Տ. ՎԱԶԳԷՆ ԱՐՔ. ՄԻՐԶԱԽԱՆԵԱՆ. «ԵՍ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ՎՍՏԱՀ ԵՄ, ԹԷ ՄԵՐ ՈՒՆԵՑԱԾ ԲՈԼՈՐ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՀԱՐԹՈՒԻՆ»
Միշտ պատրաստակամ։ Այս բառերով կրնամ նկարագրել Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Տ. Վազգէն Արք. Միրզախանեանը։ Թիֆլիզի դարաւոր առաջնորդութիւնը հովուող սրբազան հայրը՝ հակառակ իր բազմազբաղ վիճակին, միշտ ալ պատրաստակամ եղած է պատասխանելու մեր հարցումներուն։
Վրաստանի ընդհանուր իրավիճակ, հայոց թեմի դիմագրաւած հիմնահարցեր, Վրաստանի եւ Թիֆլիզի մէջ գտնուող հայկական եկեղեցիներու խնդիրներ, վրաց ուղղափառ եկեղեցւոյ հետ յարաբերութիւններու հարց, Ջաւախքի մէջ առանձին թեմ ստեղծելու ու վերջապէս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ շուրջ տեղի ունեցած զարգացումներ եւ անտեղի բողոքի ելոյթներու հարց… Ահա՛, այս հարցերուն մասին զրուցեցի Տ. Վազգէն Արքեպիսկոպոս Միրզախանեանի հետ, որ անցեալ շաբաթավերջին կը գտնուէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մասնակցելու համար Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նիստերուն։
Սրբազան հայրը, կարեւոր շեշտադրումներ կը կատարէր, ոչ միայն Վրաստանի ընդհանուր իրավիճակին, այլեւ՝ մեր եկեղեցին յուզող հիմնահարցերուն մասին, պաշտպանելով միշտ քրիստոնէական ընկալումներու տէր եղող կրօնաւորի խաղաղ մօտեցումները եւ հաւատալով, որ անպայման վաղուան օրը աւելի պայծառ եւ արգասաբեր պիտի ըլլայ ոչ միայն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ, այլեւ՝ ամբողջ հայութեան համար։
*
-Սրբազան հայր, գործելով Վրաստանի մէջ, բնականաբար այդ երկրի քաղաքական կեանքին կը հետեւիք: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Վրաստանի քաղաքական իրավիճակը:
-Կը կարծեմ, որ Վրաստանի մէջ քաղաքական իրավիճակը կը կարգաւորուի նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլով, որովհետեւ Վրաստանի ժողովուրդը այնպիսի դժուար ժամանակներ անցուցած է, որ յոգնած է քաղաքական տարբեր վերիվայրումներէ եւ մարդիկ կը ձգտին կայունութեան, խաղաղ կեանքի պայմաններու: Կը կարծեմ, որ անոր մեծապէս կը նպաստէ եւ կը շարունակէ նպաստել վրաց ուղղափառ եկեղեցին: Ան Վրաստանի կայունութեան կարեւորագոյն երաշխաւորներէն մին է: Եւ ժողովուրդն ալ արդէն ցոյց տուաւ, որ ընդհանուր առմամբ մեծ խնդիրներ չի տեսներ, ուստի իրավիճակը կամաց-կամաց պէտք է կարգաւորուի: Վստահ եմ, որ այսօր վրաց ժողովուրդն ու հասարակութիւնը կ՚անհանգստացնէ առաւելաբար տնտեսական իրավիճակը: Ցաւօք, վրացական ազգային արժոյթը՝ լարին, կը տատանի եւ սա չի կրնար մարդոց վրայ չազդել, մարդիկ յոգնած են արդէն, կ՚ուզեն կայունութիւն, բարեկեցիկ կեանք այնպէս, ինչպէս աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ կայ:
-Մենք գիտենք, թէ Վրաստանը բաւական աշխոյժ զբօսաշրջութիւն ունի. ի՞նչն է այդ պարագային տնտեսական տագնապի պատճառը:
-Զբօսաշրջութիւնը, ի հարկէ, մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ երկրի զարգացման գործին մէջ, ստեղծուեցան բազմաթիւ աշխատատեղիներ, որոնց շնորհիւ երկիրը այսօր քիչ թէ շատ կայուն տնտեսական վիճակի մէջ կը գտնուի։ Սակայն այնպիսի փոքր երկիրներու համար, ինչպէս՝ Վրաստանը կամ Հայաստանը, զբօսաշրջութեան շատ մեծ հնարաւորութիւններ չկան։ Այն ցանկալի արդիւնքը, զոր կ՚ուզենք ունենալ, դժուար է: Որքան ալ զբօսաշրջութիւնը զարգանայ, նոյնն է՝ այս երկիրներու համար շատ կարեւոր է տնտեսական զարգացումը՝ արտադրութեան աճը, որ կը նպաստէ արտադրութեան, բարիք ստեղծելուն եւ այդ բարիքը իրացնելուն:
-Սրբազան հայր, վերջերս յաճախ կը խօսուի Ջաւախքը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կազմի մէջ առանձին թեմ դարձնելու մասին: Դուք ի՞նչ մօտեցում ունիք այս նիւթին շուրջ:
-Այս հարցի առընչութեամբ ըսեմ, թէ Վրաստանի մէջ Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի փոխառաջնորդութիւն կը գործէ, որ հիմնուած է Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ժամանակ: Ան իրաւաբանօրէն արձանագրուած է Վրաստանի մէջ եւ ես կը կարծեմ, որ տակաւին չէ սպառած փոխառաջնորդութեան միջոցով Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի հոգեւոր կեանքի զարգացումը: Իսկ եթէ կեանքը կը բերէ, կը հասցնէ անկախ, ինքնուրոյն թեմ ունենալու հարցին, կը կարծեմ՝ Վեհափառ Հայրապետը ճիշդ կը տնօրինէ այդ խնդիրը՝ ճիշդ ժամանակին, ըստ պահանջի:
-Ի՞նչ փուլի մէջ է վրաց եկեղեցւոյ հետ հայկական զանազան եկեղեցիներու հարցով ընդհանուր դատական գործընթացը:
-Վրաստանի մէջ մեր մեծագոյն խնդիրը համապատասխան օրէնքներու բացակայութիւնն է: Չկայ վերականգնումի՝ իրաւական, գոյքային վիճակի վերականգնման մասին օրէնք, չկայ կը-րօններու մասին օրէնք եւ չկայ օրէնք մը, որու հիման վրայ անոնք ետ վերադարձնեն կրօնական բոլոր համայնքներու սեփականութիւնը, որ խլուած է խորհրդային տարիներուն: Ինչ կը վերաբերի վրաց ուղղափառ եկեղեցւոյ, անոնք այդ ամէնը կ՚իրականացնեն 2002 թուականի հոկտեմբերին պետութեան եւ վրաց պատրիարքարանի միջեւ կնքուած սահմանադրական պայմանագրի հիման վրայ, որ կը սահմանէ, թէ պետութիւնը սեփականութեան իրաւունքով կը վերադարձնէ այդ ամէնը: Բայց այս առումով մենք ձեռքերը ծալած չենք նստած, մեր գործող բոլոր եկեղեցիներու անհրաժեշտ փաստաթուղթերու ծրարը ներկայացուած է Վրաստանի իշխանութիւններուն։ Վրաստանի կրօնի հարցերով գործակալութեան հետ մնայուն աշխատանքային կապի մէջ ենք եւ այս հարցը միշտ օրակարգի վրայ է ու իրենց ուշադրութեան կեդրոնը կը պահենք: Յոյսով ենք, որ կու գայ այդ հարցերու լուծման օրը, քանի որ իրենց քաղաքական իշխանութեան մօտ մենք շահագրգռուածութիւն կը տեսնենք: Բայց ներկայ ժամանակահատուածը մեզի համար մտահոգիչ է, որովհետեւ վրաց եկեղեցւոյ որոշ գործիչներ շփոթեցնելով պատրիարքարանը՝ այս կամ այն կրօնական համայնքի պատմական տաճարները կը փորձեն սեփականաշնորհել եւ զանոնք դարձնել վրացական: Մենք այս դատական գործընթացի միջոցով ուղղակի կը կանխենք յետագայ նմանատիպ գործողութիւնները, որպէսզի որոշ անպատասխանատու մարդիկ, առանց հաշուի առնելու խնդիրներու նրբութիւնը, չփորձեն իւրացնել մեր կառոյցները:
-Իսկ բազմաթի՞ւ են վտանգուած սեփականութիւնները, քանի՞ հատ են անոնք:
-Մշտապէս կան, թիւ չունինք, քանի որ օրէնքի բացակայութեան պարագային բոլոր տաճարները կա՛մ համայնքային են կամ իբրեւ գոյք տնտեսութեան նախարարութեան սեփականութիւնն են: Եւ այդ նախարարութիւնը որու որ փափաքի, իր գոյքը կրնայ նուիրել անոր:
Այսպիսի վտանգ կայ այնտեղ եւ այդ մասին մենք միշտ կը բարձրաձայնենք:
Անկեղծօրէն պիտի ըսեմ, թէ վրաց պատրիարքարանի եւ վրաց եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականութեան մէջ բազմաթիւ են անոնք, որոնք կ՚ընկալեն մեր խնդիրները, կը գնահատեն մեր եկեղեցիներու եւ մեր ժողովուրդներու քրիստոնէական եղբայրութիւնն ու բարեկամութիւնը եւ չեն ցանկար որեւէ միջադէպով ստուերել այդ բարեկամութիւնը: Բայց, ինչպէս բազմաթիւ հաստատութիւններու մէջ, պատրիարքարանէ ներս եւս կան մարդիկ, որոնք այլ կերպով կը նային հարցին եւ, ցաւօք, ունինք այսօրուան պատկերը:
-Իսկ Իլիա Բ. Պատրիարքի առողջական վիճակը կ՚ազդէ՞ այս հարցերու վրայ:
-Բնական է: Մենք միշտ յարգած ենք եւ կը յարգենք վրաց Իլիա Բ. Պատրիարքը, որ մեր ու համայնքի հանդէպ մշտապէս ունեցած է հոգատար վերաբերմունք: Թող Աստուած օրհնէ եւ արեւշատ տարիներ պարգեւէ անոր, բայց միեւնոյնն է, կու գայ ժամանակ, երբ հիւանդութիւնը, ծերութիւնը՝ ըլլայ այդ հոգեւոր թէ պետական գործիչի պարագային, իր բացասական ազդեցութիւնը կ՚ունենայ:
-Վերջին շրջանին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի շուրջ տարաձայնութիւններ եղան, ցոյցեր եւ բողոքի գործողութիւններ տեղի ունեցան: Դուք, որպէս Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ, որ նաեւ վերջին նիստին մասնակցեցաք, ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք տեղի ունեցածը:
-Եկեղեցին իր առաքելութեամբ կը շարունակէ իր գործառոյթները՝ ըլլայ Հայաստանի մէջ, կամ Հայաստանէն դուրս: Այս վերջին շրջանի դժուարութիւնները կը համարեմ յետյեղափոխական շարժումի հետեւանք: Իրավիճակը Հայաստանի նոր խորհրդարանի ընտրութենէն եւ նոր կառավարութեան ձեւաւորումէն ետք կը կարգաւորուի եւ կը մտնենք աւելի իրատեսական ժամանակաշրջան ու դաշտ: Մարդիկ աւելի կը տեսնեն մեր եկեղեցւոյ առանցքային դերակատարութիւնը մեր կեանքի մէջ՝ Հայաստանի մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս: Ի հարկէ, մենք ալ, որպէս եկեղեցի, այս բոլորէն դաս կը քաղենք եւ կը կարծենք, որ կան հարցեր, կայ բարեփոխումներու, նոր մօտեցումներու կարիք: Կեանքը աշխուժութիւն է, լուսահոգի Գարեգին Ա. Կաթողիկոսը կ՚ըսէր՝ կարծէք ամէն ժամանակ իր Աւետարանը ունի։ Այսինքն՝ ինչպէս Աւետարանը ամէն ժամանակի համար տեսակ մը պահանջ ունի նորովի մեկնուելու, այնպէս է նաեւ եկեղեցին: Մենք ալ, ուրեմն, հարց ունինք, ժամանակի հետ պիտի քալենք ու ամէն ինչ, վստահ եմ, պիտի շտկուի: Դժուարութիւններ կան, բայց անոնք յաղթահարելի են: Եւ անոնք պիտի յաղթահարեն մեր հաւատացեալ ժողովուրդը: Մենք որքան շատ յենունք մեր ժողովուրդին, անոր մէջ ըլլանք, անոր կողքին ըլլանք, անոր հետ ըլլանք, այնքան աւելի լաւ կ՚ըլլայ ամէն ինչ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան