Երաժիշտ-Երգիչներու Առասպելական Կիներ

Իրո­ղու­թիւն է, որ ա­րուես­տա­գէտ­նե­րը որ­քան վա­ւե­րա­կան ըլ­լան, այն­քան դժուար կ՚ըլ­լայ ա­նոնց հետ ապ­րի­լը, ո­րով­հե­տեւ ա­րուես­տա­գէ­տը ի՛ր օ­րէն­քով, բնազ­դով ապ­րող էակ մըն է, որ շատ յա­ճախ բա­խում­ներ կ՚ու­նե­նայ իր շրջա­պա­տին, նոյ­նիսկ ինքն ի­րեն հետ: Սա­կայն յա­ճախ իս­կա­կան եւ մնա­յուն սէրն է, որ կի­նե­րը կը կա­պէ այդ­պի­սի ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու, այս պա­րա­գա­յին՝ ե­րա­ժիշտ-եր­գիչ­նե­րու: Ներ­կա­յիս, երբ յա­ճախ ա­կա­նա­տես կ՚ըլ­լանք ա­մուս­նա­լու­ծում­նե­րու եւ բա­ժա­նում­նե­րու պատ­ճա­ռով ըն­տա­նիք­նե­րու քան­դու­մին, որ­քա՜ն հա­ճե­լի է տես­նել աստ­ղեր, ո­րոնք տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր միա­սին են: Ա­ւե­լի՛ն. կի­ներ, ո­րոնք չեն վախ­ցած ի­րենց կեան­քը կա­պել զգաց­մուն­քա­յին եւ բռնկուն ռաք եր­գիչ­նե­րու, հա­կա­ռակ ա­նոր որ ու­նե­ցած են փո­թոր­կոտ կեանք մը:

*

ՄՆԱ­ՅՈՒՆ ՍԷՐ. ՌԱՔ ԵՐ­ԳԻ ՄԱՐ­ԶԻ
­ԳՈ­ՅԱ­ՏԵ­ՒՈՂ Ա­ՄՈՒՍ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵՐ

«Ռաք էն ռոլ» եր­գիչ­նե­րու ա­մուս­նու­թիւն­նե­րը յա­ճախ փո­թոր­կոտ ե­ղած են: Նոյ­նիսկ լա­ւա­գոյն ա­մուս­նու­թիւն­նե­րը եր­բեմն մեծ ջանք կը պա­հան­ջեն: Ա­մուս­նա­կան կեան­քին վրայ բազ­մազ­բաղ ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցի եւ եր­կա­րա­տեւ բա­ցա­կա­յու­թիւն­նե­րու յա­ւե­լու­մը ռաք աստ­ղե­րուն հա­մար շատ դժուար կը դարձ­նեն ու­ղին (չխօ­սե­լով փոր­ձու­թիւն­նե­րու մա­սին, ո­րոնք մատ­չե­լի են ի­րենց): Բա­րե­բախ­տա­բար այս ցան­կին մէջ պի­տի գտնէք «ռաք» աստ­ղե­րու զոյ­գեր, ո­րոնք յաղ­թա­հա­րած են այդ դժուա­րու­թիւն­նե­րը եւ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ միա­սին մնա­ցած են տաս­նա­մեակ­ներ՝ շնոր­հիւ այն խենթ ման­րու­քին, որ սէր կը կո­չուի:

ՏԷՅ­ՎԻՏ ՊՈ­ՎԻ ԵՒ Ի­ՄԱՆ­ Ա­ՄՈՒՍ­ՆԱ­ՑԱԾ՝ ՅՈՒ­ՆԻՍ 1992-ԻՆ

Եր­գիչ Տէյ­վիտ Պո­վի եւ իր հռչա­կա­ւոր բնոր­դու­հի կի­նը՝ Ի­ման, մօ­տե­ցած են ի­րենց ա­մուս­նու­թեան 25-ա­մեա­կին: Ըստ եր­գի­չին, ինք ա­ռա­ջին հան­դի­պու­մէն եւ նա­յուած-­քէն սի­րա­հա­րած է Ի­մա­նի: Զոյ­գը  ան­մի­ջա­պէս սկսած է ա­պա­գայ ե­րա­խա­նե­րու ա­նուն­նե­րու փնտռտու­քի: Տէյ­վիտ եւ Ի­ման նոյ­նիսկ միաս­նա­բար ան­մա­հա­ցած են «Տրիմ­քաստ 3Տի» խա­ղով՝ Օ­միկ­րոն. Նո­մատ Սոլ», ո­րուն ե­րաժշտու­թիւ­նը յօ­րի­նած է Պո­վի:

Զոյ­գը միա­սին ու­նի դուստր մը, իսկ Ի­ման որ­դեգ­րած է Տէյ­վի­տի նա­խորդ ա­մուս­նու­թե­նէն ու­նե­ցած տղան՝ շար­ժա­պատ­կե­րի յայտ­նի բե­մադ­րիչ Տուն­քան Ճո­նըզ:

ԹԵՏ ՆԱ­ՃԵՆՏ ԵՒ ՇԻ­ՄԱՆ ՏԵ­ԶԻԵԼ­
Ա­ՄՈՒՍ­ՆԱ­ՑԱԾ՝ ՅՈՒ­ՆՈՒԱՐ 1989-ԻՆ

Թետ Նա­ճենտ ա­մուս­նա­ցաւ Տե­զիե­լի հետ Յու­նուար 1989-ին, երբ եր­կու­քը հան­դի­պե­ցան Տիթ­րո­յի­թի ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նին մէջ, ուր Շի­ման լու­րե­րու հա­ղոր­դա­վա­րու­հի էր: Զոյ­գը նաեւ միաս­նա­բար պատ­րաս­տած եւ 2002-ին հրա­տա­րա­կած է ե­փե­լու ա­րուես­տի գիրք մը: Ու­նին միայն մէկ զա­ւակ:

ՔԷՅԹ ՌԻ­ՉԸՐՏՑ ԵՒ ՓԱ­ԹԻ ՀԱՆ­ՍԸՆ Ա­ՄՈՒՍ­ՆԱ­ՑԱԾ՝ ԴԵԿ­ՏԵՄ­ԲԵՐ 1983-ԻՆ

«Ռոլ­լինկ Սթոնզ» խում­բի կի­թա­ռա­հար Քէյթ Ռի­չըրտց իր ա­պա­գայ բնոր­դու­հի կնոջ՝ Փա­թի Հան­սը­նի հան­դի­պած է 1979-ին, բայց զոյ­գը ա­մուս­նա­ցած է Դեկ­տեմ­բեր 1983-ին, Ռի­չըր­տցի 40-րդ տա­րե­դար­ձին օ­րը: Ա­նոնք եր­կու դստ­րեր ու­նին:

ՏԻ ՍՆԱՅ­ՏԸՐ ԵՒ ՍՈՒ­ԶԷԹ ՍՆԱՅ­ՏԸՐ­
Ա­ՄՈՒՍ­ՆԱ­ՑԱԾ՝ ՀՈԿ­ՏԵՄ­ԲԵՐ 1981-ԻՆ

«Թուիս­թըր սիս­թըրզ» խում­բի Տի Սնայ­տըր իր կնոջ՝ Սու­զէ­թի հետ  ու­նե­ցած են բա­ւա­կան հե­տաքրք­րա­կան սի­րոյ պատ­մու­թիւն մը, որ Տի կը վե­րա­պատ­մէ իր յու­շե­րու սքան­չե­լի գիր­քին՝ «Լռէ՛ եւ ին­ծի բարձ­րա­խօ­սը տո՛ւր» մէջ: Ա­նոնք ի­րա­րու հան­դի­պե­ցան, երբ Սու­զէթ տակաւին տասնհինգ տա­րե­կան էր եւ Տի՝ քսանմէկ: Տա­րի­քի տար­բե­րու­թեան պատ­ճա­ռով Տի պար­տա­ւո­րուե­ցաւ Սու­զէթի ծնող­քը հա­մո­զել, որ ինք յար­մար փե­սա­ցուն է ա­նոնց աղջ­կան: Յստա­կօ­րէն ժա­մա­նա­կը փաս­տեց, որ Տի ճիշդ էր: Ա­նոնք չորս զա­ւակ­ներ ու­նին:

ՌԻՆ­ԿՕ ՍԹԱՐ ԵՒ ՊԱՐ­ՊԱ­ՐԱ ՊԱԽ­
Ա­ՄՈՒՍ­ՆԱ­ՑԱԾ՝ ԱՊ­ՐԻԼ 1981-ԻՆ

«Պի­թըլզ»ի նախ­կին ան­դամ Ռին­կօ Սթար իր կնոջ հան­դի­պած է  «Քա­րան­ձա­ւի բնա­կիչ» շար­ժա­պատ­կե­րի նկա­րա­հա­նում­նե­րու ա­տեն, 1980-ին, եւ ա­նոնք քիչ ժա­մա­նակ ետք ա­մուս­նա­ցան, Ապ­րիլ 1981-ին: Ռին­կօ եւ իր կի­նը՝ Պար­պա­րա Պախ, որ հե­րո­սու­հին էր Ճէյ­մըս Պոն­տի «Լրտե­սը, որ սի­րեց զիս» շար­ժա­պատ­կե­րին, ի­րենց ժա­մա­նա­կը կ՚ան­ցը­նեն Լոս Ան­ճե­լը­սի եւ Մոն­թէ Քար­լո­յի ի­րենց բնա­կա­րան­նե­րուն մէջ:

ՄԱՅՔԸԼ ԱՆ­ԹՈ­ՆԻ ԵՒ ՍՈՒ ԱՆ­ԹՈ­ՆԻ­
Ա­ՄՈՒՍ­ՆԱ­ՑԱԾ՝ ՓԵՏ­ՐՈՒԱՐ 1981-ԻՆ

Վան Հա­լէ­նի եւ «Չի­քըն Ֆու­տի»ի ան­դամ  Մայքըլ Ան­թո­նի ա­մուս­նա­ցած է երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րա­նի իր պաշ­տե­լի  ըն­կե­րու­հիին՝ Սուի հետ: Ա­նոնք սի­րա­հա­րած եւ ի­րա­րու ըն­կեր ե­ղած են 1971-ին: Ա­մուս­նա­կան մա­տա­նին ան­ցու­ցած են տասն տա­րի ետք, Փետ­րուար 1981-ին, երբ Սու ինք ա­մուս­նու­թիւն ա­ռա­ջար­կած է Մայ­քը­լի, «Մաք ­Տո­նալտզ» ճա­շա­րա­նին մէջ: Իս­կա­կան պատ­մու­թիւն:

Ա­նոնք ու­նին եր­կու դուստր:

Օ­ԶԻ ՕԶ­ՊՈՐՆ ԵՒ ՇԵ­ՐԸՆ ՕԶ­ՊՈՐՆ­
Ա­ՄՈՒՍ­ՆԱ­ՑԱԾ՝ ՅՈՒ­ԼԻՍ 1982-ԻՆ

«Պլեք սա­պաթ» խում­բի ան­դամ եւ ա­ռան­ձին հռչակ նուա­ճած Օ­զի Օզ­պորն եւ կի­նը՝ Շե­րըն ե­լե­ւէջ­նե­րով կեանք մը ու­նե­ցած էին, սա­կայն Յու­լիս 1981-ին ա­մուս­նա­նա­լէ ետք, յստա­կօ­րէն եր­կա­րա­տեւ, կա­յուն ա­մուս­նա­կան կեանք ու­նե­ցան: Շե­րըն գոր­ծա­վարն էր Օ­զիի, որ կ՚ը­սէ, թէ ե­թէ կի­նը չըլ­լար, ինք շա­տոնց մա­հա­ցած կ՚ըլ­լար: Ա­նոնք ե­րեք զա­ւակ­ներ ու­նին:

ԱՆ­ԿԸՍ ԵԱՆԿ ԵՒ Է­ԼԷՆ ԵԱՆԿ­ Ա­ՄՈՒՍ­ՆԱ­ՑԱԾ՝ 1980-ԻՆ

«Էյ.Սի./Տի.Սի.» խում­բի հիմ­նա­կան կի­թա­ռա­հար Ան­կըս Եանկ եւ իր կի­նը՝ Է­լէն, յստա­կօ­րէն ի­րենց անձ­նա­կան կեան­քը կ՚ար­ժե­ւո­րեն եւ բա­ւա­րար պատ­մու­թիւն­ներ չեն հրա­պա­րա­կուիր ա­նոնց մա­սին: Կը հա­ղոր­դուի, որ ա­նոնք բնա­կա­րան­ներ ու­նին Սիտ­նիի (Աւստ­րա­լիա) եւ Է­լէնի ծննդա­վայրը՝ Աալ­թե­նի մէջ (Հո­լան­տա): Ա­նոնց ա­մուս­նու­թիւ­նը կա­ռա­վա­րու­թեան մօտ պաշ­տօ­նա­պէս ար­ձա­նագ­րուած է 1980-ին:

ՆԻԼ ԵԱՆԿ ԵՒ ՓԵ­ԿԻ ԵԱՆԿ­Ա­ՄՈՒՍ­ՆԱ­ՑԱԾ՝ 1978-ԻՆ

Նիլ Եանկ եւ Փե­կի Եանկ ա­մուս­նա­կան մա­տա­նին ան­ցու­ցին 1978-ին: Ա­մու­սի­նին եր­գե­րուն պար­բե­րա­բար ըն­կե­րակ­ցե­լէ եւ ա­ռան­ձին իր եր­գի աս­պա­րէ­զը շա­րու­նա­կե­լէ բա­ցի, Փե­կի օգ­նած է իր ա­մու­սի­նին՝ հիմ­նե­լու «Կա­մուրջ դպրոց»ը, որ կրթա­կան խմբա­ւո­րում մըն է լե­զուա­կան եւ ֆի­զի­քա­կան ան­կա­րո­ղու­թիւն­ներ ու­նե­ցող ե­րա­խա­նե­րու հա­մար: Ա­նոնք նաեւ այս կրթա­կան խմբա­ւոր­ման ի նպաստ բա­րե­սի­րա­կան հա­մերգ­ներ կը կազ­մա­կեր­պեն: Զոյ­գը եր­կու զա­ւակ ու­նի:

Ա­ԼԻՍ ՔՈՒ­ՓԸՐ ԵՒ ՇԵ­ՐԻԼ ԿՈ­ՏԱՐՏ­ Ա­ՄՈՒՍ­ՆԱ­ՑԱԾ՝ ՄԱՐՏ 1976-ԻՆ

Սի­րուած ռաք եր­գիչ Ա­լիս Քու­փըր իր «Քուին օֆ տարք­նես»ը պա­լէի պա­րու­հի եւ   պա­րադ­րող, պա­րու­սոյց Շե­րիլ Կո­տար­տը գտած է մարտ 1976-ին: Ա­նոնք հան­դի­պած են, երբ Շե­րիլ Քու­փը­րի հա­մեր­գի ձեռ­նար­կին մէջ կը պա­րէր, որ շա­րու­նա­կեց 1975-էն մին­չեւ 1982: Ա­նոնք ե­րեք զա­ւակ  ու­նին:

ԿԻ­ՆԵՐ, Ո­ՐՈՆՔ ՉԵՆ ՎԱԽ­ՑԱԾ Ի­ՐԵՆՑ ԿԵԱՆ­ՔԸ
­ ԿԱ­ՊԵ­ԼՈՒ  Ա­ՌԱՍ­ՊԵ­ԼԱ­ԿԱՆ ԵՐ­ԳԻՉ­ՆԵ­ՐՈՒ

ԵՈՔՕ Օ­ՆՕ

Ճոն Լե­նը­նի ոչ նուազ ա­ռաս­պե­լա­կան կի­նը՝ Եո­քօ Օ­նօ, իր ծնըն-դեան 84-րդ տա­րե­դար­ձը կը նշէ: Օ­նոն ե­ղած է հան­րա­ծա­նօթ «պի­թըլ»ի սի­րե­լի կի­նը, կեան­քի ըն­կերն ու ներշն­չու­մի աղ­բիւ­րը:

Եո­քօ Օ­նո­յի ա­նու­նը միշտ հա­կա­սա­կան զգա­ցում­ներ կը յա­ռա­ջաց­նէ «Պի­թըլզ»ի հա­մա­կիր­նե­րուն մօտ: Զայն կրնա­յին  մե­ղադ­րել ա­մէն բա­նի մէջ. սկսեալ՝ Լե­նը­նի վրայ իբր թէ ճնշում բա­նեց­նե­լէ մին­չեւ խում­բի փլուզ­ման նպաս­տե­լուն: Սա­կայն, Լե­նը­նի այ­րին, ան­տար­բեր է այդ բո­լո­րին հան­դէպ: Չէ՞ որ ան միշտ կը հաս­նի իր ու­զա­ծին ա­մէն գնով: «Վեր­ջա­պէս ես գտայ մէ­կը, որ կ՚ար­ժէ սիրել», գը-րած է Օ­նոն իր օ­րա­գի­րին մէջ, Ճո­նի հետ ա­ռա­ջին հան­դի­պու­մէն ետք:

Թէեւ ա­նոնք կարճ ժա­մա­նակ մը բաժ­նուած են ի­րար­մէ, սա­կայն Լե­նընն ու Օ­նոն միա­սին էին մին­չեւ ե­րա­ժիշ­տին մա­հը:

ԼԻՆ­ՏԱ ՄԱ­ՔԱՐԹ­ՆԻ

Փոլ Մա­քարթ­նին եւ իր կի­նը՝ Լին­տան, ա­ռա­ջին ան­գամ հան­դի­պած են 1967 թուա­կա­նին: Ա­ռա­ջին հան­դի­պու­մէն ետք, ա­նոնք տա­րի մը չտես­նուե­ցան, յե­տոյ ա­նոնց ճամ­բա­նե­րը կրկին խա­չա­ձե­ւուե­ցան եւ այս ան­գամ՝ ընդ­միշտ:

Ա­մուս­նա­կան մա­տա­նին Լին­տա­յի հա­մար Փոլ գնած էր հա­սա­րակ խա­նու­թէ՝ միայն 12 սթեր­լի­նով:

Պա­տա­հա­կան չէ, որ Մա­քարթ­նիի ա­ռա­ջին ալ­պո­մին մէջ տեղ գտաւ «Լաւ­լի Լին­տա» եր­գը:

Լին­տան ա­նոր ան­բա­ժան եւ ա­մենէն մտե­րիմ ըն­կերն էր:

ՓՐԻ­ՍԻԼ­ԼԱ ՓՐԵՍ­ԼԻ

Էլ­վիս Փրես­լիի եւ Փրի­սիլ­լա­յի ա­մուս­նու­թիւ­նը տե­ւեց միայն հինգ տա­րի, սա­կայն երբ ա­նոնք ա­մուս­նա­լու­ծուե­ցան, ոչ ոք կը պատ­կե­րաց­նէր, որ պուպ­րի­կի ար­տա­քի­նով եւ իւ­րա­յա­տուկ սանտ­րուած­քով այս կի­նը այդ­քան տո­կուն է եւ խե­լա­ցի: Փրես­լիի մա­հէն ետք այս գե­ղու­հին կրցաւ տի­րա­նալ «ռաք էն ռոլ»ի ար­քա­յի ամ­բողջ հարս­տու­թեան: Ա­ւե­լի՛ն. ամ­րա­ցուց «Էլ­վիս» մակ­նի­շի դիր­քե­րը եւ կրցաւ ա­ռան­ձի­ն մեծց­նել ի­րենց դուստ­րը:-ՇԵ­ՐԸՆ ՕԶ­ՊՈՐՆ

Օզ­զին, ո­րուն բուն ա­նու­նը Ճոն Մայ­քըլ Օզ­պորն է, իր կեան­քին ճիշդ կէ­սը՝ 34 տա­րի, ապ­րած է իր կնոջ՝ Շե­րը­նի հետ:

Այս ա­մուս­նու­թիւ­նը աստ­ղե­րու շրջա­նա­կին մէջ ա­մենէն եր­կար տե­ւած­նե­րէն մէկն է:

Օզ­զին պէտք է գնա­հա­տել իբ­րեւ ըն­տա­նի­քի իս­կա­կան հայր:

Ըն­տա­նի­քը ար­տօ­նած էր նկա­րա­հա­նող­նե­րուն նկար­չա­կան սար­քեր  տե­ղադ­րել ի­րենց տան բո­լոր ան­կիւն­նե­րուն մէջ: 2002-ին սկսաւ «Օզ­պորն­նե­րը» պատ­կե­րաս­փիւ­ռա­յին յայտ­նի հա­ղոր­դա­շա­րը: Նոյն տա­րուան մէջ Շե­րը­նին յայտ­նե­ցին սար­սա­փե­լի ախ­տո­րոշ­ման մա­սին՝ հաստ ա­ղի­քի քաղց­կեղ: Սա­կայն ան պնդեց, որ­պէս­զի հա­ղոր­դա­շա­րի նկա­րա­հա­նում­նե­րը չա­ւար­տին: Ի վեր­ջոյ ան կրցաւ յաղ­թա­հա­րել հի­ւան­դու­թիւ­նը: Ար­դէն 2003-ին Օզ­պորն­նե­րը ու­նէին ա­մե­րի­կեան եւ  բրի­տա­նա­կան «Էմ. Թի. Վի.» կա­յան­նե­րը դի­տող­նե­րու ա­մենէն բարձր ցու­ցա­նիշ­նե­րը:

ՉՄՈՌ­ՆԱ՛ՆՔ ՄԵ­ՐԻՆ­ՆԵ­ՐԸ…

Այս բո­լոր աստ­ղե­րուն կող­քին, պէտք է ան­պայ­ման նշել եր­գա­րուես­տի մեր ազ­գա­յին հարս­տու­թիւն­նե­րը. Հայ­րիկ Մու­րա­տեան, Յով­հան­նէս Պա­տա­լեան, Ռու­բէն Մատ­թէո­սեան եւ ու­րիշ­ներ, ո­րոնք ամ­բողջ կեանք մը, տաս­նա­մեակ­ներ, կա­պած են ի­րենց կի­նե­րուն եւ ըն­տա­նիք­նե­րուն: Ե­թէ ա­նոնց եր­գա­րուես­տը շատ ու­սա­նե­լի է ե­րա­ժիշտ­նե­րուն եւ եր­գիչ­նե­րուն հա­մար, նուազ ու­սա­նե­լի չէ ա­նոնց ա­մուս­նա­կան կեան­քը՝ նոր ըն­տա­նիք կազ­մող­նե­րու հա­մար:

Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք հա­տուած­ներ՝ հայ­կա­կան կայ­քի մը տուած Ռու­բէն Մատ­թէո­սեա­նի հարցազ­րոյ­ցէն:

*  

«Ես թե­րեւս այն եր­ջա­նիկ­նե­րէն եմ, որ յա­ջո­ղած է կեան­քին մէջ ու­նե­նալ այն­պի­սի կեան­քի ըն­կեր, որ քու գա­ղա­փար­ներդ կի­սողն է, քե­զի ա­ջա­կից է: Կինս հո­գե­բոյժ է եւ ես ալ հո­գի կը բու­ժեմ եր­գի մի­ջո­ցով: Կնոջս մա­սին չեմ կրնար խօ­սիլ, ո­րով­հե­տեւ զայն ճանչ­ցող­նե­րը գի­տեն, որ ինչ­պի­սին է ան: Երբ ըն­տա­նի­քին մէջ  ճիշդ կեանք կ՚ապ­րիս, չես մտա­ծեր, որ հարս բե­րած ես, քե­զի կը  թուի, որ դուք միա­սին ծնած էք:

«Քա­նի որ կինս հո­գե­բոյժ է, ան եր­բեք սխալ չ՚ըն­կա­լեր այդ սէ­րը: Այդ սէ­րը ոչ թէ քա­ղա­քա­ցի Ռու­բէն Մատ­թէո­սեա­նին ուղ­ղուած էր, այլ՝ եր­գիչ Ռու­բէն Մատթէո­սեա­նին: Իսկ ես եր­գած եմ բո­լո­րին հա­մար, ժո­ղո­վուր­դին եր­գի­չը ե­ղած եմ: Իմ կինս նա­խանձ չէ ու­նե­ցած: Երբ ո­րո­շե­ցի ա­մուս­նա­նալ, ար­դէն վաս­տա­կա­ւոր ա­րուես­տա­գէտ էի, բո­լո­րը զիս ար­դէն կը ճանչ­նա­յին: Իսկ մեր հան­դի­պու­մը պա­տա­հա­կան էր, ինչ­պէս՝ բո­լոր հան­դի­պում­նե­րը… Բայց նո­րէն ալ պա­տա­հա­կան չէր, ծրագ­րուած էր, ես շատ հե­ռու չգա­ցի, իմ երկ­րորդ կէսս ճիշդ  Ե­րե­ւա­նի մէջ էր:

«Կի­նը իր էու­թեամբ ա­ռեղ­ծուած է՝ թէ՛ հրաշք է, թէ՛ կեանք է, թէ՛ նուրբ է, գե­ղե­ցիկ է, երբ աշ­խարհ է, երբ տիե­զերք է: Եւ այս բո­լո­րը հասկ­նա­լով՝ ին­քը կ՚ար­ժե­ւո­րէ իր լի­նե­լիու­թիւ­նը: Այդ ժա­մա­նակ հայ տղա­մար­դը կ՚ըլ­լայ ա­մե­նէն եր­ջա­նի­կը, որ կը  սի­րէ հա­յու­հին»:

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

 

Շաբաթ, Մարտ 11, 2017