ՀԱԼԷՊԱՀԱՅ ԴԵՂԱԳՈՐԾ ՎԱՀԷ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ. «ԼՈՅՍԻ ՇՈՂ ԵՒ ՎԱՐԴԻ ԲՈՒՐՄՈՒՆՔ ՈՒՆԵՑՈՂ ՄԵՐ ՔԱՂԱՔԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒԻ ԱՆՊԱՅՄԱՆ…»

Վահէ Սարգիսեան այն հայորդիներէն է, որ Սուրիոյ պատերազմի ամբողջ ընթացքին չհեռացաւ իր ծննդավայրէն։ Ապրեցաւ դժուարին օրեր, «ճաշակեց» պատերազմի ամենէն թէժ զարգացումները ու յաճախ իր սեփական աչքերով նշմարեց, թէ ինչ ծանր արկոծումներու կ՚ենթարկուի իր ու իր ծնողներու ծննդավայր Հալէպը։ Այս բոլորի կողքին սակայն ան չընկերկեցաւ, տեղի չտուաւ ու չհեռացաւ այդ քաղաքէն։ Դեղագործի իր մասնագիտութեան ճամբով ալ փորձեց կերպով մը նեցուկ կանգնիլ իր ազգականներուն, բարեկամներուն եւ հեռաւոր ու մօտաւոր հարեւաններուն։ Այս բոլորէն անդին երեւելի ապացոյց է, որ իմ խօսակիցս հակառակ այս ամբողջ պատահարներու ահաւորութեան, կը շարունակէ մնալ լաւատես ու հաւատալ, թէ իր սիրած քաղաքը ապագային անպայման աւելի պայծառ օր մը պիտի տեսնէ... ու պիտի վերականգնի։

*

-Ներկայիս ի՞նչ իրավիճակ կը տիրէ Հալէպի մէջ, ի՞նչ կրնաս պատմել մեր ընթերցողներուն վերջին շրջանին քաղաքին մէջ տիրող իրավիճակին մասին:

-Հալէպը, ինչպէս գիտէք, ի տարբերութիւն Սուրիոյ այլ քաղաքներու, շատ դաժան, անողոք եւ աննախադէպ իրավիճակներու առջեւ յայտնուեցաւ: Նոյնիսկ մենք չէինք պատկերացներ, որ Հալէպը այսքան դառնութիւն կրէր, բայց, փառք Աստուծոյ, վերջին մէկ-երկու տարիներուն քաղաքը վերջնականապէս դրական փոփոխութիւններ արձանագրած է զանազան մարզերու մէջ, նոյնիսկ զարմանք յառաջացնելու չափ:

Եթէ համեմատութիւն ուզենք ընել անցեալի եւ ներկայի միջեւ, յստակօրէն կը տեսնենք, թէ առաջին հերթին բոլոր ճամբաները, որոնք փակուած էին, այսօր ազատօրէն կ՚երթեւեկենք, նոյնիսկ հանրակառքերը գործունէութեան անցած են, քաղաքին մէջ եղած ամէն տեսակի անցարգելներ արդէն վերացած են, ջուրի տագնապ հասկացողութիւնը արդէն գոյութիւն չունի կտրականապէս, հոսանքի հարցը տակաւին կը տարուբերի լաւ ու վատի միջեւ, վերջնականապէս աւարտական իր լուծումին չէ հասած, բայց անոր «ամփեր» հասկացողութիւնը կը փոխարինէ տակաւին, հոսանքի անջատման ժամերը լրացնելու նպատակով: Փլատակ թաղամասերը վերականգնման եւ վերակառուցման գործընթացի մէջ են: Ընկերային, մշակութային եւ ազգային գործունէութիւնները արդէն վերակենդանացած են, նաեւ այլ բազմաթիւ մարզեր, որոնց յառաջընթացը շատ մեծ յոյս կը ներշնչէ:

-Դուք մասնագիտութեամբ դեղագործ էք, կ՚ուզենք անգամ մը վերյիշէք, պատերազմական շրջանին ի՞նչ դժուարութիւններէ անցաւ այս ոլորտը, ի՞նչ խնդիրներու հանդիպեցաք եւ ինչպէ՞ս կրցաք ապահովել ձեր հիւանդներուն կարիքները:

-Պատերազմ չէի կրնար անուանել այս պատահած իրադարձութիւնները, որովհետեւ, ինչպէս գիտենք, երկիրներու բանակներու միջեւ եղած մարտական ընդհարումները պատերազմ կ՚անուանենք, իսկ այս պատահածը պարզապէս նենգամիտ երկիրներու ծրագրած անմարդկային խուժանութիւն է: Վերջինս շատ վատ անդրադարձ ունեցաւ մեր մարզին վրայ: Առաջին հիմնական հարցերէն մէկը՝ շատ մը դեղօրայքի բացակայութիւնն է, կապուած դեղահումքի հայթայթման հետ: Այս դժուարութիւնը յառաջացած է նենգամիտ երկիրներու Սուրիոյ վրայ բանեցուցած շրջափակման պատճառաւ: Իսկ երկրորդ հիմնական կէտը՝ առկայ դեղօրայքի առաքման դժուարութիւնն էր Հալէպ, որովհետեւ քաղաքը շրջափակուած էր ահաբեկչական խմբաւորումներով, որոնք արգելք կը հանդիսանային դեղօրայքի Հալէպ մուտքին: Որոշ ժամանակ շատ մեծ գումարներ կը պահանջէին, թոյլատրելու համար գոնէ դեղօրայքի բաժին մը Հալէպ հասցնել: Այս պատճառներով կրնամ ըսել, որ դեղօրայքի մեծ տագնապ ապրեցանք, նոյնիսկ բժիշկներ իրենց նշանակելիք ախտաճանաչման համապատասխանող դեղօրայքի բացակայութեան պատճառով, ստիպուած կ՚ըլլային, որպէս այլընտրանք, ոչ-այնքան նպատակայարմար այլ դեղեր նշանակել, հիւանդին կացութիւնը մեղմացնելու համար:

Այդ օրերուն դեղօրայք ձեռք ձգելու համար շատ մեծ դժուարութեան առջեւ կը գտնուէինք: Դժուարութիւնը կը կայանար երկու գլխաւոր պատճառներով։ Առաջինը՝ մենք՝ որպէս դեղագործ, մեր անձնական միջոցներով կը փորձէինք հասնիլ դեղօրայքի վաճառման կեդրոններ, ինչ որ բարօրութեան օրերուն, իրենք կ՚առաքէին դեղերը։ Մինչ այդ պէտք է յիշեցնեմ, որ այդ կեդրոնները ցիրուցան են Հալէպի տարբեր շրջաններուն մէջ, հետեւաբար կրնաք պատկերացնել, թէ որքա՜ն ժամանակ պիտի խլէր մեզմէ հասնելու այդ բոլորին, նկատի ունենալով հրասանդերուն եւ ռումբերուն տեղատարափի վտանգը, որ կը սպառնար մեր կեանքերուն։ Երկրորդ՝ այդ կեդրոններուն կը ներկայացնէինք մեր դեղօրայքի պահանջարկը եւ հիասթափութեամբ կը ստանայինք պարզապէս շատ աննշան բաժին մը, որ չէր գերազանցեր մեր պահանջարկի նոյնիսկ 20 տոկոտսը: Պատկերացուցէք, ամենօրեայ դարձած այս առաքելութեան համար ստիպուած կ՚ըլլայինք բազմաթիւ օրեր այլ մարդոց գումար տրամադրելու, որպէսզի պարզապէս յաւելեալ փոքրիկ բաժին մը դեղ եւս ստանանք, որպէսզի կարողանանք մեզի դիմող մարդոց դեղով սպասարկել:

Բաց աստի, յիշեցնեմ, որ ինչ գինով որ դեղ գնես, միեւնոյնն է, կառավարութեան սահմանած գինով պիտի վաճառես:

-Տեղեակ ենք, որ դուք պատերազմի ողջ ընթացքին չհեռացաք ու մնացիք Հալէպի մէջ, ի՞նչ է պատճառը, որ հակառակ ամբողջ դժուարութիւններուն, վճռած էիք մնալ այդ քաղաքին մէջ:

-Ճիշդ է, որ առհասարակ Սուրիոյ եւ մասնաւորապէս Հալէպին պատահածը, այս դաժան իրականութիւնը մարդկայնօրէն ապրիլ անհանր է եւ այդ պատճառով իսկ շատ-շատեր հեռացան իրենց օրրաններէն։ Այնուամենայնիւ նախընտրելի էր մնալ Սուրիա, հիմք ունենալով ընտանեկան, աւանդական ձեռքբերումները, կառչած մնալով ընտանեկան սրբութեան եւ միասնականութեան, ինչ որ մեր ծնողներէն մեզի հասած ժառանգութիւն մըն է։ Թէեւ շատ մը մարդոց համար այս պարագան կրնայ անհեթեթութիւն համարուիլ: Կ՚ուզեմ ձեր ուշադրութեան յանձնել այն ապրուած իրականութիւնը, թէ հակառակ որ կը բնակէինք տարբեր տուներու մէջ, որոնք անշուշտ մօտ էին իրարու, սակայն այդ օրերուն կը նախընտրէինք մէկտեղուիլ պապենական տան մէջ. միասին ուտել, խմել եւ զրուցել, թէկուզ հոսանքի չգոյութեան պայմաններու ներքոյ, հաշուի անգամ չառնելով դուրսի ահազդու ձայները։ Իսկ երկրորդ դրդապատճառը այն համոզումն էր, թէ այստեղ ծնած ու մեծցած եմ, այս սուրբ հողը, ուր Աստուածորդիի ոտնահետքերը ու թափած արիւնը կայ, մեզ միշտ փայփայած է եւ իր օրհնութիւններով ու բարիքներով ողողած է։ Այս բոլորը ակնթարթի մը մէջ լքել ու հեռանալ անընդունելի իրավիճակ մըն էր։ Իմ յարգանքը այն բոլորին, որոնք արդարացի պատճառներով, ստիպուեցան լքել իրենց երկիրը:

Կար նաեւ այն գաղափարը, թէ Սուրիոյ մէջ մենք լայնօրէն կը վայելենք քաղաքացիական ամէն տեսակի իրաւունքներ, հաւասարօրէն բոլորի հետ։ Ուրիշ երկրի մը մէջ, ուր որ ալ մեկնելիք ըլլայինք, պիտի չկարենայինք վայելել այս իրաւունքները, զորս առհասարակ կը գովերգեն Եւրոպան կամ այլ երկիրներ: Ուստի ես կամ ինծի պէս բազմաթիւներ, որպէս ուսեալ խաւի պատկանող դեղագործ, պիտի չկարողանայինք հաւանաբար, ինչպէս բոլոր գացողներուն մեծամասնութիւնը, մեր վկայականի թոյլատրած մասնագիտութեամբ աշխատանք գտնել։ Իսկ իմ ծննդավայրին մէջ ես տէրն ու տիրականն եմ իմ գործին, նաեւ ղեկավարը: Զերոյէն՝ սկիզբ, նոր, օտար միջավայր, անծանօթ եւ հայու հոգիէն հեռու ընկերակցութիւն եւ այլ շատ բաներ… Այս վերոյիշեալները, թէկուզ ժամանակաւոր, ինձ կը յիշեցնեն ու մէջս կ՚արծարծեն ստրկութեան զգացումներ… մարդկայնօրէն դժուար թէ ընդունելութիւն գտնէր իմ մէջս:

-Առողջապահական ոլորտէն ներս ի՞նչ խնդիրներ կան այսօր Հալէպի մէջ, ի՞նչ կը պակսի Հալէպին, ի՞նչ են գլխաւոր կարիքները:

-Ճիշդ է, որ առողջապահութեան ոլորտը շատ դժուարութիւն կրեց անցեալ տարիներու ընթացքին. ըլլայ դեղօրայքի պակաս, հիւանդանոցներու թալան՝ իր ամբողջ բժշկական գործիքներով, բժշկական կեդրոններու թալան ու քանդում եւ տակաւին ինչե՜ր: Այս բոլորը շատ ծանր բեռ մը դրած էին առողջապահութեան ոլորտին վրայ, հաշուի առնելով նաեւ՝ երկիրներու բանեցուցած շրջափակումին որպէս արդիւնք յառաջացած տնտեսական վատ վիճակի անդրադարձը այս մարզին վրայ։ Ըստ իս, ստիպուած կ՚ըլլային սկիզբը առաջնահերթ հարցերը բարելաւել, իսկ երկրորդական եւ երրորդական հարցերը, որոնք նուազ կարեւոր չէին դասուեր, յետաձգել մինչեւ ցնոր տնօրինութիւն:

-Արդեօք որքանո՞վ պակսած է Հալէպի մէջ հայ բժիշկներու թիւը, ի՞նչ է անոնց ընդհանուր իրավիճակը: Այս առումով տեղեկութիւններ կա՞յ. անոնք որոնք հեռացան, կը վերադառնա՞ն:

-Իսկ ինչ կը վերաբերի բժշկական կազմին, ըլլայ դեղագործ կամ բժիշկներ, կը խորհիմ բաւական թիւով ներկայութիւն ունինք. բայց սակաւաթիւ եղողը հմուտ մասնագէտ բժիշկներու ներկայութիւնն է: Բաւական մեծ թիւով մասնագէտներ այս իրադարձութիւններուն առաջին իսկ օրէն հեռացան երկրէն: Արդեօք կը վերադառնա՞ն, թէ ոչ, դժուար է ենթադրութիւններ յօրինել այս հարցի կապակցութեամբ։ Ըստ իմ կարծիքին, այն մասնագէտ բժիշկը, որ մաքրած է այստեղ իր անձնական հաշիւները ու այլ երկրի մէջ ընդունելութիւն գտած է, դժուար թէ ցանկութիւն յայտնէ վերադառնալու:

-Լաւատե՞ս էք Հալէպի ապագային շուրջ, ի՞նչ կրնաք ըսել այդ մասին մեր ընթերցողներուն:

-Անձամբ միշտ լաւատես եղած եմ շատ հարցերու շուրջ, նոյնիսկ այս տագնապի ամբողջ տեւողութեան, միշտ իրատեսութեամբ եւ դրական մօտեցումով արտայայտութիւններ կ՚ունենայինք մեր զրոյցներուն մէջ, թէեւ բազմաթիւներու համար խորթ կը թուէր այս մէկը: Արդէն ցոյց կու տայ ժամանակ, երբ սեւ ամպերը արդէն կը հեռանան ու տագնապի մշուշը կը փարատի, ի յայտ կու գայ քաջարի այս ժողովուրդին յոյսը, հաւատքն ու կամքը՝ շինելու, վերակառուցելու, նորոգելու իր փափաքը, քանի Հալէպը տակաւին ունի այս հերոս ժողովուրդը, որու շարքերուն մէջ են նաեւ հայերը։ Որպէս ճաճանչ, լոյսի շող, բուրմունք վարդի, հնամեայ այս քաղաքը, որ դիմացեր եւ տոկացեր է ի հեճուկս թշնամիին ու անոր ծրագիրներուն, շուտով կը վերականգնուի: Աշուղ Ջիւանիին խօսքերով պիտի ըսեմ՝ «Ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ՚երթան, վհատելու չէ, վերջ կ՚ունենան, կու գան ու կ՚երթան»:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մայիս 11, 2019