ՋԱՀԱԿԻՐՆԵՐԸ ԿԸ ԳՐԵՆ

Ճեմարանականները «Հայ ճեմարանի» 90-ամեակի կոչը լսելով՝ նուիրատուութեան կողքին ուրախալի այլ երեոյթ մը պարզեցին. անոնցմէ շատեր անակնկալօրէն ձեռք առին իրենց գրիչը։

Մեզի ծանօթ քանի մը գրողներու կողքին, կը հանդիպինք անուններու, որոնք շատո՜նց հայերէն չէին գրած։ Այս գրութիւններուն տակ երեւցող նոր ստորագրութիւններու երեւոյթը վստահաբար ուրախալի յայտնութիւն մը եղաւ բոլորիս։

Հիներ-նորեր կ՚արձագանգեն այս կոչին իրենց յիշատակները, զգացումները թուղթին յանձնելով եւ մանաւանդ ապացուցելով, որ այս հաստատութիւնը զիրենք ՀԱՅ կերտած է բառին բուն իմաստով։

Ճեմարանի մէջ, դասաւանդութեան ու գիտելիքներու կողքին, առաջին նստարաններէն իսկ շօշափելիին կողքին անյայտ գաղափար մը, շունչ մը կը տիրէր. կը յիշեն շատեր, իսկ ուրիշներ կը հաստատեն, որ աշակերտներու ինքնագիտակցութեան մէջ  ուսումը, օտար լեզուները, գիտութիւնն ու մասնաւորապէս հայակերտումի գործարկութիւնը կը միաձուլուէին անզգալաբար։ Վկայ՝ այս գրութիւնները, ուր ի յայտ կու գայ հայակերտումի պատուաստումը մինչեւ իսկ սկսեալ դպրոցի բակի մթնոլորտէն։

Ուստի կ՚եզրակացնենք, որ երբ աշակերտը կ՚աւարտէ Ճեմարանը, պաքալօրէաներէ անկախ՝ հայու ինքնութիւնն ու հայերէն գրելու կարողութիւնը անքակտելիօրէն կը միաձուլուին իր մէջ։

Ճեմարանաւարտը այնքա՜ն հայերէնով ու Հայաստանով լիցքաւորուած կ՚անցընէ իր երկրորդական ուսման շրջանը, որ կարծես Հայաստանի հողին վրայ դպրոց մը յաճախած ըլլար ան՝ միայն սա՛ տարբերութեամբ, որ լեզուն, գրիչը արեւմտահայերէն է։ Նշենք նաեւ, որ արեւելահայերէնի հասկացողութեան ո՛չ մէկ դժուարութիւն. հայերէնի դասաւանդութեան ընթացքին արեւելահայ գրականութեան տեսութիւնն իր կարգին ներկայ է Ճեմարանի մէջ:

Եւ այսպէս, «ուշ լինի նուշ լինի», բոլորիս ծանօթ ասացուածքը՝ սկսաւ կեանք առնել ի պատասխան 90-ամեակի ոգեկոչման։

Կարօ՜տը դպրոցական օրերուն, հայկական կրթութեան, կարօ՜տը ուսուցիչներու դէմքերուն, բակի մթնոլորտին… ու ահա՛ գրիչը եղաւ միջոցը արտայայտելու յուշեր, դասարանային յիշատակներու նկարագրութիւններ՝ մէկը միւսէն իւրայատուկ, մէկը միւսէն հարազատ։

Եթէ կը հետեւիք այս գրութիւններու շարքին, ճեմարանականի յատուկ ոճ մը միշտ կը սողոսկի տողերուն մէջ։ Մուշեղ Իշխանի գրութիւններու ազդեցութեան հոտն ու համը կը նշմարուի՝ թեթեւ, անմեղ, ինքնաբուխ եւ երեւակայութեամբ լի։

Սիրելի՛ ճեմարանականներ,

Քաջ գիտենք, որ դուք այսօր սփիւռքի մէջ ուր որ ալ ըլլաք, ձեր ստացած դպրոցական տարիներու պաշարով աշխոյժ գործունէութիւն ունիք այս կամ այն ազգային միութենական կեանքի մէջ։ Դուք յաճախ բացման հանդիսութեանց խօսք առնողները կ՚ըլլաք, կը վարէք ժողովներ, կը կազմակերպէք ձեռնարկներ՝ միշտ ըլլալով առաջնորդի դերին մէջ։

Բայց,  շրջանաւարտ ընկերներ, հարցում մը ունիմ ձեզի.

-Յարգելիներս՝ (ինչպէս կ՚ըսեն Հայաստանցիք)…

Դուք, որ սփիւռքահայութեան մեծամասնութեան մէջ ամենասահուն գրիչը ունիք, դուք որ ձեր մտքերը հայերէնով արտայայտելու իւրայատուկ ոճ մը ունիք, ձեր գրիչները ինչո՞ւ լռած էին մինչեւ այսօր։ Ինչո՞ւ հազուագիւտ է կարդալ մեր մամուլին մէջ ձեր ստորագրութեամբ պարզ ու մատչելի յօդուածներ առօրեայէն, սրամիտ պատմուածքներ, մինչեւ իսկ ինչո՞ւ լոյս չեն տեսներ Ճեմարանի դարբնոցէն զաւեշտներ, թատրերգութիւններ եւ մատչելի գրականութիւն։

Խոստովանինք աւելի՛ն. կ՚ըսենք ու կը կրկնենք, որ արեւմտահայերէնը վտանգուած է, ո՞վ պիտի ըլլայ այս լեզուին հսկող պահակն ու պաշտպանը, եթէ ոչ՝ դուք։

«Միայն զէնքով չկայ հայոց փրկութիւն»… Եթէ կ՚ուզենք, որ նոր սերունդը հայկական դպրոց աւարտելէ ետք հայերէնով մտածէ ու առօրեայ դարձնէ, ինչպէս որ ան կը կարդայ՝ անգլերէն, ֆրանսերէն, չէ՞ք կարծեր ճեմարանականի ստորագրութեամբ հսկայ գրականութիւն մը պէտք է ունենայինք մինչեւ օրս։ Արկածախնդրական, սիրային, գաղտնի ոստիկանական եւ այլ նիւթերով վէպեր լոյս տեսած ըլլային ներգրաւելու համար մեծէն փոքրը։

Ճեմարանականը ինչո՞ւ իր ասպարէզի կողքին արեւմտահայերէնով՝ իբրեւ «հobby», սիրողական գրող չըլլայ։

Այսօր մեր մամուլը լի է միութենական, քաղաքական, բարոյական, պատմական կրկնութիւններով։ Այդ բոլորը իրենց կարգին կը յորդորեն նոր սերունդը, բայց բացակայ են մեր էջերէն ճեմարանականներու գրիչը, ոճը, գրական ստեղծագործութիւնները, որոնք արեւմտահայերէնը ողջ լեզու պիտի պահեն ու մրցակցին անգլերէնի ու ֆրանսերէնի հետ։

Հայկական դպրոց յաճախող աշակերտութիւնը չունի ժամանցի համար կարճ, հաճելի գրականութիւն, որ կարդայ հաճոյքով ու փակէ գիրքը միայն վերջացնելէ ետք։ «Livre de poche» ըսուածին նման:

Խոստովանիմ, որ կը կասկածէի, թէ ճեմարանականներէն շատերը՝ ա՛լ հայերէն գրելու կարողութիւնը կորսնցուցած են։

Սակայն սխալած եմ… փաստը՝ այս օրերու ճեմարանակարօտ գրութիւններու տարափի յայտնութիւնը եղաւ։

Յիշեցէք։ Որքա՜ն յափշտակութեամբ կարդացած ենք «Սպիտակ ձիաւորը», «Զարթօնք»ի հատորները կամ Րաֆֆիի վէպերը… որոնք մեր հայերէնի սէրը կերտած են լուռ ու մունջ։

Այսօր, դարուս հետաքրքրող նիւթերով է միայն, որ կարելի պիտի ըլլայ հայերէն ընթերցասիրութիւնը վերահաստատել։

Ճեմարանականի առաքելութիւնը սփիւռքի ափերուն այդ չէ՞ միթէ։

Չթողուլ որ խամրի հայ լեզուն։

Ուստի, օ՜ն, առաջ։

ՍԵԼԼԱ

«Ազդակ», Լիբանան

Շաբաթ, Յուլիս 11, 2020