Արշիլ Կորքիի Հետքերով
Աշնան պայծառ օր մը, զարմիկներս ու ես ուղղուեցանք դէպի Շըրմըն (Քանէքթիքըթ), Կորքիի գերեզմանը այցելելու: Երկար ճանբորդութիւնը հետաքրքրական դարձաւ մեր խօսակցութիւններով, գիւղական ճամբաներուն ընտմէջէն: Շըրմընի մէջ, Կորքին յիշեցնող ոչ մէկ հետք գոյութիւն ունի: Կորքիի անունը եւս չէր շահագործուած: Ըստ բացատրութեան, գտանք միակ խանութը, ուրկէ ծաղկեփունջ մը գնեցինք: «Մեթոտիսթ» եկեղեցւոյ եւ Հիւսիսային գերեզմանի աշխատուհին պարզապէս ըսաւ թէ՝ չէր գիտեր գերեզմանաքարի վայրը ու յաճախ ստիպուած էր ամուսնոյն խմդրել, որպէսզի գերեզմանի յատակագիծը իրեն փոխանցէ: Փափաք որ չէր իրականացած:
Փնտռեցինք գերեզմանաքարը, որու շարքին, բլուրի վրայ պիտի գտնուէր Կորքիի տապանաքարը: Զարմիկս շուտով գտաւ… մինչ մենք կը կարդայինք հարիւր տարի առաջուայ մեռեալներու անուններ: Այս փոքրիկն Շըրմընին հին գերեզմանատունն էր, թիւ 10 պողոտային վրայ:
Շըրմըն գիւղը հիմնուած էր 19-րդ դարու սկիզբը:
Ըստ իմ ստացած բացատրութեան, Կորքիի ընտանիքը մեծ հողաշերտ մը գնած էր գերեզմանատունէն, ընտանիքին համար: Այսպէս, Կորքիի գերեզմանաքարը ժամանակին կանգնած էր միայնակ: Սակայն, նկատեցի որ, արդէն գերեզմանը խճողուած էր եւ Կորքի առանձին ու միայնակ չէր:
Իմացայ, որ դժուար եղած է անձնասպան եղած Կորքին թաղել: «Մեթոտիսթ» եկեղեցին մերժած էր թաղման արարողութիւն կատարել, եւ ի վերջոյ, թոյլ տուած էր թաղել առանց որեւէ եկեղեցական արարողութեան: Կորքի միայն երեք տարի ապրած էր Շըրմընի մէջ եւ հոն ալ մահացած: Ան վարձքով կ՚ապրէր «Ապակիէ տան» մէջ եւ այսպէս հաստատուած էր Շըրմընի մէջ, մինչեւ իր հոգին աւանդելը: Շըրմընը հանդարտ գիւղ մըն էր… արուեստագէտներու ընտրանին՝ հեռու մեծ քաղաքներէն:
Ոստանիկ (Մանուկ) Ատոյեան ծնած է 1902-1904-ին, Վանի մօտ գտնուող, Խորխոմ գիւղին մէջ, Վանայ լճի ափին: Ան իր ծնողներու երկրորդ ամուսնութեան երկրորդ զաւակն էր: Հայրը՝ Սեդրակ, քառասունի դռները հասած ագարակապան մըն էր: Կորսնցուցած էր իր առաջին կողակիցը, ան ունէր զաւակ մը: Մայրը՝ Շուշանը, հազիւ տասնվեց գարուններ բոլորած ամուրի էր: Ան կորսնցուցած էր իր ամուսինը՝ 1896-ին եւ երկու զաւակները որբանոց յանձնած էր: Իր երկրորդ ամուսնութիւնը սիրոյ վրայ չէր հիմնուած, այլ պարզապէս՝ յարմարութեան:
Հայրը 1908-ին կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ: 1915-ին, Շուշան իր երկու զաւակներով կը հեռանայ Խորխոմէն, կ՚անցնի Հայաստան: Երեւանի մէջ, մայրը, 1919-ին սովամահ վիճակի մէջ կը մահանայ, հակառակ, որ Ոստանիկն ու քոյրը՝ Վարդուշը ամէն օր կ՚աշխատէին: Շուշանը, կը նախընտրէր սնունդէ չզրկել իր զաւակները: Եւ այսպէս, օր մը, երբ Շուշան՝ Ոստանիկի միջոցով նամակ կը պատրաստէր ամուսնոյն, տկար ու ուշակորոյս, Ոստանիկի թեւերուն մէջ հոգին կ՚աւանդէ, գլուխը յենլով Ոստանիկի ուսին վրայ: Շուշանը կը թաղեն այդ օր-ւայ մեռելներուն հետ, հասարակաց գերեզմանի մը մէջ: Վարդուշն ու Ոստանիկը ազգականներու եւ այլ հայերու օգնութեամբ կը հասնին Պոլիս, Աթէնք եւ վերջապէս՝ 1920-ին, Պոսթընի Ուոթըրթաուն հայահոծ շրջանը, ուր բնակութիւն հաստատած էին իր հայրն ու խորթ եղբայրը:
Հանդիպումը այդչափ ալ հեզասահ ձեւով չ՚ընթանար եւ կ՚աւարտի անհամաձայնութիւններով եւ խռովութեամբ:
1926-45 թուականներուն, Ոստանիկ շարունակ կը նկարէ մօրն ու իր նկարը, հիմնուելով 1912-ի պատկերի մը վրայ: Այս նկարը կը հանդիսանայ իր գլուխ գործոցն ու ամենածանօթը:
Հոգեկան բարդոյթները հետզհետէ աւելի կը հալածեն զինք եւ Ոստանիկ իր անունը կը փոխէ Արշիլ Կորքիի, յայտնելով թէ ռուս գրող՝ Մաքսիմ Կորքիի ազգականն է, թէ ինք ռուս է: Այդպէս ալ մնաց իր անունը:
Այլ իմաստներ ալ ունեցած է Կորքի կեղծանունը: Օրինակ՝ Արչի Կան, որ կապ ունի սեւ հոգիի հետ: Կորքի ըսած է, որ մայրը զինք «սեւը» կոչած է, նշելով թէ, լաւ վերջաւորութիւն պիտի չունենայ: Նաեւ այլ տեսակէտ մը կայ, որ իր ծննդավայրը՝ Խորխոմի հին անուններէն մէկը կը կոչուի՝ Կոք, եւ Կորքի իր կեղծանունին վերագրած է «Խորխոմի անիծեալը» մակդիրը: Մէկ բան յստակ էր, թէ Կորքի տեղին համեմատ կը խօսէր եւ պատմութիւններ կը յօրինէր, նոյնիսկ հարցադրումի տակ առնելով իր ծննդեան թուականը: Իր մօտիկ բարեկամներէն մէկը կը յայտնէր, թէ Կորքին աւելի տարիքոտ կը թուէր ըլլալ: Իր դայեակը կը յիշէ զինք որպէս շատ գեղադէմ տիպար: Ան կը տպաւորէր Նիւ Եորքի փողոցներուն մէջ, իր քալուածքով:
Հակառակ տնտեսական դժուար պայմաններուն, Կորքի կը յաջողի մասնագիտանալ նկարչութեան մէջ, թէ՛ դասընթացքներու հետեւելով եւ թէ ինքնաշխատութեամբ: Յայտնի ամերիկացի նկարիչ, Կորքիի աշակերտը՝ Վիլհելմ տը Քունինկ գրած է, որ Կորքին ունէր դիտելու, տեսնելու յատուկ կարողութիւն, ինչ որ ինք չէր կարողացած ձեռք ձգել դասընթացքներու հետեւելով:
Կորքիի աշխատակիցներն ու բարեկամները շատ կը սիրէին զինք եւ կը հետեւէին իր ուղիին: Կորքի շարունակ համբաւ սփռած նկարիչներու՝ Փիքասոյի եւ Սեզանի գործերուն հետեւեցաւ եւ կերտեց իր իւրայատուկ ոճը ու այսպէս հանդիսացաւ ամերիկեան վերացական ոճի հիմնադիրը:
Կորքին իր գործունէութիւնը ծաւալեց Նիւ Եորքի Եունիըն Սքուէր թաղի աշխատանոցին մէջ: 1925-ին Պոսթընի ընկերներէն մէկուն կ՚ըսէ. «Պիտի երթամ Նիւ Եորք դասաւանդելու… Կամ՝ մեծ արուեստագէտ մը պիտի դառնամ, կամ ալ՝ յանցագործ մը»: Մօտէն բարեկամացաւ արուեստը գնահատող եւ շատ մը արուեստագէտներու խորհրդատու՝ Ժուլիէն Լեւիի հետ: Արուեստի բնագաւառէն ներս ուսանողի մը հետ անյաջող ամուսնութենէ մը ետք, 1940-ին ան կը ծանօթանայ իր ապագայ կողակցին՝ 18-ամեայ Ակնէս Մակրուտըրի, շնորհիւ Տը Քունինկի:
Ամերիկեան ծովուժի բարձրաստիճան սպայի զաւակ՝ Ակնէս, Կորքիի կողմէ կ՚անուանուէր «Մուկուչ»։ Ան իր մօտին միջավայրին կը յայտնէր, թէ Մուկուչի իմաստն է՝ «Իմ հզօր փոքրիկս»: Զոյգերը կ՚ամուսնանան Նեւատա նահանգի Վիրճինիա քաղաքին մէջ եւ 1940-ին Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ շրջան մը բնակութիւն հաստատելէ ետք, կը հաստատուին Նիւ Եորք: Մուկուչ՝ Կորքիի կը պարգեւէ երկու աղջնակներ՝ Մարօ եւ Նաթաշա:
Ակնէսն ու աղջիկները յաճախ ամառները կ՚անցընեն իր մօր մօտ: Ամոլն ու զաւակները վերջապէս կը բնակին Քանէքթիքըթի «Ապակիէ տան» մէջ, ուր կը բնակէին Կորքիի բարեկամները, որոնց կարգին՝ Ժուլիէն Լեւին:
Այդ տան աշխատանոցին մէջ հրդեհ յառաջացած էր եւ Կորքիի վերջին երեք տարիներու նկարները այրած էին: Ան յաճախ աշակերտները կը խրախուսէր, որպէսզի նկարչութիւն մը յաջող ըլլայ, անկախ պէտք է ըլլայ անձէն: Կորքիի սկզբնական գործերը եւրոպական արուեստի ոճերը կ՚ընդգրկէին եւ այդ մէկը կը յայտնաբերէր, թէ անոր արուեստը իւրայատուկ չէր: Այդ օրերուն, Փարիզը՝ արուեստի աշխարհի սիրտն էր: Կորքի հիացած էր Փիքասոյի եւ Սեզանի գործերով: Փարիզէն վերադարձին, ան կը տեղեկացնէր, թէ առիթ ունեցած է հոն ուսանելու: Օր մը, երբ քննադատ մը նկատողութիւն կ՚ընէր, թէ յաւելեալ ներկ մը հաւաքուած էր ու կազմած՝ կաթիլ: Կորքի պատասխանած էր. «Երբ Փիքասոն կրնայ այդ մէկը կատարել, բնականաբար ես ալ կրնամ…»: Ըստ արուեստի քննադատներու, Կորքի այսպէսով սկսաւ համբաւ ստանալ:
Նիւ Եորքի իր «Եունիըն Սքուէր»ի աշխատանոցը հանդիպման վայր եղած էր դեռ անծանօթ արուեստագէտներու համար: Անոնք խոր յարգանք ունէին եւրո-պական արդի յառաջադէմ «աւանկարտ»ի նկատմամբ:
Իւրայատուկ եւ ընկերային բնաւորութեան տէր էր ան:
«Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ»ի լրագրող մը կը նկարագրէր Կորքին որպէս «Կարօտի բանաստեղծ»: Փոքր տարիքին, իր ծննդավայր Խորխոմի ուսուցիչը նկատած էր Ոստանիկի տաղանդը՝ նկարելու իր մե՜ծ սէրը:
Լրագրողներէն ոմանք իր իւրայատուկ տաղանդը կը վերագրէին իր տխուր անցեալի փորձառութիւններուն: Հոս տեղին է շեշտել, թէ բացի իր մօր հետ նկարէն եւ մի քանի այլ խորհրդանշական գործերէ, Կորքի չէր արտայայտած իր հայկականութիւնը եւ ան նո՛ր անձնաւորութիւն մը կը նկատէր ինքզինք, այդ Նոր Աշխարհին մէջ: Ըստ այլ մէկ լրագրողի մը, արուեստի աշխարհը եկած էր փոխարինելու այն ընտանիքը, զոր Կորքի կորսնցուցած էր Հայաստանի մէջ:
Սոլոմոն անունով արուեստի լրագրող մը կը յայտնէ, որ Կորքիի գործերուն մէջ յայտնի են իր հայկական անցեալէն խորհրդանշաններ՝ մաշիկ, ծառ, գոգնոց…: Օրինակ, իր «Լեարդը աքլորին սանտրն է» (1944թ.) գործը պարտէզ մըն է ծածկուած կարմիր մարմնի կտորներով: Այլ կարեւոր գործերէն մէկն է Նիւ Ճըրզիի օդակայանի պատի նկարը, որ պատահմամբ 60-ականներուն ի յայտ եկաւ, վերանորոգման աշխատանքի ժամանակ:
Շրջան մը ան ձգախէժի գործարանի մը մէջ իբրեւ պաշտօնեայ կը գործէր եւ իր մօտիկ բարեկամներէն մէկը կը «ծածկէր» իր բացակայութիւնը: Ի վերջոյ օր մըն ալ գործարանատէրը իմացաւ, թէ ինչ կը պատահէր եւ գործէն արձակեց երիտասարդ նկարիչը:
Կորքի գործեց Նիւ Ինկլընտի շրջանէն ներս եւ յատուկ գծագրութեան դասընթացքի հետեւեցաւ Փրովիտենսի արուեստի համալսարանի երդիքին տակ: Այդ ժամանակ է որ, ան փոխեց իր անունը՝ զանազանուելու համար իր անտարբեր հօրմէն ու խորթ եղբօրմէն: Մինչեւ 1930 թուականը ան ներկայացաւ որպէս Արչի Կան, յետոյ՝ Արշիլ Կորքի:
1945-ին քանի մը դժբախտութիւններ պատահեցան: Իր Շըրմընի աշխատանոցը հրոյ ճարակ դարձաւ, որու իբրեւ արդիւնք, ան կորսնցուց վերջին երեք տարիներու իր նկարչութիւնները: Ապա, ողնայարի վիրահատութեան ենթարկուեցաւ, ինչ որ ազդեց իր ընտանեկան կեանքին վրայ: Քանի մը տարի ետք, երբ կինը սպառնացած էր բաժնուիլ իրմէ ու աղջիկներով հեռացած էր տունէն, Կորքի ինքնաշարժի ծանր արկած մը անցուց: Իր բարեկամը՝ Ժուլիէն Լեւին որ Շըրմընի մէջ կը բնակէր, կը մանրամասնէ, թէ անձրեւոտ օր մը, Կորքին տուն տարած ժամանակ, ինքնաշարժը դարձաւ եւ Կորքիի ողնայարը վնասուեցաւ: Լրագրողները այն տպաւորութեան տակ էին, թէ Կորքի չէ կարողացած նկարել այդ արկածէն ետք, մինչ, Լեւին կը գրէ, թէ երբ դէպքէն քանի մը շաբաթ ետք կ՚այցելէ Կորքիին, ան իր կնոջ օժանդակութեամբ պաստառ կը պատրաստէր:
Արկածէն ետք, Չորեքշաբթի օր մը, երբ Կորքի կը հեռաձայնէ Ռոքսպըրիի եւ Նիւ Եորքի իր բարեկամներուն զանազան պատրուակներով, կը յստականայ, թէ ան հոգեբանական բարդոյթներու մէջ է: Կարգ մը բարեկամներ մտահոգ կապ կը հաստատեն Կորքիի հարեւաններուն հետ, խնդրելով, որ մօտէն հետեւին Կորքիին: Հարեւանները յաջորդ օրը տունը պարապ գտնելով տարածքաշրջանէն ներս պրպտումներ կը կատարեն եւ Կորքիի շունն է, որ կ՚առաջնորդէ այն վայրը, ուր Կորքի սովորութիւն ունէր ման գալու: Հոն է որ կը գտնեն Կորքին ինքզինք կախած եւ կողքին գերանի մը վրայ փորագրուած՝ իր հրաժեշտի խօսքերը սիրելիներուն: Մուկուչ, լսելով, անմիջապէս կը վերադառնայ Շըրմըն եւ ներկայ կ՚ըլլայ թաղման եւ ապա կը հեռանայ, հարեւաններուն տեղեկացնելով, թէ միտք ունի Նիւ Եորք հաստատուելու:
Նախքան այս դաժան մահը, Կորքի խոր տխրութեան մէջ էր եւ նոյնիսկ իր աղջնակներէն մէկուն հարց տուած էր, թէ՝ անտառի ո՞ր ծառէն ինքզինք կրնայ կախել: Լեւիի հետ ան այցելած էր հոգեբոյժի մը եւ բժիշկը նկատելով Կորքիի տխրութիւնը, թելադրած էր, որ մասնագէտի մը հետ ժամադրուի: Այս նպատակով՝ իր կողակիցն ալ փորձած էր զինք համոզել, սակայն ան մնացած էր անդրդուելի:
1948-ին, Կորքի 44-46 տարեկան էր: Նոր ստեղծած էր իւրայատուկ ոճը…
Կորքիի նկարչութիւնները այժմ կը զարդարեն բազմաթիւ անուանի թանգարաններ եւ բազմիցս ցուցադրութիւններ ներկայացուած են Կորքիի ստեղծագործութիւններու հաւաքածոներով:
Տարիներ անցած են եւ շատ մը տեղեկութիւններ կը մնան անյստակ: Կորքիի փեսան՝ Մաթիու Սպենտըր, այս գծով կը նշէ, թէ յստակ ալ չէ Կորքիի ծննդեան ամիսը՝ Ապրի՞լ է, թէ Հոկտեմբեր: Բազմաթիւ աղբիւրներ ուսումնասիրելով՝ այս գրութիւնը պատրաստեցի:
ՄԵԼԻՆԷ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ