ԸՆՏՐՈՒԹԵՆԷՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, Հայաստանով մէկ տեղի ունեցած ընտրութիւնները աւարտեցան խաղաղ մթնոլորտի մը մէջ։ Մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերը Հայաստանի ժողովուրդը գամուած մնաց պատկերասփիւռին առջեւ հետեւելու համար քուէախոյզ՝ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի քուէահամարներուն, հետեւաբար նաեւ սկզբնական արդիւնքներուն:
Ինչպէս աւելի վաղ ալ նախատեսուած էր, այս արտահերթ ընտրութիւններուն առաջին դիրքը գրաւեց Նիկոլ Փաշինեանի առաջնորդած «Իմ քայլը» կուսակցութիւններու դաշինքը, որ ըստ վերջին տուեալներուն՝ հաւաքած է քուէարկութեան մասնակցողներու 70․43 տոկոսի ձայնը։ Անոր յաջորդած են Գագիկ Ծառուկեանի գլխաւորած «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը (8.27 տոկոս) եւ Էտմոն Մարուքեանի գլխաւորած «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը (6․37 տոկոս):
Անշուշտ նկատի պէտք է առնել, որ այս տուեալները սկզբնական են, սակայն ընդհանուր առմամբ շատ յստակ է, որ նախնական համարուած այս թիւերուն վրայ մեծ փոփոխութիւններ տեղի չեն ունենար: Քաղաքական առաջին մեկնաբանութիւնը ի՞նչ է…
Մեզմէ շատերուն համար աւելի քան պարզ էր, որ վարչապետ Փաշինեանի առաջնորդած «Իմ քայլը» կուսակցութիւններու դաշինքը պիտի յաջողի դառնալ 7-րդ գումարման Ազգային ժողովի մեծամասնական գլխաւոր ուժը: Այդպէս էին նախատեսութիւները զուտ այն պատճառով, որ ընտրութիւնները պարզօրէն տրամաբանական շարունակութիւնն էին անցեալ ապրիլ-մայիս ամիսներուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած «Թաւշեայ յեղափոխութեան»: Ի դէպ, երբ յեղափոխութեան ընդհանուր «կանոններուն» մասին կը խօսինք, պարտաւոր ենք անպայման հաշուի առնել, թէ որեւէ յեղափոխական շարժում կրնայ ո՛չ միայն իր ներկայութիւնը օրինականացնող եւ ամրագրող խորհրդարան մը կազմել, այլեւ՝ վրէժ լուծել բոլոր անոնցմէ, որոնք կը համարուին անցեալ իշխանութիւններու գլխաւոր խորհրդանիշներն ու սիւները:
Այս առումով ալ արդէն իսկ սկսած է բացայայտ դառնալ, որ յեղափոխութիւններու «ընդունուած» ձեւաչափերէն տարբեր այս շարժումը կը գործէ բոլորովին նոր ձեւաչափերով:
Անշուշտ այդ տարբերակումը կապուած չէ միայն այս յեղափոխութեան «թաւշեայ» բնոյթին, այլեւ պայմանաւորուած է Հայաստանի քաղաքական, ընկերային ու մշակութային-կրօնական առանձնայատկութիւններով:
Հետեւաբար, արտահերթ ընտրութիւնները պէտք է դիտարկել՝ որպէս լրումը շատ կարեւոր փուլի մը, որմէ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը դուրս եկան առանց կորուստներու:
Յառաջիկայ օրերուն պարզ պիտի դառնայ, թէ ի՛նչ հունով պիտի ընթանայ Հայաստանը, սակայն բան մը յստակ է, որ Փաշինեան եւ իր խմբակիցները այսօրուան դրութեամբ ձեռք անցուցած են նաեւ հակակշիռը երկրի օրէնսդրական հիմնական կառոյցի, որու անունն է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողով:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան