ՍԻՍԻ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՊԻՏԻ ԵՐԹԱ՞Յ «ԻՍԼԱՄ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐ»ՈՒՆ ՀԵՏ
ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԽՆԴԻՐԸ... ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ Է
Միջին Արեւելքի մէջ ընթացող գործընթացներուն կապակցութեամբ վերլուծաբանները մեծ ուշադրութիւն կը դարձնեն Եգիպտոսին:
Նախագահ Սիսի, որուն իշխանութեան գլուխ հասնելէն անցած է երեք տարի, կանգնած է բաւական բարդ խնդիրներու առջեւ: Հարցերուն մեծագոյնը տնտեսական «ճնշում»ն է, որուն կ՚ենթարկուի Եգիպտոս ի հետեւանք բնակչութեան թիւի աճին եւ ատոր դիմաց դրամական ներհոսքի կամ տնտեսական մեծ եկամուտներու բացակայութեան:
Տնտեսական ոլորտին մէջ առկայ բաւական բարդ դրութեան առընթեր, նախագահ Սիսիի իշխանութեան առջեւ դրուած է «Իսլամ եղբայր»ներու թղթածրարը, որ կը հանդիսանայ երկրին համար բաւական խոր արմատներ ունեցող եւ յաճախ լարուած ուժանակի դերով հանդէս եկող հիմնահարց մը:
Երեւանի մէջ, վերջերս, երբ առիթը ներկայացաւ երկու եգիպտացի լրագրողներու հետ զրուցելու՝ յստակ դարձաւ, որ այդ լրագրողներուն համար բացառուած է, որ նախագահ Սիսի երկխօսութեան դուռ մը բանայ իսլամամէտներուն համար:
«Իսլամ եղբայրներ»ու նիւթը կը բանայի, որովհետեւ այդ հանդիպումէն օրեր առաջ աչքիս զարկած էր լիբանանեան օրաթերթի մը, ինչպէս նաեւ ամերիկեան Huffington Post պարբերականի արաբական տարբերակին մէջ լոյս տեսած մի քանի վերլուծութիններ, որոնք կը խօսէին նախագահ զօրավար Սիսիի «Իսլամ եղբայրներ»ուն ուղղութեամբ «կատարելիք» քայլերուն եւ շատ հաւանաբար տեղի ունենալիք երկխօսութեան մասին: Այս մօտեցման իբրեւ ապացոյց «Ալ Ահրամ» եւ «Ալ Տասթուր» պարբերականներու ներկայացուցիչ խօսակիցներուս ցոյց կու տայի այդ թերթերուն մէջ լոյս տեսած գրութիւնները: «Այդպիսի բան գոյութիւն չունի», կ՚ըլլար լրագրողներէն մէկուն պատասխանը, իսկ միւս խօսակիցս աւելի համարձակ ոճով մը կ՚ըսէր. «Այս լուրերը հերթական սուտեր են եւ նորութիւն չեն: Ես վստահ եմ, որ մեր նախագահը չի պատրաստուիր նման քայլ մը առնել»:
Առանցքայինը այն էր, որ ամերիկեան տասնեակ պարբերականներ նոյն մօտեցումը կը ցուցաբերէին Սիսիի կատարելիք յառաջիկայ քայլերուն վերաբերեալ՝ նշելով նաեւ, որ Եգիպտոսը կրնայ յայտնուիլ բաւական անսպասելի եւ անկանխատեսելի փուլի մը մէջ:
Այստեղ յիշեցման կարգով հարկ է նշել, որ «Իսլամ եղբայր»ներուն համար Սիսիի իշխանութիւնը անօրինական է, որովհետեւ իրենց համար երկրի նախագահը Մուհամմէտ Մուրսին է, որ 2013-էն ցայսօր կը շարունակէ մնալ բանտի ճաղերու ետին: Ու հակառակ Սիսիի արտաքին քաղաքականութեան գծով արձանագրած բաւական յաջողակ քայլերուն՝ յստակ է նաեւ, որ երկրի ներքին շերտերուն մէջ առկայ «երկուութիւն»ը, եւ թէկուզ քիչ տոկոսով, սակայն յստակօրէն երեւցող ու մոխիրին տակ պահուած «կրակ»ը կրնայ որեւէ պահու աճիլ, նոր բարդութիւններ յառաջացնելով երկրին ու իշխանութիւններուն:
ՂԸՊՏԻՆԵՐՈՒ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ
Իննիսուն միլիոն հաշուող Եգիպտոսի բնակչութեան հարիւր առ 10 ղըպտիներ են: Վերջին տարիներուն անոնք թիրախ հանդիսացան ծանր ահաբեկչական գործողութիւններու: Ղըպտիներու պատկանող տասնեակ եկեղեցիներ հրկիզուեցան եւ ընթացիկ տարուան ընթացքին մէկէ աւելի ղըպտի եկեղեցիներու մէջ հարիւրաւոր անմեղ հաւատացեալներ զոհուեցան: Ծանր օրեր կ՚ապրին ղըպտիները, ու հակառակ բազում հալածանքներու, անոնք կը շարունակեն հաւատալ խաղաղ միջոցներով եւ աղօթքով այս արարքներուն դիմագրաւելու ընտրանքին: Այս պարագան մեր խօսակցութեան առանցքը կը դառնայ Շատիա Եուսուֆին հետ, որ ինչպէս վերը նշեցի, վերջերս Երեւան կ՚այցելէր Հայաստանի մասին զբօսաշրջային եւ ճանաչողական յօդուածներ հրապարակելու համար: Երբ կ՚անդրադառնանք ղըպտիներու ապրած բաւական դժուարին օրերուն՝ Շատիա կ՚ըսէ. «Գիտէք մեզի համար կրօնական տարբերութիւնները մեծ կարեւորութիւն չունին մեր երկրին մէջ. մենք մեր հարեւաններուն չենք հարցներ, թէ ո՛ր կրօնին հետեւորդ ես: Այս բոլորը ըսի պարզապէս նշելու համար, թէ Եգիպտոսի մէջ պատահած դէպքերուն ընթացքին զոհուածները ցաւ կը պատճառեն ո՛չ միայն ղըպտի համայնքին, այլ՝ բոլոր եգիպտացիներուն»:
Այս կէտին Շատիայի խօսքը կ՚ընդհատէ միւս զրուցակիցս՝ «Ալ Տասթուր» թերթի լրագրող՝ Ահմէտ Հասսան ու կ՚ըսէ. «Գիտէք, օրինակ՝ Շատիան ղըպտի համայնքի անդամ է ու չէ պատահած, որ նոյնիսկ օր մը անհանգստանայ կամ «խանգարուի» իմ աղօթք կատարելու պարտականութենէն: Մեզի համար կրօնական տարբերութիւնները ժխտական երանգներ չեն աւելցներ մեր հաւաքական կեանքին: Այլ կը հարստացնեն մեզ, հաւատացէ՛ք»։
Խօսակիցներս նաեւ կը նշեն, թէ միայն վերջին տարիներուն Եգիպտոսի մէջ, այն ալ շատ փոքր խաւ մը, սկսաւ խօսիլ կրօնական տարբերութիւններու մասին:
Շատիա, որուն խօսքին մէջ Եգիպտոս հայրենիքին հանդէպ մեծ սիրոյ եւ կապուածութեան մը արտայայտութիւնը կայ, կ՚ըսէ. «Երբ մեր եկեեցիները այրեցին, ղըպտիներու Թէոդորոս Բ. Պապը իր խօսքին ընթացքին ըսաւ. «Մեր եկեղեցիները հայրենիքէն աւելի կարեւոր չեն: Թող այրեն: Հարց մը չէ ատիկա, եթէ աղօթելու տեղ ալ չունենանք, մենք պատրաստ ենք փողոցը աղօթելու»:
Քրիստոնէական խոր արմատներ ունեցող ղըպտիներու համար վերջին մի քանի տարիներուն ընթացքին պատահած ցաւալի յարձակումները կ՚ընկալուին՝ որպէս քրիստոնէական արժէքներու եւ հաւատքի հանդէպ մեծ վկայութեան մը իրական օրինակներ։ Իբր այդ ալ, հակառակ անոնց կրած մեծ զոհողութիւններուն, անոնք կը շարունակեն հաւատալ եւ ապրիլ քրիստոնէական կեանքի ներումի եւ խաղաղութեան շնորհներով: Մեր աշխարհին մէջ այսօր ղըպտիները քրիստոնէական արժանիքներու եւ կեանքի մեծագոյն վկաներն են: Անոնք իսկական մարտիրոսներ են:
ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԹԻՐԱԽ ՉԷ…
Ամէն անգամ, որ Եգիպտոսի մէջ ծանրակշիռ ահաբեկչութիւն մը կ՚արձանագրուի, շատ բնական մղումով անհանգստութիւն կ՚ապրինք, թէ արդեօք հոն բնակող մեր համայնքի անդամներէն մին վնասուեցա՞ւ: Արդեօք ունեցա՞նք զոհեր կամ կորուստներ: Արագ ձեւով կը փորձենք գտնել մեզի համար հաւաստի աղբիւր մը, հայութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալու համար: Վերջին ահաբեկչութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Ապրիլին, Աղեքսանդրիոյ մէջ, ուր ունինք փոքր գաղութ մը, նոյնպէս մտահոգութեանց առիթ հանդիսացաւ: Նման դէպքերու պարագային չեն բաւեր լրահոսին մէջ եղած տեղեկութիւնները, այլ կարիքը կայ հոն ապրող աղբիւրի մը, որ ծանօթ է ընդհանուր իրավիճակին ու անոր տալիք տուեալները ոչ միայն պահու ընդհանուր իրավիճակը կը փոխանցեն, այլ նոյնպէս հաւաստի եւ ճշմարիտ են:
Աղեքսանդրիոյ պարգային յաջողեցայ զրուցել համայնքի յայտմի գործիչներէն եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) պատասխանատուներէն՝ Տիար Եդուարդ Մանուկեանին հետ: Մանուկեան, որուն հետ կարողացայ խօսիլ երկրի ընդհանուր իրավիճակին մասին, ունի այն եզրակացութիւնը, թէ Եգիպտոս ապրող հայութիւնը այսօր թիրախ չէ: Անոր փոխանցմամբ՝ «Այսօր անհանգստանալու առիթ չկայ, ամէն ինչ հանգիստ է: Բնակչութիւնը խուճապի մէջ չէ յայտնուած, նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ քաղաքը պայթումով որոտաց։ Իսկ մեր համայնքը կ՚ապրի իր բնականոն կեանքով»։
Սակայն հակառակ այս վկայութեան, պէտք չէ անտես առնել այդ երկրին մէջ «բոյն դրած» ահաբեկչական խմբաւորումներուն հարցը: Անոնք լուրջ սպառնալիք են, ու քաղաքական լուծումներու բացակայութեան հետեւանքով շատ հաւանական է, որ ահաբեկչական բջիջներ արթննալով իրենց «քուն»էն հերթական ողբերգութիւններու պատճառ հանդիսանան:
ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ ՄԸ
Եզրակացութեան մը յանգելու համար շատ յստակ է, որ արեւմտեան երկիրներուն համար «տանելի» չէ Եգիպտոսի նման բազմամարդ բնակչութեամբ երկրի մը յայտնուիլը անկանխատեսելի հետեւանքներով պատերազմի մը մէջ: Սակայն հակառակ այս մօտեցումին ու այդ երկրի ղեկավարին բաւական ճկուն արտաքին քաղաքականութեան, սկսած է յստակ դառնալ, որ առանց քաղաքական լուծումներու ընդհանուր ընթացակարգի մը գոյութեան, երկիրը պիտի շարունակէ «վախով» ապրիլ: Ու այս առումով, եթէ այսօր իսլամամէտներու հիմնական թիրախը Եգիպտոսի «թոյլ օղակ» համարուող ղըպտիներն են, ապա անոնց համար երկրի պետական հաստատութիւններն ու յատկապէս բանակային կառոյցները պիտի շարունակեն մնալ նպատակային եւ հեռակայ թիրախային կէտեր:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան