ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍՈՒԹԻՒՆ - 1
Քաղաքական կուսութիւն արտայայտութիւնը ինծի յիշեցուց ֆրանսական հեռուստացոյցի մը կայանէն հաղորդուած մարզական լուր մը: Վերլուծողները զայն կապեցին մարզական խաղերու կազմակերպման-հիւրընկալման երկիրներու տարած գործին արդիւնքներուն հետ, ինչ որ կ՚առընչուի տուեալ երկրի մը ունեցած մարդու իրաւունքներու, աղտոտ քաղաքականութեան վարման զուգահեռ, մեծ ջանքերուն հետ այսպէս ըսած՝ երեսի լուացման ու աշխարհի հանրային կարծիքին եւ միջազգային ընտանիքին ներկայանալու մղումին իբրեւ յառաջադէմ, զարգացած, իրաւական ու համամարդկային արժէքներ կրող երկիր: Հաւանաբար 21-րդ դարու հսկայական բացուածութեան ու արհեստագիտական յեղափոխութեան հետ երկիրներու մրցակցական վազքը հասաւ իր գագաթնակէտին։ Բոլոր երկիրները կ՚ուզեն ամենապայծառ ու առաքինի պատկերով ներկայանալ, ինչ որ միաժամանակ դժուար պարտականութիւն է մի քանի պատճառով.
Նախ՝ մետիադաշտի կեդրոններու սեփականաբաժանումի քարտէսն է (որ առաւելաբար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ձեռքն է), իսկ երկրորդը՝ հասարակական կազմակերպութիւններու ահռելի առատութիւնն է, ըլլան անոնք Արեւելքի թէ Արեւմուտքի մէջ։ Անոնց գոնէ յայտարարուած վերջինը միջազգային հասարակական-բարոյական չափանիշներու ակամայ բարձրացումն է (որ հետեւանքն է մեր ժամանակներու հոլովոյթին): Բնականաբար, մեր դարուն չենք կրնար չտեսնել, որ կան համամարդկային բարձր չափանիշներ նուաճած պետութիւններ, որոնք թէ՛ արտաքին եւ թէ ներքին մակարդակներով ուղի, կանոնակարգ ու ընկերաբանութիւն կը ջամբեն։ Սոյն երկիրներուն օրինակ կրնան հանդիսանալ Ճաբոնը, Զուիցերիան, Սկանտինաւեան երկիրները... եւ այլն: Եթէ ընդհանուր առմամբ չդասակարգենք աշխարհի պետութիւնները, կը նկատենք, որ որեւէ մեծ կամ փոքր, ներքին թէ արտաքին վարուած քաղաքականութիւն հիմնուած է շահ հետապնդելու եւ ձեռքբերելու վրայ: Ինչքան ալ ներկայ ժամանակներուն մէջ միջոցներու յարաբերական փոփոխութիւններ տեղի ունեցան՝ նպատակներ իրականացնելու, մարդկային քաղաքական կեանքի զարգացման հետ, մինչ եկաւ միջազգային օրէնք ու ՄԱԿ մը՝ աւելի կարգաւորելու պետութիւններու քաղաքականութիւնները, իսկ շահն ու իշխանութեան իւրացումը մնացին շարժիչ ուժը քաղաքականութեան։ Ուստի, քաղաքականութիւնը մնաց մարդկային գործունէութեան ամենափտած բնագաւառներէն մէկը: Քաղաքական գործիչ, քաղաքական պատկերացում, քաղաքական նպատակ, քաղաքական ծրագրաւորում չեն նմանիր մշակութային, տնտեսական ոլորտներուն, թէեւ համընդհանուր պետութեան մը քաղաքականութիւնը կը ներառէ այս բնագաւառներն ալ: Հակառակ այս իրողութեան՝ քաղաքական գործունէութեան, ոճի ու բնոյթի աստիճանականացում մը յառաջացաւ երկիրներու-պետութիւններու շատացման հետ եւ այսպէս ըսած՝ քաղաքական ազնուականութիւն մըն ալ երեւան եկաւ: Քաղաքականութիւնը ծայրայեղ մօտեցումներով վերլուծողներուն կողմէ կրնայ սահմանուիլ որպէս անբարոյ բնագաւառ, հետեւաբար փոխաբերաբար քաղաքական գործունէութիւնը՝ անբարոյութիւն։ Ուստի, մարդկային բարձր արժէքներով, հանդուրժողականութեամբ, մարդկային հասարակութիւններու ներքին եւ միջազգային արդարութեան համար ճգնող դերով հանդէս գալն ու ջանքը՝ կրնայ կոչուիլ քաղաքական կուսութիւն: Այս մէկը քաղաքական կուսութեան բարձրատիպ դրսեւորում մը կրնայ համարուիլ, սակայն, պարզօրէն քաղաքականութիւն եւ կուսութիւն (բարոյականութիւն) անհամադրելի եզրակապակցութիւններ են, բայց կը մնան գործածուող այն իմաստով, որ ինքնին քաղաքականութիւնը իր իմաստականութեան պայքարը կը տանի նոյնինքն այն ջանքին մէջ, որպէսզի կարենայ թօթափել իր այսպէս կոչած՝ անբարոյութիւնը: Ամենապզտիկ քաղաքականութիւնը կամ քաղաքական աքթը ուղղուած է հասնելու արդարութեան կամ նուազագոյնը համոզելու, որ քաղաքական գործունէութեան մը միտումը արդար ու առաքինի է: Մեծ իմաստաբանական ու կիրառական հակադրութեան մէջ է քաղաքականութիւնը՝ թէ՛ իբրեւ հասկացողութիւն եւ թէ իբրեւ անխուսափելի կերպ հանրային կեանքը տնօրինելու:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/22/2024