«ԱՅ ՖՈՆ»՝ ԱՄԷՆԱԳԷՏ-ԲԱՆԳԷՏԸ

Քանի մը տարի առաջ էր, երբ տղաս իր մանչուկին ծննդեան տարեդարձին, իբրեւ լաւագոյն նուէր, «այ ֆոն» կոչուած հեռաձայն մը գնած էր եւ այդ ձեւով ալ մեր թոռնիկին օրը շէնցուցած։ Անսահման ուրախութիւն։

Բայց անկեղծ ըսելով, իբրեւ մտահոգ հայր եւ մեծ հայր, նոյն պահուն, տղաս մէկ կողմ քաշելով ըսած էի, թէ իմ կարծիքով այս նուէրը քիչ մը «կանուխ» էր եւ իր այս տարիքին ալ՝ անյարմար։ Տղաս, հայրական իր իրաւասութիւնները կարծես անտեսուած կամ ոտնակոխ նկատած ըլլար, պատասխանած էր.

-Պա՛պ, իր դասարանին մէջ բոլոր դասընկերները արդէն ունին… եթէ սխալ բան մը պատահի… շուտով մեզ տեղեակ կրնայ պահել… չէ՞. եւ այլն… եւ այլն…։

Ահա քեզի ծակ տրամաբանութիւն, որ ինծի համար ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ՝ պարզապէս ինքնախաբէութիւն, եւ նոյնքան ալ աժան արդարացում։ Սակայն, իբրեւ ծնողք, ինձմէ միայն զգուշացնել կ՚իյնար։ Ինք ճիշդ էր եւ ինծի չէր իյնար…, կը հասկնամ։ Վերջապէս ինքն էր հայրը եւ ան ալ՝ իր զաւակը։ Մեղքը վիզը։ Հոս Ամերիկա է եւ վերջ։

Ու պատահեցաւ, որ ամիսներ ետք, օր մըն ալ ինծի վիճակուեցաւ թոռնիկիս դասերուն «նայելու» հաճելի պարտականութիւնը։ Օ՜հ, ինչ ցնծութիւն։ Նոյնիսկ երկինքը ջերմութեամբ ժպտացնող եւ ժամերս առաւել ախորժալի դարձնող ցնծութիւն։

Ու հազիւ զինք դպրոցէն տուն բերած էի, ինք բարձրաձայն յայտարարեց, թէ շատ «հօմ ուըրք» պարտականութիւն-դաս ունէր։ Ուստի արագ մը համաձայնեցանք։ Առանց պատառ մը ուտելու, նախ ես ու ինքն նստանք մեր ճաշարանի երկար սեղանին շուրջ, քով-քովի, ինք՝ իր դասերով մտահոգ, իսկ ես ալ՝ պապիկի մեծ հետաքրքրութեամբ տրամադրուած։ Ապա ինք իր պայուսակէն հանեց տետրակ մը եւ թիւերով լեցուն էջ մը թուղթ եւ դառնալով ինծի, դարձեալ անգլերէնով ըսաւ.

-Պապի՛կ, «տու եու նօ, մաթ», դուն թուաբանութիւն գիտե՞ս։

-Քիչ մը, շատ քիչ…, հայերէնով եւ սովորական կատակովս պատասխանեցի, միաժամանակ սպասելով, թէ այս խօսակցութիւնը մեզի մինչեւ ո՞ւր պիտի առաջնորդէր։

-«Ֆօր մի, իթս վէրի իզի» ինծի համար շատ դիւրին է, ըսաւ ու սկսաւ իր դասին։

Քիչ մը հպարտ, «ապրիս» մը ըսի եւ տեսայ, որ եղածը հարիւրաւոր թիւերու միայն տասը վարժութիւն-գործողութիւններ էին։ Տասը հատ միայն, ու երեւակայեցէ՛ք «շատ դաս ունիմ»։ Ահա քեզի դպրոց, եւ ահա տան պարտականութիւն, կամ ինչպէս ժամանակին ողորմած մեծ մայրս նման առիթներուն ե՛ւ քմծիծաղով կ՚ըսէր.- «ա՛ռ քեզի ամերիկեան մանկապարտէզ»։

Ապա, իրեն մօտենալով, սեւագրութեան թուղթ մը վերցուցի եւ գրեցի առաջին թիւերը ու սկսայ մտովի բազմապատկել եւ թիւերը նշանակել։ Բայց հազիւ առաջին շարքս ամբողջացուցած էի, երբ բարձրաձայն ըսաւ, թէ ինք արդէն գործողութեան պատասխանը գտած էր։ Անմիջապէս նայեցայ իր թուղթին։ Բացայայտ զմայլանք մը։ Հաւասար գծիկին քով գրուած էր պատասխանը։ Այս մէկը առիթ տուաւ, որ ես ալ իմ կարգիս արագ մը «լուծէի», եւ իմ պատասխանս բաղդատէի։ Երկուքն ալ նոյնն էին։ «Լակոտիկը» ճիշդ բազմապատկած էր։ Զարմացայ, բայց նկատեցի, որ սեւագրութեան թուղթին վրայ ո՛չ մէկ թուանշան արձանագրած էր։

Հոգ չէ. ըսի մտովի… ինք այսպէս վարժուած է եւ կամ այս մեթոտով սորվեցուցած են…։

-Պապի՛կ, «այ թօլտ եու, եու տօնթ նօ մաթ» պապի՛կ քեզի ըսի, դուն թուաբանութիւն չես գիտեր», ըսաւ, եւ լայն ժպիտ մը գծելով իր փոքր դէմքին, անմիջապէս անցաւ յաջորդ թիւին։

Վայրկեանին մտովի սանկ հպարտանքի հով մը անցաւ դէմքիս վրայէն։ Թոռնիկս, իր այս տարիքին, ինձմէ աւելի արագ, կրցած էր այս գործողութեան պատասխանը գտնել։ Պրաւօ։ Ու որոշեցի տղուս ներկայութեան այս դէպքը մեծ գովասանքով իրեն ալ պատմել։

Բայց հիմնուելով իր ինծի հասցէագրած, զինք յոխորտացնող այդ հաստատումին, որպէսզի զիս «տընպօ» մը չի կարծեր ու նաեւ չարչրկուող միտքս հանդարտեցնող լուսաբանական կէտեր փնտռելու համար, նախ հրաժարեցայ վարժութեան լուծման կամաւոր մասնակցութենէս եւ ապա սկսայ աւելի ուշադրութեամբ հետեւիլ իր շարժումներուն, որովհետեւ իսկապէս «ինչպէ՞ս» հարցականը կասկածոտ «բաներ» բեռցուցած էր մտքիս մէջ։

Կը զգայի, որ ես իր «թակարդին» մէջ ինկած էի։ Ու վերը Աստուած մը կայ. միշտ մեզի յիշեցուցած էին մեր մեծերը։ Եւ ահա… գտայ։ Մեր խաբեբայ «մուկը» բռնեցի։ Բռնուեցաւ։ Այսպէս, ճարպիկ թոռնիկս, իր այս վարժութեան լուծման համար, ինձմէ ծածուկ դիմած էր իր այդ «այ ֆոն» կոչուած հեռաձայնին եւ անկէ՝ պատասխանը արագ մը գտած։

Անմիջապէս իրեն դառնալով, սանկ քիչ մը խոր աչքերով, երկար նայեցայ։ Ինք, կեղծ եւ սակայն մանկական անմեղ ժպիտովը, նայուածքս փոխարինեց։ Սիրտս գրաւել փորձեց։ Նկատեցի, որ դէմքը գաղտնիքով մը կարծրացած էր եւ վրան ալ վախի մը հետ խառնուած պատժուելու մտահոգութիւնը կար։ Արագ մը որոշելով, գրաւեցի այդ անիծեալ գործիքը։ Վայրկեանին, սենեակէն ներս աղմուկ ու լաց իրար խառնուեցան։ Սակայն եւ այնպէս որքան ալ առատ ըլլային իր մեծ ու խոշոր արցունքները, զիս չէին կրնար համոզել։ Ձգեցի, որ լայ եւ նոյնիսկ ստիպեցի, որ մէկ առ մէկ թիւերը գրելով եւ մատներուն վրայ հաշուելով ամբողջացնէր իր այս վարժութիւնները։

-«Մայ թիչըր» իմ դասատուն կ՚արտօնէ…, «ուայ… ուայ…» ինչո՞ւ… բոլորն ալ «այ ֆոն»էն կ՚օգտուին». շարունակ անգլերէնով եւ լալագին կը պատճառաբանէր, ու դպրոցականի հետաքրքիր թաց աչքերով ու խստօրէն պահանջող ակնարկ մը նետելով վրաս։ Եւ տակաւին կ՚աւելցնէր, թէ այս «այ ֆոն»էն կրնային օգտուիլ ոչ միայն թուաբանութեան, այլ որեւէ նիւթի, հարցումի կամ վարժութեան, ըլլար ան պատմութիւն կամ գիտութիւն։ Մէկ խօսքով, կրնային ապաւինիլ «անիծեալ» գործիքին, իրենց համար բանգէտ ու «փրկարար» այդ հեռաձայնին եւ անով ալ պարապիլ։ Ահա… դպրոց…։

Ու հակառակ իր աղաչանք-պաղատանք եւ արագահոս արցունքներուն՝ իմ կողմէ ոչ մէկ զիջում։ Խիստ կեցուածքս չէի փոխած։ Թող սորվի՛։ Մեզի պէս ինքն ալ թող սորվի՛. միտքը թող վարժուի…, աշխատցնէ՛…, ամբարուի... անընդհատ մտովի ես զիս կ՚արդարացնէի։

Հաստատօրէն իրեն համար անարդար եւ չար պապիկ մըն էի։ Այդ մէկը իր նայուածքներէն տեսանելի էր։ Ու հակառակ իր պաղատանքներուն, ես մինչեւ իր վերջին վարժութեան աւարտը, որոշումիս վրայ հաստատ մնացի։

Ու այս բոլորէն ետք, հիմա սակայն ամէն բան պարզուած էր։ Այս ձեւով մեր թոռնիկը որեւէ ճիգ պիտի չթափէր բան մը սորվելու կամ մտածելու համար։ Իր ուղեղը պիտի չյոգնէր, եթէ զինք չանջատէին այդ գործիքէն։ Իր տեղը այդ հեռաձայնը արդէն կրնար մտածել։ Ուստի ինծի համար իսկապէս, որ լուրջ հարց եւ տագնապ մըն էր պարզուած այս իրականութիւնը։

Եւ եթէ դպրոցներէն ներս աշակերտները գաղտնի կամ արտօնութեամբ «այ ֆոն»ով պիտի կարենային պարապիլ, է՛հ ուրեմն ինչո՞ւ համար մեր զաւակները դպրոց կը ղրկէինք։ Այդ մէկը տան մէջ ալ կարելի էր… չէ՞։ Ուրեմն, ինչո՞ւ համար էին դասատուներն ու ուսուցիչները։ Այս ի՞նչ աշխարհ է եղեր… ի՞նչ ուսումնական մեթոտ։ Վրաս գրէ՛։

Կարծես ես ինծի հետ կռուի մէջ էի։ Յստակ էր, թէ մեծ մտահոգ մըն էի եւ անկասկած այս մտահոգութիւնը կը պատկանէր բոլորիս։ Ահա թէ ինչպէս ամերիկեան հեւքին մէջ բան մը պահելու համար, շատ ծանր կը պայքարինք: Անոր համար է, որ յաճախ մեր կեանքը այսպէս շուարած է։ Ամէն օր մեր շուրջը նորութիւններ կը ծնէին, որոնք շուտով կը գրաւէին նոր սերունդի ուղեղները եւ նոյնիսկ շուարումի կը մատնէին մեզի նման մեծերը։

Լոյսի արագութեամբ դէպքեր կը պատահէին։ Արագավազ կեանք եւ նոյնքան ալ արագախազ փոփոխութիւններ։ Չենք գիտեր վաղը ինչե՜ր կրնային պատահիլ։

Անորոշութիւն ե՛ւ մտահոգութիւն։

Արդեօք մենք գիտե՞նք, թէ այս ընթացքով նոր սերունդը ո՞ւր կ՚երթայ, կամ դէպի ուր կ՚ուզենք առաջնորդել։ Ժամանակը արագացած է եւ աշխարհը նոր հունի մէջ է։ Գիտենք ու նաեւ կը զգանք, որ ժամանակները ամէն տեղ ալ փոխուած են: Բայց…։

Ուրեմն, ի՞նչ բանի պէտք է կառչիլ եւ կամ ի՞նչ սայլի վրայ պիտի կարենանք լծել անձնական եւ յատկապէս ընտանեկան մեր կեանքը։ Հապա ազգայի՞նը...։

Գիտութիւնը իր նորութիւն-գիւտերով տարօրինակ խաղեր կը խաղայ մարդկային կեանքին հետ։ Մարդիկ, մեծ ու փոքր մարդիկ, ընտրած են կեանքը ապրելու դիւրին միջոցը եւ զոհը դարձած՝ նոր իրականութեան։ Մոռցած են էականը, նշանակալիցը, կարեւորը։ Սակայն հարցը այն է թէ, արդեօք պիտի կրնա՞նք այս «անորոշը» անիծել, եւ զայն յաղթահարել։

Ո՞ւր մնացին մեր աւանդութիւններն ու սովորութիւնները։

Եւ ինքնաբերաբար մտովի բաղդատական մը կ՚ուզես ընել։ Հինին եւ նորին։ Կը զգաս, թէ ի՞նչ էր մեր ապրած կեանքը ու ներկայինը ու գլուխդ իբրեւ ափսոսանքի նշան, աջ ու ձախ կը շարժես, բայց եւ այնպէս ակամայ, բոլորին նման կը հետեւիս «նորին», ներկայի հոսանքին, ինքզինքդ ալ ճարահատ արդարացնելով.- թէ կեանքը կարճ է, ուստի չ՚արժեր...։

Եւ աւելին՝ հաւանաբար նոյնիսկ մտովի իբրեւ սրտի դատարկ մխիթարանք կ՚ըսես.

-Երանի ես ալ այս օրերուն ծնած ըլլայի։

Բայց եւ այնպէս... երնէկ այն օրերուն...։

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2019