ԻՆՉՈ՞Ւ ՄԱՆԱՆԵԽԻ ՀԱՏԻԿԻՆ ՉԱՓ ՀԱՒԱՏՔ

Երբ Յիսուս իր աշակերտներուն պատմեց, թէ եթէ մանանեխի հատիկի չափ հաւատք ունենան մարդիկ, կրնան արմատախիլ ընել ծառ մը, իրենց մէկ խօսքով։

Յիսուս, նոյնպէս, ուրիշ առակի մը մէջ ալ նորէն մանանեխի հատիկը կը նմանցնէ Աստուծոյ արքայութեան։

Բայց ինչո՞ւ մանանեխի հատիկ։

Եթէ ուրիշ օրինակ մըն ալ առնենք. ինչո՞ւ թթխմոր, որ պզտիկ քանակութեամբ մը իսկ խմորը կը վերածուի մեծ հացի մը եւ կամ որեւէ ուտելիքի մը։

Ինչո՞ւ Աստուծմէ Աստուած, Լոյսէն Լոյս Յիսուս Քրիստոս ամէն ատեն փոքրիկն օրինակներով կը խօսէր կամ կը գործէր։

Որովհետեւ Աստուած համեստ է եւ իր հիմքն է սէրը։

Այսօրուան կեանքին մէջ գրեթէ բոլորովին մոռցուած է այլեւս սէրը։ Սէր չէ մնացած մարդոց մէջ։

Յիսուս համեստ պայմաններու մէջ համեստութեամբ ծնաւ մսուրի մը մէջ. անոր քով կար միայն Աստուածամայրը, Յովսէփը եւ քանի մը անասուններ եւ աւելի վերջ եկան հովիւներ, որոնք պարզ մարդիկ էին։ Այս համեստութեան նշանն էր։ Բայց Աստուծոյ սէրը այնքան ուժեղ է, որ չի զանազաներ թագաւորը կամ հովիւը։

Այսպիսի օրինակներ կարելի է շատցնել։

Կարելի է շարունակ գտնել նման օրինակներ Աւետարանին մէջ։ Բայց դժբախտաբար չենք կրնար գտնել կեանքի մէջ, մանաւանդ մեր օրերուն։ Որովհետեւ ո՛չ համեստութիւն եւ ո՛չ ալ սէր մնացած է աշխարհի վրայ։

Ամէն մարդու միակ խորհած բանը եղած է նիւթը, դրամը եւ ուրիշ որեւէ բան հաճոյք չի պատճառեր իրենց։

Եթէ դրամ ունին, ուրախ են մարդիկ, եթէ ոչ՝ տխուր։ Ճիշդ այս պատճառաւ է, որ պատերազմներ կ՚ըլլան, տուներ կը քանդուին, ընտանիքներ կը քայքայուին, մայրեր ու հայրեր կը կորսնցնեն իրենց մանուկները։ Որովհետեւ պատերազմ կայ եւ այս պատերազմը դադրեցնելու համար կարողութիւն ունեցողները կ՚աշխատին, որպէսզի պատերազները շատնան։ Նպատակն է զէնք ծախել եւ դրամ շահիլ. անոնց համար կարեւորութիւն չունի հազարաւոր երիտասարդներու մեռնիլը։ Անոնց միակ մտածումը շահն է։

Այսպիսի գործեր կը սկսի պատանի տարիքէն, եթէ այդ օրերէն տեսնեն, թէ իրենց հայրն ու մայրը կը խորհին միայն դրամի մասին, անշուշտ իրենք ալ պիտի հետեւին իրենց ծնողներուն։

Անշուշտ թէ դրամը պէտք է մարդուս համար. բայց կարեւորը անոր գերին չըլլալն է։ Եթէ անգամ մը մարդ դրամին գերին ըլլայ, չի կրնար ձերբազատուիլ անկէ։

Ուրեմն այս պատճառաւ պէտք է դրամը տեղին գործածել՝ առանց անոր գերին դառնալու։

Եւ երբեք պէտք չէ մոռնալ, թէ Աստուած ամէն բանի մէջ համեստը, խոնարհը եւ թէ պզտիկը օրինակ ցոյց տուած է։

Յիսուս իր խօսքերէն մէկուն մէջ սապէս կ՚ըսէ. «Առաջինները վերջին, վերջինները առաջին պիտի ըլլան»։

Առանց այս խօսքերը եւ պատուէրները մոռնալու, իւրացնենք ուրեմն մեր մէջ գտնուող սէրը, որուն հետ մենք կարող ենք ապրիլ աւելի ուրախ ու զուարթ եւ ըլլալ աւելի՛ աստուածահաճոյ։

ԳՐԻԳՈՐ ՍԱՐԿԱՒԱԳ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2020