ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ «ԹԱՒՇԵԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ»
Այս տարուան Ապրիլին ընթացք առած «Թաւշեայ յեղափոխութիւն»ը համերաշխութեամբ աւարտեցաւ, պարտադրելով նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը։ Հայաստանի Խորհրդարանը, երկրորդ քուէարկութեամբ, 59 ձայներու մեծամասնութեամբ, Մայիս 8-ին վարչապետ ընտրեց ժողովրդական շարժումի առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանը։
Համալսարանական ուսանողութեան վերջին տարուընէ սկսեալ, մէկէ աւելի անգամներ բանտարկութեան ենթարկուած հայրենասէր այս խորհրդարանականը, ժողովրդավար իր պայքարը շարունակեց պետական անարդար իշխանութեանց դէմ, մինչեւ անոր անկումը։
Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեանց հիման վրայ, այս տարուան սկիզբը, մեծամասնութիւն ունեցող Հանրապետական կուսակցութիւնը վարչապետ ընտրած էր Սերժ Սարգսեանը։ Լիազօր իրաւասութիւններով օժտուած անոր վարչապետութիւնը պիտի դառնար երկրին երրորդ գերիշխանութիւնը։ Մինչ այդ, սակայն, Սարգսեան յայտարարած ըլլալով, որ պիտի չուզէր երրորդ շրջանի մը շարունակել երկրին առաջնորդութիւնը, այս հիման վրայ, Փաշինեան անընդունելի գտնելով այս իրողութիւնը, ընդդիմացաւ, առաջնորդելով ժողովրդական խաղաղ ընդդիմադրութիւնը հրապարակային ցոյցերով։ Քանի մը օրերու ընթացքին, ժողովրդային զանգուածները, երկրին զանազան շրջաններէն հեղեղեցին մայրաքաղաք Երեւանի հրապարակն ու քովնտի փողոցները, պահանջելով Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը, որ իրականացաւ առանց բախումներու եւ արիւնահեղութեան։
Աշխարհի բազմաթիւ պետութիւններ դրականօրէն մատնանշեցին եւ ողջունեցին ժողովրդային ցոյցերու խաղաղարար բնոյթը, եւ իշխանութեանց ուժի չդիմելու իրողութիւնը։ Ժողովրդավարութիւնը յաղթանակած էր պատմական աննախընթաց եղելութեամբ։
***
Դէպքերու այս առաջին արարքէն ետք, կու գայ այս յաջողութիւնը ամրապնդելու դժուարին հանգրուանը։ Երկրին վարչամեքենան իր բոլոր կառոյցներով վերադառնալու է բնականոն կեանքի։ Այլազան մարզերէ ներս, նշանակուած են արդէն, կառավարական 23-է աւելի նոր պաշտօնատարներ կամ նախարարներ։ Անոնցմէ կէսէն աւելին մասնագիտացած թեքնոքրաթներ են, մասնագէտները իրենց ստանձնած պաշտօնին։ Արտաքին յարաբերութեանց բնագաւառէն ներս եւս փոփոխութիւններ կատարուած են։ Դիւանագիտական շփումներու ձեռնարկուած է բազմաթիւ երկիրներու հետ, առաջին հերթին սկսելով Ռուսական Դաշնութենէն, որուն հետ պիտի շարունակուի ռազմական համագործակցութիւնը։ Առաջին հրամայականը պիտի ըլլայ վերսկսումը գործի, որ ընթանալու է համբերութեան ու զոհողութեան նոր դրութեամբ, ուր գնահատումը համարժէք ըլլալու է աշխատանքին, այլ խօսքով կատարելով արդար վարձատրութիւն։ Միանգամընդմիշտ դադրեցնելու է որեւէ եկամուտէ կամ գործարքէ, բոլորին ծանօթ ինքնազօր տուրքերու պարտադրումը՝ համեմատական բաշխումով մենատէրերուն երթալու համար։ Պաշտօնէութեան ու մանաւանդ բանուորական թոշակները բարձրանալու են, ընտանիքներու ապրուստը ինքնաբաւ դարձնելու համար։ Այս էական միջոցառումը պիտի օգնէ ոչ միայն արտագաղթը կասեցնելուն՝ դէպի արտասահման կամ Ռուսաստան։ Բնականաբար, այս հիմնական նախաձեռնութիւնը յաջողցնելու համար, կարիքը կայ ապահովելու պետական վարկ, փոխառութեամբ կամ ձեռնտու ա՛յլ միջոցներով, երբ գիտենք, թէ երկիրը պարտքի տակ է արդէն պիւտճէի ծանր բացով։
Յոյժ էական եւ անյետաձգելի այլ նախաձեռնութիւն մը պիտի ըլլայ տնտեսական վերականգնումը։ Կարեւոր է գիւղատնտեսութեան վերակազմակերպումը՝ մեքենական եւ հում նիւթերու հայթայթումով. հողամշակները երկրին առաջնակարգ պաշտպանները եղած են մեր պատմութեան ընթացքին։ Գործարաններու եւ հանքերու մէջ աշխատանքային դրութիւնը բարեփոխուելու է մասնագէտներու նշանակումով, բանուորական պայմաններու եւ վարձատրութեանց զգալի բարելաւումներով։ Նոյնը կատարուելու է կրթական եւ այլ բնագաւառներէ ներս։
Ներքին ապահովութեան եւ ոստիկանութեան համակարգը նոյնպէս բարելաւուելու է, քաղաքացիին կեանքը եւ իրաւունքները պաշտպանուելով։ Արդարութեան նախարարութիւնը ենթակայ դառնալու չէ իշխանաւորներու կամքին, պաշտպանելով քաղաքացիին ու բանտարկեալին հիմնական իրաւունքները։
Բարգաւաճող զբօսաշրջութիւնը ամէն ձեւով կրնայ բարելաւել երկրին տնտեսութիւնը, այլեւ նպաստել Հայաստանի համաշխարհային վարկի բարձրացման։
Վերոյիշեալ մատնանշումներէն ոմանք անմիջական հետապնդումի կը կարօտին, ուրիշներ՝ առաջնային ու կենսական են, իսկ մնացեալները իրենց հերթին պիտի սպասեն։
Բնականոն կեանքի հանգրուանային վերահաստատումին զուգահեռ կ՚ընթանայ երկրին ապահովութիւնը։ Արտաքինը որ աստիճանով ալ ապահովուած ըլլայ Ռուսաստանի կողմէ, առաջնային է ներքին կամ ինքնութեան զօրացումը, որ ապահովուած կրնայ դառնալ վերեւ մատնանշուած բոլոր կէտերու իրականացումով։ Դժուարին է ճանապարհը, ու բարելաւումները կը կարօտին ժամանակի, ու նոր սերունդներու համապատասխան պատրաստութեան։ Բարեկարգումները կը պահանջեն նիւթական միջոցներ, իսկ բոլորը՝ համբերատար եւ հետեւողական դաստիարակութիւն։ Պահանջատիրութիւնները մէկ օրէն միւսը իրագործելի չեն։ Քաղաքացիին գիտակցուած գործակցութիւնը հրամայական պահանջք է, իրականացնելու այնքան ցանկացուած բարեփոխումները։
Հայաստանի տիրապետական վարչակարգին դէմ իրականացած ժողովրդական յեղաշրջումը կը կարօտի հաստատման, ամրացման։ Այս հանգրուանը կ՚ենթադրէ զոհողութիւններ՝ իմաստուն ծրագրումի եւ հանգրուանային գործադրութեան։ Պահանջատիրութիւնը դասակարգելու է զոհողութիւններով, ժրաջան աշխատանքով, արդար ու ժողովրդավար բարեկարգումներ իրականացնելու համար։
Այս հանգրուանին, բոլորուելու է նոր իշխանութեան շուրջ, համատարած սփիւռքէն մինչեւ տեղաբնակ քաղաքացին, որպէսզի ամրապնդուի ու բեղմնաւորուի իրագործուած այս աննախընթաց, պատմական իրադարձութիւնը։
ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ՈՒ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
Օլիկարգներու աւելի քան քսանամեայ, ինչպէս նաեւ նախորդ շրջանէն ժառանգուած վարչատիրական համակարգն ու ցարդ գործադրուող միջոցառումները, մէկ օրէն միւսը, կտրականօրէն կարելի չէ արմատախիլ ընել։ Պատասխանատու անձերը կարելի է փոխարինել, սակայն բարեկարգումի գործադրութիւնը կը կարօտի աստիճանական բարեփոխութեան։ Հասարակութեան հանդուրժողութիւնը եւ համբերատար գործակցութիւնը կարեւոր է, միաժամանակ դիմելով նոր սերունդի դաստիարակութեան։
Կատարուած են ու կը շարունակուին պաշտօններու փոփոխութիւնները։ Գոհացում տրուած կը թուի ըլլալ խորհրդարանի ընդդիմադիր խմբաւորումներուն, իսկ խորհրդանշականօրէն՝ Հանրապետական կուսակցութեան եւ անոր դաշնակից կազմերուն, որոնք բաժնուած են իրմէ, իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան։
Այս բոլորէն ետք, ներկայ կառավարութիւնը կը մնայ փոքրամասնութեան մէջ։ Որեւէ նախաձեռնութիւն, միջոցառում կամ ծրագիր կրնայ ձախողութեան մատնուիլ հանրապետականներու մնացեալ քուէներով։ Արդէն այս ուղղութեամբ որոշ զգուշացումներ կը կատարուին այս վերջիններուն կողմէ։ «Զգուշաւոր լաւատեսութիւն»ը թերեւս ներկայ գոյավիճակին լաւագոյն բնութագրումը պիտի ըլլար։ Բայց անկէ անդին ալ հանրապետականները բոլորովին զինաթափ չեն եղած։ Անոնք խոչընդոտութիւններու կրնան դիմել, որովհետեւ ունին նիւթական միջոցները նման քայլեր առնելու համար։ Իրենց ձեռքն են տակաւին տնտեսական կարգ մը լծակներ երկրէն ներս, եւ հեզութեամբ պիտի չհրաժարին զանոնք օգտագործելէ, ու մանաւանդ՝ հրաժարելէ անոնցմէ։ Այնպէս որ, առանց խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու արմատական փոփոխութիւններ ակնկալելու չէ։ Տակաւին նոր Սահմանադրութիւնն ալ փոփոխութեան կը կարօտի։
Այո՛, անվերադարձ յեղաշրջում կատարուած է, բայց գործնական գետնի վրայ, տնտեսական լծակները կը մնան հանրապետականներուն ձեռքը, եւ որեւէ պահու անախորժ անակնկալներ նախատեսելի են։ Նոր իշխանութիւնը հաւանաբար իմաստութիւնը պիտի ունենայ, ի հարկին դիմելու, վերոյիշեալ բանալի անպատեհութեանց առաջքը առնող գործնական միջոցներու։ Անմիջական բարեկարգումներէ ետք, հիմնական բարելաւումները կը կարօտին ժամանակի, հասարակարգին մտայնութեան ու սովորութեանց փոփոխութեան, նոր սերունդի դաստիարակութեան, ժողովրդավար նոր հասարակարգի մը ստեղծման համար։
Հեռու կենանք աղմկահարութենէ ու ծայրայեղ պահանջատիրութենէ։ Բոլորուինք հայրենի նորաստեղծ իշխանութեան շուրջ՝ թիկունք կանգնելով ձեռք ձգուած բարեշրջումին։ Բարոյական ու նիւթական մեր բոլոր կարողութիւններով թիկունք կանգնինք հայրենի նոր կառավարութեան։
ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ
«Նոր Օր», Լոս Անճելըս
Յունիս 7 2018, Հինգշաբթի