ՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐՆԱՅ ԱԶԴԵ՞Լ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎՐԱՅ. ՎԵՐԼՈՒԾՄԱՆ ՓՈՐՁ ՄԸ

Շատեր կը խորհին, որ արաբական աշխարհին մէջ ծաւալուող դէպքերը եւ յաճախ անսպասելի իրադարձութիւնները կրնան ազդեցութիւն չունենալ Հայաստանի վրայ։ Իրականութեան մէջ սակայն, եթէ ճիշդ դիտարկենք եւ իրերուն իրական գնահատական փորձենք տալ, ապա պիտի յանգինք այն համոզման, թէ դէպքերուն «տրամաբանական» շարունակութիւնը կրնայ մեծապէս ազդել կովկասեան տարածքին վրայ։

Իրանը Հայաստանի ամենամտերիմ հարեւանն է, այս փաստը ամրագրուաղ է ոչ միայն յենլով աշխարհագրական տուեալներու եւ փաստարկներու վրայ, այլ նաեւ մօտիկ անցեալին շարադրուած պատմութեան վրայ, երբ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը դարձած է մեր երկրին շունչ եւ կեանք տուող կարեւոր օղակներէն մին, եթէ ոչ միակը։

Այս տողերը գրողին համար գրեթէ պատկերացումէ դուրս է այն մօտեցումը, թէ ինչ կրնար ըլլալ Հայաստանի իրավիճակը, եթէ մեր երկիրը չունենար Իրանի նման բարեացակամ հարեւան-երկիր մը։

Անշուշտ նոյնը կարելի չէ ըսել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մասին։ Բայց եւ այնպէս, աւելի քան յստակ է, որ Հայաստան-ԱՄՆ բարեկամութիւնը ունի անկեղծ դրոյթներ ու տարբեր առիթներով ալ ԱՄՆ առնուազն եթէ քաջալեր չէ կանգնած Հայաստանին, այլապէս ալ չէ խանգարած Հայաստանի գործերն ու ծրագիրները։

Այդ մէկը ոչ միայն ՄԱԿ-ի ընդհանուր շրջանակներուն, այլ նաեւ կովկասեան տարածքաշրջանին ուղղուած ԱՄՆ-ի նախաձեռնութիւններու ծիրէն ներս։

Ամէն պարագայի, անցնող օրերուն եւ յատկապէս իրանցի զօրավարի սպանութենէն ի վեր մենք ականատես եղանք Հայաստանի կողմէ հնչող մէկէ աւելի շեշտադրուած ուղերձներու, որոնց ամենէն կարեւորը լսելի դարձած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի բերնով, երբ ան երկու հակամարտող երկիրները՝ Իրանն ու ԱՄՆ-ը համարեց Հայաստանի համար նոյնքան հաւասար բարեկամ երկիրներ։ Այդ առումով ալ ան կարողացաւ խաղաղութեան ուղերձներ հնչեցնել, չնայած անոր, որ ինչպէս բոլորիս ալ յայտնի է, ո՛չ Իրանը եւ ոչ ալ ԱՄՆ-ը, առնուազն ներկայ փուլին, պատրաստ են խաղաղութեան կոչերով հանդէս գալու։

Ամէն պարագայի վերջին կարեւոր ու նաեւ վտանգաւոր զարգացումներու լոյսին տակ Հայաստանի կեցուածքը աւելի խորքային կերպով ընկալելու համար ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողներուս պիտի առաջարկէի ընթերցել հայրենի հմուտ արաբագէտ՝ Արմէն Պետրոսեանի ստորեւ (արեւմտահայերէնի վերածուած) վերլուծականը, որ աւելի վաղ լոյս տեսած էր «Արմէնփրէս» գործակալութեան կայքէջին վրայ։

«ՔԱՍԸՄ ՍԻՒԼԷՅՄԱՆԻԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ» ՆԻՒԹԻ ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ԲԱՂԱԴՐԻՉԸ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ

Արաբագէտ Արմէն Պետրոսեան կը գրէ՝

3 յունուարի գիշերը Պաղտատի միջազգային օդակայանի մերձակայքին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հրահանգով իրականացած յատուկ գործողութեան հետեւանքով, սպաննուեցան Իրանի Իսլամական յեղափոխական պահակախումբի՝ «Քուտս» ջոկատի յատուկ ստորաբաժանման ղեկավար, իրանական առանցքային զօրահրամանատարներէն զօրավար Քասըմ Սիւլէյմանին, ինչպէս նաեւ՝ Իրաքի շիի ժողովրդական աշխարհազօրի՝ «Ալ-Հաշտ Ալ-Շապհի»ի հրամանատարի տեղակալ Ապու Մեհտի Ալ-Միւհենտիսը եւ շարք մը այլ բարձրաստիճան զինուորականներ։

Նշուած յարձակումը կարելի է գնահատել որպէս Տանըլտ Թրամփի վարչակարգի կառավարման շրջանին, մասնաւորապէս 2018 թուականի մայիսէն ի վեր վերսկսած ամերիկա-իրանական հակամարտութեան սրացման գագաթնակէտը։ Աւելի քան մէկուկէս տարի շարունակուող դիմակայութիւնը դրսեւորուած է զուգահեռաբար քանի մը մակարդակներու վրայ՝ տնտեսական, քաղաքական-դիւանագիտական, ռազմական, քարոզչական, հոգեբանական եւ այլն։ Ընդ որում, իրավիճակային լարուածութեան յանգած որեւէ միջադէպ իր հերթին արտացոլուած է նշուած ուղղութիւններէն քանի մը հատին վրայ միաժամանակ։ Որպէս օրինակ կարելի է յիշել Իրանի շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներու դէմ յայտարարուած ամերիկեան պատժամիջոցները, «Իսլամական յեղափոխական պահակախումբի փաղանգ»ը ահաբեկչական կառոյց ճանչնալու Միացեալ Նահանգներու որոշումը, 2019 թուականի մայիսէն ի վեր շարունակուող «նաւթատարներու պատերազմ»ի ծիրէն ներս տեղ գտած իւրաքանչիւր սրացում եւ, ի հարկէ, Սիւլէյմանիի սպանութիւնը։

Եթէ պահ մը ընդունինք, որ ամերիկեան կողմը եւ յատկապէս Սպիտակ տունը, իրանցի զօրահրամանատարի «մաքրագործումը» կը ներկայացնէ, իբր «շատ յաջող հակաահաբեկչական գործողութիւն»։ Նման գաղտնի, յոյժ կարեւոր կառոյցի հրամանատարի սպանութիւնը ռազմական, ռազմավարական եւ հոգեբանական նշանակութենէն բացի, կը ներկայացնէ չափազանց մեծ կարեւորութիւն նաեւ, քարոզչական մակարդակի վրայ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրական տարուան համար ընդհանրապէս, եւ Տանըլտ Թրամփի դէմ ներկայիս նախաձեռնուած պաշտօնանկութեան գործընթացի ծիրէն ներս մասնաւորապէս։

Սիւլէյմանիի սպանութեան դէպքը, ըստ էութեան, ըլլալով լուրջ ռազմավարական կորուստ, անվտանգութեան առումով՝ ձախողութիւն Թեհրանի համար, իրանական կողմը կը փորձէ օգտագործել զայն միաժամանակ երկու հարթութեան վրայ, ներքին եւ արտաքին։ Ներքին ուղղութեամբ սեփական լսարանի համար նիւթը յաջողութեամբ կ՚օգտագործուի անցեալ տարեվերջին վառելանիւթի գինի թանկացման հետեւանքով տեղի ունեցած լայնամաշտապ զանգուածային բողոքի գործողութիւններու եւ անոնց ցրման նպատակով բիրտ ուժի կիրառման պատճառով ալեկոծուած իրանական հասարակութիւնը արտաքին թշնամիի դէմ համախմբելու, «հուժկու վրէժ»ի հասնելու, երկրին մէջ ստեղծուած ընկերատնտեսական խնդիրները երկրորդական մակարդակ մղելու, ինչպէս նաեւ ներքաղաքական կեանքին մէջ, նախագահ Հասան Ռուհանիի պաշտօնանկութեան միտուած գործընթացները չէզոքացնելու նպատակներով։

Արտաքին մասշտապով՝ Թեհրանի ջանքերը ուղղուած են միջազգային ասպարէզի մէջ, ամերիկեան յարձակումը որպէս «ահաբեկչական» ներկայացնելու, ինչպէս նաեւ, ըստ հնարաւորութեան, շատ երկիրներու զօրակցութիւնը, ցաւակցութիւնը ստանալու միտուած գործողութիւններուն։ Այս ծիրէն ներս, իրանական կողմը բաւական աշխոյժ քայլեր իրականացուցած է, օրինակ՝ ՄԱԿ-ի մէջ, «Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան» (ԻՀԿ) մէջ եւ այլն։ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Ճեւատ Զարիֆի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած են հեռախօսազրոյցներ բարեկամական երկիրներու՝ Հայաստանի, Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի, Թուրքմենիստանի, Տաճիկիստանի, Ռուսաստանի, Չինաստանի, Օմանի, Իրաքի, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր յանձնակատարի եւ այլ գործընկերներու հետ, որոնց ընթացքին հնչած ուղերձներուն մէջ, յատկապէս ընդգծուած է Իրանի բարձրաստիճան պաշտօնեայի վախճանի կապակցութեամբ Իրանի կառավարութեան եւ ժողովուրդին ուղղուած ցաւակցական միտքերը։

Ամերիկա-Իրան լարուած հակամարտութիւնը եւ անոր դրսեւորման աշխարհագրական շրջանը առաջնային օրակարգային ուղղութիւն դարձած է նաեւ Հայաստանի արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան համար։ Անցնող շուրջ երկու տարիներու ընթացքին Հայաստանը ոչ միայն հարկադրուած եղած է ուշադրութեամբ եւ զգօնութեամբ հետեւելու ծաւալող գործընթացներուն, այլեւ հրապարակային կամ չերեւցող մակարդակներու վրայ, անհրաժեշտութեան պարագային, նաեւ արձագանգած անոնց։ 2019 թուականի մայիս-յունիս ամիսներուն աշխուժացած «նաւթատարներու պատերազմ»ին հետեւանքով Պարսից ծոցի տարածքա-շըրջանին մէջ գերլարուած իրավիճակին տարաբնոյթ կերպով արձագանգած են Հայաստանի Հանրապետութեան համապատասխան պետական մարմինները, իրավիճակը քննարկուած է նաեւ Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին։ Այս ուղղութեան կարեւոր առանձնայատկութիւններէն է նաեւ այն իրողութիւնը, որ իրավիճակային սրացումներու պարագային Երեւանին ոչ-բարեկամ դերակատարներու կողմէն պարբերաբար փորձերու կը ձեռնարկուին տարաբնոյթ տեղեկատուական խայծերու միջոցաւ հրահրել սադրանքներ, հակամարտութեան կողմերէն որեւէ մէկու նկատմամբ Հայաստանի կեղծուած դիքորոշումը տարածելու նպատակով։

Նմանօրինակ նուրբ իրավիճակ ստեղծուած է նաեւ Սիւլէյմանիի սպանութեան հետ կապուած, ինչպէս հնարաւոր մարտահրաւէրներուն դիմակայելու, այնպէս ալ դիւանագիտական արձագանգի հարցով, երկու ուղղութեամբ ալ ցայժմ իրականացած գործողութիւնները թէ՛ բովանդակային, թէ՛ ժամանակային տեսանկիւնէ, չափելի են դրական առումով։ Մինչդեռ, յատկապէս պաշտօնական արձագանգի մակարդակն ու բովանդակութիւնը կը բարդացնեն այն հանգամանքը, որ կշիռքի հակադիր նժարներու վրայ են մէկ կողմէն հարեւան եւ բարեկամ երկիր, նաեւ հաւատացեալ շիի համայնքին պատկան, նոյնիսկ առասպելական ընկալում ունեցող զօրահրամանատարի նահատակութիւնը, որուն սպանութեան առթիւ հարեւան երկրին մէջ եռօրեայ սուգ յայտարարուած է, միւս կողմէ՝ խնդիրը առընչուած է մեր երկրին մէկ այլ բարեկամ դերակատարի՝ ԱՄՆ-ի կողմէ իրականացած «հակաահաբեկչական գործողութեան» ճամբով, որ «չէզոքացուցած» է «մերօրեայ աշխարհի ամենավտանգաւոր ահաբեկիչներ»էն մէկը։ Այս պարագային չափազանց կարեւոր է դիրքորոշման հարցով հաւասարակշռութեան պահպանումը եւ պաշտօնական արձագանգներու՝ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան սկզբունքներուն համապատասխան ձեւակերպումը, ինչպիսին, ըստ էութեան, արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութիւնն էր, առանցք ունենալով տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան պահպանման կարեւորութիւնը եւ որեւէ լարուածութիւն, դիւանագիտական ջանքերով լիցքաթափելու ջանքերը։

Նաեւ այս նիւթի հետ կապուած, խիստ կարեւոր է, ոչ բարեկամական շրջանակներու կողմէ ամերիկա-իրանական քարոզչական պատերազմին մէջ, Հայաստանի դիրքորոշման խեղաթիւրման փորձերու միջոցաւ նոր դիւանագիտական-քարոզչական սադրանքները չէզոքացնելու հանգամանքը։ Որպէս օրինակ, նոյն վերոնշեալ Զարիֆ-Մնացականեան հեռախօսազրոյցի վերաբերեալ տեղեկատուութիւնը հայկական կողմը տարածած է՝ պահպանելով դիւանագիտական կանոնի նրբութիւնները, ի տարբերութիւն, ըսենք, պաշտօնական Պաքուին, ներկայացնելով, թէ որու կողմէ նախաձեռնուած է հեռախօսազրոյցը։ Նոյն մօտեցումով ալ ձեւակերպուած են նաեւ հայկական կողմի ցաւակցական ուղերձները՝ ըստ էութեան, չէզոքացնելով Հայաստանի եւ բարեկամ երկիրներու յարաբերութիւնները որեւէ ձեւով ստուերելու կողմնակի փորձերը։

Ամփոփելով, հարկ է նշել, որ տարածքաշրջանային զարգացումները այս տարուան ընթացքին պիտի պարունակեն իրավիճակային պարբերական սրացումներ, եւ Հայաստանը, որպէս նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի կարեւոր հետաքրքրութիւններ ունեցող դերակատար, պէտք է պատրաստ ըլլայ պետական եւ համահայկական ողջ հնարաւոր գործիքակազմով, մէկ կողմէն, աչալրջութեամբ հետեւելու զարգացումներուն, միւս կողմէ՝ ունենալու արդէն իսկ մշակուած բեմագրական տարբերակներ՝ համապատասխան իրավիճակներու տակ գործելու, նաեւ հնարաւոր ոչ բարեկամական սադրանքները չէզոքացնելու նպատակով։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունուար 11, 2020