ՊԱՐՏԱՄՈՒՐՀԱԿԻ ՋՆՋՈՒՄ

Վեր­ջերս հրա­պա­րակ ի­ջած է հե­ռա­տե­սի­լի զան­գուա­ծա­յին գո­վազդ մը, ըստ ո­րուն յայտ­նի դե­րա­սան­ներ կը հրա­ւի­րեն թո­շա­կա­ռու­նե­րը օգ­տուե­լու այդ բա­ցա­ռիկ ա­ռի­թէն։

Բայց ինչ է «պար­տա­մուր­հա­կի ջնջում»ը (Reverse Mortgage)։ Խոր­քին մէջ ան նպաս­տա­ւոր դրու­թիւն մը կը ստեղ­ծէ այն թո­շա­կա­ռու­նե­րուն, ո­րոնք բնա­կա­րա­նի մը տէրն են։ Այս­պէս՝ ա­նոնք կըր-նան զերծ պա­հուիլ ի­րենց ամ­սա­կան պար­տա­մուր­հակ­նե­րը վճա­րե­լէ, ե­թէ յօ­ժա­րին յետ մա­հու ի­րենց բնա­կա­րա­նը կտա­կել այդ կազ­մա­կեր­պու­թեան։ Մինչ այդ ա­նոնք կը շա­րու­նա­կեն բնա­կիլ ի­րենց բնա­կա­րան­նե­րուն մէջ։

Ան­շուշտ այդ պայ­մա­նա­գի­րը կ՚են­թադ­րէ, որ կազ­մա­կեր­պու­թեան քննիչ­նե­րը տես­նեն բնա­կա­րա­նը, գնա­հա­տեն ա­նոր ար­ժէ­քը, վե­րա­հա­սու դառ­նան պար­տա­մուր­հա­կի քա­նա­կին եւ վեր­ջա­պէս յար­մար դա­տեն, որ այդ բո­լո­րը կը լրաց­նեն պէտք ե­ղած պայ­ման­նե­րը։

Այս­քա­նը շատ լաւ, սա­կայն ա­նոնք ո­րոնք կ՚ու­զեն օգ­տուիլ այդ բա­ցա­ռիկ ա­ռի­թէն՝ պէտք է լաւ կար­դան պայ­մա­նա­գի­րի զա­նա­զան յօ­դուած­նե­րը, հե­տա­գա­յին ա­նակն­կա­լի մը առ­ջեւ չգտնուե­լու հա­մար։ Ի՞նչ ը­սել կ՚ու­զեմ։

Հի­մա թոյլ տուէք բա­ցատ­րեմ, ի­րա­կան կեան­քէ առ­նուած օ­րի­նա­կով մը։ Ու­րեմն թո­շա­կա­ռու տա­րի­քոտ ա­մոլ մը կ՚ո­րո­շեն մաս­նակ­ցիլ այդ ծրա­գի­րին եւ այ­րը կը ստո­րագ­րէ պայ­մա­նա­գի­րը։ Բայց հա­զիւ թէ այ­րը կը մա­հա­նայ, կազ­մա­կեր­պու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը կնոջ­մէն կը պա­հան­ջեն, որ տու­նը պար­պէ։

Պայ­մա­նա­գի­րը պէտք է ստո­րագ­րուէր եր­կու­քին կող­մէ, որ­պէս­զի ա­նա­խորժ այդ դէպ­քը չպա­տա­հէր։ Կամ այ­րը չստո­րագ­րած պէտք էր նշէր, որ ի­րենց եր­կու­քի մա­հուան պա­րա­գա­յին միայն՝ տու­նը կրնար փո­խան­ցուիլ կազ­մա­կեր­պու­թեան։

Դրա­մա­տի­րա­կան այս եր­կի­րին մէջ, կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ եւ նոյ­նիսկ ան­հատ մար­դիկ կը տա­ռա­պին խղճա­հա­րու­թեան չգո­յու­թե­նէ։ Ա­նոնց հո­գը չէ բնաւ, թէ թո­շա­կա­ռու այդ կի­նը ու՞ր պի­տի ապ­րի եւ կամ ինչ­պէ՞ս պի­տի հո­գայ իր ապ­րուս­տը։ Ա­նոնց մօտ դժբախ­տա­բար «ար­դիւն­քը կ՚ար­դա­րաց­նէ մի­ջո­ցը», այ­սինքն «the end justifies the means»։

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զար­թօնք»

Շաբաթ, Յունիս 11, 2016