ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊՕՂՈՍ. «ՕՐ ՄԸ ՄԵՐ ԱՊՐԱԾ ԲՈԼՈՐ ՏԱԳՆԱՊՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՄՈՌՆԱՆՔ, ԲԱՅՑ ՄԵՐ ԿՈՐՈՒՍՏՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏՃԱՌԱԾ ՎԷՐՔԵՐԸ ՊԻՏԻ ՄՆԱՅ ԱՆԲՈՒԺԵԼԻ»

Երեւանի սրտին վրայ գտնուող եւ շատերուն յայտնի «Մեղեդի» սրճարանը հալէպահայերուն երեւանեան գլխաւոր հանդիսավայրն է։ Ամառ թէ ձմեռ, սուրիահայեր, յատկապէս հալէպահայեր «Մեղեդի» կը փութան զիրար տեսնելու, իրարու հետ զրուցելու, Հալէպի իրավիճակին մասին լուրեր ստանալու եւ մէկ խօսքով՝ հալէպեան վերյուշով ապրելու։ Հոն կ՚ըլլան նաեւ անոնք, որոնք կարճ ժամանակի մը համար Երեւան եկած են եւ կարգ մը գործեր ընելէ, կամ իրենց ընտանիքի անդամներն ու ազգականները տեսնելէ ետք Հալէպ պիտի վերադառնան։ Հալէպցիներու այդ տեսակը ցայսօր ալ կը շարունակէ հաւատալ, թէ Հալէպը դարձեալ պիտի վերագտնէ իր անցեալի փառքն ու փայլուն օրերը ու թերեւս այդ պատճառով է, որ անոնք կը շարունակեն կառչած մնալ իրենց սիրելի ծննդավայրին։

Սրճարաններուն մէջ հանդիպումներ ունենալու, խօսելու, տեղեկութիւններ քաղելու «մեթոտ»ին ես առաջին անգամ ականատես եղայ Արցախի մէջ։ Խօսքը 2016 թուականի ապրիլեան ռազմական գործողութիւններու ժամանակաշրջանի մասին է, որ աւելի ուշ վերակոչուեցաւ «Ապրիլեան քառօրեայ»։ Ինչպէս շատ շատեր, այդ օրերուն այս տողերը գրողն ալ Ստեփանակերտ գտնուեցաւ եւ կատարեց իր ասպարէզի՝ լրագրութեան զանազան աշխատանքներ։

Այդ օրերուն բացի ԺԱՄԱՆԱԿ-ին աշխատակցելէ, ես որպէս գետնի վրայ եղող լրագրող կը թղթակցէի «BBC Arabic» կայանին։

Կարճ ելոյթներով հանդէս կու գայի եւ համակարգին միջոցով, նաեւ արաբերէնով կը փորձէի արաբ հասարակութեան ներկայացնել Արցախի մէջ առկայ վիճակն ու ընթացող զարգացումները։ Անկեղծ պիտի չըլլամ, եթէ ըսեմ, որ Արցախ երթալով կեանքս վտանգի տակ կը դնէի, որովհետեւ Ստեփանակերտի մէջ իրավիճակը հեռու էր պատերազմական վիճակի մէջ յայտնուած քաղաքի մը վիճակ ունենալէ։

Ճիշդ է, որ բաւական վտանգաւոր էին Թալիշի, Մարտակերտի, Հորատիզի կամ Մարտունիի կողմերը, սակայն Ստեփանակերտը հանգիստ էր։

Այդ օրերուն, կը զարթնէի առաւօտ կանուխ ու քայլելով կը հասնէի մայրաքաղաքի կեդրոնական հրապարակին վրայ գտնուող «Մարիոթ» հիւրանոցը, ուր կար, հաստատուած էր լրագրողներու համար նախատեսուած յատուկ սրահ մը։ Հոն էր նաեւ, որ ամէնօրեայ դրութեամբ (յատկապէս երեկոյեան) Արցախի բանակի պատասխանատուներ կարճ ասուլիսներ կու տային հանրութիւնը իրազեկելու համար անցնող քսանչորս ժամերուն Արցախի ճակատներուն վրայ տիրող իրավիճակին մասին։ Այս բոլորէն անդին ամենաուշագրաւը ճակատներէն լուրեր ստանալու «մեթոտ»ն էր, որուն ականատես դարձայ ու սորվեցայ, թէ լրագրողին համար թարմ կամ տաք լուրերուն ամենէն վստահելի աղբիւրը, քաղաքի սրճարաններն են։ Հոն էր նաեւ, որ տեսայ, թէ հայաստանցի լրագրող ընկերներս ի՛նչ միջոցներով կը փորձէին օրուայ ընդհանուր պատկերը կազմել։

Գաղտնիքը մէկ էր, անոնք տեղեկութիւններ կ՚առնէին այդ սրճարաններուն մէջ աշխատողներէն, որոնք գործի բերումով ստիպուած կ՚ըլլային շատ կանուխ զարթնուլ ու նաեւ կապ հաստատել սահմաններուն վրայ կամ ինչպէս ընդունուած է ըսել՝ առաջին գիծին վրայ ծառայող իրենց զաւակներէն, ազգականներէն կամ հարեւաններէն։

Ուրեմն լրագրողին համար ամենէն վստահելի տեղը, լուրեր ստանալու գլխաւոր աղբիւրը կը դառնար սրճարանը, որուն շնորհիւ ալ որեւէ լրագրող պիտի կարողանար «սուղ» եւ կարեւոր լուրեր առնել քաղաքի չորս կողմերէն։

Անշուշտ այս լրատուական «ջերմութիւն»ը կը փոխառընչուէր յատկապէս այն քաղաքներուն հետ, որոնք պատերազմի մէջ էին, ինչպէս՝ Հալէպը կամ Դամասկոսը, որոշ ժամանակի մը համար։

Ուրեմն սրճարաններու մէջ նստելու, հոն գտնուող մարդոց հետ զրուցելու եւ կապ հաստատելու միջոցը այժմէական էր նաեւ Հալէպի պարագային, որուն ցաւն ու պատերազմը ապրած իմ «հերոսներ»ու բազմաթիւներուն ծանօթացած եմ Երեւանի կեդրոնը գտնուող սրճարաններէն ներս։

Այդ հերոսներէն մին է, հալէպցի Անդրանիկ Պօղոսը, որ ցայսօր ալ կը շարունակէ մնալ պատնէշի վրայ ու որպէս տնօրէն կը շարունակէ ծառայել Հալէպին ու հալէպահայութեան։

Անդրանիկ Պօղոսի հետ զրուցելը, միայն լրագրական մօտեցումով եղած աշխատանք չէ, այլ իր մէջ կը բովանդակէ ուսուցողական շեշտե՜ր ու շերտեր… որովհետեւ խօսակիցս աւելի քան յիսուն տարիներէ ի վեր նուիրաբար կը ծառայէ հայութեան համար կարեւոր արժէք ունեցող, երբեմնի շէնշող, սակայն պատերազմին պատճառով, այսօր վիրաւոր դարձած Հալէպին, հայկական Հալէպին։

*

-Ինչպիսի՞ն է Հալէպի վիճակը այսօր։ Կը խօսուի, որ քաղաքը համեմատաբար դարձած է ապահով, սակայն կան, գոյութիւն ունին ընկերային-տնտեսական տագնապներ. ի՞նչ են հալէպահայերուն դիմագրաւած խնդիրները:

-Եթէ մօտիկ անցեալին հետ համեմատենք, ապա պիտի հաստատեմ, որ ներկայիս պայմանները շատ աւելի լաւ են: Ես անձամբ լաւատես եմ եւ գիտեմ, որ մեր վիճակը աւելի լաւ պիտի ըլլայ, որովհետեւ շօշափելի տուեալներ կան այդ ուղղութեամբ: Այդ տուեալներէն են իշխանութեան կեցուածքը հայութեան նկատմամբ, մեր նախագահը իր նեղ շրջանակի հանդիպումներու ընթացքին, միշտ շեշտած է այն միտքը, թէ հայութեան ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ անհրաժեշտութիւն է եւ շատ կարեւոր է երկրին համար, հայութիւնը Սուրիոյ, այսպէս ըսած, աղն է:

Յաճախ խօսած ենք, թէ մեր հայահոծ թաղամասերը իրենց դիմագիծը փոխած են, այո՛, ճիշդ է, որ դուռ-դրացիները այլեւս առաջուան մեր գիտցած դրացիները չեն, հայ չեն, սակայն միեւնոյն ժամանակ պէտք է ըսել, որ մեզի հետ ապրողները Սուրիոյ ապագայի նկատմամբ լաւատես մարդիկ են եւ ընդհանրապէս կը նախընտրեն մեր շրջաններուն մէջ, մեր հետ ապրիլ, քան թէ՝ ընդդիմադիր մարդոց, որոնց երկրին համար կործանարար եւ յետամնաց մարդիկ ըլլալը փաստուեցաւ: Այսօր մեր հայ երիտասարդներուն մեծամասնութիւնը, դժբախտաբար, զինուորութեան պատճառով լքեց երկիրը, բայց անոնք, որոնք պարտադիր ծառայութեան խնդիր չունին, լաւ աշխատանք ունին եւ ուրախ ու հանգիստ մնացին Հալէպի մէջ։ Օրինակ մը տալու համար ըսեմ, որ 2014 թուականին, մեր՝ «Սարգիս Չէմպէրճեան Կրթասիրաց վարժարան»ի աշակերտութեան թիւը նուազած էր եւ ունէինք 400 աշակերտ, իսկ այսօր 720 աշակերտ ունինք: Անշուշտ բոլորը հայ չեն, սակայն գոնէ 700-էն 500-ը հայ են: Շատեր վերադարձան Լիբանանէն, Լաթաքիայէն եւ մաս մըն ալ ինչու չէ՝ Հայաստանէն: Տակաւին քանի մը օր առաջ հետս կապուեցաւ ընտանիք մը, որ շատոնց հեռացած էր երկրէն եւ ունի երեք զաւակներ, որոնք մոռցած են արաբերէն լեզուն: Վերադարձած են Հալէպ եւ դպրոց պիտի յաճախեն, իսկ մեր վարժարաններուն մէջ, բոլոր գիտական ու ընկերային ուսման առարկաները արաբերէնով կը դասաւանդուին։ Որպէս վարժարանի տնօրէն դիմեցին ինծի. ես ինչ կրնամ ըսել նման պարագային, չընդունի՞մ զիրենք: Այդպիսի իրաւունք չունիմ, մեր դռները բոլորին համար բաց են, իւրաքանչիւրը տարբեր խնդիրներ ունի եւ մենք միասնաբար պատրաստ ենք այդ խնդիրները յաղթահարելու: Նոյնիսկ կապուած եմ կըր-թութեան պետական ընդհանուր տնօրէնին հետ եւ ինք ինծի այդ իրաւասութիւնը տուած եւ ըսած է որ, դուն քու ըրածդ օրէնքի վերածէ եւ եթէ առարկող ըլլայ, թող իմ հետ խօսի: Ես նոյնիսկ ուսուցչական կազմին թելադրած եմ, որ անոնց հետ ըլլան համբերատար եւ այդ երեխաները երբեք նեղութիւն չզգան ու չմեղադրեն իրենց ծնողները Հալէպ վերադառնալու համար:

-Ձեր խօսքէն հասկնալի դարձաւ, որ Հալէպի թաղամասերը ձեւափոխուած են։ Խօսքը անշուշտ մարդագրական պատկերի ձեւափոխման մասին է։ Այս երեւոյթը մտահոգութիւն կ՚առթէ՞ ձեզի։

-Ես կը կարծեմ, որ այս մէկը բնական երեւոյթ է: Երբ Հալէպի մէջ հայութեան թիւը 45 հազար էր եւ այսօր այդ թիւը նուազած է 13 հազարի, բնականաբար, այդ շրջաններուն մէջ դատարկ մնացած տարածքները օտարը պիտի գայ ու լրացնէ այդ պարապութիւնը։ Քու դրացիդ, նպարավաճառը, մսավաճառը արաբ պիտի ըլլան: Սակայն այդ մարդոց մօտեցումը Սուրիոյ իշխանութեան եւ նաեւ հայութեան նկատմամբ դրական է, ինչպէս որ ըսի, վախ չի յառաջացներ: Հետեւաբար այդ գծով մտահոգութիւն մը չունիմ: Օրինակ մը տամ. իմ բացակայութեան տունս հրդեհ ծագած էր եւ դրացիները, որոնց հետ միայն բարեւ ունիմ, կարծելով, որ ներսն եմ, բոլորը միասին փորձած են դուռը կոտրել, ներս մտնել, որպէսզի զիս ազատեն: Ստիպուած չէին, կրնային չընել: Մարդկային է անոնց մօտեցումը:

-Կրթասիրաց դպրոցը, որուն տնօրէնի պաշտօնը կը վարէք, պատմական անցեալ ունեցող վարժարան է։ Այսօր եւ ութ տարի տեւած պատերազմէ ետք, ի՞նչ են ձեր խնդիրները, ի՞նչ դժուարութիւններու դէմ յանդիման էք այսօր: Այս հարցը կու տամ ի մտի ունենալով մանաւանդ, որ այսօր Հալէպն ու Հալէպի խըն-դիրները առաջուան նման համահայկական ուշադրութեան եւ հոգածութեան ենթակայ չեն։

-Դժբախտաբար իրականութիւն է ձեր ըսածը եւ ես ցաւ ի սրտի կ՚ըսեմ, որ Հալէպին օժանդակութիւն տրամադրող որոշ բարերարներու կողմէ նման արտայայտութիւն եղած է, որ Հալէպը, որպէս հայ գաղութ վերջացաւ, մենք ինչու պէտք է հոն ծախսենք մեր գումարները, անոր փոխարէն Հայաստանի որեւէ մէկ գիւղին կրնանք աւելի օգտակար ըլլալ: Բայց ես կ՚ըսեմ հետեւեալը. Հալէպը մեծ գաղութ եղած է եւ կը շարունակէ մնալ մեծ գաղութ եւ կանգուն պիտի մնայ: Ես այսպէս կ՚արտայայտուիմ, որովհետեւ համոզուած եմ եւ կը հաւատամ, որ այսօր նօսրացած Հալէպը, վաղը աւելի պիտի զօրանայ։

-Պր. Պօղոս, ձեր այս խօսքը որոշ հիմք մը ունի՞, թէ պարզ զգացական զեղում մըն է։

-Մենք մեծ եղեռնի ենթարկուելէ ու բազմաթիւ զոհեր տալէ ետք, պատմական Հայաստանի մէջ,  այսօր Պոլսոյ մէջ որքա՞ն հայութիւն ունինք եւ ինչպէ՞ս կ՚ապրին անոնք, արդեօք անհետացա՞ն...: Այսօր մենք Պոլսոյ մէջ ունինք թերթեր, ունինք դպրոցներ, եկեղեցիներ, ունինք կրթական-մշակութային կեդրոններ: Նոյնն է պարագան Հալէպի մէջ ալ, ի վերջոյ մայր գաղութը պիտի մնայ եւ պիտի պահէ ինքզինք: Չորս ազգային նախակրթարաններ ունէինք, թիւը նուազեցաւ եւ մնաց միայն մէկ վարժարան՝ Ազգային միացեալ նախակրթարանը, բայց մնաց եւ զօրաւոր պիտի մնայ: Այսօրուան պայմաններով մենք Հալէպի մէջ ունինք չորս ճեմարան՝ Կրթասիրաց, Լազար Նաճարեան, Կիլիկեան եւ Քարէն Եփփէ՝ իրենց նախակրթարաններով եւ իրենց մանկապարտէզներով: Մեզ մտահոգողը այսօրուան պայմաններուն մէջ, այն է, որ մեր զաւակները Հալէպ գալով շարունակեն իրենց ուսումը, իրենց մայրենիէն հեռու չմնան, Հալէպի հայկական կրթօճախին դուռը պէտք է բաց մնայ հայ աշակերտին առջեւ, ատիկա ինծի համար պարտաւորութիւն մըն է: Ես անցեալ վերամուտի առթիւ հակիրճ խօսք մը արտասանեցի եւ ըսի, որ եթէ հարիւր տարի առաջ հայ մայրիկը մայրենին սորվեցնելու նպատակով Տէր Զօրի անապատի աւազին վրայ Այբուբենը սորվեցուց, ապա այսօր, հարիւր տարի ետք, մենք ինչպէ՞ս կրնանք մեր դռները փակել մեր աշակերտներուն առջեւ... ո՛չ նիւթական, ո՛չ այլ տեսակի պատճառաբանութիւններ արդարացի են, որպէսզի հայը հեռու մնայ իր մայրենիէն: Եւ մեր վարժարանի ամբողջ վարչական մարմինը գիտէ, որ եթէ դիմող աշակերտը հայ է, ուրեմն պիտի ընդունինք զինք, ոչ մէկ պատճառ կայ, նոյնիսկ եթէ միայն մայրը հայ է, կրկին կ՚ընդունինք աշակերտը, առանց երկմտելու, որովհետեւ մեր պարտականութիւնն է հայացնել զինք: Ըսեմ նաեւ, որ յաճախ ոչ-հայ աշակերտներ ալ կ՚ընդունինք եւ աւելի քան վստահ եմ, որ անոնք՝ ոչ-հայ ուսանողները ապագային մեզի՝ հայութեան համար կը դառնան դեսպաններ։ Այստեղ կ՚ուզեմ պատմել այդպիսի «դեսպան»ի մը մասին։ Ունէինք աշակերտ մը, որ մանկապարտէզէն մինչեւ 12-րդ դասարան մեր վարժարանը յաճախեց եւ ապա Գանատա մեկնեցաւ: 24 ապրիլի առիթով հայերէն լեզուով գրած էր նամակ մը, որուն մէջ հետեւեալը ըսած է. «Վաղը 24 ապրիլ է, մենք պէտք չէ մոռնանք այդ տխուր դէպքերը, որոնց ենթարկուած է հայ ժողովուրդը»։ Ես ասկէ աւելի ի՛նչ կրնամ սպասել ոչ-հայ երիտասարդէն:

-Ձեր տնօրինած Կրթասիրաց վարժարանը այսօր նիւթական խնդիրներ ունի՞, կամ ինչպէս կը դիմակայէք այսօր Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող տնտեսական բարդ դրութիւնը։

-Բարեբախտաբար, մենք ունինք մարմին մը, որ կը ղեկավարուի թեմիս բարեջան առաջնորդին գլխաւորութեամբ եւ որուն մաս կը կազմեն հայ կաթողիկէ եւ աւետարանական առաջնորդները։ Այս մարմինը ամէն ճիգ կը թափէ ապահովելու համար մեր դպրոցներու նիւթական կարիքները: Անշուշտ գաղութին մէջ հաւաքուած գումարները բաւարար չեն, որովհետեւ այսօր մենք բաւական մեծ ծախսերու առջեւ կը գտնուինք՝ ոչ միայն պաշտօնէութեան ամսավճարներու հարցով, այլեւ վերանորոգութեան, վառելանիւթի, ելեկտրականութեան եւ այլ հարցերով։ Եւ այս բոլորէն անդին կը յուսանք եւ կը հաւատանք, որ սփիւռքի մէջ գործող միութիւնները պիտի շարունակեն օժանդակել Հալէպի մայր գաղութին։

-Վերջին շրջանին, սուրիահայութեան համար կարեւորագոյն օրակարգ դարձաւ երիտասարդներու զինուորագրութեան եւ ծառայութեան հարցը։ Ի՞նչ կրնաք ըսել այս նիւթին կապակցութեամբ։

-Օրէնքը բոլորին համար է, ամբողջ Սուրիոյ ժողովուրդին համար է եւ կարելի չէ հայը տարանջատել, որովհետեւ պետութիւնը չի կրնար ըլլալ, որ հայուն տարբեր աչքով նայի։ Իմ կարծիքով՝ պիտի շարունակուի հայ զինուորականներու փախստականի կարգավիճակի մէջ ըլլալու այս վիճակը, այնքան ատեն, որ տակաւին ապահովական մտահոգութիւն կայ Սուրիոյ մէջ: Այսօր մենք երիտասարդի ներուժի պէտք ունինք: Որպէսզի իրավիճակը ճիշդ պատկերացնէք տամ օրինակ մը. օր մը երիտասարդ մը գրասենեակս մտաւ ու աշխատանքի դիմում տուաւ, ենթադրեցի, որ պէտք է զինուոր ըլլայ եւ սկսայ զրուցել, ի յայտ եկաւ որ եօթ տարի զինուորական ծառայութիւն մատուցած եւ նոր ազատ արձակուած է, երբ ինք կը խօսէր ես արդէն կը մտածէի եւ որոշումս առի, որ զինք աշխատանքի ընդունիմ: Բաւական զրուցեցինք եւ իմացայ, որ իրենց գունդը երեքհարիւր հոգիէ բաղկացած եղած է եւ ամբողջ այդ գունդը ազատ արձակուած է: Ինծի համար շատ ուրախալի երեւոյթ էր եւ անմիջապէս զինք աշխատանքի առի, ան մինչեւ օրս կը պաշտօնավարէ եւ արդէն երկրորդ տարին է: Ունինք նաեւ ուրիշ երիտասարդ մը, որ նոյնպէս զինուորական ծառայութիւն մատուցած է եւ դժբախտաբար վիրաւորուած է, այս պարագային ես առաջարկեցի աշխատանք եւ արդէն աշխատանքի պիտի սկսի վիրահատութենէն ետք: Այսինքն, ինծի համար ազգային պարտաւորութիւն մըն է օգտակար ըլլալ մեր բոլոր երիտասարդներուն, որոնք հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն վճռած են Հալէպի մէջ շարունակել իրենց կեանքը։

-Հալէպէն դուրս գալու համար բոլոր քաղաքացիները պարտաւոր են օգտուիլ միակ՝ Խանասէրի ճանապարհէն։ Ինչպէս գիտենք այդ ճանապարհը շատ վտանգաւոր ճամբայ մըն է եւ վստահ եմ լսեցիք, որ հայ զոհեր ալ եղան այդ ճանապարհին վրայ։ Ի՞նչ կրնաք ըսել մեր ընթերցողներուն:

-Իրականութեան մէջ, պետութիւնը այդ ճամբան պատրաստեց, որպէսզի առիթ տայ ցամաքային ճամբորդութիւններու, այսուհանդերձ տակաւին այդ օրինաւոր ճամբայ մը չէ: Իսկ մեր վարորդները, դժբախտաբար, յաճախ կը մոռնան այս իրողութիւնը եւ պատճառ կ՚ըլլան այսպիսի տխուր պատահարներու: Յոյսով եմ, ինչպէս Քապունի կողմը, Դամասկոսի ճամբան սարքեցին Հալէպէն դուրս գալու համար նախատեսուած ճանապարհներն ալ կը վերաբացուին։ Անշուշտ այս խնդիրը կրնայ լուծում գտնել միայն Իտլիպի հարցի կարգաւորումէն ետք։

-Դուք պատերազմի բոլոր փուլերը ապրեցաք. ի՞նչ մնաց ձեզի պատերազմէն՝ ձեր յիշողութեան մէջ:

-Ինծի համար անմոռանալի իրողութիւն է եւ կարելի չէ մոռնալ, մանաւանդ պատերազմի այն ծանրագոյն օրերը, երբ հարիւաւոր հրթիռներ մեր վարժարանի շուրջ ինկան... մենք տուինք նահատակներ, որոնք երբեք կարելի չէ մոռնալ եւ ամոքել անոնց կորստեան ցաւը: Կը յիշեմ մանաւանդ այն օրը, երբ հրթիռները սկսան մեր դպրոցին վրայ տեղալ, այդ օր մենք խոհեմութիւնը ունեցանք մեր երեխաները երրորդ յարկէն անմիջապէս վար իջեցնել: Երբ այդ հրթիռներու ձայները մօտեցան եւ հասան Քափրի շրջանին մօտերը, ես անմիջապէս տեսուչին ըսի, որ երեխաները վար իջեցնէ, նոյն վայրկեանին մօտս քննիչ եկած էր, քննիչը հետս կը զրուցէր, սակայն ես արդէն աշակերտներուն մասին կը մտածէի, թէ ինչ պէտք է ընել, որպէսզի անոնք փոքր վնաս իսկ չստանան: Հազիւ աշակերտները իջեցուցինք, երբ հրթիռը մեր դպրոցին վրայ ինկաւ, փառք Աստուծոյ, որ աշակերտ չկար եւ մենք կրցանք փրկել բոլոր երեխաները: Իմ գտնուած յարկի պատուհանները վնասուեցան, փշրուեցան, իսկ հրթիռի ինկած տեղը կամուրջ էր եւ այդ կամուրջը քիչ մը վնասուեցաւ: Երբեք չեմ կրնար մոռնալ այն վայրկեանները, երբ հակառակ մեր անհանգիստ եւ մտահոգ վիճակին, ստիպուած էինք աշակերտներուն դիմաց խնդալ եւ ուժ տալ անոնց: Նախակրթարանի փոքրիկները եկած եւ փէշերէս, ձեռքերէս բռնած էին: Մենք անմիջապէս սրահ իջեցուցինք փոքրիկները: Ծնողներ լալով, ահուդողով կու գային, որ իրենց զաւակները տուն տանին, սակայն չէի ձգեր, մինչեւ որ դուրսը խաղաղութիւն տիրեց: Եւ այդպէսով, դժբախտաբար, յաջորդ օրը մենք դպրոցը փակ պահեցինք, սակայն մեր աշակերտներէն մէկուն հօր խանութի առջեւ հրթիռ մը ինկաւ եւ մեր աշակերտը հոն մահացաւ...:

Մենք կը մոռնանք, որ ջուր չունէինք, կը մոռնանք, որ ելեկտրականութիւն չունէինք, սակայն այս ծանր պահերը, մեր երեխաներու լացն ու կոծը, մեր անմեղ կորուստները, նահատակները կարելի չէ մոռնալ: Ի զուր չէ, որ այսօր իմ աշակերտներս զիս «պապա» կը կոչեն:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Ապրիլ 11, 2019