ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Մարդ երբ աչառութիւն ընէ դատաստանի մէջ, ի՞նչ կ՚ըլլայ հետեւանքը:
Պատասխան. Առակացի իմաստուն հեղինակը կը գրէ. «Այս բաներն ալ իմաստուններուն յատուկ են: Դատաստանի մէջ աչառութիւն ընելը աղէկ չէ: Ով որ ամբարիշտին կ՚ըսէ՝ “դուն արդար ես”, ազգերը անոր անէծք պիտի տան ու ժողովուրդները զանիկա պիտի անարգեն: Բայց զանոնք յանդիմանողները պիտի բերկրին եւ անոնց վրայ առատ օրհնութիւն պիտի գայ» (Առ 24.23-25):
Հ. Մեր նմանին նկատմամբ սուտ կամ զուր վկայութիւն ընելու մասին բան գրա՞ծ է առակագիրը:
Պ. Այո՛: 24-րդ գլուխին 28 եւ 29-րդ համարներուն մէջ կը կարդանք. «Քու դրացիիդ դէմ զուր տեղ վկայութիւն մի՛ ըներ եւ քու շրթունքներովդ մի՛ խաբեր: Մի՛ ըսեր՝ “անիկա ինծի ինչպէս որ ըրաւ, ես ալ անոր այնպէս պիտի ընեմ, այն մարդուն իր գործին համեմատ հատուցում պիտի ընեմ”»:
Այս երկու համարները վարուելակերպի մը մասին կը խօսին մեզի, որ Աստուածաշունչին տարբեր հատուածներու մէջ ալ կը գտնենք: Առաջինը, Հին կտակարանին մէջ, երբ Տէրը տասնաբանեայ պատուիրանները տուաւ Մովսէսին, իններորդ պատուիրանով կը թելադրէր. «Քու դրացիիդ դէմ սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ» (Ելք 20.16): Երկրորդը, Նոր կտակարանին մէջ կը գտնենք, Տէր Յիսուսի տուած թելադրութեամբ, թէ՝ «լսեր էք որ ըսուած է. “Աչքի դէմ աչք պիտի հատուցանես եւ ակռայի դէմ՝ ակռայ”: Իսկ Ես կ՚ըսեմ ձեզի.- մի՛ հակառակիր քեզի չարիք ընողին: Եթէ մէկը աջ երեսիդ ապտակ զարնէ՝ միւս երեսդ ալ դարձուր անոր: Եւ եթէ մէկը ուզէ քեզ դատի կանչել՝ շապիկդ առնելու համար, բաճկոնդ ալ տուր անոր: Եթէ մէկը քեզ բռնադատէ մէկ մղոն միասին երթալ՝ իր բեռը շալկելու համար, անոր հետ երկու մղոն ալ գնա՛: Եթէ մէկը քեզմէ բան մը խնդրէ՝ տուր, եւ եթէ մէկը քեզմէ բան մը փոխ առնել ուզէ՝ երես մի՛ դարձներ» (Մտ 5.38-42): Երկու թելադրութիւններն ալ կը զգուշացնեն մեզի, անիրաւութեամբ եւ վրէժխնդրութեամբ վարուելու մեր նմաններուն հետ:
Մանաւանդ, կարեւոր է մեր դրացիին, մեր նմանին մասին սուտ վկայութիւն չտալը, որովհետեւ այդպիսով կրնանք մեր նմանին բազում նեղութիւններ եւ տառապանքներ պատճառել:
Պետրոս Շանշեանցը իր «Ուսումն պարտուց» աշխատասիրութեան մէջ խօսելով իններորդ պատուիրանին մասին, այսպէս կը գրէ.
* ԱՅՍ պատուիրանը կ՚արգիլէ ընկերոջ կամ հասարակութեան վնաս հասցնել, կը զգուշացնէ դատաւորին առջեւ ճշմարտութեան դէմ չվկայել, յանցաւորը չպաշտպանել եւ անմեղը դատապարտել: Սուրբ Գիրքին մէջ սուտ վկայութեան մասին, մի քանի օրինակներ կան, ինչպէս են Սուրբ Ստեփանոսի նահատակութեան եւ Քրիստոսի չարչարանքներուն ժամանակի սուտ վկաները. «Մինչ այդ, աւագ քահանաները եւ ամբողջ Ատեանը կը ջանային Յիսուսի դէմ սուտ վկայութիւն գտնել, որպէսզի զայն սպաննեն։ Բայց չգտան, հակառակ անոր որ շատ մը սուտ վկաներ ալ եկան» (Մտ 26.59-60): Ով որ սուտ վկայութեամբ յանցաւորը կ՚արդարացնէ, ան պատասխանատու է ամէն տեսակի չարիքներուն համար, որ հասարակութիւնը կը կրէ՝ յանցաւորին անպատիժ մնալուն պատճառով, որով ընկերութեան կարգը կը խախտուի, երբ անմեղը կը դատապարտուի եւ մեղաւորը ազատ կ՚արձակուի: Սուտ վկաները ոտնակոխ կ՚ընեն այն մեծ նպատակը, որուն մարդկային արդարութիւնը կը փափաքի հասնիլ: Այս յանցանքը միշտ ծանր է, որովհետեւ երդմնազանցութեան հետ առնչուած է: Ամէն ժամանակ եւ բոլոր ազգերուն մէջ սուտ վկաները միշտ անարժան համարուած են եւ պատիժով ալ դատապարտուած. «Դատաւորները աղէկ մը պէտք է քննեն եւ եթէ այդ վկային սուտ վկայութիւն ըրած ըլլալը հաստատուի, այն ատեն, ինչպէս անիկա իր եղբօրը ընել խորհեցաւ, նոյնը ըրէք իրեն, այս ձեւով չարութիւնը ձեր մէջէն վերցուցէք» (Բ. Օր 19.18-19): Սուտ վկայութիւնը, սովորական խօսակցութեան մէջ, բամբասանք կ՚անուանուի, որ ընկերոջ վրայ վնասակար բաներ խօսիլ կը նշանակէ, կամ, առանց հիմնովին տեղեկանալու՝ կրկնել ուրիշներուն խօսածները եւ այսպէս ճշմարտութեան դէմ մեղանչելով՝ ստութիւնը աներկիւղ տարածել:
Մեզի երբեք արտօնուած չէ մեր ընկերոջ մասին չար բան խօսիլ, եթէ մեր խօսածը նոյնիսկ ճշմարիտ ըլլայ: Սակայն, եթէ անհրաժեշտութիւն կայ եւ դատաւորը կը պահանջէ, այն ատեն պարտաւոր ենք ճշմարտութիւնը յայտնել, որով կարելի է մեր ընկերոջ զգուշացնել կամ արգիլել չարութենէ: Պարտաւոր ենք նաեւ մեծաւորին յայտնել իր ստորադասին պակասութիւնը, որպէսզի անկարգութենէ զգուշացնէ. պարտաւոր ենք դատապարտուած անմեղը պաշտպանել եւ ամէն կասկած եւ տարակուսանք փարատել, յայտնելով մէկուն կամ միւսին ընդունակութիւնը: Ի վերջոյ, եթէ մէկը հարցնէ մեզի ոեւէ մարդու բնաւորութեան մասին, եթէ կը ճանչնանք, պարտաւոր ենք ճշմարտութիւնը յայտնել, որպէսզի մեր յայտարարութիւնը բարիքի համար գործածուի: Եթէ մենք առանց ստիպողական պատճառի, առանց ընկերական օգուտի պահանջին, սիրոյ եւ արդարութեան հակառակ, մեր ընկերոջ պակասութիւնը կը յայտնենք, առաւելաբար չարամտութեամբ քան թէ բարեմտութեամբ, այդ ատեն մենք չարախօս կ՚ըլլանք: Ուստի, այսպիսի պարագաներէ խուսափելու համար, պարտաւոր ենք լաւ քննել՝ թէ արդեօք գովելի խոհեմութիւնն ու սիրոյ հոգի՞ն է, որ մեզ կը խօսեցնէ, թէ՞ չարութեան հոգին: Երբ մեր խօսելու շարժառիթը խոհեմութիւնն ու սէրն են, այդ ատեն մենք մեր ընկերոջ պակասութիւնը կը յայտնենք՝ խղճալով եւ զգուշութեամբ ըսելով ինչ որ կարեւոր է: Իսկ եթէ շարժառիթը չարախօսութիւնն է, այն ատեն մենք չափազանց կիրքերով եւ ներքին ուրախութեամբ կը խօսինք մեր ընկերոջ թերութիւններուն վրայ:
Սուրբ Գիրքը չարախօսութիւնը կը դատապարտէ՝
ա) Որ մարդասիրութեան եւ ներողամտութեան ոգիին հակառակ է, որով պարտաւոր էինք ներել եւ ծածկել յանցաւորին թեթեւ պակասութիւները:
բ) Արդարութեան օրէնքը կը քանդէ, որովհետեւ չարախօսութիւնը սովորաբար աւելորդաբանութեան եւ ստութեան հետ միացած է:
գ) Չարախօսութիւնը ատելութեան, շփոթութեան եւ խռովութեան պատճառ է, թէ՛ գերդաստանին մէջ եւ թէ՛ ալ ընկերութեան: Չարախօսութիւնը պատիւը կ՚արատաւորէ՝ առաւել քան բամբասանքը, եւ կը դժուարացնէ յանցաւորին ուղղութեան ճանապարհը: Որովհետեւ, յանցանքը ծածկուած ժամանակ աւելի դիւրութեամբ կ՚ուղղուի, քան թէ հրատարակուած:
դ) Չարախօսութիւնը ատելութեան եւ թշնամութեան ծնունդ է, որով ցած մարդիկ չկարենալով բարձր մարդոց մեծութեանն ու լաւութեան հաւասարիլ, վատահամբաւութիւնը որպէս մի՛ակ զէնք կ՚ընտրեն: Չարախօսութիւնը բծախնդրութեան ծնունդ է, որով վատ մարդիկ կ՚ընտելանան ուրիշներուն մէջ միշտ պակասութիւն փնտռել եւ կ՚ուրախանան ուրիշներուն անձնաւորութիւնը վիրաւորելով ու կրծելով: Չարախօսութիւնը երբեմն ալ թեթեւամտութեան ծնունդ է, որով տկարամիտները, առանց մտածելու իրենց խօսածներուն վրայ, առանց վնասակար հետեւանքները գուշակելու, մերթ իրենց հանճարը եւ մերթ իրենց սրամտութիւնը ցոյց տալու համար, կը չարախօսեն, չարը զանազան գոյներով նկարագրելով:
ե) Սուրբ Գիրքը չարախօսը կը դատապարտէ. «Իրար մի՛ բամբասէք, եղբայրներ: Ով որ իր եղբայրը կը բամբասէ կամ կը դատէ զայն՝ Օրէնքը բամբասած կամ Օրէնքը դատած կ՚ըլլայ: Իսկ եթէ Օրէնքը կը դատես՝ կը նշանակէ, թէ Օրէնքը գործադրողը չես, այլ՝ անոր դատաւորը» (Յկ 4.11): Դաւիթ մարգարէն բարի մարդուն բնաւորութիւնը, գործերն ու Աստուծոյ նկատմամբ ունեցած յոյսը նկարագրելով՝ այսպէս կը խօսի. «...որ չի զրպարտեր բնաւ, իր ընկերոջ չարիք չ՚ըներ եւ դրացին չի նախատեր» (Սղ 15.3): Պօղոս առաքեալ չարախօսութիւնը այն մեղքերուն կարգը կը դասէ, որոնք մարդը Աստուծոյ Արքայութենէն կը զրկեն (Ա. Կր 6.10): Պետրոս առաքեալ նոյնիսկ մեր ներկայ կեանքի օգուտին եւ հանգստութեան համար կը պատուիրէ չարախօսութենէն հեռանալ. «Ով որ կ՚ուզէ կեանքը սիրել եւ բարի օրեր տեսնել, թող իր լեզուն պահէ եւ չարութիւն չխօսի, թող իր շրթները փակէ եւ նենգութիւն չխորհի» (Ա. Պտ 3.10):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 123
Վաղարշապատ