ԻՍԿԱԿԱՆ ՈՃՐԱԳՈՐԾԸ

Վերջերս, Իրաքի մէջ ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) կրած շարք մը պարտութիւններէ ետք, տեսանիւթ մը վիրուսային կերպով շրջագայեց համացանցի էջերուն վրայ: Մարմնաքօղով կին մը, կուրծքին սեղմած երեխայով դէպի իրաքեան զօրքերը կը վազէր, որպէս թէ կը փախչէր ԻՇԻՊ-ի ժանիքներէն, իրաքեան զօրքերու մօտ ապահով ապաստանարան գտնելու ջանքով: Այս կինը իր երեխային կողքին շալկած էր պայթուցիկ նիւթերով լեցուն պայուսակ մը: Հազիւ զինուորներու շարքերէն ներս մխրճուած, ինքզինք կը պայթեցնէ իր գրկած երեխային կողքին, շատ մը ուրիշ զոհեր իրեն հետ խլելով: Այս անմարդկային ոճիրը կու գայ միանալու այն տասնեակ ոճիրներու, զորս ամէն օր կը լսենք եւ կը կարդանք Միջին Արեւելքի մէջ գոյացած խելայեղ պատերազմներու ընթացքին: Նման դէպք մը տեսնել եւ զայն «անմարդկային ոճիր» որակել, դիւրին է: Բայց ինչ որ աննկատելի է շատերու կողմէ, թէ այս կինը իր արարքով ոչ թէ միայն մարդիկ սպաննեց, այլեւ մարդկային հոգին սպաննեց, «վստահութիւն»ը հարուածելով: Յետ այդ ամէն անգամ, որ զինուորներ նման պատահարի մը դիմաց գտնեն իրենք զիրենք, պիտի չվստահին իրենց աչքերու տեսածին, թէկուզ եւ օգնութիւն պահանջող իսկական դէպք մը ըլլայ:

Դիւրին է վերոյիշեալ դէպքի «հերոս» կինը ահաբեկիչ, կամ ոճրագործ որակել: Բայց արդեօք իւրաքանչիւրիս մէջ նման «հերոսութեան» հոգին չկա՞յ: Իւրաքանչիւրս բարոյականութեան «երեխան» սեղմած մեր կուրծքին՝ զայն եւ մեր շուրջինները կը սպաննենք, առանց նոյնիսկ տատամսելու: Կ՚ապրինք աշխարհի մը մէջ, որ «նեխած» է եւ զայն այդ վիճակի հասցնողը մենք ենք: Կը թափենք մեր անբարոյութեան «աղբեր»ը մեր տուներու առջեւ, եւ ապա կը գանգատինք, թէ ինչու աշխարհը ապականած դարձած է: Այո, մեր առօրեան լեցուն է մարդոցմով, որոնք ականալարուած պայթակ գօտիներ հագած են, եւ զայն պայթեցնելով կը սպանենք մարդկութեան մէջ արժէքներու եւ սկզբունքներու հոգիին: Քանի-քանի անգամներ մեր գործատեղերուն մէջ, հազարումէկ սուտեր խօսելով մեր ապականած արտադրութիւնը կը ծախենք, զայն բարձրորակ կոչելով: Եւ յաճախորդները, մեր գործածած «սկզբունք»ին հետեւելով իրենց յաճախորդները կը խաբեն, եւ այսպէսով մեր իսկ հնարած եւ ծախած «սկզբունքը» ձիւնագնդիկի նման կը թաւալի, մինչեւ որ օր մը վերստին մեզ գտնէ:

Օրինակի համար դէպք մը պատմեմ, որ հետս պատահեցաւ: Բարեկամիս հետ շապկագործ դերձակի մը գացինք, որպէսզի անոր շապիկ մը կարել տանք: Չափերը առնելէն ետք, շապկագործը մեզ իր գրասենեակը հրաւիրեց սուրճ խմելու համար: Մինչ կը խօսակցէինք, գործատան ընդհանուր պատասխանատուն ներս մտաւ յայտնելու համար, որ հարիւր շապիկներ սխալ կարուած են: «Լաւ մը արդուկեցէք եւ ապա փաթեթաւորելով վաճառականին ուղարկեցէք», ըսաւ գործատէրը այնպիսի ոճով մը, որ ցոյց կու տար, թէ այդ արարքը սովորական քայլ մըն էր իրենց համար: Տրամաբանութեան սովորական գծով վաճառականը իր կարգին ստելով ապրանքը պիտի ծախէ տեղական շուկային: Եւ այսպէս խաբեբայութեան ընթացքը պիտի շարունակուի, մինչեւ որ ան վերադառնայ իր մեկնակէտին: «Ինչ որ ցանենք, զայն պիտի հնձենք», կ՚ըսէ առածը: Հարցը միեւնոյնն է մեր առօրեայ յարաբերութիւններուն եւ հաստատութիւններու մէջ: Նման վերոյիշեալ կնկան, մենք ալ մեր կրծքերուն սեղմած բարոյականութեան «երեխան»՝ կը սպաննենք զայն եւ մեր շրջանակը եւ ապա կը զարմանանք, թէ ինչո՛ւ աշխարհը հասաւ անբարոյութեան ստորին մակարդակներուն: Ահաբեկիչ կինը մի քանի անձեր սպաննեց. մինչ առաքինութիւնն ու սկզբունքները հարուածողը սերունդներ կը սպաննէ: Արդեօք ո՞վ է իսկական ոճրագործը:

ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Ուրբաթ, Օգոստոս 11, 2017