ԳԱԳԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆԻ «ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ» ԴԱՇԻՆՔԸ ԵՒ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Ռամկավար ազատական կուսկացութեան (ՌԱԿ) սփիւռքի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ալեքսան Գարատանայեանին կարծիքով՝ սփիւռքը երբեք պէտք չէ միջամտէ Հայաստանի ներքին գործերուն: Գարատանայեան, որ այս մասին խօսած է «Առաւօտ» օրաթերթի խմբագիր Արամ Աբրահամեանի «Շանթ» ալիքէն սփռուող «Համայնապատկեր» յայտագրին ընթացքին, նոյնպէս վստահեցուցած է, թէ իրենք խնդիր չունին եթէ Յակոբ Աւետիքեանի ղեկավարած Հայաստանի ՌԱԿ-ը (անցեալին՝ ՀՌԱԿ) մասնակցութիւն բերէ յառաջիկայ Ապրիլին տեղի ունենալիք Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն:
Սփիւռքի կարծիք ունենալ-չունենալուն մասին քննարկումները այժմէական կը դառնային այն պահուն, երբ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի մօտիկ շրջանակներ մամուլին միջոցաւ լուրեր հրապարակեցին այն մասին, թէ «Ծառուկեան» դաշինքին մէջ ներգրաւուած պիտի ըլլան երկու աւանդական կուսակցութեանց՝ ՌԱԿ-ի եւ Սոցիալ Դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան (ՍԴՀԿ) ներկայացուցիչները: Ճիշդ է նաեւ, որ մինչեւ այս յօդուածին գրուիլը «Ծառուկեան» դաշինքը չէ յայտարարուած, բայց եւ այնպէս Երկուշաբթի երեկոյեան Ծառուկեանի մամլոյ խօսնակ՝ Իւետա Տօնոյեանի դիմատետրի գրառումը կ՚ալեկոծէր այդ դաշինքին շուրջ գոյացող դրական մթնոլորտը: Տօնոյեան կը յայտնէր, որ Ծառուկեան չ՚ուզեր ներքաշուիլ «ներկուսակցական մեքենայութիւններու մէջ», հետեւաբար ան կը դադրեցնէ ՌԱԿ-ի հետ համագործակցութիւնը:
«Առաջին Լրատուական» կայքէջին տրուած կարճ հարցազրոյցի մը ընթացքին ՌԱԿ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Աւետիս Տագէսեան կը յայտնէր, որ ինք որպէս Լիբանանի մարմնի ղեկավար չ՚ուզեր միջամտել Հայաստանի ՌԱԿ-ի գործերուն: Տագէսեան, որ ՌԱԿ-ը կը կոչէր ՀՌԱԿ եւ կը յայտարարէր, թէ ինք որպէս այդ կուսակցութեան Լիբանանի պատասխանատուն, կրնայ եւ իրաւունք ունի Լիբանանի ընտրութեանց մասին կարծիք յայտնելու, բայց ոչ Հայաստանի:
Տագէսեանի այս «տանելի» կարծիքէն ետք այս անգամ արժանթինահայ Սերխիօ Նահապետեանի առաջնորդած ՌԱԿ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը բաւական «խստաոճ» հաղորդագրութեամբ մը հանդէս գալով կը յայտարարէր, որ Հայաստանի ՌԱԿ-ը իրաւունք չունի սփիւռքի անունով հանդէս գալու: Աւելի՛ն, Նահապետեան ու անոր շրջանակը համոզում կը յայտնէին, որ իրենք դէմ են Հայաստանի ներքին գործերուն խառնուելու, այս պարագային՝ ընտրութիւններուն մասնակցելու:
Դէպքերու ընթացքը աւելի կը թէժանար, երբ նոյն վարչութեան երեւանաբը-նակ երեք անդամներ, այս անգամ հրապարակային մամլոյ ասուլիս մը տալով կը կարդային իրենց վարչութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը։ Անոնք կը փորձէին յաւելեալ բացատրութիւններ տալ իրենց որդեգրած ընտրութեանց չմասնակցելու որոշումին, կամ աւելի ճիշդը, դիմադարձելով Հայաստանի ՌԱԿ-ի որդեգրած որոշման դէմ կը փորձէին ամրագրել ընտրութիւններէն հեռու մնալու իրենց տեսակէտը:
Նոյն ասուլիսին ներկայ կ՚ըլլար ՌԱԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ եւ «Ազգ» թերթի խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան:
Աւետիքեան, որ բաւական կուռ խօսքով կը ներկայացնէր իր տեսակէտները եւ կը յայտարարէր, որ ներհայաստանեան զարգացումներուն առընթեր սփիւռքի մարմինները իրաւունք չունին թելադրողի դերով հանդէս գալ կամ աւելի կտրուկ ըսուած՝ խառնուիլ ՌԱԿ-ի հայաստանեան մարմնի գործերուն: Աւետիքեան այս առումով մասնաւորապէս կ՚ըսէր. «Մենք կ՚որոշենք մեր ընելիքը՝ յատկապէս ընտրական գործընթացներուն մէջ: Երբ սկսան Գագիկ Ծառուկեանի հետ բանակցութիւնները՝ գալիք ընտրութիւններուն պատրաստուելու նպատակով, տարբեր կարծիքներ հնչեցին, թէ մենք նման քայլերու ձեռնարկելու իրաւունք չունինք: Ի հարկէ, Սփիւռքի կառոյցները կան, գոյութիւն ունին, կրնան արտայայտել իրենց խօսքը, բայց չունին որոշումներ կայացնելու իրաւունք»: Աւետիքեան քիչ մը աւելի հեռու երթալով իր մօտեցումներուն մէջ յստակ մեղադրանք կը հնչեցնէր Հայաստանի իշխանութիւններու հասցէին՝ ըսելով, որ իշխանութիւնները կարեւոր ճիգեր գործադրեցին խափանելու համար՝ իրենց «Ծառուկեան» դաշինքին մասնակցութիւնը:
Բացի ՌԱԿ-էն, «Ծառուկեան» դաշինքին պիտի անդամակցէր ՍԴՀԿ-ն, որուն մասնակցութեան հարցը նոյնպէս «կ՚ազդուէր» ՌԱԿ-ի շուրջ ստեղծուած «աղմուկ»ին պատճառով:
Բացորոշ է, որ «Ծառուկեան» աւանդական կուսակցութիւններուն ուղղութեամբ կատարած իր «մօտեցումով»՝ նպատակ ունէր ապահովել սփիւռքի «բարոյական» աջակցութիւնը։ Բայց եւ այնպէս, նկատելէ ետք ՌԱԿ-ի շուրջ առկայ «էնտիրկ»ները (բառը՝ Ծառուկեանի խօսնակինն է), կ՚ապրէր որոշ «հիասթափութիւն» եւ առնուազն ետ կը կանգնէր ՌԱԿ-ը իր դաշինքին մէջ ներգրաւելու գործընթացէն:
Ամէն պարագայի, որոնք ալ ըլլան «Ծառուկեան» դաշինքի անդամ կողմերը՝ երեւելի է նաեւ, որ հոն եւս կան որոշ խմորումներ:
Գլխաւոր հարցը անշուշտ Ծառուկեանի «խնամի»ն՝ նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի պարագան է:
Նոյն թեմային մասին յստակ ընդգծումներ եղան այն պահուն, երբ Աբրահամեան հեռացաւ «Հանրապետական» կուսակցութեան շարքերէն եւ այդ քայլին համատեղ «նշաններ» ուղարկեց Ծառուկեանին, որ կը փափաքի մասնակցիլ վերջինիս կազմելիք դաշինքին: Ու այդ «հայց»ին առ ի պատասխան ստացաւ Գագիկ Ծառուկեանի՝ ո՛չը: Աբրահամեան, որ փորձեց նաեւ «Հանրապետական»էն դուրս բերել իր «շրջապատի» մարդիկը, չկարողացաւ «մեծ աղմուկ» բարձրացնել ու այսօր ալ կը գտնուի բաւական «անել» կացութեան մը մէջ: Եթէ պատահէր, որ ան յաջողէր մեծ թիւով հանրապետականներ դուրս բերել իրեն հետ, այդ պարագային ան պիտի ստեղծէր իր «անձնական» դաշինքը, բայց այդպէս չեղաւ:
Ուրեմն Յակոբ Աւետիքեանի յառաջ քշած վարկածը, որ իշխանութիւններն են, որոնք «արգելք»ներ կը դնեն ՌԱԿ-ի «Ծառուկեան» դաշինքին մասնակցութեան դէմ, կը դառնան «չափազանցութիւն»:
Այսինքն խնդիրը նախ եւ առաջ պէտք է փնտռել «Բարգաւաճ Հայաստան»ի «վերադարձող» առաջնորդի «ներքին խոհանոց»ին մէջ: Կայ նաեւ վարկած մը, որ նոյն այդ «խոհանոց»ին մէջ կան ուժեր, որոնք համամիտ են «առանձինն» երթալ ընտրութիւններուն, առանց ստեղծելու մեծ ընտրական դաշինք մը:
Չմոռնանք, որ 2012 թուականին կազմուած խորհըր-դարանին մէջ «Բարգաւաճ Հայաստան»ը խորհրդա-րանական երկրորդ ուժն էր ու այսօր ալ այդ կուսակցութիւնը ունի յար եւ նման «ներուժ»ը՝ Ազգային ժողով մտնելու իր նախկին ուժեղ դիրքերով:
Ծառուկեան կը մտածէ համահայկական գոյն տալ իր կուսակցութեան ու իր մօտ հաւաքել նաեւ սփիւռքի միւս ուժերը:
Եթէ հաշուի առնենք, որ այսօրուան դրութեամբ սփիւռքի «գլխաւոր» ուժը՝ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն (ՀՅԴ) է, ապա յստակ է նաեւ, որ ՌԱԿ-ն ու ՍԴՀԿ-ն ունին բաւական կարեւոր դեր, պայմանաւ, որ անոնք ներկայանան միացեալ դիրքերէ եւ ունենան համահունչ կեցուածքներ:
Մինչ հնչակեաններուն մօտ երեւելի է «կուսակցական կարգապահութեան» մը կարեւոր ստուերը, նոյնը չէ պարագան ՌԱԿ-ին, որ արդէն անցնող առնուազն տասն տարիներուն ունի ներքին բաւական լուրջ տարակարծութիւններ:
Իշխանութեան ունեցած «վատ» դերակատարութեան մասին խօսք գնաց, սակայն հարց պիտի տանք, ինչո՞վ պիտի տուժէ իշխանութիւնը, եթէ Ազգային ժողովին մէջ երկու աւանդական կուսակցութիւնները ունենան մի քանի ներկայացուցիչներ:
Յետոյ, ո՞վ կը վստահեցնէ, որ այսօրուան իշխանութեան համար ձեռնտու է ունենալ միագոյն, միակարծիք, միատեսակ սփիւռք մը:
Ասոնք ի հարկէ մտածելու տեղի տուող հարցեր են: Հարցեր, որոնց պատասխանները անպայման գործող իշխանութիւններուն կամ Գագիկ Ծառուկեանին մօտ չեն գտնուիր, այլ՝ տարբեր տեղեր:
Ու այս բոլորէն անդին, ընդունելի ալ չէ, որ սփիւռքը ընդհանրապէս Հայաստանի «ներքին գործերուն» պիտի չխառնուի: Եթէ ընդունինք, որ սփիւռքը ինքնանպատակ չէ, ապա այն ատեն հասկնալի կը դառնայ, որ սփիւռքի դրական փորձը եւ ներուժը Հայաստանի փորձին «խառնելու» գործընթացը կը դառնայ աւելի արդիւնաւէտ:
Կայ նաեւ այլ դիտարկում մը: Օրինակ՝ եթէ ՌԱԿ-ը ներքին հարցեր չունենար ու ներկայանար որպէս մէկ ամբողջութիւն, ապա նոյն Սերխիօ Նահապետեանի գլխաւորած Կեդրոնական վարչութեան համար մերժելի՞ պիտի դառնար ՌԱԿ-ի մէկ անդամին խորհրդարան հասնիլը:
Բնականաբար ո՛չ: Ու այս առումով նաեւ վտանգաւոր կը դառնան ընդհանրական մօտեցումները: Այսինքն տանելի չէ ըսել, որ սփիւռքը պիտի չխառնուի Հայաստանի գործերուն, երբ ինքը՝ սփիւռքը ունի մէկ եւ միակ նպատակ, որ հայաստանակեդրոն ըլլալն է եւ որուն զինուորագրուած են Յակոբ Աւետիքեանի առաջնորդած ՌԱԿ-ի շրջանակները եւ այդ շրջանակներուն մէջ ազդեցիկ խօսք եւ ներկայութիւն ունեցող ղեկավարները:
Ազգային-աւանդական կուսակցութիւններուն համար (ՀՅԴ-էն բացի, որուն գերագոյն մարմինը՝ Բիւրոն վաղուց Հայաստան հաստատուած է) բացի հայաստանակեդրոն ըլլալէ, այլընտրանք գոյութիւն չունի:
Ու անոնք, որոնք սփիւռքի մէջ «երկար կեանք» վարել կը մտածեն, առնուազն պատրանաթափ պիտի ըլլան, որովհետեւ սփիւռքը դատապարտուած է դանդաղ «մահուան»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան