Քրիս Պոհ­ճա­լեա­նի «Հպարտ Ուխ­տագ­նա­ցու­թիւ­նը»

«Նիւ Եորք Թայմզ» մի­ջազ­գա­յին տար­բե­րա­կը, ծա­նօթ է, որ լրա­տուա­կան աշ­խար­հի մէջ ու­նի իր վար­կը: Եւ ա­նոր մէջ ե­րեւ­ցող հա­ղոր­դում, հրա­պա­րա­կագ­րու­թիւն եւ յօ­դուած՝ նաեւ իր կշի­ռը: Եւ այս ի­մաս­տով 7 Դեկ­տեմ­բեր  2016-ի թի­ւին մէջ ե­րեւ­ցած ա­մե­րի­կա­հայ եւ մի­ջազ­գա­յին համ­բաւ վա­յե­լող գրող Քրիս Պոհ­ճա­լեա­նի մէկ յօ­դուա­ծը թէեւ իմ ու­շադ­րու­թիւնս գրա­ւեց (ե­րե­ւի հպար­տու­թեամբ), բայց եւ այն­պէս կ՚են­թադ­րեմ, որ հա­յուն «դի­մա­գի­ծը» դրաւ մի­ջազ­գա­յին քար­տէ­սի վրայ՝ ե­թէ մէկ կող­մէ պատ­մա­կան ի­րո­ղա­կան ի­մաս­տով, բայց նաեւ ներ­կա­յի քա­ղա­քա­կան-ռազ­մա­վա­րա­կան, ի­րա­ւա­կան ու ճշմա­րիտ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան հա­մար:

Իսկ յօ­դուա՞­ծը: «Հպարտ ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն դէ­պի իմ հայ­րե­նա­կան հո­ղը»:

Քրիս Պոհ­ճա­լեան կը նկա­րագ­րէ իր այ­ցե­լու­թիւ­նը-ուխ­տագ­նա­ցու­թիւ­նը դէ­պի Ար­ցախ՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը: Եւ ինչ­պէս ինք կը նկա­րագ­րէ «փոքր, չճանչ­ցուած հան­րա­պե­տու­թիւն»: Բայց այ­ցե­լու­թիւ­նը եւ ա­նոր նկա­րագ­րու­թիւ­նը կը սկսի ապ­րի­լեան պա­տե­րազ­մին պատ­ճա­ռով ներ­կա­յին դա­տարկ Թա­լի­շէն՝ սահ­մա­նա­մերձ տա­րա­ծաշր­ջա­նէն, պա­տե­րազ­մա­կան գօ­տիի պաշտ­պա­նո­ղա­կան խրա­մա­տին ե­տե­ւէն, ուր ան կը զրու­ցէ գնդա­պետ Գե­ղամ Գրի­գո­րեա­նի հետ.

«Ե­թէ խա­ղա­ղու­թիւն կ՚ու­զես, պէտք է պատ­րաստ ըլ­լաս պա­տե­րազ­մի»:

Քրիս Պոհ­ճա­լեան ե­թէ մէկ կող­մէ կը նկա­րագ­րէ իր զրոյ­ցը գնդա­պետ Գե­ղա­մին հետ, յատ­կա­պէս ա­նոր նե­րաշ­խար­հը, բայց մէ­ջընդ­մէջ յե­տա­դարձ ակ­նարկ կը կա­տա­րէ պատ­մու­թեան եւ ա­նոր հո­լո­վոյթ­նե­րուն՝ թէ ինչ­պէ՛ս Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղ ան­ցաւ տար­բեր ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծէ՝ հաս­նե­լով ան­ցեալ Ապ­րի­լի չոր­սօ­րեայ պա­տե­րազ­մին: Ան շեշ­տը կը դնէ ա­զէրիա­կան բար­բա­րո­սու­թեան վրայ, որ խթան ե­ղած էր մի­ջազ­գա­յին հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու եւ ա­նոր քննարկ­ման: Եւ յօ­դուա­ծը, ո­րուն մէջ չեն պակ­սիր գի­տա­կան-ա­ռար­կա­յա­կան տուեալ­նե­րը, կայ Պոհ­ճա­լեա­նի յստակ դիր­քո­րո­շու­մը: «Ես չեմ ու­զեր դիր­քո­րո­շուիլ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի կողմ, քա­նի կայ ա­րեան իմ պատ­կա­նե­լիու­թիւնս: Ես կը հա­ւա­տամ, որ պատ­մու­թիւ­նը հա­յե­րուն կողմն է»:

Իսկ Պոհ­ճա­լեա­նի «ա­րեան պատ­կա­նե­լիու­թի՞ւ­նը»…:

«Ղա­րա­բաղ այ­ցե­լե­ցի այս ա­մառ նոյն պատ­ճա­ռով եւ նպա­տա­կով, որ ա­մէն տա­րի կ՚այ­ցե­լեմ Հա­յաս­տան եւ պատ­մա­կան Կի­լի­կիան ու հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին կո­թող­նե­րու մնա­ցոր­դաց­նե­րը, ո­րոնք տա­րա­ծուած են ամ­բողջ Թուրքիոյ ա­րե­ւե­լեան կող­մը»:

Եւ Պոհ­ճա­լեա­նի «ուխ­տագ­նա­ցու­թիւ­նը» ու­նի իր խթա­նը:

«Այս ամ­բողջ տա­րա­ծքաշր­ջա­նը իմ ա­րեանս մէջն է: Իմ այ­ցե­լու­թիւնս ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն է: Ես ա­մե­րի­կա­հայ եմ եւ միայն մի­ջին տա­րի­քիս է, որ կա­պուե­ցայ եւ յա­րե­ցայ այս հնա­գոյն երկ­րին»:

Եւ ու­շագ­րաւ ե­րե­ւոյ­թը: Պոհ­ճա­լեա­նի ա­րեան մէջ ծնած եւ մեծ­ցած ազ­գա­յին-մշա­կու­թա­յին իր ինք­նու­թիւ­նը: Հայ­կա­կան գի­տակ­ցու­թիւ­նը:

Եւ հոս ար­ժէ բա­նալ փա­կա­գիծ մը:

Կա­րե­լի չէ մշա­կոյ­թին եւ ա­նոր հետ առըն­չուող ինք­նու­թեան հաս­կա­ցո­ղու­թիւն­նե­րուն տալ գի­տա­կան եւ ա­ռար­կա­յա­կան վեր­լու­ծում (Մաքս Ո­ւէ­պըր, 2011): Նոյն­պէս՝ մշա­կոյ­թի եւ մշա­կու­թա­յին սեր­տո­ղու­թիւն­ներ չեն կրնար պար­փա­կել մէկ եւ միա­տե­սակ մօ­տե­ցում այն բո­լոր նիւ­թե­րուն, զորս ան՝ մշա­կոյ­թը կ՚ընդգր­կէ եւ ո­րոնց կ՚առըն­չուի: Եւ ա­սոր պատ­ճա­ռը կը կա­յա­նայ այն ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, որ մշա­կոյ­թը ըն­կե­րա­յին գի­տու­թիւն է եւ գլխա­ւո­րա­բար կ՚առըն­չուի ե­ղե­լու­թիւն­նե­րու եւ ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րու իւ­րա­քան­չիւր հա­ւա­քա­կա­նու­թեան հա­մար, որ կազ­մուած է մար­դոց կեան­քե­րէ՝ տուեալ ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծի եւ մի­ջա­վայ­րի մէջ եւ որ ի­րենց (ի­մա մար­դոց) հա­մար այս առըն­չուա­ծու­թիւ­նը եւ կա­պուա­ծու­թիւ­նը նոյ­նինքն այս մշա­կոյ­թի հետ կը դառ­նայ իւ­րա­յա­տուկ մի­ջո­ցա­ռում եւ որ­դեգ­րում (Ճոն Սթո­րէյ, 1994):

Քրիս Պոհ­ճա­լեան իր «մի­ջին» տա­րի­քին կրցաւ «յա­րիլ» իր ազ­գա­յին-մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան, այդ ալ՝ իր ծնած ու ապ­րած մի­ջա­վայ­րին ու ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծին մէջ՝ ի­րեն յա­տուկ դիր­քո­րո­շու­մով: Ո­րով­հե­տեւ մշա­կոյ­թը՝ ազ­գա­յին ինք­նու­թիւ­նը, տեղ մը կրցաւ կամր­ջել իր ան­ձին եւ իր կեան­քի մէկ ի­րա­վի­ճա­կին հետ: Ար­դա­րեւ, մշա­կոյ­թը՝ որ­պէս ըն­կե­րա­յին գի­տու­թիւն, չի կրնար ու­նե­նալ մէկ տե­սա­կի տա­րազ, որ պի­տի յար­մա­րի իւ­րա­քան­չիւր հա­յու, սփիւռ­քա­հա­յու, ա­ռանց նկա­տի ու­նե­նա­լու ա­նոր ապ­րած վայրն ու մի­ջա­վայ­րը ու ա­նոր տուեալ­նե­րը: Նոյ­նիսկ երբ ան ազ­գա­յին-մշա­կու­թա­յին ինք­նու­թիւն է:

Պատ­մու­թեան սլա­քը կա­րե­լի չէ ե­տեւ տա­նիլ…: Այս է մեր՝ հա­յե­րուս պատ­մու­թիւ­նը եւ ա­նոր հե­տե­ւանք­նե­րը: Եղեռնը ար­մա­տա­խիլ ը­րաւ հա­յը եւ որ տա­րածուե­ցաւ աշ­խար­հի բո­լոր կող­մե­րը: Եւ իմ ա­ւե­լի քան քսան­վեց տա­րի­նե­րու ճամ­բոր­դա­կան աս­պա­րէ­զիս մէջ, ո­րուն ըն­թաց­քին այ­ցե­լե­ցի շատ մը գա­ղութ­ներ եւ հան­դի­պե­ցայ նոյն հա­յուն, որ սա­կայն կը տար­բե­րէր միւս հա­յէն՝ հա­մա­ձայն իր ապ­րած երկ­րին ու մի­ջա­վայ­րին: Եւ այս սփիւռ­քեան հա­յուն ի­րա­վի­ճակն է, ուր պէտք է տես­նել ազ­գա­յին-մշա­կու­թա­յին ինք­նու­թեան ըն­կա­լու­մը եւ ա­նոր մի­ջոց­նե­րուն տար­բե­րու­թիւ­նը՝ նաեւ մէկ գա­ղու­թէն միւ­սը:

Ու դար­ձեալ Պոհ­ճա­լեանն եւ իր յօ­դուա­ծը: «Հա­մաշ­խար­հա­յին ա­ռա­ջին պա­տե­րազ­մին իւ­րա­քան­չիւր չորս հա­յուն մէ­կը նա­հա­տա­կուե­ցաւ։ Ար­ցա­խի պա­տե­րազ­մը հա­յուն ինք­նո­րոշ­ման եւ գո­յա­տե­ւե­լու պա­տե­րազմն է»:

Գե­ղամ Գրի­գո­րեան Ղա­րա­բա­ղի մէջ՝ սահ­մա­նա­մերձ տա­րած­քին վրայ կը մղէ այս «պա­տե­րազ­մը»:

Եւ նոյ­նինքն այս «պա­տե­րազմն» է, տար­բեր բո­վան­դա­կու­թեամբ, զոր իւ­րա­քան­չիւր հայ կը մղէ իր ապ­րած վայ­րին ու վի­ճա­կին մէջ: Պա­տե­րազ­մը՝ իր ազ­գա­յին-մշա­կու­թա­յին ինք­նու­թեան ու ա­նոր հպար­տու­թեան հա­մար: Իւ­րա­քան­չիւր հայ իր ապ­րած վի­ճա­կին մէջ՝ «ուխ­տագ­նա­ցու­թեան» մէջ է: Ե­րե­ւի տար­բեր ո­լորտ­նե­րով ու ձե­ւե­րով, բայց հաս­նե­լու հա­մար իր՝ հա­յուն «հպար­տու­թեան»:

Քրիս Պոհ­ճա­լեա­նի «ուխ­տագ­նա­ցու­թիւ­նը»՝ ե­թէ իր «հպար­տու­թիւն»ն է, բայց նաեւ այդ իւ­րա­քան­չիւր հա­յունն է: Հա­յաս­տան, Ղա­րա­բաղ եւ սփիւռք:

Հայ­կա­կան գա­ղութ­նե­րը եւ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը կրնան տար­բե­րիլ մէ­կը միւ­սէն, ըստ ի­րենց թի­ւին եւ մար­դու­ժին: Ու տա­կա­ւին՝ ըն­կե­րա­յին-քա­ղա­քա­կան ու տնտե­սա­կան ի­րա­վի­ճա­կէն կա­խեալ: Եւ տա­կա­ւին՝ մայ­րե­նիին ու լե­զուա­պահ­պան­ման տար­բեր մա­կար­դակ­նե­րով: Այս բո­լո­րը հա­յուն մեծ պատ­կե­րին տար­բեր մաս­նիկ­ներն են: Բայց այս բո­լո­րին մէ­ջէն՝ հա­յը ու­նի մէկ «ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն», թե­րեւս տար­բեր ու­ղի­նե­րով եւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րով, բայց հաս­նե­լու հա­մար նոյն… «հպար­տու­թեան»՝  հա­յուն «հպար­տու­թեան»:

Հա­յուն «հպար­տու­թիւ­նը», որ քով-քո­վի բե­րե­լով կը կազ­մէ մէկ, մեծ եւ զօ­րա­ւոր հա­յը:

Եւ հա­յը պի­տի շա­րու­նա­կէ իր «ուխ­տագ­նա­ցու­թիւ­նը»՝ չկորսնց­նե­լու հա­մար իր «հպար­տու­թիւ­նը»…:

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷ­ՊԷ­ՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունուար 11, 2017