ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԻՆ ՄՕՏ

Թարգմանչաց տօնին առթիւ Հայաստանի Գրողներու միութիւնը հերթական այցելութիւնը կազմակերպած էր Մեսրոպ Մաշտոցի գերեզման, Օշական գիւղ: Երկու տարին անգամ մը «Կանթեղ» թարգմանչական մրցանակի տուչութիւնը կը կատարուի Օշական գիւղին մէջ, դարձեալ Հայաստանի Գրողներու միութեան կողմէ, իսկ մրցանակը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի եւ Հայաստանի Գրողներու միութեան միացեալ նախաձեռնութիւնն է:

 Ամենահաճելի եւ լուսաւոր հաւաքոյթներէն է գրողներու սոյն հաւաքները՝ աշխարհի որեւէ վայրի մէջ, թէեւ տարբեր է անոնց ժամանակը, տարածքը, որակն ու ոգեւորութիւնը: Այս տարուան ալ օշականագնացութիւնը այդ շարքը կը հիւսէր, սկսեալ հանրակառքէն հասնելով եկեղեցի, Մաշտոցի գերեզման, մրցանակաբաշխութեան սրահ, ապա միջոցառման նշանակուած սեղանին: Տաղանդի, վարպետութեան եւ առաքինութեան որակաւորումները գրողներու հաւաքոյթներուն կը հաւասարին ու ազնուութեամբ եւ արդարակերտ աուրայով մը պատուելով՝ կը ստեղծեն վերամբարձ, պատուելի ու համայնական մթնոլորտ։  Իմ կարծիքով՝ ան կը գերազանցէ իր «ուժով ու առաքելութեամբ» խորհրդարաններուն, աշխատանոցներուն, համալսարաններուն, բանակներուն ու ամէն տեսակի հաւաքոյթները: Մարդկութիւնը իր բոլոր հաւաքականութիւններով գիտակցօրէն կամ անգիտակցաբար գիտէ այդ մէկը, անկախ գրականութեան վայելած տեղէն, անոր ժողովրդականութենէն ու արժէքին ստեղծումէն:

 Ուրեմն, հասանք Օշական ու մտնելով եկեղեցի նորէն հին ու յաւերժաբար մշտանորոգ ամէն ինչի հոտն ու ոգին (մանաւանդ՝ այդ օրուայ մաշտոցեան թարգմանչաց պատգամով) պատեց, կլանեց մեզ, սլացում մը տալով ժամանակին: Մաշտոցը սովորական դէմք մը չէ, այո, անոր գործը հայ ժողովուրդի հոգիին ու ինքնութեան մէջ հրաշափառ տեղ ունի, բայց, Օշականի մէջ ու անոր գերեզմանին մօտենալով անձնապէս նորէն մէջս հազար ու մէկ լիցք, խոհ ու եզրայանգում եկաւ: Դժուար է ամէն մէկ զգացում, թրթիռ ու քրքիր, ապրում ու իմացութիւն գրի առնել, իսկ տեղ մըն ալ նոյնինքն գրականութեան հաճոյքը կը կայանայ այդ անվերջանալի համապարփակութեան հասնելու չլիացած ջանքին մէջ, որ կու տայ գրողին բացարձակ ներփակման ու ներառման առիթ տուեալ  պահուն։ Միեւնոյն ժամանակ գրականութիւնը խայթով մըն ալ կը յուշէ, թէ ներկայացուած ու փոխանցուած ամէն ինչ որքանով գրուած է մարդուս մէջէն ու մարդուս համար։ Մենք չենք հասնիր վերջաբանութեան կամ լիութեան՝ կեանքին ընթացքին ու էութեան պէս, ինչ որ յաւերժ յարափոփոխ է, կատարելագործուող կամ թաւալող:

Իջանք Մաշտոցի գերեզմանին մօտ, ուր բազմութիւնը կը մտնէր ու կ՚ելլէր: Գերեզմանի մուտքին կայ մեծ այբուբենի քանդակ մը, որ կը դիմաւորէ այցելուն, կարծես Մաշտոցի հոգին պատրոյգի վերածելու փորձ կը կատարէ: Ես ալ իջայ եւ սպասեցի, որպէսզի քիչ մը պարպուի սենեակը, որ  գետնին տակն է: Միշտ երկու տեսակ խոկում կայ․ մէկը՝ երբ բազմութեան մէջ ես, իսկ միւսը՝ երբ առանձին: Առաջինը երկրորդէն կը տարբերի իր ամէն ինչով, իսկ խոկումէն եկած եզրակացութիւնները շատ ամոքիչ են ամէն վայրկեան սփոփուելու ու կեանքի ամէնօրեայ փիլիսոփայութիւններով գոհանալու, ապրելու մեծ շրջագիծներու մէջ: Սպասածս ժամանակը երկար տեւեց եւ իմ հետի գրողները բարձրացած էին արդէն, այդ ժամանակը առիթ եղաւ տարբեր մարդիկ տեսնելու ու տարբեր խումբերու հոգեբանութիւններուն մէջ խորանալու: Ուսուցիչներ իրենց աշակերտներուն հետ, մեծահասակ մամիկներ եւ, անշուշտ, հոգեւորականներ: Հոգեպարար էր եպիսկոպոսներու խմբային ծնկաչոք համբուրումը Մաշտոցի շիրիմին, կարծես պատմութիւնը իր սլացիկ կամ դանդաղ, պատգամալից կամ ապարդիւն երեսակներով կը համենար ու կերպարները կը կերտէին ճանչուած ու չճանչուած դերեր: Այո, հոն է պատմականութեան հմայքը, երբ կը զգաս, թէ կեանքոտ է ամէն ինչ ամենահին համարուած վայրի մը մէջ: Մարդկային յաւերժ ձգտումը՝ պատմութիւնը ձեւով մը ըմբռնելով, զայն նոյն իր դերերու կրմամբ սլանալն է. «ես շառաւիղն եմ Մաշտոցի տառերուն, ես կրողն եմ Քրիստոսի խաչին, ես ներկայացուցիչն եմ Մուհամմէտին... եւ այլն»: Աչքիս առջեւ պատմութիւն կը կերտէին եպիսկոպոսները եւ կարծես հասկնալով փափաքս  չըլլալու՝ լուսաբար անէանալու, պատմելով ոգեղինանալու ու կատարելագործուելու ի վերուստ կամ ի վարին կոչումները, չէին ուզեր տեսնել զիս անկիւնը կանգնած:

Երբ դարձայ դէպի հակառակ կողմ, կարծես յանկարծ աչքիս դիմաց խորանը իջաւ երկինքէն: Ես կանգնած էի գետնայարկի Մաշտոցի գերեզմանին անկիւնը, իսկ վերը արդէն խորանէն կը կատարուէր Ս. Պատարագ՝ նուիրուած Ս. Թարգմանչաց տօնին: Դէմքս ուղղուած էր դէմքին սրբազանի կամ քահանայի, որ կը պատարագէր եւ այս անգամ կռնակս Մեսրոպ Մաշտոցի գերեզմանին էր, իրենց միջեւ ինքզինքս կը զգայի պատմութիւն ու ներկայ օղակող՝ կեանքի ամենաառաքելապաշտ զեղումով մը: Պատարագի մեղեդին, այբուբենին հետ կը կերտէին էութիւն, ուր մագլցումով մը կ՚աւելնար խռովքին պարծանք, պարծանքին հմայք, հմայքին յանձնառութիւն։

Մարդկային համայնական կերպարը բարութիւնն է, մշակոյթի ոգին քաղաքականութեանց, կայսրութիւններուն, անվերջանալի շահադիտութեան հետ հանդերձ կը սահմանուի  վեհութեամբ, համամարդկայնութեամբ ու բարիքի առաքինութեամբ: Բոլորս ունի՞նք՝ մեր բոլոր կրօններով, մեր բոլոր պետութիւններով ու մէկ առ մէկ բոլոր մարդոցմով: Ես չունիմ պատասխան մը, իսկ մտորումներս հոն կը տանէին, ուր Մեսրոպ Մաշտոց հետս կը խօսէր նաեւ մեծ առաքելութեան մը հունով, համամարդկայինով մը, ուր ինքնութիւնը ուրիշին, մրցակիցին նոյնիսկ թշնամիին հաշւոյն չէ: Երբ կ՚անդրադառնաս, որ քուկդ հակադրութեան մը համար չէ ստեղծուած, այլ ինքնութիւն պարզելու ազնուագոյն տենչին համար կատարուած է․ կ՚ուզես ա՛լ աւելի գրկել Մաշտոցը ու սուզուիլ հայերէն տառերուն մէջ, գրականութիւն, լեզու ու պայծառութիւն մը եւս աւելցնելու մարդկութեան երկար քարտէսին վրայ:

Երկար մնալէ ետք դուրս ելայ Մաշտոցի գերեզմանի սենեակէն ու փոքրիկ մատուռին մէջ դարձայ, խունկը շատ էր ու կարծես զայն կ՚ողողէր բջիջներս, տեսակ մը տարբերումի արդարացուած հաղորոդումներ տալով գոյակցութեանս: Խորհրդաւորը ինչքան պաշտելիէն գայ հասնի շարժուձեւին, այնքան գեղեցկօրէն կը տուայտի հոգիդ եւ կ՚ըլլաս բուն էականի կեդրոնաձգմամբ սուրբ անէական, այդ վիճակին մէջ էի եւ առանց մեծ ժպիտի ուրախ: Դուրսը նկարուեցանք գրողներու հետ, շատ ջերմ ու կատակներով լեցուն մթնոլորտով, կարծես բոլորս քիչ թէ շատ թեթեւնալու մղուած էինք նոյն մեր մեծ ընկալումներէն ետք։ Ինքնին երբ պատգամն ու վերակատար նորոգուող ներառնումը կը կատարուի, այն վայրկենական կը փնտռէ կենցաղն ու պարզը, որպէսզի հովանայ ու զգայ, թէ թարգմանուեցաւ: Ապա Թարմանչաց տօնին առթիւ յատկացուած մրցանակներու յանձնման արարողութիւնն էր եւ յետոյ փոքրիկ մտերմիկ քոքթէյլը, ուր «երկու սուրճերը» մեծ ու յատուկ սրճեփներու մէջ ըլլալով աւելի ջերմացուցին կարծեմ մանաւանդ՝ զիս, Յակոբն եւ Բաբգէնը:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունուար 11, 2025