ԼՐՏԵՍՈՒԹԻՒՆԴ ՔԵԶ Ո՞ՒՐ ՊԻՏԻ ՀԱՍՑՆԷ

Խօսք բերելու եւ խօսք տանելու «մար-տարուեստը» լրտես մարդուն «դրամա-գլուխն է»։ Այդ «մարտարուեստ» կոչուած մասնագիտութեան ծալքերն ու ելեւմուտը միայն լրտեսը ինք գիտէ ու կը տիրապետէ։ Լրտեսը այդ մասնագիտութեամբ իր օրապահիկը կը ճարէ, սակայն, միւս կողմէ, ուրիշներու զաւակներուն «հացին պատճառը կրնայ դառնալ»։ Լրտեսին «դրամագլուխը» իր լեզուն, կեղծաւորութիւնը եւ սուրհանդակութիւնն են, որոնք յանկարծ մշուշի նման կրնան չքանալ, անվարագուրուիլ ու անտարազաւորուիլ։ «Սնանկացած» լրտեսը, այդուհանդերձ, ո՛րքան ալ փորձէ աշխատանք փնտռել ու դրամ շահիլ, անգամ մըն ալ չի՛ կրնար բարոյապէս հարստանալ։

Լրտեսութիւնը պետական մակարդակով յատուկ գործողութիւն է, որ երկրի անվտանգութեան նպատակը կը հետապնդէ, մինչդեռ մարդկային փոխյարաբերութեան ամենէն ստորաքարշ արարքն է։ Լրտեսը քուն ու հանգիստ չունի, միտքը յարատեւ աշխատանքի մէջ կ՚ըլլայ, որպէսզի կարողանայ իրադրութեանց հետ քայլ պահել եւ իր «առաքելութիւնը» լաւագոյնս կատարել։ Իր «առաքելութիւնն» է՝ լսած տեղեկութիւնը կամ խօսքը համեմուած եւ հնարաւորինս շուտ ներկայացնել համապատասխան մարդոց՝ «հերոսի» կոչում եւ շքանշան ստանալու համար։ Այդ շքանշանը արտաքնապէս փայլուն տեսք կրնայ ունենալ, բայց իսկութեան մէջ այդ փայլքը միայն արտաքին շերտը ծածկող ոսկեջուր է եւ ուրիշ ո՛չ մէկ բան։ Ստացած շքանշանդ անպէտք, անարժէք երկաթի կտոր մըն է, որ տարիներ ետք երբ ծերութեան «բարեւ տաս», այն ատեն կը գիտակցիս, թէ այդ շքանշաններուն պատճառով շրջապատդ ոչ ոք մնացած է, իսկ դուն, միայնակ, դառն ծերութեան ցաւերով տանջուելու մատնուած ես։

Գործի ասպարէզէն ներս տեղի ունեցող լրտեսութիւնները ընդհանրապէս մրցակցութեան, պայքարի պատրուականուան տակ կը գործադրուին։ Գործընկերդ կը փորձէ տնօրէնիդ, պատասխանատուիդ աչքը մտնել, իր կարողութիւնները, ձիրքերը եւ շնորհքները ցոյց տալ։ Երբ իր բոլոր ջանադրութիւնները աննկատ եւ ապարդիւն կը մնան, կը սկսի նոր լծակներ ու միջոցներ փնտռել՝ իր վարքն ու հեղինակութիւնը բարձրացնելու եւ գործին մէջ իր կայունութիւնը ապահովելու համար։ Այդ լծակներէն ամենէն դիւրինը լրտեսութիւնն է, որուն գլխաւորագոյն զէնքերը իր ականջն ու լեզուն են։ Լրտեսի ականջը միայն իր ուզածը կը լսէ, նախադասութիւնները «կը կտրատէ», ապա իր լեզուի «ափսէով» իր շատ սիրելի ղեկավարին կը հրամցնէ։ Դուռ լսելովդ, այլոց խօսակցութեան ականջ տալովդ, քեզ չհետաքրքրող նիւթերուն մէջ միջամուխ ըլլալովդ ու ճարպիկ ձեւանալովդ՝ առաւելութիւն մը ձեռք բերած չես ըլլար, այլ մարդկութիւնդ ոտնակոխած եւ կեղծաւոր դէմքիդ դիմակ մը եւս աւելցուցած կ՚ըլլաս։

Հոգեբաններ դիտել տուած են, որ ընկերային դաւաճանութիւնը կամ լրտեսութիւնը կանխամտածուած արարքի դրսեւորում է, որուն դերակատարը անկայուն նկարագիր ունեցող մարդն է։ Նմանատիպ մարդոց նկարագիրէն կը պակսին գլխաւորաբար անազնուութիւնն ու անհաւատարմութիւնը, որոնց պատճառաւ լրտես մարդու միտքը մտապէս «մրոտած» եւ շեղուած (mental contamination) կ՚ըլլայ։ Հոգեբան Սթիւըն Սթոսնի լրտեսութեան ինչութեան մասին խօսելով՝ կ՚ըսէ. «Լրտեսութիւնը մարդկային արժէքներու խախտում է։ Մարդուն մէջ գոյութիւն ունեցող ատրենալինը (adrenalin) յաճախ կը խթանէ լրտեսութիւնը, որուն չափաբաժինը (dose) աճ արձանագրելով՝ մարդուն մէջ ինքնավստահութիւնը աւելի կ՚արմատաւորուի։ Սա խաբուսիկ երեւոյթ մըն է։ Ատրենալինը կրնայ մէկ անգամէն տուեալ անձին գերվստահութիւն ներշնչել, որուն ազդեցութեան տակ լրտեսը տաք արիւնով եւ քաջաբար տեղեկութիւնը իր ղեկավարին կը հասցնէ՝ առանց մտածելու իր արարքին կործանարար հետեւանքներուն մասին։ Լրտեսութիւնը թմրանիւթի նման է. անոր ազդեցութեան տակ մարդը ո՛չ մէկ բան կը զգայ, տեղի-անտեղի կը խօսի, մտքին եկածը կ՚արտաբերէ, մոռնալով՝ որ իր մէկ բառովը կրնայ ընկերոջ կեանքը արմատապէս փոխել եւ քանդել»։

Լրտեսութիւնը անողնաշար մարդու յարիր արարք է, որուն նպատակն է շնորհալին ապաշնորհ դարձնել, անկեղծը՝ կեղծաւոր, պիտանին՝ անպէտք ներկայացնել։ Ողնաշար ունեցող մարդը իր ուժերուն կը հաւատայ, ձախողուած գործը անկոտրում կամքով դարձեալ կը փորձէ, մինչեւ որ գործը գլուխ հանէ եւ իր աւարտին հասցնէ։ Անողնաշար լրտեսը թուլամորթ մըն է, որ իր անձնական գործը մէկդի թողած, «իր քիթը ամէն տեղ կը մտցնէ»՝ լրտեսութեան հոտառութիւնը զարգացնելու եւ մօտալուտ անկարեւոր տեղեկութիւնը «պատկան մարմիններուն» հասցնելու համար։ Անողնաշար լրտեսը կը մոռնայ, որ մարդ միայն իր սեփական ոտքերո՛վ բարձունքներ կը նուաճէ, իր ուժերո՛վ դժուարութիւնները կը յաղթահարէ եւ իր ճակտի քրտինքո՛վ կը վարձատրուի։ Լրտեսելովդ, քծնելովդ, շողոքորթելովդ, ճշմարտութիւնը խեղաթիւրելովդ ու տնօրէնիդ «փէշին տակ մտնելովդ»՝ խորքին մէջ անոր շուքին տակ լոկ սնուող եւ պատսպարուող մըն ես։

Լրտեսութեան յատկութիւններէն է նաեւ անվստահութիւնը։ Ընկերային կեանքի անդամալուծութեան պատճառ հանդիսացող այս հոմանիշը գլխաւորագոյն թշնամին է ընկերներու մէջ գոյացած ամրակուռ կամրջացած տարիներուն։ Տարիներ, որոնք անժամանցելի դարձած են փոխադարձ զոհողութեան, սիրոյ, յարգանքի, պատիւի եւ վստահութեան շնորհիւ։ Վստահութիւնը արիութիւն է, իսկ հաւատարմութիւնը՝ զօրութիւն։ Լրտեսը որեւէ մէկ ընկերութեան կամ շրջանակի մէջ չի՛ կրնար հաւատարիմ եւ վստահելի համարուիլ, որովհետեւ այդ մասնագիտութիւնը սովորութենականացած եւ իր արեան մէջ ներարկուած է։ Վստահութիւնը անկեղծութիւն կ՚ենթադրէ, անկեղծութիւնը՝ ուղղամտութիւն, իսկ ուղղամտութիւնը՝ ճշմարտախօսութիւն։ Լրտեսին վստահութիւնը ո՛չ միայն խախուտ է, այլեւ հեղձուցիչ մաղձ մըն է, որ այլոց կեանքը կ՚արատաւորէ եւ կը վտանգէ։ Վստահութիւնը հաւաքական կեանքի մէջ փոխադարձ զգացում մըն է՝ երկու անձերու մէջ գոյաւորուած. մէկը կը վստահի, մինչ միւսը վստահութիւն կը ներշնչէ։ Լրտեսը այդ փոխադարձ վստահութեան գաղափարն իսկ չի՛ կրնար ունենալ, որովհետեւ իր կեանքի բառարանէն վստահութիւն բառը վաղուց վերացուցած է եւ անոր փոխարէն զետեղած սադրալի իմաստ ունեցող մոլուցքային գոյականներ։

Ըսուած խօսք է, թէ «կորսուած վստահութիւնը կորսուած կեանք է»։ Լրտեսը ուղեկորոյս անբան անասունէն չի տարբերիր, որովհետեւ յարադէտ նպատակ չունի եւ իր կեանքին նշանակութիւն տուող արարք մը չի՛ դրսեւորեր։ Վստահութիւնը բարեհոգութեան եւ ազնուութեան զաւակն է, իսկ լրտեսութիւնը՝ կեղծաւորութեան եւ ստախօսութեան ծնունդը։ Մի՛ փորձեր տարիներով վաստկած վստահութիւնդ անձնական վերելքիդ ու շահիդ սիրոյն՝ վայրկեանի մը մէջ լրտեսութեամբդ կործանել։ Կեանքի իրադարձութիւնները հաւատարմութիւնդ եւ վստահութիւնդ թող չղեկավարեն՝ քեզ լրտեսութեան առաջնորդելով։ Ընդհակառակը, կամքովդ, մտքովդ ու սրտովդ դուն քեզ ղեկավարէ, որպէսզի վարքովդ, պարկեշտութեամբդ եւ թափանցիկութեամբդ շրջապատիդ օրինակ հանդիսանաս։ Եղիր հաւատարիմ, վստահելի այն ընկերը, որ իր ընկերոջ հետ պատառ մը հացը կը կիսէ, իր վէրքը թողած՝ ընկերոջ վէրքը կը բուժէ։ Անվստահութեամբդ ու լրտեսութեամբդ ընկերային կեանքդ մի՛ կնճռոտեր, պատնէշներ մի՛ կանգնեցներ, այլ ընկերոջդ կեանքին աղն ու հացը, խինդն ու լացը դարձիր։

«Բարեկա՛մ. ասոր համա՞ր եկար» (Մտ 26,50): Քրիստոս այս կարճ, բայց խղճահարող խօսքը Յուդա Իսկարիոտացիին ուղղեց. որ եկած էր համբոյրով մը զԻնք մատնելու։ Յուդա իր ձեռքը մաճին դնելէ եւ Աստուծոյ թագաւորութեան քարոզիչը ըլլալէ ետք, դրամի համար ու դրամով ծախեց Քրիստոսի կողմէ իրեն յանձնուած մաճը։ Յուդա Իսկարիոտացին իր մտքին մէջ տողանցող սատանայական խորհուրդներուն չընդդիմանալուն պատճառաւ՝ Սատանային բնակարան դարձաւ։ Յուդան համբուրեց Տէրը, բայց չհամբուրեց որպէսզի Տիրոջմով յագենար, այլ համբուրեց՝ իր եսասիրութիւնն ու դրամասիրութիւնը յագեցնելու համար։ Իսկ յետո՞յ. այս նոյն մատնիչ Յուդան «զղջաց եւ իր ստացած երեսուն արծաթ դրամը աւագ քահանաներուն եւ ժողովուրդի երէցներուն դարձուց» եւ «ապա գնաց եւ ինքզինք կախեց» (Մտ 27.3-5)։

Յուդան հնձեց՝ այն ինչ որ ցանած էր։ Ինչպէս որ մուրին հետ խաղացողը կը մրոտի, այնպէս ալ ուրիշին անունը մրոտել ուզողը ինքն իր անունն ալ մրոտած կ՚ըլլայ։ Ո՛չ ոք ուրիշը սեւցնելով՝ կրնայ սպիտականալ եւ անմեղի հագուստ հագնիլ։ Ո՛չ ոք կրնայ բարձրանալ՝ ուրիշը զգետնելով ու նսեմացնելով։ Պօղոս առաքեալ կը յորդորէ՝ ըսելով. «Խորհեցէք այն բաները՝ որոնք ճշմարիտ են, պարկեշտ, արդար, մաքուր, սիրելի, բարեհամբաւ, առաքինի եւ գովելի» (Փլպ 4.8)։ Առաքեալը խօսելով յուդայանման մարդոց մասին՝ կ՚ըսէ. «Անոնք որոնք մեր Տէրն ու Փրկիչը՝ Յիսուս Քրիստոսը ճանչնալով՝ աշխարհի պղծութիւններէն անգամ մը հեռանալէ ետք վերստին նոյն պղծութիւններուն մէջ կ՚իյնան, անոնց վիճակը նախկինէն շատ աւելի գէշ կ՚ըլլայ։ Աւելի լաւ կ՚ըլլար՝ որ անոնք բնաւ ճանչցած չըլլային արդարութեան ճամբան, քան թէ ճանչնալէ ետք՝ հեռանային իրենց աւանդուած սուրբ պատուիրանէն» (Բ.Պտ 2.20-21)։

Երկու երիտասարդներ իրենց զինուորական պարտականութիւնը կը կատարէին։ Անոնցմէ մէկը ժամապահ էր եւ իր պարտականութիւնները կատարելու ընթացքին մեծ սխալ մը կը գործէ։ Սխալը գործելուն համար՝ պէտք է գնդակահարուէր։ Գնդակահարութենէն առաջ, երիտասարդ տղան թոյլտուութիւն կը խնդրէ, որպէսզի իր ընտանիքը վերջին անգամ ըլլալով տեսնէ։ Քանի որ մինչեւ այս սխալը իր ծառայութիւնը շատ լաւ մատուցած էր, զինուորական ղեկավարութիւնը կ՚որոշէ ընդառաջել անոր վերջին խնդրանքին, սակայն մէկ պայմանով. անոր ծառայակիցներէն մէկը իր վերադարձին որպէս երաշխիք՝ անոր փոխարէն պէտք է այնտեղ մնար։

-Այստեղ փոխարէնդ ո՞վ պիտի մնայ,- հարց կու տայ հրամանատարը:

-Ես.- կը պատասխանէ դատապարտեալ զինուորի ընկերը:

-Իսկ եթէ ընկերդ մինչեւ մահապատիժը չվերադառնա՞յ...։

-Ուրեմն գնդակահարեցէք զիս:

-Լաւ,- կը պատասխանէ հրամանատարը եւ մահ-ւան դատապարտուած զինուորին թոյլ կու տայ, որ երթայ ու ընտանիքը տեսնէ։

Զինուորին ընտանիքը շատ հեռու գիւղի մը մէջ կ՚ապրէր։ 2 օր ճամբայ կը կտրէ։ Ընտանիքը կը տեսնէ, կարօտը կ՚առնէ, կ՚ողջագուրուի եւ վերադարձի ճամբան կը բռնէ։

Մահապատիժի ժամը արդէն իսկ կը մօտենար, բայց դատապարտեալ ընկերը տակաւին չէր եկած։

-Տեսա՞ր, կեանքդ ընկերոջդ վստահեցար, բայց ան չվերադարձաւ: Վրադ խնդաց ու խաբեց քեզ,- հրամանատարը վստահութեամբ կ՚ըսէ:

-Ընկերս զիս երբեք չէ խաբած ու հիմա ալ պիտի չխաբէ։ Պարզապէս տունը հեռու է եւ եղանակը անբարենպաստ է,- կը պատասխանէ ընկերը։ 

-Եթէ ժամը 3։00-ին չհասնի, ապա ստիպուած կեանքիդ վերջ պիտի տանք։

-Երբեք չեմ զղջացած եւ պատրաստ եմ ընկերոջս համար մահը յանձն առնել։

Ժամը 2:59 էր։ Անմեղ ընկերը արդէն աչքերը փակ պատին մօտ կանգնած էր եւ իր գնդակահարութեան հրամանին կը սպասէր։ Յանկարծ հեռուէն ձայն մը կը լսուի.

-Մի՛ կրակէք,- կը պոռայ դատապարտեալ ընկերը եւ իր ընկերոջ առջեւ կը նետուի՝ զինք պաշտպանելու համար։

Հրամանատարը այս պատկերը տեսնելով՝ պահ մը կը քարանայ ու աչքերէն արցունքները կը սկսին ծորիլ։ Հրամանատարը գնդակահարութեան հրամանը չեղեալ կը համարէ։ Իսկ ներկայ բանակայինները կը հասկնան, թէ ի՞նչ ըսել է իսկական ընկերութիւն։

Սիրելի՛ ընթերցող, անկեղծ ընկերը ան է, որ ոչ թէ կ՚օգնէ քեզի՝ ոտքի կանգնելու համար, այլ չի ձգեր, որ իյնաս։ Իսկական ընկերդ ան է, որ կռնակը կռնակիդ տալով՝ չի թողուր, որ նետ մը անգամ քեզ խոցոտէ։ Զոհուող ընկերդ ան է, որ վստահութիւնդ չի՛ չարաշահեր եւ թակարդ չի՛ լարեր։ Ճշմարիտ ընկերդ ան է, որ դիմացդ ժպտալով՝ ետեւէդ գործեր չի՛ տեսներ, չի՛ լրտեսեր, բացթողումներդ ու թերութիւններդ չի՛ հրապարակեր։

Կեանքիդ ընթացքին վստահաբար ընկերներ ունեցած ես, որոնց հետ գաղտնիքներդ, իղձերդ, երազներդ, տեսիլքներդ, մտադրութիւններդ ու տկարութիւններդ կիսուած ես, սակայն վերջաւորութեան զղջացած ես։ Միշտ յիշէ, որ մարդոց սրտերն ու միտքերը չես կրնար քննել։ Եթէ անոնց նկատմամբ լաւ ու անկեղծ վերաբերմունք տածած ես, սա չի՛ նշանակեր, որ իրենք ալ անկեղծութեամբ պիտի վերաբերին քեզի հետ։ Ո՛րքան ալ իրենց արժէք տաս, սա չի՛ նշանակեր, որ իրենց համար արժէք մըն ես։ Ո՛րքան ալ սիրոյ եւ հաշտութեան համբոյրով անոնց մօտենաս, անոնք իրենց յուդայաշունչ ու լրտեսութեան համբոյրով նոյն փոս փորողները պիտի մնան։ Զգո՛յշ եղիր, թէ որո՞նց հետ է, որ սրտբաց խօսակցութիւններ կ՚ունենաս։ Լրտես ընկերոջդ լրտեսութիւնը իրեն ո՛չ մէկ տեղ կը հասցնէ, այլ միայն՝ խայտառակութեան եւ մինակութեան։ Կեանքդ շարունակէ, բայց այս անգամ առանց լրտես ընկերներու։ Առ այդ, շրջահայեաց եղիր…։

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2017