ՋՈՒՐԸ

-Եկեղեցու համար ի՛նչ էլ հարկաւոր լինի անպայման կ՚ասէք, սիրով կ՚անեմ:

Ըսած էր բարերարը տարիներ առաջ ու ընթացքին, ամէն մանրամասնութենէ տեղեակ, ան քար առ քար հետեւած էր եկեղեցւոյ կառուցման: Հիմա, ահաւասիկ ամիսներէ ի վեր եկեղեցին հաւատացեալներ կ՚ընդունի, առիթներ՝ արարողութիւններ տեղի կ՚ունենան: Յաճախ երբ անցնինք հոնկէ, ականատես կ՚ըլլաք պսակեալ զոյգի մը լուսանկարուելուն, երբեմն նաեւ մկրտուած մանուկի մը՝ հարազատներով շրջապատուած: Մինչ եկեղեցւոյ սովորական այցելութեան ընթացքին կարելի է հանդիպիլ նաեւ ամուսնութեան որոշումը առած, սակայն տակաւին չմկրտուածներու մկրտութեանց, ամէնօրեայ ժամերգութեանց, շաբաթական Ս. Պատարագի արարողութեանց եւ ծիսական արարողակարգերուն:

Եկեղեցւոյ օրհնեալ խաչը կը սուզուի ջուրին մէջ, Քրիստոսի մկրտութիւնն է, որ կը յիշատակուի խաչին սուզումով, ապա աղաւնակերպ Սուրբ Հոգիի խորհրդանիշէն կը կաթկթի Սրբալոյս միւռոնը ջուրը օրհնելու:

«Օրհնեսցի եւ սրբեսցի ջուրս այս նշանաւ...» կ՚օրհնուի ջուրը Տիրոջ մկրտութեան յիշատակումով, որ նաեւ իւրաքանչիւր հաւատացեալի անձին ի՛ր մկրտութեան խորհուրդին վերյիշումն է, հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ վերանորոգումը, նորոգեալ ուխտով կեանքի շարունակութիւնը անհատին: Մկրտութիւնը՝ «Վերստին ծննդեան եւ Սուրբ Հոգիի նորոգութեան աւազան է» (Յովհ. 9.6, 3.5):

Կը յիշեմ հայրս, մեծ հայրս, որոնք չէին համբուրեր ու գրկեր մանուկները մինչեւ մկրտութիւն՝ «Չդրոշմուած մանուկը ինչո՞ւ գրկեմ կամ համբուրեմ, անիկա տակաւին չէ սրբուած, չէ օրհնուած», կ՚ըսէին, հաւատալով որ մկրտութիւնն ու դրոշմն են, որ մանուկը քրիստոնեայ կը դարձնեն:

Բարերարին կը յանձնուի եկեղեցւոյ խաչը. ան որպէս կնքահայր կանգնած էր խորանին, ամբողջ ջրօրհնէքի արարողութեան ընթացքին: Խաչը անոր տան մէջ պիտի մնայ որոշ շրջան մը եւ ապա վերադարձուի եկեղեցւոյ: Զմայլումով մը կը դիտէր ան մեծ թիւով հաւատացեալներու ներկայութիւնը, տարիներու աշխատանքի արգասիք այս եկեղեցւոյ պատկերով հմայուած:

Ջուրը հինէն ի վեր իր օրհնեալ գոյութիւնը կը փաստէ, ատենին հիւրերուն ոտքերը կը լուացուէին դուրսի աղտը մաքրելու համար: «Յիսուս Իր մահուան նախօրէին կամեցաւ Անձամբ կատարել ծառայի այդ պարտականութիւնը՝ խոնարհութեան եւ քրիստոնէական սիրոյ օրինակ ցոյց տալու համար» (Յովհ. 13.2-15):

Ըստ աւանդութեան, Ծնունդին հոսող ջուրին մէջ երեք անգամ ամբողջ մարմնով կը սուզուէին զաւակ չունեցող կիները, յղի մնալու հաւատքով:

Հոս, յուղարկաւորութենէն ետք երբ ներկաները կ՚ուղղուին մահացողին տունը կամ սգոյ սրահը, դրան սեմին դոյլերով ջուր զետեղուած կ՚ըլլայ, ինչպէս նաեւ թաշկինակներ դրուած սեղանի մը վրայ, որպէսզի լուացուելէ ետք մուտք գործէ անհատը: Հինէն եկած այս աւանդութիւնը սակայն մեր մօտ տարբեր ձեւով կը դրսեւորուէր: Մենք՝ Հալէպի մէջ, կը մտնէինք մահացողին տունը, բայց՝ «Նստելէ առաջ մէյ մը պէտքարան մտի՛ր» յիշեցի տարեց կնկայ մը խօսքը, երբ ներկայ էի մահացողի մը տունը. ան կը դիմէր իր պատանի թոռնուհիին, որ բանէ անտեղեակ, կատարեց մեծ մօր պատուէրը, ու մնաց իր մէջ սովորութեան մը վերածուելով: Աստուածաշունչի մէջ կը կարդանք՝ «Մեռելին դպող մարդուն ջուրով լուացուիլ հրահանգուած էր (Ղեւտ. 11.40, 17.15), բորոտութենէն կամ սեռական որեւէ աղտեղութենէ մաքրուելու համար» (Ղեւտ. 14.8):

Բազմաթիւ օրինակներ կան ջուրի զօրութեան մասին, ոչ միայն կենարար, այլ երբեմն աւերող՝ Նոյեան տապանն ու ջրհեղեղը վկայ, բայց նաեւ քարէն ջուր բխելու հրաշագործութիւնը՝ Մովսէսի, նաեւ աղբիւրները, որոնց մօտ կանգ կ՚առնէին մեր զօրավարներն ու դիւցազնական հերոսները, օրհնեալ ջուրով յագենալու եւ հաւատքի զօրութեամբ լեցուելու: Գեղարդավանքի աղբիւրէն ո՞վ ջուր չի խմեր, կամ նոյնիսկ հետը պարապ շիշ մը ապահոված չ՚ըլլար օրհնեալ ջուր լեցնելով հետը տուն տանելու: Հապա մանկական հեքիաթները, որոնք լի են կախարդական անտառներու մէջ հոսող հրաշագործ ջուրերով...:

Ջուրը կեանքի աղբիւր է, առանց ջուրի կարելի չէ կեանքին գոյութիւնը աշխարհի վրայ: Ասիկա մենք՝ պատերազմը ապրողներս, շատ լաւ զգացինք, վայելեցինք ջուրին՝ ամենաէական մարդկային պահանջքին, բացակայութիւնը ամիսներով, որոնց ընթացքին ջրհորեր փորուեցան Հալէպի թաղերուն մէջ, մարդկային շարքը կ՚երկարէր այդ ջրհորերուն շուրջը ու շիշերով, դոյլերով ջուր կը կրէին անհրաժեշտ կարիքները հոգալու: Ահա թէ ինչու երբ նոր հասած հայրենիք, ծորակները բաց կը ձգէինք յաճախ վայելելու ջուրի հոսքին տեսքը, ամիսներէ ի վեր ծորակներու դատարկութենէն խոնջած մեր աչքերը կշտացնելու:

Կը յիշեմ բարեկամուհիս այդ օրերուն, երբ կը քալէինք Երեւանի լայն մայթերէն մէկուն հասակին, կին մը առատ-առատ ջուր կը թափէր ծառերուն արմատները կշտացնելու. բարեկամուհիս՝

-Խնայեցէ՛ք քիչ մը, ջուրին յարգը գիտցէք, մարդիկ անոր կաթիլին իսկ կարօտ են:

Ըսաւ յանկարծ անզգալաբար տակաւին պատերազմի տպաւորութեամբ տարուած. խեղճ կինը չգիտցաւ յանդիմանութեան ուրկէ՞ եւ ինչո՞ւ գալը, բայց բնազդաբար կանգնեցուց ջուր թափելուն ընթացքը:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Յունուար 11, 2019