ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Դ

ԹԷ ՔՐԻՍՏՈՍ ԱՌԱԿՈՎ ԿԸ ԽՕՍԷՐ

Հարցում. Ինչո՞ւ համար առակով կը խօսէր:

Պատասխան. Հինգ պատճառով, նախ՝ որպէսզի կատարուի խօսքը. «Առակով պիտի բանամ Իմ բերանս» (Սղ 78.2), եւ այլն: Երկրորդ՝ որովհետեւ առակաւոր խօսքը մարդոց սիրելի է, քան՝ պարզը: Երրորդ՝ որովհետեւ միջնորդի միջոցով ճշմարտութեան կը հասնինք, ինչպէս աստիճանով՝ դէպի վեր: Չորրորդ՝ որովհետեւ առաւել հաստատուն կը մնայ: Ասիկա իրենիններուն համար: Հինգերորդ՝ օտարներուն համար, որպէսզի խօսքը ծածուկ պահէ, ըստ այնմ՝ «պիտի տեսնեն ու չտեսնեն» (Հմմտ. Ես 6.9), եւ այլն:

ՈՐԱՆԵՐՈՒ ՍՊԻՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Հարցում. Ի՞նչ կը նշանակէ արտերուն սպիտակութիւնը:

Պատասխան. Նախ՝ բնականապէս, որովհետեւ երբ չորս տարերքը կը կատարուին, կը սպիտակի ու կը հնձուի, որովհետեւ արմատը հողինն է, կանաչիլը՝ ջուրին, ծաղկիլը՝ օդին եւ սպիտակիլը՝ հուրին, իսկ նշանակաբար ցոյց կու տայ մարդոց մեծութիւնը, երբ չորս տարերքը կը փոփոխուին, որովհետեւ օդը՝ տղայութեան ժամանակ է, հուրը՝ երիտասարդութեան, հողը՝ կատարեալ հասակին, ջուրը՝ ծերութեան եւ ապա հունձքը՝ մահուան: Դարձեալ, չորս աշխարհինն ալ չորս փոփոխում է. մէկը՝ Ադամին բնական օրէնքը, երկրորդ՝ Նոյի բանականը, երրորդ՝ Մովսէսի գրաւորը եւ չորրորդ՝ Քրիստոսի Աւետարանը, ու ապա աշխարհի կատարածն ու հունձքը:

Դարձեալ ըստ տումարին կը հասկցուի, որ կ՚ըսէ. «Զատիկը ունեցիր, վրան ութը աւելցուր, տուր չորրորդ ամսին Վարդավառ է», որ հանդերձեալ ու վերջին օրուան պատկերն է ու ցորենի հաւաքումը՝ արդարներուն Երկինքի Արքայութեան շտեմարաններուն մէջ ու որոմներուն՝ մեղաւորներուն դժոխքի մէջ այրուելու, որմէ փրկէ մեզ մեր Քրիստոս Աստուածը:

ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՒՆՁՔԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Քրիստոս երբ աշակերտներուն սորվեցուց մարդոց փրկութեան համար քարոզութիւն ընելու, դարձեալ կը յօժարեցնէ զանոնք հատուցման վարձին համար, մինչ կ՚ըսէ.

Խօսք. «Հնձողը իր վարձքը կ՚առնէ» (Յհ 4.36):

Մեկնութիւն. Որովհետեւ ինչպէս սամարացիները Քրիստոսի հաւատքին եկան, նոյնպէս գիտէր, թէ հեթանոսներուն բազմութիւնները աշխարհի բոլոր կողմերը առաքեալներուն միջոցով պիտի հաւատան, այդ պատճառով վարձք կը խոստանայ՝ յաւիտենական կեանքը: Իսկ հնձելը՝ չարաչար մեղքերէն ազատիլն է ու կեանքի պտուղը ժառանգելը:

Կրկին պատճառով կ՚ըսուի հոգեւոր հունձք. առաջին՝ որով մարդիկ հաւատքի կը բերուին, եւ այստեղ հնձողները՝ առաքեալներն էին. երկրորդ հունձք, հրեշտակներուն միջոցով, երբ հաւատացեալները Երկինքի Արքայութեան շտեմարաններուն մէջ պիտի հաւաքուին, ատոր համար կ՚ըսէ. «Յաւիտենական կեանքի համար հունձք կը հաւաքէ» (Յհ 4.36), այսինքն՝ հեթանոսներուն բազմութիւնը յաւիտենական կեանքին: Ասոնք ալ կրկին են. այսինքն՝ առաքեալները նախ հաւատքը պիտի հնձեն, երկրորդ՝ բարի գործերը: Նոյնպէս հրեշտակները. նախ հոգիներու կայանին համար կը հնձեն, եւ երկրորդ՝ կատարծին հոգիով եւ մարմինով պիտի հաւաքեն երկինքի փառքին համար:

Տե՛ս, թէ արդարներուն փառքը կատարածին է:

Խօսք. «Որպէսզի ցանողն ու հնձողը միասին ուրախանան» (Յհ 4.36):

Մեկնութիւն. Նախ՝ սերմանող, նախահայրերն ու մարգարէները, եւ հնձող՝ առաքեալները, որովհետեւ անոնք հաւատքի առաջին սերմերը սերմանեցին, բայց առաքեալները հնձեցին, քանի որ ժողովուրդները կատարեալ հաւատքին կ՚ածեն, սակայն երկուքը միասին կ՚ուրախանան, կ՚ըսէ:

Եւ անոնցմէ չորսը մէկ է, եւ չորսը՝ ուրիշ. նախ՝ պատուիրաններուն սերմը մէկ է: Երկրորդ՝ Աւետարանիչին մէկ հրամանով: Երրորդ՝ մարդոց մէկ միտքին: Չորրորդ՝ հաւատքի մէկ խօսքին:

Եւ չորսը ուրիշ. նախ՝ որովհետեւ ուրիշ են մարգարէները եւ ուրիշ՝ առաքեալները: Երկրորդ՝ մարգարէները՝ օրինակը, իսկ առաքեալները՝ ճշմարտութիւնը: Երրորդ՝ անոնք՝ հրեաներուն, իսկ ասոնք՝ քրիստոնեաներուն: Չորրորդ՝ անոնք՝ անկատար հաւատքը միայն մէ՛կ Աստուածը, ասոնք՝ կատարեալ Երրորդական անձնաւորութիւնները ուսուցանեցին:

Երկրորդ՝ սերմանողները մարդիկն են, իսկ հնձողները՝ հրեշտակները, ինչպէս ցոյց տըր-ւեցաւ: Ասիկա անոնց մասին:

Իսկ այժմ մեր մասին. չորս են սերմանողները եւ չորս՝ հնձողները. նախ՝ սերմանող են վարդապետները ու հնձող՝ աշակերտները: Երկրորդ՝ սերմանող են քահանաները ու հնձող՝ ժողովուրդները: Երրորդ՝ սերմանող են տեսականները ու հնձող՝ գործնականները: Չորրորդ՝ սերմանողն է Հոգին, ինչ որ գիտէ, կը կամենայ, կը տեսնէ ու կը լսէ, իսկ կրողն ու հնձողը մարմինն է, եւ ասոնց կ՚ըսէ՝ թէ միասին պիտի ուրախանան:

ԹԷ ՓԱՌՔՆ ԱԼ ՄԻԱՍԻՆ Է

Խօսք. «Շատ շիտակ ըսուած է խօսքը» (Յհ 4.37):

Մեկնութիւն. Չորս միտքով է. նախ՝ երկրին հակառակ է, որովհետեւ երբ ուրիշներ կը սերմանեն ու ուրիշներ կը հնձեն, սերմանողները կը տրտմին, իսկ հնձողները կը ցնծան: Իսկ ասիկա ճշմարիտ է, որովհետեւ երկուքը միասին պիտի ուրախանան:

Երկրորդ՝ երկրի մէջ գոյ է, որ մէկը կ՚աշխատի, կը սերմանէ ու կը հաւաքէ, իսկ միւսը կը յափշտակէ ու կը վայելէ, որոնք՝ զրկողներ են: Իսկ այստեղ արդար է, որովհետեւ միասին պիտի վայելեն:

Երրորդ՝ հրեաներուն մէջ այս խօսքերը առակով կ՚ըսուիէն, երբ մէկը աշխատանքով բանի մը համար ցաւէր, իսկ միւսը անոր աշխատանքը վայելէր, կ՚ըսէին՝ մէկը կը սերմանէ իսկ միւսը կը հնձէ, իսկ այս խօսքը ճշմարտացաւ հոգեւոր սերմանողներուն ու հնձողներուն վրայ:

Չորրորդ՝ Տէրը Ի՛նք կ՚ըսէ. «Ուրիշները շատ աշխատեցան, իսկ դուք բազմաթիւ հունձքերը կը հնձէք, անոնց շատ յոգնութիւնը ձեզի, եւ ձեր բազումը՝ անոնց» (Հմմտ. Յհ 4.38): Եւ այս ճշմարիտ խօսք է, որովհետեւ նախահայրերն ու մարգարէները շատ աշխատեցան՝ Քրիստոսի գալուստը աւետարանելով, ատոր համար կ՚ըսէ. «Ուրիշներ աշխատեցան եւ դուք անոնց յօգնութենէն օգտուեցաք» (Յհ 4.38), այսինքն՝ անոնց մարգարէութիւններուն կատարումը քարոզեցէք:

Եւ գիտելի է, թէ ըսելը՝ միասին պիտի ուրախանան, երկու տարակոյս կը լուծէ. նախ՝ որովհետեւ ոմանք կ՚ըսեն, թէ հոգիները նախքան դատաստանը փառք կը ստանան, այստեղ կ՚ըսէ. «Միասին պիտի ուրախանան»: Նոյն բանը Առաքեալը կ՚ըսէ Եբրայեցիներուն ուղղած նամակին մէջ. «Որովհետեւ Աստուած մեզի համար աւելի լաւ բան մը նախատեսած ըլլալով՝ չուզեց որ անոնք խոստումին իրականացման հասնին առանց մեզի» (Եբր 11.40), այսինքն՝ ո՛չ առաջինները առանց վերջիններուն, ո՛չ ալ հոգիները առանց մարմիններուն: Երկրորդ՝ կը լուծէ տարակոյսը ոմանց, որոնք կ՚ըսեն, թէ Ադամ մահուան պտուղէն չէր կերած, այլ՝ կեանքի, եւ կամ թէ՝ այնտեղ աճում կ՚ըլլար, ինչպէ՞ս երկինք պիտի փոխուէին, առանձի՞ն, թէ՞ հասարակ: Այստեղ կ՚ըսէ այն լուծումը, թէ միասին պիտի ուրախանան, ինչպէս այստեղ եղաւ, նոյնպէս ալ այնտեղ պիտի ըլլայ:

Խօսք. «Այդ քաղաքէն շատեր հաւատացին» (Յհ 4.39):

Մեկնութիւն. Երեք միտք յայտնի է մեկնիչէն: Դարձեալ, այս կնոջ վկայութիւնը կրկնակի պատճառով հաւատալի է. նախ՝ որովհետեւ կինը հակառակ պատ-ւին ու իրենց հարկաւորութիւններուն՝ կ՚ըսէր ճշմարտութեան հանդէպ նախանձին համար: Երկրորդ՝ որովհետեւ անոր կը յայտնէր, որ Քրիստոս իր ծածուկ բաները յայտնեց, սակայն այս վկայութիւնը կատարելապէս չհաւատացուց սամարացիները, այլ անոնց հաւատքի կարողութիւնը Քրիստոսէ եղաւ, այդ պատճառով կ՚աղաչէին Անոր, որ իրենց մօտ մնայ, որպէսզի աւելիով սորվին: Այդ պատճառով լսեց անոնց, որովհետեւ գիտէր օգուտը, որ անոնց եղաւ, քանի որ անոնք որոնք կնոջ խօսքերուն չհաւատացին, Քրիստոսի խօսքերէն հաւատացին:

Խօսք. «Կնոջ կ՚ըսէին. “Խօսածներուդ համար չէ՛, որ կը հաւատանք”» (տե՛ս Յհ 4.42):

Մեկնութիւն. Ինչպէս փոքր լոյսը մեծ լոյսին առջեւ կ՚աներեւութանայ, այդպէս ալ այստեղ պատահեցաւ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 39

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Փետրուար 11, 2020