, բախտաւոր էի՝ աւելի քան շաբաթով մը «գործակցելով» Ազնաւուրի նման հանճարեղ տաղանդի մը հետ:

Կարելիութեանս սահմաններուն մէջ՝ պիտի ջանամ վերյիշել այդ անմոռանալի օրերը:

Շարքը երկար է Լիբանան հրաւիրուած, միջազգային համբաւի տիրացած երգիչներուն, որոնց երգահանդէսներուն քանի մը երգերով բացումը կատարելու առիթը տրուած էր մեզի «Էփի քլապ»ի սեփականատէր, հայազգի Թորոս Սիրանոսեանը, որ դժբախտաբար ո՛չ իսկ մէկ բառ հայերէն կը խօսէր:

Յիշողութենէս հեռացած են այդ արուեստագէտներէն շատերու անունները: Մաս կը կազմէինք իրենց յայտագիրներուն եւ… այդքան: Ո՛չ մէկ յիշատակելի դէպք, սակայն այդ տաղանդաւոր արուեստագէտներուն մէջ իւրայատուկ անձնաւորութիւն մըն էր Շարլ Ազնաւուր: Ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ այդ 10 օրերը, երբ բախտը ունեցանք մօտէն ծանօթանալով՝ վայելելու իր ներկայութիւնը: Արժանացանք իր հայրական խրատներուն: Մեզի հանդէպ տարբեր սէր ու գուրգուրանք ցուցաբերեց, երբ իմացաւ, որ հայ տղոցմէ կազմուած նուագախումբ մըն ենք: Հայկական անուններ կը կրենք, իրարու հետ հայերէն կը խօսինք:

***

Շարլ Ազնաւուր առաջին անգամ ըլլալով հրաւիրուած էր Լիբանան՝ երգահանդէսներու շարք մը տալու նախ «Քազինօ տիւ Լիպան»ի բացօթեայ պարտէզին մէջ (ճաշկերոյթ), իսկ 10 յաջորդական օրեր՝ Լիբանանի գեղատեսիլ գիւղերէն մէկուն մէջ գտնուող «Տէյր էլ քալաա» վանքի պարտէզին մէջ, որ վերածուած էր բացօթեայ հանդիսասրահի մը:

Շատ ունկնդրած էի իր երգերը: Գիտէի, որ հայ է, սակայն շատերու նման՝ «ֆրանսացած» հայ կը կարծէի: Վստահ չէի՝ հայերէն կը հասկնա՞յ, կամ կը խօսի՞ իր մայրենիով:

Այդ օր, ամէն բանէ աւելի, զիս տպաւորեց իր պաղարիւնութիւնը չկորսնցնելը:

Պատմեմ:

Ճաշկերոյթ-երգահանդէսը սկսելէ կարճ ժամանակ ետք ձայնի սարքաւորումը խանգարում մը ունեցաւ եւ բարձրախօսներէն քանի մը հատը դադրեցան աշխատելէ: Նման դէպք պատահած է մեզի հետ, եւ մենք խուճապի մատնուած՝ ձախող ելոյթ մը ունեցած ենք այդ օր: Պարագան բոլորովին տարբեր էր Ազնաւուրին հետ: Կարծես՝ ոչինչ պատահած ըլլար: Շարունակեց երգել: Ամբողջացուց իր երգացանկը մինչեւ որոշուած դադարի ժամանակը: Մօտեցաւ ձայներու պատասխանատուին եւ ջղայնանալու կամ բարկանալու փոխարէն՝ ժպտաց. «Ժամանա՞կը գտաւ խանգարուելու», ըսաւ ու հեռացաւ: Աւելորդաբանութիւններու կարիքը չզգաց՝ յիշեցնելու, որ կարելի եղածին չափ շուտ նորոգէ: Գիտէր, որ պատասխանատուն այդ մէկը պիտի կատարէր, ինք յիշեցնէր կամ ոչ:

Ճաշկերոյթը սկսած էր մեր նուագախումբին երգերով: Առիթ մը, որ ներկաները կարենան ընթրել: Ազնաւուր «կեր ու խումի» երգիչ չէ: Ունկնդրութեան երգիչ է: Ճիշդ չէ, որ Ազնաւուրի նման արուեստագէտի մը երգած ժամանակ ներկաները ընթրեն: Սկզբունքով այդ օրուան մեր յայտագիրը աւարտած էինք, սակայն դարձեալ բեմ բարձրացանք՝ առիթ տալու, որպէսզի կարենան լուծել չսպասուած խանգարումը:

Կարճ ժամանակ ետք ամէն ինչ կարգին էր: Կրկին բեմ բարձրացաւ Ազնաւուր վստահաբար ուրախացնելով ներկաները, որոնք եկած էին վայելելու Շարլ Ազնաւուրը, եւ ո՛չ թէ մեզ: Մեզի վստահուած էր միայն իր «բացը գոցել»: Ո՛չ աւելի:

***

Յաջորդող օրերուն, երգահանդէսներու շարք մը տեղի ունեցաւ «Տէյր էլ քալաա»ի վանքի բացօթեայ շրջափակին մէջ: Այդ օրերուն էր, որ մօտէն ծանօթացանք Շարլ Ազնաւուրին: «Քազինօ տիւ Լիպան»ի ելոյթին, նոյնիսկ իրեն մօտենալու առիթը չէինք ունեցած:

Ելոյթները սկսելէ ժամեր առաջ կ՚երթայինք «Տէյր էլ քալաա»: Մեզ նման կանուխէն ներկայ կ՚ըլլային Շարլ Ազնաւուր, իր շատ երիտասարդ կողակիցը եւ 2 կամ 3 տարեկան աղջնակը, եւ բնականաբար՝ իրեն ընկերակցող նուագախումբի անդամները:

Ամէն օր, նախքան ելոյթները, կը բարձրանար բեմ, եւ քանի մը երգերով կ՚ուզէր վըս-տահ ըլլալ, որ ամէն ինչ կարգին է, ու ապա կ՚անցնէր վանքի երկար միջանցքներուն մէջ եւ ինքնիրեն բարձրաձայն խօսելով կ՚երթա՜ր ու կու գար: Բնականաբար չէինք մօտենար իրեն եւ տեղեակ չէինք, թէ ինքզինքին ի՞նչ «կը պատմէր»: Քանի մը օր ետք, երբ արդէն իրարու ծանօթացած ու «մտերիմներ» դարձած էինք, մեր նուագախումբին երգիչը՝ Միմոն, համարձակութիւնը ունեցաւ հարցնելու «մենախօսութեան» մասին:

«Նախ՝ կոկորդս կը «բանամ», ապա՝ ժողովուրդին հետ հաղորդակից դառնալու խօսքերուս փորձը կ՚ընեմ»:

Իր ելոյթներու օրերուն չպատահեցաւ, որ իր նախորդող օրերու խօսքերէն մէկը դարձեալ կրկնէր: Ամէն օր նորութիւն մը ունէր տալիք հանդիսատեսներուն, յաճախ՝ համեմուած տարբեր հիւմուրով մը: Վստահաբար շատեր դարձեալ ներկայ կ՚ըլլային: Չէր ուզեր միեւնոյն խօսքերով «ձանձրացնել» ներկաները: Յաճախ կը փոխէր նաեւ երգացանկին շարքը: Դէմ էր միօրինակութեան:

Սահուն հայերէն կը խօսէր, եւ իրեն հետը բնա՛ւ ֆրանսերէն չխօսեցանք: Իրարու հետ մեր խօսակցութիւնը մեր մայրենիով էր, որուն համար ակներեւ էր իր ուրախութիւնը: Կը զգայինք, որ հաճոյքով կը խօսէր մեզի հետ, սակայն երբ իր նուագախումբի անդամներէն մէկը կամ միւսը ներկայ ըլլար, խօսակցութիւնը անմիջապէս կը փոխէր ֆրանսերէնի:

Իր նուագախումբին դաշնակահարը ծագումով լիբանանցի էր: Ռապպաթ էր մականունը: Փորձեցինք քանի մը բառ հետը խօսիլ ի՛ր մայրենիով: Ո՛չ իսկ մէկ արաբերէն բառ գործածեց: Մեզի համար յստակ չէր, անծանօ՞թ էր արաբերէնին, թէ՞ պարզապէս չէր ուզեր գործածել իր մայրենի լեզուն, մինչ Ազնաւուրի համար հաճոյք էր հայերէն խօսիլը, երբ շրջապատուած էր հայերով:

Տակաւին անձնական յօրինումներ չէինք ձայնագրած: Մեր երգացանկը ֆրանսացի կամ ամերիկացի հանրածանօթ մեկնաբանողներու երգերով լեցուն էր, եւ մեր նուագախումբին երգիչը՝ Միմոն, յաջող կերպով կը մեկնաբանէր այդ երգերը եւ կարելի եղածին չափ իր ձայնը կը փորձէր նմանցնել այդ երգիչներուն:

Շարլ Ազնաւուր նկատած էր այդ մէկը.

«Դուն պէտք է ըլլաս քո՛ւ անձդ: Պէտք է ունենաս երգելու քո՛ւ անձնական ոճդ, որպէսզի ունենաս քո՛ւ անհատականութիւնդ: Ուրիշը կապկելը հեշտ է: Ամենադժուարը՝ անձնական ոճ մը ունենալն է»:

Համերգներուն բացումը կը կատարէինք քանի մը երգերով եւ մեր երգացանկին մէջ ունէինք ՄԻԱՅՆ մէկ հայերէն երգ, եւ այդ մէկը մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծէր ներկայ հանդիսատեսներուն մէջ, ինչ որ մտածել կու տար, թէ մեծ թիւով հայեր եկած էին վայելելու հայազգի մեծ արուեստագէտը:

«Ils sont tombés» եւ «Pour toi Arménie» երգերը տակաւին չէին ձայնագրած, սակայն կը զգայինք, որ հոգիով իսկական հայ մըն է Ազնաւուր: Անգամ մը անդրադարձայ, որ իրեն համար հաճելի էր հայերէն երգեր ունկնդրելը:

***

Ամէն օր, ելոյթէն առաջ, փորձի ժամանակ, խօսափողը փոքրիկ աղջնակին ձեռքը տալով՝ կ՚ըսէր՝ «Chante ma poule, chante». (երգէ աղաւնեակս, երգէ):

Օր մը մօտեցայ եւ հարցուցի. «Պր. Ազնաւուր, երբ ձեր աղջիկը մեծնայ, արդեօք պիտի փափաքէի՞ք, որ երգչուհի դառնայ»:

«Եթէ կարողութիւնը ունի, ինչո՞ւ ոչ», եղաւ պատասխանը:

Այդ թուականէն տարիներ ետք Լոս Անճելըսի մէջ Ազնաւուրի երգահանդէսին ներկայ էի կնոջս հետ: Հակառակ իր յառաջացած տարիքին՝ նո՛յն հարուստ ձայնը: Բացառիկ նուագախումբ եւ քանի մը երգչուհիներ կ՚ընկերանային իրեն: Ժամանակն էր ներկայացնելու նուագախումբի անդամներն ու իրեն ընկերակցող երգչուհիները, երբ յանկարծ… Քաթիա Ազնաւուր… Անմիջապէս քանի մը տասնամեակ ետ գացի եւ յիշեցի փոքրիկ աղջնակը, որ մեծցեր է եւ հօրը կ՚ընկերակցի: Յիշեցի Ազնաւուրին խօսքերը. «Եթէ կարողութիւնը ունի, ինչո՞ւ ոչ»…

Ամէն անգամ, երբ ունկնդրեմ Շարլ Ազնաւուրի «Տէյր էլ քալաա» վանքի մէջ մեկնաբանած երգերէն մէկը կամ միւսը, ինքնաբերաբար մտովի կը վերադառնամ այդ վայրը, ուր 10 օր վայելեցինք Ազնաւուրին ներկայութիւնը, իր սքանչելի երգերը: Կը մտաբերեմ այդ մշուշոտ երեկոները, երբ այն տպաւորութիւնը կ՚ունենայինք, որ Շարլ Ազնաւոր կ՚երգէր ամպերու մէջէն: Այժմ վերջնականապէս մեկնած է ամպերէն վեր, դէպի երկնային արքայութիւն:

Երբ ոեւէ անձ մահանայ, սովորութիւն դարձած է ըսել՝ «Վերջնականապէս լռեց իր ձայնը», սակայն այդ խօսքերը չեն համապատասխաներ Շարլ Ազնաւուրին: Իր ձայնը «Անլռելի զանգակատուն մըն է»: Ինչպէս մենք, այնպէս ալ մեզի յաջորդող սերունդները պիտի շարունակեն ըմբոշխնել աստուածատուր այդ ձայնը, այդ աներեւակայելիօրէն գեղեցիկ բանաստեղծութիւնները, որոնք միաժամանակ կեանքի հոգեբանական վերլուծումներ են:

Տասնեակ հազարաւոր մարդիկ, երգահանդէսներու ժամանակ, իրենց ծափահարութիւններով շատ յաճախ յոտնկայս իրենց գնահատանքն ու սէրը արտայայտեցին, իսկ ներկայիս տասնեակ հազարաւոր մարդիկ հաւաքուած են իրենց յարգանքի վերջին տուրքը տալու այդ «Փոքր հսկային»:

Կոմիտաս հեռացաւ այս աշխարհէն մօտ 83 տարիներ առաջ, սակայն իր երգերը նոյն թափով կը շարունակենք ունկնդրել: Նոյնն է պարագան Ազնաւուրի: Իր երգերը յաւերժական են: Անցեալն են, ներկան ու նաեւ՝ ապագան:

Շատեր Շարլ Ազնաւուրի մասին կ՚ըսեն, որ 100 տոկոս ֆրանսացի է, նաեւ՝ 100 տոկոս հայ:

Ազնաւուր 100 տոկոս ֆրանսացի երգիչ է, սակայն իբրեւ անհատ՝ Վաղինակ Ազնաւուրեանը 100 տոկոս ՀԱՅ է:

Անոր ո՛չ մէկ կասկած:

Ննջէ հանգիստ, սիրելի՛ Շարլ Ազնաւուր: Քեզի նման արուեստագէտները չեն մահանար:

Կ՚ԱՆՄԱՀԱՆԱՆ:

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Լոս Անճելըս, 2018

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2018