ԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՄԱՍԱՄՔ ՍՈՐԻՆ
«Ամենէն մեծ հարստութիւնը՝ ագահութեան բացակայութիւնն է»
(Սենեկա)
Ագահութիւնը մարդ արարածի ամենէն մեծ թերութիւններէն մէկն է, որովհետեւ երբ մարդ այս հիւանդութեամբ կը վարակուի, անտանելի ու անկուշտ կը դառնայ: Հիւանդութիւն կ՚ըսենք, որովհետեւ ինչպէս ցանկացած հիւանդութիւն մարդուն մարմինը կը կրծէ ու կը հիւծէ զայն, ճիշդ նոյն ձեւով ալ ագահութիւնը կը կրծէ ու կը հիւծէ մարդու հոգին, զայն վերածելով անջրդի անապատի մը, ուրկէ կը բացակային մարդկայնութիւնն ու Աստուծոյ օրհնութիւնները:
Երբ ագահութիւնը մուտք գործէ մարդուն ներաշխարհէն ներս, տուեալ մարդը գրեթէ ամբողջութեամբ կ՚այլափոխուի, ուրիշ մարդու մը կը վերածուի: Ֆիզիքապէս, այլ խօսքով արտաքին տեսքով նոյնը կը մնայ, անունը նոյնն է, սակայն իր ներքին մարդը նոյնը չէ, որովհետեւ ագահութեան վարակը զինք անջատած է ընդհանուրի կեանքէն եւ վերածած եսասէր ու բոլորը շահագործող էակի մը:
Ագահ մարդու յատկութիւնն է միշտ պահանջել, ամէն ինչ պահանջել, ամէն ատեն պահանջել, կարելի եւ ոչ կարելի եղածները պահանջել, մէկ խօսքով եթէ փորձենք ագահ մարդուն այլ յատկանիշ մը տալ, կրնանք պահանջկոտ բառը գործածել, բայց ո՛չ թէ դրական առումով պահանջկոտ, այլ՝ բացասական առումով:
Ագահ մարդու մէկ այլ յատկութիւնը մեռելութիւնն է: Շատեր կրնան չհամաձայնիլ, բայց երբ ուշադրութեամբ հետեւինք եւ ուսումնասիրենք ագահ մարդու առօրեան, պիտի նկատենք, որ ան կենդանի ՄԵՌԱԾ մըն է, շարժող, շնչող էակ մըն է, բայց ո՛չ մէկ բանով կը տարբերի անշունչ արարածներէն եւ անբան անասուններէն: Այս ուղղութեամբ հաւաքական խոստովանութիւնը երբ ընթերցենք, այնտեղ պիտի տեսնենք, թէ հատուած մը կայ, որ եօթ մահացու մեղքերուն կը վերաբերի: Այդ եօթ մահացու մեղքերուն հինգերորդը՝ ագահութիւնն է:
Անբան անասուններուն առօրեան եթէ քննենք, կը նկատենք, որ անոնք կ՚ապրին գոյատեւելու համար, եւ այդ գոյատեւումին համար իրենց անհրաժեշտ է սնունդ: Իսկ այդ սնունդին համար տարուած պայքարը բնութեան մէջ ի՜նչքան ահաւոր ու սարսափելի է: Բայց, անգամ մը որ այդ սնունդը ապահովուեցաւ, պայքարը, այլ խօսքով՝ պահանջքը կը դադրի մինչեւ յաջորդ անօթենալու ժամանակը գայ: Մինչ ագահ մարդը յագենալ չունի, այդ պայքարէն՝ պահանջքէն դադար չունի, անընդհատ ունենալու, առնելու, տիրանալու, ամբարելու մարմաջը կայ ու կայ, անվերջ ու անսահման:
Այժմ տեսնենք, թէ Աստուածաշունչը եւ Եկեղեցւոյ Սրբազան Հայրերը ի՛նչ կ՚ըսեն ագահ մարդուն կամ ագահութեան մասին:
Աստուածաշունչի Առակաց գիրքին մէջ կը կարդանք. «Ամէն ագահի ճամբաները այսպէս են. ագահութիւնը իրեն անձնատուր եղողները կը մեռցնէ». (Առ 1.19). շատ պարզ ու յստակ կերպով առակողը կը յայտնէ մեզի, թէ անոնք որոնք ագահութեան ճամբան կը բռնեն, այդպէսով մահուան ճամբան բռնած կ՚ըլլան, որովհետեւ ագահութիւնը մահուան կ՚առաջնորդէ: Սուրբ Կիպրիանոսը այս համարին անդրադարձած ժամանակ կ՚ըսէ. «Դրամներուդ գերին ես: Ագահութեան եւ անոր կապերով կապուած ես, դուն՝ որ Յիսուսը անգամ մը քակեց քեզ, սակայն աւելի զօրաւոր շղթաներու մէջ յայտնուեցար: Դուն կը պահես դրամներդ, այդ բաները որ կը պահես, որոնք քեզ չեն պահեր»:
Դարձեալ Առակացին մէջ կը կարդանք. «Ագահութեան անձնատուր եղողը իր տունը խռովութեան մէջ կը ձգէ...» (Առ 15.27). որովհետեւ ագահութեամբ վարակուող անձը կը կորսնցնէ իր ներքին խաղաղութիւնը, ինչ որ պատճառ կը դառնայ, որ իր տան խաղաղութիւնն ալ վերանայ եւ անոր տեղ գայ ու բոյն դնէ խռովութիւնը:
Դարձեալ նոյն գիրքին մէջ կը կարդանք. «...Ագահութենէ զզուողը իր կեանքը կ՚աւելցնէ». (Առ 28.16). վերը ըսինք, Առակաց գիրքին մէջ ալ կարդացինք, թէ ագահութիւնը մահուան կ՚առաջնորդէ, կը մեռցնէ այն մարդը, որ այդ հիւանդութեամբ կը տառապի, իսկ այստեղ կը տեսնենք, ինչպէս առակողը կ՚ըսէ, թէ այն մարդը, որ ագահութենէն կը զզուի, իր կեանքը կ՚աւելցնէ, այլ խօսքով՝ իր կեանքին օրերը կ՚երկնցնէ: Այս համարին մասին Երանելի Հերոնիմոսը կ՚ըսէ. «Ինչպէս որ սուրբը Աստուծոյ տաճարն է, այդպէս ալ մեղաւորը՝ ինքն իրմէ գերեզման կը շինէ»:
Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս ագահութիւնը ծանր մեղքերու շարքին կը դասէ եւ ագահութեան աղբիւրը կը համարէ մարդուն սիրտը: Արդարեւ, խօսելով այն մասին, թէ ի՞նչն է, որ մարդս կ՚ապականէ, մեր Տէրը կ՚ուսուցանէ. «Ընդհակառակը, ինչ որ մարդէս դուրս կ՚ելլէ՝ ա՛յն է որ կը պղծէ մարդս։ Որովհետեւ մարդուն ներսէն, այսինքն՝ սիրտէն է, որ կ՚ելլեն չար մտածումները.- շնութիւն, պոռնկութիւն, գողութիւն, սպանութիւն, ագահութիւն, չարութիւն, նենգութիւն, գիջութիւն, չար նախանձ, հայհոյութիւն, ամբարտաւանութիւն, անզգամութիւն։ Այս բոլոր չար բաներն են, որ մարդուս ներսէն ելլելով՝ կը պղծեն զայն» (Մր 7.20-23). այսինքն՝ ագահութիւնը մարդուն դուրսէն ստացած յատկութիւն մը կամ վարքագիծ մը չէ, այլ՝ իր ներսէն եկող հիւնադութիւն մըն է, հիւանդութիւն, որ մարդը ի՛նք իր մտածումովն իսկ կը ստեղծէ ու գերին կը դառնայ:
Տէր Յիսուս նախքան անմիտ հարուստին առակը պատմելը՝ զԻնք շրջապատող ժողովուրդին կ՚ըսէ. «Նայեցէք եւ զգուշացէ՛ք ագահութեան բոլոր տեսակներէն, որովհետեւ մարդու մը կեանքը կախեալ չէ՛ իր ամբարած հարստութենէն» (Ղկ 12.15). անմիտ հարուստին առակը շատերուն ծանօթ է եւ այս տողերով կարծէք մեր Տէրը այդ առակին եզրակացութինն է, որ կու տայ նախքան զայն պատմելը. այլ խօսքով՝ մեր հարստութենէն, մեր ունեցուածքէն, մեր ուշիմութենէն, մեր ունեցած գիտութենէն, մեր ունեցած հնարաւորութիւններէն, մեր ունեցած ունակութիւններէն՝ եւ շարքը կարելի է երկարել, կախեալ չէ մեր կեանքը, այլ՝ այս բոլորէն անդին եւ առաջ մեր կեանքը կախեալ է Աստուծոյ նկատմամբ մեր ունեցած հնազանդութենէն ու վստահութենէն, որուն ի պատասխան մեր Տէրը մեզի կու տայ այն, ինչ որ անհրաժեշտ է մեզի:
Պօղոս առաքեալն ալ ագահութիւնը միշտ ծանր մեղքերու շարքին կը դասէ: Այսպէս, Կորնթացիներուն ուղղուած իր առաջին նամակին մէջ խօսելով բարոյական անկարգութեան մասին՝ այսպէս կ՚ըսէ. «Նամակիս մէջ ձեզի գրած էի, որ անբարոյ մարդոց հետ չյարաբերիք։ Բայց յստակ է, որ խօսքս հեթանոս աշխարհին անբարոյ մարդոց կամ ագահներուն կամ յափշտակողներուն կամ կռապաշտներուն մասին չէր. այլապէս ստիպուած պիտի ըլլայիք այս աշխարհէն հեռանալու: Մինչդեռ այդ տողերովս ըսել կ՚ուզէի, որ չյարաբերիք անոնց հետ՝ որոնք թէպէտ քրիստոնեայ եղբայր կը կոչուին, բայց կա՛մ պոռնկութիւն կ՚ընեն կամ կռապաշտ են, կա՛մ ագահ կամ բամբասող, կա՛մ գինեմոլ եւ կամ յափշտակող» (Ա.Կր 5.9-11). կը նկատենք, թէ ինչ յատկութիւններու կողքին կը դնէ ագահութիւնը. եւ այսօր, եթէ պահ մը ուշադրութիւն դարձնենք մեր շրջապատին, յատկապէս այն մարդոց, որոնք կը սիրեն իրենք զիրենք «հաւատացեալ», «ապաշխարած», «փրկուած» կոչել, ի՜նչ տիպի ագահներ են եւ ինչպէս ագահութեամբ վարակուած ըլլալով ապականած են նախ եւ առաջ իրենց անձերը, ապա իրենց ընտանիքները եւ շատ ատեն նաեւ իրենց շրջապատը:
Նոյն նամակին մէջ դարձեալ ագահութիւնը ծանր մեղքերու կողքին դասելով, այս անգամ Առաքեալը աւելի կը խստացնէ իր ոճը, ըսելով. «Միթէ չէ՞ք գիտեր, որ անիրաւութիւն ընողները Աստուծոյ Արքայութիւնը պիտի չժառանգեն: Դուք ձեզ չխաբէք: Անոնք որ պոռնկութիւն կ՚ընեն կամ կռապաշտ են, կամ՝ շնացող, իգացեալ, արուագէտ, գող, ագահ, գինեմոլ, բամբասող կամ յափշտակող՝ Աստուծոյ Արքայութիւնը պիտի չժառանգեն» (Ա.Կր 6.9-10). ագահ մարդը հետեւաբար, ինչպէս պոռնկութիւն ընողները, բամբասողները, յափշտակողները, եւ այլն, Աստուծոյ Արքայութիւնը պիտի չժառանգէ: Կը տենենք, արդարեւ, թէ ինչպէս ագահութիւնը իրապէս մարդս կը մեռցնէ՝ ինչպէս քիչ մը վերեւ տեսանք, կը մեռցնէ հոգեւորապէս, կը մեռցնէ յաւիտենապէս՝ զրկելով Աստուծոյ Արքայութեան ժառանգակից ըլլալէ: Նմանատիպ միտքի մը կը հանդիպինք նաեւ նոյն Առաքեալին Եփեսացիներուն գրած նամակին մէջ, ուր կ՚ըսէ. «Մէկ բան վստահ գիտցէք, թէ ոեւէ մէկը, որ պոռնկութիւն կ՚ընէ, պղծասէր է կամ ագահ -ինչ որ կռապաշտութիւն է-, ժառանգութիւն պիտի չունենա՛յ Քրիստոսի եւ Աստուծոյ Արքայութեան մէջ» (Եփ 5.5). Առաքեալին խօսքերը շա՛տ պարզ ու յստակ են, ագահը, ինչպէս՝ պոռնիկն ու պղծասէրը՝ «ժառանգութիւն պիտի չունենա՛յ Քրիստոսի եւ Աստուծոյ Արքայութեան մէջ»:
Դարձեալ Եփեսացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ Առաքեալը խօսելով, թէ ի՛նչպիսին պէտք է ըլլայ Աստուծոյ ժողովուրդը՝ որպէսզի Անոր նմանի, կ՚ըսէ. «Աստուծոյ նմանեցէք, որպէս Իր սիրելի որդիները, եւ սիրով շարժեցէք, այնպէս՝ ինչպէս Քրիստոս մեզ սիրեց եւ մեզ փրկելու համար Ինքզինքը Աստուծոյ ընծայեց որպէս անուշահոտ ընծայ եւ զոհ։ Պոռնկութեան, որեւէ պղծութեան կամ ագահութեան խօսքն իսկ թող չըլլայ ձեր մէջ, որովհետեւ այդպէ՛ս կը վայելէ Աստուծոյ ժողովուրդին» (Եփ 5.1-3). կ՚ուզե՞նք Աստուծոյ նմանիլ, կ՚ուզե՞նք Աստուծոյ ժողովուրդին, այսինքն՝ Քրիստոսի Եկեղեցւոյ անդամ ըլլանք, հետեւաբար պէտք է զգուշանանք ինչպէս պոռնկութենէն, այնպէս ալ նաեւ ագահութենէն:
Սուրբ Բարսեղ Կեսարացին կ՚ըսէ. «Ժլատը, այնքան ատեն որ ողջ է, ոչ մէկ լաւ բան կ՚ընէ, միայն անոր մահէն ետք է որ բարիք կ՚ըլլայ, երբ կուտակուած հարստութիւնը լոյս աշխարհ կու գայ»:
Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը կ՚ըսէ. «Յուդան ագահութեամբ եղաւ այն ինչ որ եղաւ... Ագահութիւնը չար մտածումներ կը ծնի, մարդիկը հայհոյողներ կը դարձնէ, ու կը ստիպէ զանոնք Աստուածգիտութիւնը մոռնալու, հակառակ այն բանին, որ Անկէ հազարաւոր պարգեւներ կը ստանան»:
Սուրբ Յովհաննէս Քասեանը կ՚ըսէ. «Ագահութեան կարելի չէ յաղթել, բացի եթէ մարդը ինքզինք չմերկացնէ ամէն բանէ: Ա՛յս է կատարեալ յաղթանակը ագահութեան դէմ: Թոյլ չտանք, որ փոքր մասնիկ մը անգամ իր կեղտերէն, որ մեր սիրտերուն մէջ մնայ, ու գիտնանք, որ կարողութիւն պիտի չունենանք մարել զայն, եթէ մեր [հոգիին] խորերը անկէ փոքր բոց մը ձգեցինք»:
Էմմանուէլ Քահանայ Նազարեանցը խօսելով ագահութեան մասին՝ զայն հիւանդութեան կը նմանցնէ, ըսելով. «Ագահութիւնը հոգեկան հիւանդութիւն մըն է, եւ աշխարհին մէջ եղած հիւանդութիւններուն՝ ամենէն սարսափելին»:
«Գեղեցիկ ապրելու գաղտնիքները (խորիմաստ պատումներ)» գիրքին մէջ, հետեւեալ կարճ պատումին կը հանդիպինք ագահութեան մասին.
«Փոքրիկ տղայ մը տասը արծաթ ունէր:
Երբ իր դրամը կը կորսնցնէ, կը սկսի լալ: Բարի մարդ մը, տեսնելով, որ փոքրիկը կու լայ, կը խղճայ անոր եւ տասը արծաթ կու տայ, որպէսզի ան ուրախանայ: Սակայն, փոքրիկը ուրախանալու փոխարէն կը սկսի աւելի լալ: Մարդը զարմանալով, կը հարցնէ, թէ ինչո՞ւ տակաւին կու լայ: Տղան կ՚ըսէ, որ եթէ իր տասը արծաթը չկորսնցնէր, հիմա քսան արծաթ կ՚ունենար:
Երբ մարդիկ կը փափաքին աւելին ունենալ, չեն կրնար հանգիստ ապրիլ ու միշտ կը դժգոհին: Ագահութիւնը մարդուն մէջ աւելի կը զօրանայ, երբ անոր ունեցած ոսկիները կը շատնան»:
Պօղոս Ադրիանապոլսեցի Պատրիարքը կը գրէ. «Ժլատները, քիչ դրամ խնայելով, իրենց մեծ պատիւը կը կորսնցնեն, մինչ պատշաճ էր, որ անոնք ամէն ինչ տային եւ պահէին պատիւը, ինչ որ աւելի կ՚արժէ, քան բոլոր գանձերը»:
Դարձեալ. «Ագահը, եթէ իր սիրտին մէջ գանձեր չունի, կը նշանակէ թէ գանձերը իրենց մէջ շղթայած են ագահին սիրտը, ուստի երբ գանձերը կը կորսուին, անոր սիրտն ալ կը կորսուի ու անկենդան կը մնայ, որովհետեւ ագահներուն կեանքը անոնց գանձերն են»:
Դարձեալ. «Ագահութեան ախտը կեանքը կը կարճցնէ, որովհետեւ ագահը միտքով կը տանջուի, թէ ինչպէս չունեցածը ձեռք բերէ, ինչպէս ունեցածը պահպանէ ու ասով միշտ կը հիւծի եւ կը մաշի: Որովհետեւ դրամ ձեռք բերելը աշխատանքով է, պահելը՝ երկիւղով, իսկ կորսնցնելը՝ ցաւերով»:
Երջանկայիշատակ Շնուտա Գ. Հայրապետը պատասխանելով այն հարցումին՝ թէ ինչպէ՞ս կրնամ ագահութենէն ազատիլ, կը պատասխանէ. «Ագահութեան մեղքին կը նախորդէ ուրիշ մեղք մը՝ դրամասիրութիւն, կամ ալ ուրիշները չսիրելու մեղքը, եւ այլն։ Խրատս է քեզի, որ մարդիկը սիրես, եւ ոչ թէ աշխարհը եւ անոր մէջը եղածները սիրես (Ա.Յհ 2.15)։ Եւ վստահ եղիր, որ այս մէկը ագահութիւնը սիրտէդ պիտի վռնտէ։ Իսկ եթէ ագահութիւնը մնաց մօտդ, դուն քեզ պարտադրէ տալու, եւ դուն քեզի ըսէ. “Եթէ դրամը չձգեմ, ան զիս պիտի ձգէ, եւ երբ աշխարհէն բաժնուիմ, հետս պիտի չտանիմ զայն”»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
9 յուլիս 2019
Վաղարշապատ