ՅԱՅՏՆԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ (Բ. ՄԱՍ)

Կա­րե­լի չէ մեր­ժել Ար­մա­նին հիւ­րա­սի­րու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ հոս, այս նկու­ղին մէջ պատ­րաս­տուած գի­նին ըմ­պե­լը ինք­նին բախ­տա­ւո­րու­թիւն է: Ար­մա­նին բա­ժա­կա­ճա­ռէն ետք քիմ­քիս կը հպի տար­բեր, հա­ճե­լի համ մը, որ զո­վու­թիւն կը պար­գե­ւէ, վար­պետ ձեռ­քե­րու գործ է ու այս նկու­ղին մէջ պա­հուե­լուն ար­դիւնքն է կ՚ե­րե­ւի գի­նիին այս ե­զա­կի հա­մը: Ար­ման կը հա­ղոր­դէ, որ այս տա­րա­ծու­թեան վրայ՝ Հին Նոր­քի մէջ կան նոյ­նան­ման տաս­ներ­կու նկուղ­ներ, մե­ծա­մաս­նու­թեամբ լքուած, բնա­կիչ­նե­րը նոյ­նիսկ մա­ռան­նե­րու վե­րա­ծած են զա­նոնք:

Բակն ենք դար­ձեալ, կա­նաչ, գողտ­րիկ այ­գի մը կայ դէմս: Ար­ման այս ան­գամ կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ մեզ դէ­պի պատշ­գամ: Փայ­տեայ աս­տի­ճան­նե­րով կը բարձ­րա­նանք, պատշ­գա­մին վրայ պէտք է զգու­շա­նալ, քա­նի հնու­թե­նէն ու գոր­ծա­ծուե­լէն փտտած է տախ­տա­կա­մա­ծը, ու ա­հա աս­տի­ճան մը դէ­պի փոք­րիկ սե­նեակ մը, ուր ա­տե­նին որ­բեր պատսպա­րուած են. ե­րեք սե­նեակ կայ պատշ­գա­մին վրայ, բայց միայն մէ­կը գոր­ծա­ծե­լի է, մնա­ցեա­լը պա­հես­տի հա­մար ան­գոր­ծա­ծե­լի ի­րե­րով լե­ցուած են կար­ծես ու փո­շիին բոյ­րը հե­ռուէն կը նկա­տուի: Ներ­սը մահ­ճա­կալ մը՝ պա­տու­հա­նին քով, կան աս­դին-ան­դին նե­տուած հա­գուստ­ներ ու ի­րեր, զորս կար­գի կը բե­րէ Ար­մա­նին կի­նը:

Այս­քան հին մահ­ճա­կալ չէի տե­սած, ձեռ­քե­րովս կը շօ­շա­փեմ մահ­ճա­կա­լին գլխու ու ոտ­քի մա­սե­րուն վրայ գծուած գծագ­րու­թիւ­նը, նոյն տե­սա­րանն է, ձեռ­քով գծուած, իւ­ղա­ներ­կին չոր վրձնա­հա­րուած­նե­րը նկա­տե­լի են, դե­ղի­նի, կար­մի­րի ու սրճա­գոյ­նի՝ աշ­նա­նա­յին գոյ­նե­րու ներ­դաշ­նակ խառ­նուր­դով տե­սա­րան մը կը պար­զէ գծագ­րու­թիւ­նը: Պատ­մու­թիւնն է դէմս կանգ­նած իր հնու­թեամբ ու մշա­կու­թա­յին ար­ժէ­քով. «Գա­րե­գին Նժդե­հը պատս­պա­րուած է այս սե­նեա­կին մէջ ու վեց ա­միս հոս քնա­ցա­ծ», լսո­ղու­թեանս մէջ կ­­՚ար­ձա­գան­գեն Ար­մա­նին հնչիւն­նե­րը: Հո՞ս, այս մահ­ճա­կա­լին մէջ քնա­ցած է Գա­րե­գին Նժդեհ: Կա­րե­լի՞ է որ այս մէ­կը ի­րա­կա­նու­թիւն ըլ­լայ: Ան­գամ մը եւս կը շօ­շա­փեմ, եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ ու ան­մեկ­նա­բա­նե­լի ապ­րում­նե­րով: «Միայն ազ­նի­ւը զօ­րա­ւոր է», ա­կան­ջա­կա­լի պէս կը կրեմ այս ա­սոյ­թը Նժդե­հէն եւ դեռ շատ շա­տեր: Ո՞վ չի գի­տեր Գա­րե­գին Նժդե­հի թան­կա­գին ա­սոյթ­նե­րէն գո­նէ մի քա­նին, ո­րոնք ոե­ւէ հա­յու ուղ­ե­ցոյ­ցը կրնան հան­դի­սա­նալ ամ­բողջ կեան­քի ըն­թաց­քին: Ան ա­սոյթ­նե­րով կը դաս­տիա­րա­կէ սե­րունդ­ներ ա­նոնց մէջ հայ­րե­նա­սի­րու­թեան, ազ­գա­սի­րու­թեան եւ բա­րո­յա­կա­նու­թեան սեր­մեր ցա­նե­լով:

Կրնայ ըլ­լալ, որ ի­րա­կա­նու­թիւն ըլ­լայ Ար­մա­նին տե­ղե­կա­ցու­ցա­ծը, բայց ինչ ալ ըլ­լայ ին­ծի հա­մար յայտ­նա­գոր­ծու­թիւն մ­­՚էր այսօ­րուան այս կար­ճա­տեւ դաշ­տագ­նա­ցու­թիւ­նը: Չէի կրնար պատ­կե­րաց­նել, որ հոս, Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նին այս­քան մօտ, այս­պի­սի լքուած հնա­վայ­րեր ալ կրնա­յին գտնուիլ:

Ար­մա­նենք հոս չեն բնա­կիր, ար­դէն հնա­րա­ւոր ալ չէ, միայն գար­նան ու ամ­րան շա­բա­թա­վեր­ջե­րը կու գան, այ­գիին հոգ կը տա­նին, գի­նի ու օ­ղի կը պատ­րաս­տեն: Ի­րա­պէս սրբա­վայր մըն է այս­տեղ ու վստահ եմ, որ իւ­րա­քան­չիւր ան­հա­տի այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին Ար­ման կը կրկնէ մե­զի ը­սած­նե­րը: Կոչ մըն է կար­ծես Ար­մա­նին կա­տա­րա­ծը, կոչ մը, թե­րեւս ա­նոր ե­տին մեծ գու­մա­րի վաս­տա­կի ակն­կա­լու­թիւն պա­հուած, սա­կայն ինչ ալ ըլ­լայ, ինչ ձե­ւով ալ տե­ղի ու­նե­նայ, պի­տի ծա­ռա­յէ պատ­մամ­շա­կու­թա­յին այս լքուած ար­ժէք­նե­րու փրկու­թեան:

Դուրսն ենք ար­դէն: Հրա­ժեշ­տի նա­յուածք մը կը նե­տեմ եր­կա­թեայ դար­պա­սին, ուր­կէ քիչ ա­ռաջ ներս մտանք, ակն­կա­լե­լով որ մօտ ա­պա­գա­յին Ար­մա­նին կո­չը ար­ձա­գան­գէ ու թե­րեւս հիմ­նադ­րա­մի մը օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը հաս­նի Ե­րե­ւա­նի այս մա­սը եւս:

Վե­րա­դար­ձի ճամ­բուն մէկ կող­մը ձոր, միւ­սը՝ լեռ, ձո­րին մէջ բլուր-բլուր եա­սա­մա­նի գու­նա­ւոր ծա­ռե­րը գլուխ կը ցցեն ու զե­փիւ­ռին հետ ա­նոնց ճիւ­ղե­րուն ծաղ­կած ճեր­մակ, վար­դա­գոյն ու մա­նի­շա­կա­գոյն ծա­ղիկ­նե­րուն բոյ­րը տա­րա­ծուե­լով կը քաղց­րաց­նէ մա­քուր կլի­ման: Ճի­տէյ­տէն ալ զար­դա­րուած էր միա­յարկ, հին տու­նե­րու ցուիք­նե­րէն ու պա­տու­հան­նե­րէն կա­խուած թուփ-թուփ յաս­միկ­նե­րու կա­նաչ տե­րեւ­նե­րով, ծաղ­կած յաս­միկ­նե­րը ի­րենց հրա­պոյ­րը կը տա­րա­ծէին քաղցր բոյ­րով: Ան­կա­րե­լի էր Ճի­տէյ­տէէն անց­նիլ ա­ռանց հմա­յուե­լու, հա­տիկ մը յաս­միկ քա­ղե­լու եւ գի­նով­նա­լու ա­նոր ա­նոյշ բոյ­րէն:

Ա­ւե­րակ դար­ձած Ճի­տէյ­տէի թա­ղե­րը այժմ այ­ցե­լու­ներ կ՚ըն­դու­նին, պա­տե­րազ­մը ա­ւար­տած է ար­դէն, Ճի­տէյ­տէի ե­կե­ղե­ցի­նե­րը դար­ձեալ ա­մէ­նօ­րեայ ղօ­ղանջ­նե­րով կը զրու­ցեն ի­րա­րու հետ ու կը տե­ղե­կաց­նեն ի­րենց թա­ղե­րուն կա­տա­րուած նո­րո­գու­թիւն­նե­րուն մա­սին: Կը հա­ղոր­դեն, թէ՝ յե­տայ­սու պա­տա­րագ­նե­րը հոս տե­ղի պի­տի ու­նե­նան ու հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը ա­ռաս­տաղ­նե­րը, պա­տե­րը վե­րա­նո­րո­գուած ե­կե­ղե­ցի­նե­րու կա­մար­նե­րուն ներ­քեւ պի­տի ա­ղօ­թեն, զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րը դար­ձեալ պի­տի վխտան այս թա­ղե­րուն մէջ ու ա­մէն ինչ պի­տի վե­րագտ­նէ իր նախ­կին հու­նը:

Ես եւս այս գե­ղա­տե­սիլ հնու­թեան մէ­ջէն քա­լե­լով լիա­յոյս եմ, որ մօ­տ օ­րէն նաեւ այս վայ­րը կը հա­մե­մուի գե­ղե­ցիկ վե­րա­կա­ռուց­մամբ ու կը դառ­նայ ա­րար աշ­խար­հէն Ե­րե­ւան այ­ցե­լող զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րուն փա­փա­քե­լի վայ­րե­րէն մին:

«Ե­րե­ւա­նը բաց թան­գա­րան է երկն­քի տակ», կ­­՚ը­սէ հա­յաս­տան­ցի բա­րե­կամ մը, ի­րա­պէս այդ­պէս է, սա­կայն ոչ միայն բաց, այ­լեւ փակ թան­գա­րան մը կա­րե­լի է հա­մա­րել, ո­րուն դռնե­րը կը սպա­սեն ա­րուես­տա­գէտ հնա­գէտ­նե­րու թա­կու­մին, ո­րոնք տա­կա­ւին շատ բան ու­նին բա­ցա­յայ­տե­լիք այս գե­ղա­տե­սիլ քա­ղա­քին մէջ:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

- վերջ -

Հինգշաբթի, Մայիս 11, 2017