ԵՐԲ ԿԸ ԹԵՐԹԵՄ ՕՐՈՒԱՆ ՄԱՄՈՒԼԸ

Մենք կ՚ապրինք այնպիսի դարաշրջանի մը մէջ, ուր երեւոյթները կը զարգանան կայծակնային արագութեամբ եւ լրատուական դաշտը նոյնպէս անոր մէկ մասն է։ Մարդկութեան պատմութեան մէջ եղած են տեղեկատուութիւն ստանալու եւ փոխանցելու ամենատարբեր միջոցներ, որոնք տարիներու ընթացքին չկատարելագործուելով՝ դուրս եկած են գործածութենէ, իրենց տեղը զիջելով աւելի մատչելի եւ ժամանակակից միջոցներուն։

Ժամանակակից մամուլը հանդիսանալով տեղեկատուութիւն ստանալու ամենաընդունուած միջոցներէն մէկը, պարտաւորուած է իր մակարդակով մէկ քայլ առաջ ըլլալու, աւելի նոր եւ աւելի արագ զարգացող տեղեկատուական աղբիւրները, իր ընթերցողներու զանգուածը եւ արդիականութիւնը չկորսնցնելու համար։

Անձամբ ես, թերթելով հայ մամուլը, չեմ նկատեր զարգացման այնպիսի մակարդակ, որ բաւարար պիտի ըլլայ գոյատեւելու եւ իր դիրքը պահպանելու համար։ Հետեւելով հայկական մամուլին, կը նկատեմ որ անիկա դարձած է հարթակ՝ մարդոց ամենատարբեր շահերը պաշտպանելու համար։ Կան «ընդդիմադիր» եւ «իշխանամէտ» կարգավիճակ ստացած պարբերականներ (Խօսքը Հայրենի մամուլին կը վերաբերի), որոնք մոռնալով իրենց առաջնային դերը, որ մարդոց տեղեկատուութիւն փոխանցելն է, զբաղած են տարբեր մարդոց եւ կուսակցութիւններու ծառայելով։ Քաղաքական կողմնորոշում ունենալը ցանկալի է քաղաքացիի համար, եւ անաչառ ու անկողմնակալ մամուլը ամենանախընտրելի միջոցը պէտք է ըլլայ անոր համար։ Սակայն, այժմ կը նկատուի հակառակ միտումը, որ վտանգաւոր է հասարկութեան համար։ Հայկական մամուլը՝ ունենալով, մասնաւորապէս, շահադիտական միտում՝ կը խեղաթիւրէ քաղաքական դաշտը, զայն դարձնելով ամենատհաճ ու պայթիւնավտանգ խօսակցութեան թեման մարդոց մէջ։ Ապրելով կիսապատերազմական կարգավիճակ ունեցող երկրի մը մէջ, մարդիկ կարիք ունին դրական տեղեկատուութեան, իսկ տարբեր քաղաքական ուժերու բախման մշտական հանդիսատես դառնալով՝ գերազանցապէս բացասական ազդեցութիւն ունին։ Ասոր մէջ իր դերը ունի մամուլը, որուն պատճառով ալ կ՚ապրինք բացասական տրամադրուածութիւն ունեցող հասարակութեան մը մէջ։

Ես ընդհանրապէս չեմ ուզեր տեսնել ապաքաղաքականացուած մամուլ եւ կը գիտակցիմ, որ պետութեան զարգացման մէջ ամենամեծ դերերէն մէկը ունի քաղաքականութիւնը, որմէ չխուսափող եւ որմէ ճշգրիտ տեղեկութեան տիրապետող հասարակութիւնը՝ ամենամեծ խթանը կրնայ հանդիսանալ անոր զարգացման համար։ Բայց նաեւ կը կարծեմ, որ քաղաքական գիտակցութիւն ունեցող մամուլը զբաղած է այլ գործունէութեամբ։ Թերթելով օրուան մամուլը՝ ես կ՚ուզէի տեսնել տարակարծութիւն՝ առանց հեղինակի ակնյայտ կողմնակալութեան։ Կը կարծեմ, որ մամուլի բացասական մթնոլորտէն տեղեակ են բոլորը եւ հայկական մամուլին նկատմամբ հետաքրքրութիւն չդրսեւորելու մէջ, մեղադրել միայն ընթերցողները՝ անընդունելի է։

ՅԱԿՈԲ ՔԷԼԷՇԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Երեքշաբթի, Յուլիս 11, 2017