ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄՆ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ
Անարատ տաճար
բնակարան անբաւ բանին Աստուծոյ,
Մարիամ սուրբ կոյս,
զքեզ եւ ըզծնեալն ի քէն մեծացուցանեմք։
Շարակնոց
Այս կիրակի, մեր բոլոր եկեղեցիներէ ներս պիտի տօնուի հինգ տաղաւարներու չորրորդը՝ Ս. Կոյս Մարիամի Վերափոխումը, երկինք փոխադրուիլը։
Ով՞ է Մարիամ Աստուածածին եւ ուրկէ՞ կը ճանչնանք զինք։
Անտարակոյս, Մարիամ Աստուածածին մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի մայրն է եւ զինք կը ճանչնանք Աւետարանի զանազան դէպքերու մէջէն։ Առաջին՝ Գաբրիէլ հրեշտակի իրեն երեւելով Յիսուսի ծննդեան աւետիսը տալու ժամանակ. (Ղուկաս, 1-26)։ Երկրորդ՝ այս աւետիսը առնելով ազգականին՝ Եղիսաբէթին տունը տուած այցելութեան պահուն, երբ Եղիսաբէթ ալ իր յղութեան վեցերորդ ամիսը կը գտնուէր այդ օրերուն, եւ մանուկը յետագային պիտի դառնար Ս. Յովհաննէս մկրտիչ. (Ղուկաս, 1-39)։
Դարձեալ Մարիամ Աստուածածինի կը հանդիպինք Յիսուսի տասներկու տարեկան եղած ժամանակ, երբ մանուկ Յիսուս Երուսաղէմ տրուած ուխտագնացութենէ մը վերադարձին չեն տեսներ իրենց հետ, մտահոգութեամբ կը պարտաւորուին Երուսաղէմ ետ դառնալ ու կը գտնեն զայն տաճարին մէջ վարդապետներու հետ նստած։ Ան կը խօսէր ու հարցումներ կ՚ուղղէր անոնց։ Երբ հարցուց Մայրը, թէ՝ ինչո՞ւ անուշադիր չէ եղած ու բացակայած էր իրենցմէ, նաեւ մտահոգած էր զանոնք։ Յիսուս կու տայ հետեւեալ հրաշալի պատասխանը. «Ինչո՞ւ կը փնտռէք զիս, չէ՞ք գիտեր թէ ես Հօրս տունը պէտք է ըլլամ». (Ղուկաս, 2-49)։
Մարիամ Աստուածածինը, բոլորիս ծանօթ, Կանայի հարսանիքի պահուն կը տեսնենք։ Հարսանիքին երբ գինին կը պակսի՝ Մարիամ Աստուածածին Յիսուսի կը փոխանցէ վիճակը՝ «Գինի չունին» ըսելով։
Յիսուս մօրը իր հրաշագործութեան ժամանակը դեռ հասած չըլլալը յայտնելով հանդերձ, չի մերժեր զայն՝ ու սպասաւորներուն կը հրամայէ, որպէսզի հոն գտնուող քարէ թակոյկները ջուրով լեցնեն, եւ զանոնք գինիի փոխելով՝ կը ճանչցնէ իր աստուածային փառքը. (Յովհաննէս, 2-1)։
Վերջապէս, մօր մը համար անտանելի այդ պահերուն կը տեսնենք Մարիամ Աստուածածինը, որ իր զաւակին տանջանքներուն եւ Խաչելութեան ականատես կը դառնայ. (Յովհաննէս, 19-25)։
Մարիամ Աստուածածնի տեղ առած զանազան դէպքեր ալ կան Աւետարանին մէջ, բայց կը գոհանանք այսքանը յիշելով։
Ս. Աստուածածնի կեանքին մնացեալին մասին կը լռէ Աւետարանը ու կը խօսի Սուրբ աւանդութիւնը։ Սուրբ աւանդութեան համաձայն գիտենք, որ Մարիամ Աստուածածին Յիսուսի Յարութենէն ու Համբարձումէն վերջ եղած է առաքեալներուն հետ։ Անոնց հետ շուրջ տասնհինգ տարի միշտ Երուսաղէմի մէջ, Ս. Յովհաննէս աւետարանիչի խնամքին տակ մնալէ յետոյ, կը մահանայ ու կը թաղուի Գեթսեմանիի մէջ։
Առաքեալներ մեծ արարողութեամբ կը կատարեն իր թաղումը։ Արարողութենէն կը բացակայի միայն Բարթողիմէոս առաքեալ։ Երբ թաղումէն միջոց մը վերջ կը վերադառնայ ու փափաք կը յայտնէ վերջին անգամ մը եւս տեսնել Ս. Կոյս Մարիամի շնորհազարդ եւ գեղեցկափայլ դէմքը, իր փափաքը չմերժելով՝ կը բանան գերեզմանը ու կը տեսնեն, որ արդէն մարմինը հոն չի գտնուիր. կը հասկնան, որ Յիսուս զինք երկինք փոխադրած է։
Մարիամ Աստուածածնի կեանքի վերջին դրուագները այսպէս կը փոխանցուին մեզի։ Պէտք չէ մոռնալ, թէ Ս. Գիրքի բոլոր դէպքերուն նման, զուգահեռաբար սուրբ աւանդութիւններն ալ ունին իրենց հոգեւոր պատգամը, նման Ս. Կոյս Մարիամի Վերափոխման, թէ ո՛չ միայն պիտի տօնուէր աւանդական շուքով եւ ոչ մէկ հոգեւոր դաս պիտի տար մեզի։
Այս պատգամները աւելի լաւ հասկնալու ուղղութեամբ օգտակար կ՚ըլլան մեզի հոգեւոր երգերը, ի մասնաւորի շարականները, զորս հայրապետներ յօրինած ու թողած են մեզի. թէ՛ մեր աղօթքներու միջնորդութեան համար եւ թէ անոնց մէջ ամփոփած են Ս. Գիրքի բոլոր հոգեւոր գաղտնիքները, դասերը, պատգամները ու անխարդախ կերպով պատրաստելով զանոնք՝ դրած են մեր հոգեւոր սեղանին վրայ։
Անոնցմէ մին է վերեւ գրուած տողերը, ինչդ որ միշտ ուշադրութիւնս գրաւած է։ Քանի որ այս շարականը ոչ միայն կ՚երգուի Մարիամ Աստուածածնի նուիրուած արարողութիւններու պահուն, այլ նաեւ կը զարդարէ մեր այն գեղեցիկ եկեղեցիներէն մէկուն ճակատը։
Այս տողերը կը տեսնենք Պէշիկթաշ թաղի պալատական Գիւտ Գօտւոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ գեղահիւս կամարներուն տակ։
Այս տողերու առաջին պատգամը այն է, որ կ՚օգնէ ուղիղ կերպով գիտնալ ու հասկնալ, թէ ո՛վ է Մարիամ Աստուածածին։
Աւետարանը մեզմէ հոգեւոր ու մաքուր կենցաղ կը պահանջէ։ Այս մէկը մեր ջանքերով կարելի չ՚ըլլար, այլ մեր անձերուն Աստուծոյ առջեւ խոնարհելով։ Որովհետեւ մենք ոչ թէ Աստուծոյ ծառաներն ենք, այլ Անոր որդիները կը կոչուինք։ Աւելի՛ն. կոչումը կը ստանանք Աստուծոյ կենդանի տաճարները դառնալու։
Չէ՞ք գիտեր, թէ Աստուծոյ տաճար էք դուք եւ Աստուծոյ Հոգին ձեր մէջ կը բնակի։ Եթէ մէկը Աստուծոյ տաճարը ապականէ, Աստուած ալ զանիկա պիտի ապականէ, վասնզի Աստուծոյ տաճարը սուրբ է եւ դուք էք այդ տաճարը. (Ա Կորնթ. 3-16)։
Կրկնակի պատիւ եւ կրկնակի պատասխանատուութիւն կը բեռնուի հաւատացեալի վրայ այս խօսքերով, բայց դարձեալ մեր օգնութեան կը հասնի Յիսուսի խօսքը՝ ուր կ՚ըսէ. «Վասնզի իմ լուծս քաղցր է եւ բեռս թեթեւ». (Մատթ. 11-30)։
Մի՛ վախնաք, քանի որ Ես օգնական պիտի ըլլամ ձեզի ձեր հանդիպած բոլոր դժուարութիւններու մէջ։
Ուրեմն Մարիամ Աստուածածին իր դիմաց կեցող Աստուծոյ հրեշտակին հետ խօսելու ժամանակ ըսաւ. «Ահա ես Տէրոջը աղախինն եմ, քու ըսածիդ պէս թող ըլլայ ինծի»։ Այս խօսքը մեզի ուղղուած առաջին անհրաժեշտ պատգամը պէտք է ըլլայ. (Ղուկաս, 1-39)։ Պէտք է գիտնանք, որ Տիրոջ զաւակներն ենք եւ արտօնելու ենք, որ Աստուած գործէ մեր վրայով, Մարիամ Աստուածածնի օրինակին նման։
Մարիամ Աստուածածին այսպէսով վերածուեցաւ Աստուծոյ անարատ տաճարի, ուր ոչ միայն Սուրբ Հոգին բնակեցաւ իր մէջ ՝այլ նաեւ իբրեւ Աստուծոյ շնորհընկալը՝ իր սուրբ որովայնին մէջ անսահման Աստուծոյ կենդանի «Բանը»՝ խօսքը՝ մարմնացած Յիսուսը կրեց եւ մարդկանց փրկութեան մայրը եղաւ։
Մարիամ Աստուածածին Աստուծոյ կամքին անսակարկ խոնարհութեան մեծ տիպարը եղաւ. այսպէսով մարդկանց հոգեւոր կեանքի ամենակարեւոր դասերէն մէկը տուաւ։ Մենք եւս երբ կը խոնարհինք Աստուծոյ կամքին, Իր կենդանարար Ս. Հոգին բնակելով մեր մէջ՝ մեզ կը նորոգէ, կը մաքրէ մեր ներքին բոլոր աղտեղութիւններէն ու կը վերածէ Աստուծոյ կենդանի տաճարներու։
Ուրեմն մենք՝ հայ քրիստոնեաներս այսօր հոգեւոր ուրախութեամբ լեցուն ենք։ Վստահ գիտենք, որ շարունակ մեր Տիրոջ առջեւ մեզի համար իբրեւ բարեխօս ունինք վերափոխուած՝ բոլոր սուրբերու թագուհին, Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածինը։
Այսպէս, մենք վստահ գիտնալով, թէ ո՛վ է Մարիամ Աստուածածինն ու ո՛վ է Իրմէ Ծնողը, կը մեծացուցանենք Ս. Կոյս Մարիամը ու Իրմէ ծնած Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը։ Ամէն։
ԿՈՐԻՒՆ Ա. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ