ՂՕՂԱՆՋԸ
Ղօղանջն է, որ կը լսուի ու թաղ-թաղ, տուն-տուն, շրջան-շրջան, աւերակ-աւերակ կը տարածուի, կը սփռուի: Մութ ու դիւային շրջաններուն մէջ լոյս մ՚է, յոյս մ՚է, որ կը տարածէ ան: Շունչ մը անշնչացածներուն, հաւատքի կայծ մը, յոյսի շող մ՚է ան, ծիլ մը անջրդի հողէն բուսած: Կը նմանի եղեռններուն մէջ նորածին մանկան մը ճիչին, որ անպայման ժպիտ կը գծէ լսողին դէմքին, կեանքի աւետիսը կը հաղորդէ, գոյատեւման պայքար մը յուսալի:
Պատշգամներէն գլուխներ կ՚երեւին, քիչ են անոնք, բայց կան ու կը ժպտին: Ծերունիները իրենց անկիւններէն կ՚ուրախանան, մինչ երիտասարդներ, պատանիներ կ՚ուղղուին դէպի անոր, քայլ-քայլ զուարթ դէմքով կը մօտենան անոնք:
Ղօղանջը կը լսեն նաեւ աջ ու ձախ ցրուած բեկորները այն հողին, աւերակներուն. լքուած այն տուներու տէրերը, որոնք գոյատեւման պայքարը կը շարունակեն հոն, ուր ապահովութիւնը գոյ է, կամ ալ ռումբերու ու սուրացող կապարներու ձայներ չկան միայն: Այս բեկորներն ալ կը ժպտին ու ղօղանջը կը տարածեն բոլորին, որպէս ցնծութիւն, ուրախութիւն, յոյս կենդանի, լոյս շողշողուն:
Կը ժպտի պատանին, ի տես իր վարժարանի լքուած աւերակները այցելող կղերին: Կը ժպտի մամիկը, իրեն հարազատ եկեղեցւոյ այցելուներուն ի տես, որ աւետում մ՚է Քրիստոսի հրաշափառ Ծնունդի այս օրերուն, աւետում մը՝ գալիքի պայծառութեան:
Կը ժպտի հայրիկը այն դպրոցին, ուր կը գիշերէր ան, ուր կը բնակէր, իր տունը կը սեպէր, կը խնամէր ու կը հոգար ամէն ինչ: Կը ժպտի ան ու կը յիշէ այն օրը, երբ փակուած էր դարպասը իր սիրելի դպրոցին, երբ ան գացած էր հրաժեշտ տալու անոր հոգեհարազատ կառոյցին, երբ նոյն պահուն տեղի ունեցաւ պայթում մը հզօր, երբ հրթիռը մխրճուեցաւ բակին մէջտեղը դպրոցին, երբ փառք տուաւ ան, որ անփորձանք մնաց, որպէսզի կարողանայ երթալ ու լուրը հաղորդել պատահածին, երթալ ու տեղեկացնել, որ դպրոցին վնաս մը չէ հասած, որ միայն բակն է, ուր փոս մը գոյացած է, որ հաղորդէր պատասխանատուներուն, որպէսզի անոնք գան ու վերցնեն այդ չար հրթիռին կտորը, սկիզբէն իսկ վերջ տալու համար աղէտին, բայց շարունակուեցաւ աղէտը ու մէկ փոսը եղաւ երկու, եղաւ երեք, չորս, հինգ..., փուլ եկան հսկայ կառոյցին պատերը, կողոպտուեցաւ ու լքուեցաւ...: Աղօթեց հայրիկը, երկար տարիներ աղօթեց, յոյսը գրկելով աղօթեց, ու ահա անոր աղօթքն է, որ ղօղանջով կը պատասխանուի կարծես:
Չկայ ասկէ աւելի լաւ պատասխան, կը խօսին եկեղեցիները տարիներու լռութենէն ետք, փնտռուած վերջակէտն է այս, յոյսերու ու հաւատքի կերտում մը, սկիզբ մը բարութեան ու հաճութեան եւ աւարտը՝ չարութեան ու անմարդկայնութեան:
Կը ժպտի երիտասարդուհին, որ լոգանքի պահուն լսած էր սուլոցը դիւային հրթիռին, որ գոռացած էր բաղնիքէն՝ դուրսը, պատշգամը լուացք փռող մօրը, որ ան ներս մտնէ, զգացած էր մօտալուտ վտանգը, իսկ երբ մայրը չէր պատասխանած՝ դուրս վազած էր ան թաց մարմինով... ու տեսած մօրը անգլուխ մարմինը փռուած պատշգամի գետնին:
Կը ժպտի մանուկը օտարազգի նստած մայթի եզրին՝ անտուն ու անօթեւան, յիշելով աւերակի վերածուած տունն իր հայրական:
Ու ամբարձիչները կը շրջին Նոր Գիւղի հայ շրջանին մէջ, կը վերցնեն, կը մաքրեն կոյտերը, աղտեղութիւնը տարիներու: Անոր կ՚ընկերանայ ջրամբար մեքենան, կը լուայ պողոտան, ուրկէ մօտ անցեալին վախով կ՚անցնէին մարդիկ, կը վազէին դիպուկահարին հարուածներէն խոյս տալու համար, վտանգը տեսնելով կու գային եկեղեցի ու աղօթքն ու աղերսանքը միահիւսելով մխիթարութիւն կը գտնէին շարականներու մեղմանուշ մեղեդիին ներքեւ, որ կը ծածկէր դուրսի ահ ու սարսափ տարածող ձայները:
Տինկ, տինկ, տինկ ղօղանջի ձայներուն հետ կը յառաջանայ Վեհափառ Հայրապետը, կը քալէ տեսնելով աւեր ու աւար, շօշափելով վիշտ ու ցաւ, որ կը ցոլայ իր դէմքին վրայ:
Անդին, հեռաւոր երկիրներու մէջ ապաստանած հալէպահայ մանուկը կարծես ղօղանջին կոչին անսալով ու ծննդավայրին կարօտը զգալով կ՚ըսէ. «Մա՛մ, Հալէպ վերադառնա՞նք, տե՛ս մեր եկեղեցին կը ղօղանջէ, պիտի լաւանայ Հալէպը, երթա՞նք»…:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ