ԱՄԵՆԱՍԻՐԵԼԻ ԲԱՌԸ

Բա­ռե­րու սէ­րը... բա­ռեր կան, ո­րոնք սի­րե­լի են ե­ղած. բայց պէտք է ը­սել, որ գրե­թէ ա­մէն բառ սի­րե­լի է, նա­յած ե՞րբ, ո՞ւր, ինչ­պէ՞ս, ին­չո՞ւ, ո­րո՞ւն եւ ո՞ւր կը գոր­ծա­ծենք զայն:

Սկսինք: Առ­նենք կեանք բա­ռը...

«Եւ մա­հա­մերձն ալ կ՚ու­զէ եր­կու բան

Նախ կեան­քը, յե­տոյ...» (Պ. Դուր­եան)

«Լաց իմ մու­սայ, մար­դիկ չլաց­ին

Ան­յայտ ին­կա­ծին» (Վ. Տէր­եան)

Կեանք բա­ռը կեն բա­ռը կը յիշ­եցն­է, նոյն ար­մատն է: Խրախ­ճան­քի սե­ղա­նին շուրջ գա­ւաթ­ներ կը պարպ­ու­ին, կե­նա­ցը խմողն­եր­ուն եւ չխմողն­եր­ուն, ուն­ե­ւ­որ­ներ­ուն ու չուն­եւ­որն­եր­ուն, բայց ինչ­ո՞ւ չուն­եւ­որն­եր­ուն, մարդ կրնայ հարցն­ել ի­րա­ւամբ: Բա­րե­կամ, մարդ­կա­յի­ն փոխյա­րա­բե­րու­թե­ան պարզ օ­րէ­ն­քով։ Ուր­կէ­՞ ու­նե­ցո­ղը պի­տի ու­նե­նայ ե­թէ ոչ՝ չու­նե­ւո­րի հաշ­ւո­՛յն, ու­րե­մն ա­նոնք ալ պէ­տք է ապ­րին, որ­պէ­սզի ինչ որ տա­կա­ւին մնա­ցած է քո­վե­րնի­ն եւ ու­նի­ն, տան, վեր­ջա­պէս, ո­րո­՞ւ կու տան. չէ՞ որ ա­մէնքն ալ հա­րա­զատ­ներ են, ա­մէնքն ալ հայ ե­ն, այս ե­րկրի զա­ւակ­նե­րը­, երբ ձիւ­նէ­, ա­մէ­նուն վրայ կը ձիւ­նէ­, միայն այն տար­բե­րու­թե­ամբ, որ ու­նե­ւո­րը չի մսիր, իսկ չու­նե­ւո­րը ջեր­մա­նա­լու մի­ջո­ցնե­ր փնտ­ռե­լո­վ կը տաք­նայ... ինչ որ չէ կա­րո­ղա­ցած պատ­րաս­տել մին­չե­ւ ձիւ­նե­լը­, չէ կրցած նա­խա­պատ­րաս­տուի­լ: Ու­րե­մն՝ կեան­քը կը շա­րու­նա­կուի մէ­կուն այս­պէս, միւ­սի­ն՝ այդ­պէ­ս:

Մարդ­կա­յի­ն է սա եւ զգե­ստա­ւո­րուած է ար­դա­րու­թե­ան մակ­դի­րո­վ, բայց ո՛չ մարդ­կայ­նա­կան:

Մար­դա­սէր, մտա­ծո­ղ հան­ճար­ներ տե­սա­կան լու­ծում­նե­ր տուած ե­ն՝ թուե­լէ ետք վե­րո­յի­շե­ալ ի­րո­ղու­թե­ան պատ­ճառ­նե­րը­: Հին դա­րե­րէ­ն սկ­սեալ, ա­մե­նէ­ն նշա­նա­ւո­ր հան­ճա­րը Լաօ Ցէն է, Չի­նաս­տա­նի զա­ւակ, ի մի­ջի այ­լոց, կը­սէ­.-

«Կայ Աս­տու­ծո­յ ար­դա­րու­թի­ւնը­, որ է ու­նե­ւո­րէ­ն առ­նել չու­նե­ւո­րի­ն տալ,

«Կայ մար­դոց ար­դա­րու­թի­ւնը­, որ է, չու­նե­ւո­րէ­ն առ­նել, ու­նե­ւո­րի­ն տալ»:

Ու­րե­մն, եր­թը կը շա­րու­նա­կուի ու կանգ պի­տի չառ­նէ­: Ա­րիւ­նա­լի պայ­քար­ներ, ընդ­հա­րում­նե­ր քիչ մը ընդ­հա­նուր կեան­քի այլ կե­րպ տուած ե­ն դէ­պի բարե­խառ­նու­թի­ւն, ինչ­պէ­ս՝ Եւ­րո­պա, Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, Գա­նա­տա, սա­կայն աշ­խար­հը լա՜յն է՝ հինգ ցա­մա­քա­մա­սե­րով­...

Դառ­նանք բա­ռե­րու­ն: «Բա­րի լոյս» կ՚ը­սե­նք, ու պա­տաս­խա­նը կ­­՚ըլ­լայ՝ «Աս­տուծոյ բա­րին»։ Ի՜նչ ա­ղուոր. բայց ո՞ւր է ան: Աս­տու­ծոյ բ­­ա­րին, ո՞ւր, ե՞րբ, եւ ինչ­պէ՞ս պի­տի իր­ա­գոր­ծուի, երբ ճի­րա­նա­ւոր­նե­րը (­դուք հասկ­ցէք բ­­արձր պաշ­տօ­նի գո­րծ­­օն կա­ռա­վա­րիչ­նե­ր, պաշ­տօ­նեա­ներ) ար­ծի­ւի նմ­­ան բռնած են ի­րենց մա­գիլ­նե­րո­վ որ­սը, ո­ր այս պա­րա­գա­յին ժո­ղո­վու­րդն է, ու կը սնա­նին..­.:

«Նախ կեան­քը»,- հի­ւանդ հան­ճա­րին խօսքն է ի հար­կէ:

Ն­­ախ հա­յը,- խեղճ ա­նօ­թիին ցան­կու­թիւ­նը՝ ա­նհրա­ժեշ­տութ­իւ­նը:

Ն­­ախ ար­դա­րու­թիւ­նը­,- զրկուած ամ­բո­խի լո­զունգ­ը, քա­նի որ զոհն է ար­դա­րու­թեան:

Նախ ա­զա­տու­թիւ­նը­,- շղթա­յուած­ին խ­­օս­քը­:

­Նախ Ան­կա­խու­թի­ւն­­ը... «Միայն թէ թո­ղ Նա թող­նի հե­ռա­նայ» (Պ. Սե­ւակ)

«Լենկ Թի­մուրն ե­կաւ, հուրն ու սուրն ե­կաւ» (Ա. Ի­սա­հա­կեան)

Բայց, քսա­նե­րորդ դարն ենք ու ա­ւե­լի՛, ո­՞ւր տա­րիր մեզ հին դա­րե­րուն...

«Փշրուե­ցինք աստ­ղե­րու պէ­ս ու ցր­­ուե­ցինք աշ­խար­հում» (­Ս. Կա­պու­տիկ­եա­ն)

Ու ան­կէ՝ նոր ի­րա­վի­ճակ՝ ՍՊԻՏԱԿ ՄԱՐԴ...

Կը մնայ միակ կռուա­նը՝ հայ­րե­նի­քը:­

Իս­կ հոն գոր­ծնա­կա­նօ­րէն կը կի­րար­կուի չուն­եւ­ո­րէն առն­ել ուն­ե­ւո­րին տ­­ալ: Ա­հա թէ ին­չո՞ւ կը գաղ­թեն հայ­րե­նի­քէն: «Հա­յաս­տա­նի մնայ­ուն բն­­ակ­չու­թիւ­նը վ­­եր­ջին ինն ա­միս­նե­րուն նուա­զած է 4700­-ով»:

ԿԵՆ­ՍԱ­ԹՈ­ՇԱԿ­ՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նի ըն­կե­րա­յի­ն հար­ցե­րու եւ աշ­խա­տան­քի նա­խա­րար Ար­տեմ Ա­սատ­րեան յա­յտա­րա­րեց, որ 2017 թուա­կա­նին ան­հա­տա­կան կեն­սա­թո­շակ պի­տի ստ­­ա­նան Հա­յաս­տա­նի եր­կու նա­խկին նա­խա­գահ­ներն ու 95 ե­րես­փո­խա­նն­­եր: Ազ­գա­յին ժո­ղո­վին մ­­էջ պետ­ա­կան պիւտ­ճէի քննար­կում­ներ­ուն ըն­թաց­քին նա­խա­րա­րը նշեց, որ կեն­սա­թո­շակ ստա­ցող­նե­րու շ­­ար­քին են Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րա­նի նախ­կին 4 ա­նդամ­ներ, 63 նախ­կին դատ­ա­խազ­ներ, 18 բարձ­րաստի­ճան անձ­նա­ւո­րու­թի­ւննե­ր: Ն­­շենք, ո­ր կեն­սա­թո­շա­կի գլխա­ւոր հա­տուա­ծը կը կազ­մէ 14 հ­­ա­զար դրամ, իսկ մաս­նա­գի­տա­կան իւ­րա­քան­չիւր տա­րուայ հա­մար կ՚ա­ւել­նայ 5 հա­զա­րա­կան դրամ:

Ա՜խ, ա­մե­նէն ա­ւե­լի սի­րե­լի չէ­՞.­.. «ԿեՆ­ՍԱ­ԹՈ­ՇԱԿ» բ­­ա­ռը...

ՍԱՐ­ԳԻՍ ՓՈ­ՇՕՂ­ԼԵԱՆ

«Զար­թօնք», Լի­բա­նան

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2016