Աղէտ Արտագաղթ-Հայրենալքման Եւ Ոչ Հայրենադարձութեան Հակազգային Ճապկումներ

Երբ դեռ ազ­գի վե­րա­կանգն­ման եւ միաց­ման մա­սին հայ­րե­նա­սէ­րի միամտու­թեամբ կը խօ­սինք, կը բա­խինք թե­ւա­թափ ը­նող միտ­քե­րու եւ կե­ցուածք­նե­րու:

Ազ­գի տե­ւա­կա­նաց­ման եւ զար­գաց­ման ե­րաշ­խի­քը հայ­րե­նիքն է, որ վե­րա­ցա­կան գա­ղա­փար մը չէ, այլ բնա­կուած հող-հայ­րե­նի է: Որ­պէս­զի ան հա­յու հայ­րե­նիք ըլ­լայ, հոն պի­տի ապ­րին հայ­րե­նա­տէր հա­յեր:

Հայ­րե­նա­տի­րու­թիւ­նը հա­ւա­քա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն է: Բա­ցա­կա­նե­րով հայ­րե­նա­տի­րու­թիւն չ՚ըլ­լար, ինչ­պէս որ վարձ­կան­նե­րով հայ­րե­նիք չի պաշտ­պա­նուիր:

Դժբախտ դէպ­քե­րու պատ­ճա­ռով ե­թէ այդ հո­ղին վրայ հա­յեր չբնա­կին, նոր բնա­կիչ­ներ պի­տի գան, ի­րենց ինք­նու­թեամբ եւ կեն­ցա­ղով, եր­կի­րը պի­տի զար­գաց­նեն, տէր պի­տի ըլ­լան, եւ այ­սօր Հա­յաս­տան կո­չուող տա­րած­քը, նոյ­նիսկ ե­թէ իր ա­նու­նը պա­հէ, պի­տի դադ­րի հա­յու հայ­րե­նիք ըլ­լա­լէ:

Այս­քան պարզ ճշմար­տու­թիւն հա­մա­հայ­կա­կան ազ­գա­յին ըմբռ­նում չէ այ­սօր:

Ոչ ոք ի­րա­ւունք ու­նի այդ ըմբռ­նու­մին բա­ցա­կա­յու­թեան պատ­ճա­ռը վե­րագ­րե­լու պատ­մա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն, կամ՝ միայն ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րու, պե­տու­թեան, իշ­խա­նա­ւոր­նե­րու «ա­պի­կա­րու­թեան»:

Հայ­րե­նա­տի­րու­թիւ­նը նախ կ՚ապ­րուի իր կեան­քը ի­մաս­տա­ւո­րել գիտ­ցող ան­ձի լիար­ժէք գի­տակ­ցու­թեան մէջ, մարդ, որ կը մեր­ժէ բու­սա­կան կեան­քով բա­ւա­րա­րուիլ:

Մեր ժո­ղո­վուր­դը, ող­ջա­խո­հու­թեամբ, այդ վե­րա­բե­րու­մը սահ­մա­նած է՝ «Ուր հաց, հոն կաց» ամ­բո­խա­յին (ոչ ժո­ղովր­դա­կան) (չ­)ի­մաս­տու­թեամբ, ո­րուն ար­դա­րաց­ման հա­մար ե­սա­սի­րա­կան, ան­հա­տա­պաշ­տա­կան, ան­հա­րա­զա­տի ա­մէն կար­գի պատ­ճառ-պատ­րուակ կա­րե­լի է թուել, երբ հրա­ժա­րած կ՚ըլ­լանք հայ­րե­նա­տի­րու­թե­նէ, որ այ­սօր հա­մազ­գա­յին քա­ղա­քա­կան գործ­նա­կան ըն­թացք չէ, praxis չէ: Կար­ծէք՝ ան միայն միւ­սին պար­տա­կա­նու­թիւնն է, ինչ որ պա­տաս­խա­նա­տուու­թե­նէ հե­ռու մնա­լու վա­տու­թիւն է:

Մեր դժուար պատ­մու­թեան ներ­կայ ճա­կա­տագ­րա­կան պա­հուն հայ­րե­նա­տի­րու­թեան­ ձա­խո­ղու­թիւ­նը կը դրսե­ւո­րուի նոյն եւ զոյգ գործ­նա­կան ըն­թաց­քը ի­րա­կա­նաց­նող praxis-ի բա­ցա­կա­յու­թեամբ. ար­տա­գաղթ-հայ­րե­նալ­քում եւ բա­ցա­կա­յող հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւն: Նոյն­քա՛ն ա­ղէ­տա­լի՝ ի­րենց եզ­րա­յան­գու­մով:

Ար­տա­գաղթ-հայ­րե­նալ­քու­մը եւ հայ­րե­նա­դար­ձու­թե­նէ հրա­ժա­րու­մը ար­դա­րաց­նե­լու հա­մար պատ­ճառ-պատ­րուակ­նե­րու ցան­կը միշտ կա­րե­լի է կազ­մել, լսել, ան­ցեա­լի եւ ներ­կա­յի ար­տա­գաղ­թող-հայ­րե­նալ­քող­նե­րը, վստահ ըլ­լա­լով, որ ան եր­բեք ամ­բող­ջա­կան պի­տի չըլ­լայ. աշ­խա­տան­քի չգո­յու­թիւն, կեն­սա­մա­կար­դակ, փտա­ծու­թիւն, չա­րա­շա­հում­ներ, ան­հա­ւա­սա­րու­թիւն­ներ, բժշկական ո­րա­կա­ւոր խնամ­քի թե­րի­ներ, ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հա­մար հե­ռան­կա­րի բա­ցա­կա­յու­թիւն, ար­տա­սահ­մա­նի մէջ ձեռք բե­րուած կամ ե­րա­զուած բա­րօ­րու­թիւն, աս­պա­րէ­զի լայն հո­րի­զոն­ներ:

Բայց ի՞նչ է այդ բո­լոր ե­րա­զուած «բա­ներ»ուն հա­մար վճա­րուե­լիք եւ վճա­րուած գի­նը: Ա­նոր կա­րե­լի է անդ­րա­դառ­նալ, երբ մեր «բու­սա­կան ե­սա­սի­րու­թե­նէն» պահ մը հե­ռա­նանք եւ դի­տենք մենք մեզ եւ մեր շրջա­պա­տը:

Ար­տա­գաղթ-հայ­րե­նալ­քում եւ հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան բա­ցա­կա­յու­թիւն՝ ազ­գի հա­ւա­քա­կան համ­րան­քի կորս­տեան ա­ռաջ­նոր­դող գե­ղա­ծի­ծաղ մայ­րու­ղի­ներն են, այս ան­գամ՝ ճա­ռե­րը այն­քա՜ն զար­դա­րած «եա­թա­ղան»ի հե­ղած ա­րիւ­նի պատ­կեր­նե­րէն տար­բեր, բայց՝ նոյն հաս­ցէին տա­նող, ազ­գի մա­շում եւ հուսկ ան­հե­տա­ցում, ժա­մա­նա­կի գի­ծին վրայ, որ ան­յեղ­լիօ­րէն կ՚ա­ւե­րէ, ե­թէ դադ­րինք բա­ժա­կա­ճա­ռա­յին հաւ­կու­րու­թե­նէ տա­ռա­պե­լու մեր ինք­նա­խա­բէու­թե­նէն:

Ճամ­բու այս կամ այն հանգ­րուա­նին մեր ա­կա­մայ եւ ա­ռանց ուղ­ղա­կի ճնշում­նե­րու վտան­գուած ինք­նու­թիւ­նը պի­տի տժգու­նի, վերջ­նա­կա­նա­պէս ան­հե­տա­նա­լէ ա­ռաջ՝ մեր ա­կանջ­նե­րուն մէջ ծա­փե­րով պի­տի հնչեն հո­գե­պա­րար տա­րազ­ներ, ըստ ո­րոնց, աստ եւ անդ «օ­րի­նա­կե­լի կեր­պով մե­րուած­ներ» ենք (intégration exemplaire):

Դեռ ժա­մա­նակ մըն ալ ան­հատ­ներ ի­րենց սնա­պար­ծու­թիւ­նը պի­տի ջնա­րա­կեն «ծա­գու­մով հա­յեր»ու տե­ղա­կան-քա­ղա­քա­կան, մշա­կու­թա­յին, գրա­կան, ա­րուես­տի եւ գի­տա­կան յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով, ո­րոնք ոչ մէկ ձե­ւով ներդ­րում պի­տի ըլ­լան հայ­րե­նի­քի եւ ազ­գի տո­կա­լու, տե­ւե­լու եւ զար­գա­նա­լու ըն­թաց­քին: Այդ սնա­պար­ծու­թիւ­նը եր­բեմն պի­տի օգ­տա­գոր­ծեն ան­հա­տա­կան-տե­ղա­կան փա­ռա­սի­րու­թիւն­ներ բա­ւա­րա­րե­լու հա­մար:

Ինչ­պէ՞ս ազ­գը պի­տի գո­յա­տե­ւէ ե­թէ մեր ձուե­րը շա­րու­նա­կենք ա­ծել այլ եր­կինք­նե­րու տակ:

Ա­մէն օր, որ կ՚անց­նի, մեր զոյգ եւ նոյն բա­ցա­սա­կա­նու­թիւն­նե­րը ար­դա­րաց­նե­լու հա­մար հայն ու իր հայ­րե­նի­քը նկա­տի չու­նե­ցող փաս­տարկ­ներ կը հնա­րուին, ներ­սը եւ դուր­սը: Հայ­րե­նի­քի վե­րա­կանգ­նու­մին հա­մար այն­քա՜ն կա­րե­ւոր պատ­րաս­տուած ու­ժեր երբ կ՚ար­տա­գաղ­թեն, ա­նոնք ըլ­լան ա­րուես­տա­գէտ­ներ եւ գիտ­նա­կան­ներ, մեծ հա­մալ­սա­րան­ներ կը յա­ճա­խեն եւ չեն վե­րա­դառ­նար, հայ­րե­նա­տի­րու­թիւ­նը կը զրկեն սնու­ցիչ ա­ւի­շէ:

Այս նոր տե­սա­կի ար­տա­գաղ­թող­ներն ալ կ՚ար­դա­րաց­նեն ի­րենց լքման ըն­թաց­քը՝ ա­ռար­կե­լով, որ սփիւռ­քէն ե­կած մաս­նա­գէտ­ներ տէր դար­ձած են մի­ջազ­գա­յին լաւ վճա­րուած պաշ­տօն­նե­րու եւ ի­րենց տեղ չկայ: Փո­խա­նակ դրա­կան գտնե­լու պատ­րաս­տու­թեան տէր վե­րա­դար­ձող­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը՝ այս նո­րա­տե­սակ մրցակ­ցու­թեան այ­լա­մեր­ժու­թիւ­նը ոչ մէկ ձե­ւով օ­րի­նա­կե­լի կ՚ըլ­լայ հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւն ծա­ւա­լե­լու հա­մար:

Հա­յաս­տան եւ սփիւռք­ներ իս­կա­կան ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւն պէտք է զար­գաց­նել, հասց­նել իւ­րա­քան­չիւ­րին, որ­պէս­զի հայ­րե­նի­քի վե­րա­կանգ­նու­մը տօ­նա­կան օ­րե­րու կամ հա­մա­ժո­ղով-խորհր­դա­ժո­ղով­նե­րու յու­զիչ խօս­քէն ան­դին անց­նի: Հայ­րե­նա­տի­րու­թեան քա­ղա­քա­կան անշր­ջան­ցե­լի գի­տակ­ցու­թեամբ հարկ է յան­գիլ ա­ղէտ ար­տա­գաղթ-հայ­րե­նալք­ման կա­սեց­ման եւ զբօ­սաշր­ջու­թիւն-բա­րե­սի­րու­թիւն խիղճ հան­դար­տեց­նող ան­վա­ղոր­դայն ի­րա­րան­ցում­նե­րը փո­խա­րի­նուին զան­գուա­ծա­յին հայ­րե­նա­դար­ձու­թեամբ:

Օ­տա­րաց­ման եւ օ­տար­ման ախ­տը սի­րո­ղա­կան կի­սա­մի­ջոց­նե­րով չի դար­մա­նուիր, ոչ ալ՝ դար­մա­նե­լով դրա­ցին, կամ հե­ռուն գտնուո­ղը: Այդ ախ­տը հա­ւա­քա­կան է եւ ըստ այնմ պէտք է վե­րա­բե­րիլ:

Հայ ան­հա­տի որ­պէս ազ­գի ան­դա­մի ինք­նու­թեամբ տե­ւե­լու լաստն է հայ­րե­նա­տի­րու­թիւ­նը,  եւ ա­նով ազ­գի եւ հա­յու հայ­րե­նի­քի ան­սե­թե­ւեթ պաշտ­պա­նու­թիւ­նը: Այս՝ ար­տա­գաղ­թի տեն­դով վա­րա­կուած Հա­յաս­տան եւ բազ­մա­գոյն մա­շող սփիւռք­ներ:

Ը­նել այն­պէս, որ­պէս­զի վեր­ջին մո­հի­կան­նե­րը չը­սեն, թէ ուշ է եւ զէն­քե­րը վար դնեն:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յունուար 12, 2017