ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Ի՞նչ ըսել կ՚ուզէ Սողոմոն Իմաստուն երբ կը գրէ. «Մարդուն հոգին իր հիւանդութեան կը համբերէ, բայց վիրաւորուած հոգին ո՞վ կրնայ մխիթարել» (Առ 18.14):
Պատասխան. Այստեղ նախ յստակեցում մը պէտք է կատարենք, որպէսզի կարենանք ճիշդ կերպով ընկալել ու հասկնալ ըսուածը: Առաջին, Իմաստունը երբ կ՚ըսէ մարդու հոգին իր հիւանդութեան կը համբերէ, ատով նկատի ունի մարդու կեանքի ընթացքին պատահող տեսակ-տեսակ հիւանդութիւնները, որոնց մարդ կրնայ դիմանալ եւ դիմանալով կրնայ բուժուիլ այդ հիւանդութիւններէն: Ինչ կը վերաբերի վիրաւորուած հոգին ո՞վ կրնայ մխիթարել արտայայտութեան, այստեղ Իմաստունը նկատի ունի մեղքի՝ հպարտութեան, յուսահատութեան, աւելորդ մտահոգութեան, աշխարհիկ հոգերով ծանրաբեռնուածութեան պատճառով ինկած հոգին, ո՞վ կրնայ մխիթարել, մանաւանդ երբ ինքզինք փակած է հոգեւորէն, ինքզինք կտրած է հոգեւոր աշխարհին հետ ու միայն աշխարհով կ՚ապրի:
Բոլորս ալ ի՜նչ-ինչ պատճառներով հիւանդութեան ենթակայ ենք, սակայն բոլորս ալ առողջանալու, բուժուելու հնարաւորութիւն ու միջոց ունինք, եթէ մենք մեզի հետեւինք, առաւել՝ հետեւինք բժիշկներուն մեզի տուած թելադրութիւններուն:
Նոյն կերպով մարդ պէտք է վարուի նաեւ իր հոգիին հետ, այսինքն՝ իյնալէ, մեղանչելէ ետք պէտք չէ յուսահատի, որով իր վիճակը բարելաւելու փոխարէն, ա՛լ աւելի կը դժուարացնէ եւ իր վերստին կանգնելու հնարաւորութիւնները ի սպառ կը շոգիացնէ: Ընդհակառակը, մարդ երբ իյնայ պէտք է ուժ ու համարձակութիւն գտնէ, իր ինկած վիճակին մէջ իսկ աչքերն ու ձեռքերը դէպի երկինք ուղղելու եւ Աստուծոյ օգնութիւնը կանչելու: Մարդկային յուսահատութեան վրայ յաղթանակ տանելու միակ ձեւը ա՛յս է, աւելին, մարդկային վիրաւորուած հոգին միայն այս կերպով կը մխիթարուի, երբ մեղքի, կեղտի ու տիղմի մէջ ըլլալով իսկ, համարձակութիւն կը գտնէ դէպի Տէրը դառնալու եւ Անկէ խնդրելու օգնութիւն այդ վիճակէն դուրս գալու: Այլ խօսքով՝ յուսահատութեան յաղթելու ձեւը յոյս ունենալն է առ Աստուած, Անոր ամենակարող զօրութեան եւ կատարեալ վստահութիւն, թէ Անոր համար անկարելի բան չկայ եւ՝ «եթէ ձեր մեղքերը կրկնակի կարմիրի պէս են, ձիւնի պէս պիտի ճերմկնան եւ եթէ որդան կարմիրի նման են, ասրի պէս ճերմակ պիտի ըլլան» (Ես 1.18): Մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է գիտակցի այս ճշմարտութեան եւ թոյլ չտայ ստանային զինք խաբելու՝ յուսահատութեան գիրկը նետելով:
Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը կը գրէ.
«* Յիսուսէ զատ ի՞նչն է Աւետարանին յոյսը: Ան մեր խաղաղութիւնն է, որ այս բոլոր բաները կ՚ընէ…: Ով չի՛ հաւատար Յիսուսի՝ ամէն ինչ կը կորսնցնէ:
* Յոյսը նման է այն ամուր պարանին, որ երկինքէն կախուած է դէպի մեզ՝ օգնելու մեր հոգիներուն եւ այս աշխարհէն ու չար կեանքի փորձութիւններէն վեր բարձրացնելու բոլոր անոնք՝ որոնք ամուր կերպով կը բռնեն զայն: Եթէ մարդ տկար է եւ ձգէ այս սուրբ կրակը՝ անմիջապէս պիտի իյնայ ու չարի որոգայթներուն մէջ պիտի խեղդուի:
* Ուրիշ ոչ մէկ բան մարդս այսքան զօրաւոր եւ վտանագներ սիրող կը դարձնէ, ինչքան յոյսը: Նախքան մեր խնդրած բաները ստանալը ան մեզի պարգեւ մը կու տայ. “փորձութիւններուն համբերել”: Նախքան գալիք բաները ընդունիլը՝ ներկայ կեանքին մէջ փորձութիւններու միջոցով արդարութեան կը հասնիք, ինչպէս նաեւ համբերատար ու փորձառու կ՚ըլլաք…:
Սէրը ամէն բան կը դիւրացնէ, Հոգին՝ կ՚օգնէ, յոյսը՝ կը լուսաւորէ, փորձութիւնները՝ կը յղկեն մեզ ու մեզ փորձուած կը դարձնեն եւ կարող՝ քաջութեամբ ամէն ինչի դիմադրելու: Այս բոլորին հիասքանչ զէնք մը կ՚ընկերակցի, որ է աղօթքը»:
Սուրբ Օգոստինոս կը գրէ.
«* Աստուծմէ զԱստուած յուսալ, կը նշանակէ շնորհքի Տէրը՝ զԱստուած սիրել:
* Յոյսը մարդս դէպի յաւիտենականութիւն, դէպի ապագայ կը տանի գործնական հաւատքով մը, դիմանալով, ինչպէս նաեւ ցաւերու մէջ ուրախանալով ու ցնծալով:
* Յոյսով կ՚ուրախանանք մեր հայեացքները ուղղելով գալիք հանգիստին: Այսպիսով դժուարութիւններու մէջէն ուրախութեամբ կ՚անցնինք»:
Ինչպէս վերը նշեցինք, յուսահատութեան մէջ մխիթարութիւն գտնելու եւ յուսահատութեան յաղթելու ամենէն զօրաւոր միջոցը Աստուծոյ ապաւինիլն է: Աստուած, Իր հերթին, մեզ մխիթարելու համար Իր Սուրբ Հոգին կ՚ուղարկէ մեզի, որ մեզ մեր յուսահատութենէն ու դժուարութենէն հանելով դէպի յաւիտենականութիւն կ՚առաջնորդէ: Յիշենք Տէր Յիսուսի խօսքերը. «Տակաւին շատ բաներ ունիմ ըսելիք ձեզի, սակայն այժմ չէք կրնար տանիլ: Բայց երբ գայ Ինքը՝ Սուրբ Հոգին, որ ճշմարտութիւնը կը յայտնէ, Ան պիտի առաջնորդէ ձեզ ամբողջական ճշմարտութեան, որովհետեւ Ան Ինքնիրմէ պիտի չխօսի, այլ ինչ որ լսէ՝ զայն պիտի խօսի եւ ձեզի պիտի պատմէ գալիք բաները: Ան զիս պիտի փառաւորէ, որովհետեւ ինչ որ Ինձմէ առնէ՝ պիտի յայտնէ ձեզի: Ինչ որ Հայրս ունի՝ Իմս է. ասոր համար է որ ըսի ձեզի, թէ ինչ որ առնէ Ինձմէ՝ պիտի յայտնէ ձեզի» (Յհ 16.12-15):
Վերը նշեցինք, թէ ինկած, սայթաքած ժամանակ մարդ պէտք է համարձակութիւն ունենայ դէպի երկինք նայելու, իր ձեռքերը դէպի երկինք բարձրացնելու: Սակայն, ամէն մարդ չէ որ կրնայ այսպէս վարուիլ, այլ միայն անոնք՝ որոնք հեզ ու խոնարհ են իրենց բնաւորութեամբ եւ ինչ-ինչ պատճառներով սայթաքած են: Հպարտները դժուար թէ կարենան նոյնիսկ իրենց սայթաքած վիճակին մէջ Աստուծոյ յուսալ, որովհետեւ իրենց հպարտութիւնը թոյլ չի տար անոնց այդպէս վարուիլ:
Պետրոս Շանշեանց մարդուն համար հեզութեան անհրաժեշտութեան մասին խօսելով, կը գրէ. «Հեզութիւնը անհրաժեշտ կարեւոր է մեր հանգստութեան համար, որովհետեւ առանց հեզութեան մենք միշտ տրտունջքի մէջ ենք, եւ այս տրտունջքն է, որ Աստուծոյ կամքին հակառակ է եւ մեզ կը զրկէ Անոր օգնութենէն ու մխիթարութիւններէն: Առանց հեզութեան բռնութիւնը եւ անխոհեմութիւնը կը թագաւորեն մեր վրայ եւ կորուստի ճանապարհ կը բանան, շփոթելով մեր մերձաւորներուն հետ ունեցած բարեկամութիւնը եւ հաւատարմութիւնը»: Ընթերցողը պիտի նկատէ, որ հեզութեան բացակայութեան պարագային մենք նաեւ Աստուծոյ մխիթարութենէն ալ կը զրկուինք, հետեւաբար զգոյշ ըլլալու է մարդ:
Արդարեւ, մարդ պարտաւոր է զգուշութեամբ վարուելու եւ հետեւելու Ս. Գիրքի թելադրութիւններուն, որպէսզի նոյնիսկ եթէ դժուարութիւններու, նեղութիւններու, սայթաքումներու եւ փորձութիւններու հանդիպի, կարենայ դուրս գալ այդ բոլորէն Աստուածաշունչին օգնութեամբ: Պետրոս Շանշեանց այս ուղղութեամբ մի քանի կէտերու մէջ կը ներկայացնէ, թէ Աստուածաշունչը ի՛նչպէս կ՚օգնէ մարդուն:
«Մենք պարտաւոր ենք համբերութիւն սորվելու միջոցները գլխաւորաբար Աւետարանին եւ քրիստոնէական հաւատքի ու բարեպաշտութեան մէջ փնտռել: Աւետարանը մեզի ամէն տեսակի ուղղութիւն եւ օգնութիւն կու տայ.
ա) Ան կը յիշեցնէ մեզի ան Ամենակարող Էակը, Որմէ կախուած է մեր բարութիւնը եւ վիշտերուն մխիթարութիւնը: Ան կը պատուիրէ, որ միայն Աստուծոյ նայինք եւ Անոր կամքին հնազանդինք մեր խոնարհութեամբ եւ վստահութեամբ, ինչպէս որ համբերութեան հայրը՝ Յոբ կ՚ըսէր. «Տէրը տուաւ ու Տէրը առաւ, օրհնեալ ըլլայ Տիրոջ անունը» (Յոբ 1.21): Մեր Փրկիչը Իր սքանչելի խոնարհութեան մէջ կ՚ըսէր. «...Բաժակը, որ Հայրս Ինծի տուաւ, պիտի չխմե՞մ...» (Յհ 18.11):
բ) Ս. Գիրքը կը հրաւիրէ միշտ խորհիլ այն բարութիւններուն վրայ, որոնք ստացած ենք: Յոբ կ՚ըսէր, ամէն բարութիւն Աստուծոյ ձեռքէն կը ստանանք՝ եւ միթէ՞ պարտաւոր չենք Իր տուածը Իրեն դարձնել ուրախութեամբ: Կը հրաւիրէ մեզի խորհիլ այն պատիժին վրայ, որուն արժանի ենք: Այսպիսի խորհրդածութեամբ լեցուած էր մարգարէներուն սիրտն ու միտքը, որոնք տեսնելով իրենց ազգը տառապանքներու եւ նեղութիւններու մատնուած, դարձեալ կը յանդիմանէին ու կ՚ըսէին. «Ապրող մարդը ինչո՞ւ տրտունջ ընէ, իր մեղքերուն պատիժին համար: Մեր ճամբաները քննենք ու փորձենք եւ Տիրոջ դառնանք: Մեր սիրտերը մեր ձեռքերուն հետ երկինք՝ Աստուծոյ վերցնենք: Մենք յանցանք ըրինք ու ապստամբեցանք եւ Դուն թողութիւն չտուիր» (Ողբ 3.39-42):
գ) Ս. Գիրքը կը յայտնէ որ նեղութիւնները կարեւոր են մեղաւոր մարդուն՝ Աստուծոյ մօտենալու համար: Կարելի է ըսել, որ նեղութիւնները աստուածային սիրոյն եւ խնամքին առհաւատչեայ են՝ որ ունի մեր հոգիին համար, եւ կամ պատիժ է, որով կը կամենայ մեզ ուղղել, կամ փորձութիւններ են, որով կը կամենայ կրթել մեզ, սրբել ու կատարելագործել մեր սիրտը, մեր միտքը, մեր հաւատքը եւ մեր գործը. «Որովհետեւ Տէրը երբ կը խրատէ՝ կը նշանակէ, թէ կը սիրէ քեզ. երբ կը պատժէ՝ կը նշանակէ, թէ քեզ իբր զաւակ կ՚ընդունի» (Եբր 12.6). «Երկրաւոր հայրերը մեզ կը խրատեն միայն կարճ ժամանակ մը, իրենց ճիշդ դատած ձեւով, մինչ Աստուած կը խրատէ մեր բարիքին համար, որպէսզի հաղորդակից դառնանք Իր սրբութեան: Ճիշդ է, որ որեւէ յանդիմանութիւն նոյն պահուն չ՚ուրախացներ, այլ՝ կը տրտմեցնէ, բայց յետոյ՝ անով կրթուածներուն արդար կեանքի մը խաղաղութիւնը կը պարգեւէ» (Եբր 12.10-11): Բազմաթիւ աստուածապաշտ մարդիկ փորձած են այս քաղցրութիւնը, ինչպէս կ՚ըսէ Դաւիթ մարգարէն. «Մինչեւ որ զիս տառապանքի չմատնեցիր՝ մոլորանքի մէջ էի. սակայն հիմա խօսքերդ կը գործադրեմ» (Սղ 119.67). «Տառապանքի մատնուիլս լաւ եղաւ ինծի, որպէսզի սորվիմ քու կանոններդ» (Սղ 119.71): Բազմաթիւ առաքինութիւններ յառաջ կու գան այս նեղութիւններէն, եթէ մենք համբերենք եւ առ բարին գործադրենք: Աւետարանը մեզի մեր տկարութիւնը, Աստուծմէ մերկ կախ-ւած ըլլալը յիշեցնելով, կը հրաւիրէ մեզ խնդրել Անոր հովանաւորութիւնն ու օգնութիւնը, որպէսզի ընկճէ մեր հպարտութիւնը եւ զգայուն ու կարեկից ընէ մեր ընկերոջ նեղութիւններուն համար: Ան կը սորվեցնէ մեզի չափաւորել մեր կապակցութիւնները, եւ մեր զգացողութիւնները բանականութեան իշխանութեան ենթարկել: Ան մեզ ամէն չարութենէ կը հեռացնէ, որ վիշտ կը պատճառէ, մեր սիրտը աշխարհէն կը խլէ եւ երկնաւոր բարութեամբ լեցնելով քաղցր զգացողութիւն կու տայ աստուածային սիրոյն՝ եւ հաւատք ու յոյս մեր փրկութեան համար. «Եւ ոչ միայն այսքան. այլ տակաւին կը պարծենանք նաեւ մեր նեղութեանց մէջ» (Հռ 5.3):
դ) Ս. Գիրքը համբերութեան գեղեցիկ օրինակ կու տայ այն սուրբ մարդիկը, որոնք աշխարհի հետ պատերազմեցան եւ յաղթեցին, ու մանաւանդ միշտ մեր առքին դիմացն է Ամենասուրբը եւ Ամենարդարը՝ Յիսուս, որ չարչարանքներուն ու խաչին համբերեց. «Այդ համբերութիւնը ցուցաբերելու կոչուած էք դուք, որովհետեւ Քրիստոս ալ ձեզի համար չարչարուեցաւ՝ օրինակ տալով ձեզի, որպէսզի Իր հետքերով քալէք» (Ա.Պտ 2.21):
ե) Ան կը թեթեւցնէ մեր նեղութիւնները, երկնային երջանկութիւնը յիշեցնելով, ուր մեր սուգը՝ ուրախութեան պիտի փոխուի, մեր պատերազմը՝ յաղթութեան եւ տառապանքը՝ վարձատրութեան. «...եւ Իր չարչարանքներուն մասնակից կ'ըլլանք՝ որպէսզի Իր փառքին եւս մասնակից ըլլանք» (Հռ 8.17). «Ես այնպէս կը խորհիմ, թէ ներկայ ժամանակի չարչարանքները ոչի՛նչ են գալիք փառքին քով՝ որ մեզի պիտի յայտնուի» (Հռ 8.18). «Պէտք է համբերել գիտնաք, որպէսզի Աստուծոյ կամքը կատարելով՝ Իր խոստումին տիրանաք: Որովհետեւ “Շատ, շատ քիչ ատենէն՝ Ան որ գալիք է՝ պիտի գայ, առանց ուշանալու”» (Եբր 10.36-37):
զ) Ս. Գիրքը կը թոյլատրէ մեզի դիմել Աստուծոյ, որպէսզի մեր նեղութիւնները մեղմացնէ, զօրութիւն եւ շնորհք տայ՝ համբերելու եւ օգուտ քաղելու. «Օգնութեան կանչէ զիս՝ երբ որ նեղութեան մէջ ես եւ քեզ պիտի ազատեմ եւ դուն պիտի փառաւորես զիս» (Սղ 50.15). «Ձեզմէ մէկը նեղութեան մէ՞ջ է՝ թող աղօթէ: Ուրախ տրամադրութեա՞ն մէջ է՝ թող գոհաբանական երգ երգէ Աստուծոյ» (Յկ 5.13). «Բայց վստահեցէ՛ք Աստուծոյ. անիկա թոյլ պիտի չտայ որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, այլ՝ փորձութեան մէջ իսկ ցոյց պիտի տայ զայն յաղթահարելու միջոցը, որպէսզի կարենաք տոկալ» (Ա.Կր 10.13): Պօղոս առաքեալ կը յայտնէ, որ ինք անձամբ փորձած է այս բանը. «Այդ ցաւին համար երեք անգամներ աղաչեցի Տիրոջ, որ հեռացնէ ինձմէ։ Բայց ինծի ըսաւ. “Իմ շնորհքս կը բաւէ քեզի. որովհետեւ իմ զօրութիւնս ամբողջապէս կը յայտնուի՝ մարդուս տկարութեան մէջ”։ Ահա թէ ինչու՝ մեծ հաճոյքով կը պարծենամ տկարութիւններովս, որպէսզի Քրիստոսի զօրութիւնը իմ մէջս հաստատուի։ Ատոր համար ալ, ես գոհ եմ տկարութիւններովս եւ Քրիստոսի համար կրած նախատինքներուս, նեղութիւններուս, հալածանքներուս եւ դժուարութիւններուս համար. որովհետեւ երբ տկար եմ՝ այն ատեն է որ զօրաւոր եմ» (Բ.Կր 12.8-10): Պօղոս առաքեալը երկու կանոն կը դնէ՝ համբերութիւն եւ աղօթք. «...նեղութեանց մէջ համբերող եղէք, յարատեւ աղօթեցէ՛ք» (Հռ 12.12)»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 63
Վաղարշապատ