ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՈՒՆ ՎԿԱՆԵՐԸ

Հայկական լեռնաշխարհը մետաղամշակութեան հնագոյն բնօրրաններէն մին է։ Հայաստանի մէջ մետաղի գեղարուեստական մշակումը ունի հնագոյն աւանդոյթներ։ Սակայն, մինչեւ վերջին տարիները Հայաստանի հելլէնիստական դարաշրջանի տուեալները գրեթէ անյայտ էր։ Միայն շնորհիւ Գառնիի, Արտաշատի, Սիսիանի եւ այլ վայրերու պեղումներու կամ ալ պատահաբար յայտնաբերուած մետաղէ շարք մը գեղարուեստական գտածոներու՝ հնարաւոր դարձաւ ծանօթանալու անթիք շրջանի տուեալներուն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի Հնագիտութեան բաժնի աւագ գիտաշխատող Ճուլիէթթա Կարապետեան ներկայացուց Սիսիանի մէջ 1970 թուականին բացուած դամբարանէ պեղուած ամանը (պեղումներու ղեկավար՝ Ժ. Խաչատրեան)։ Երկհազարամեայ հնութեամբ դամբարանային նշանաւոր այս յուշարձանը հարուստ է գիտամշակութային բացառիկ արժէք ներկայացնող գտածոներով։

Դամբարանէն յայտնաբերուած արծաթէ գաւաթները, անօթները եւ սկահակները մետաղի գեղարուեստական մշակման իւրօրինակ նմոյշներ են։ Յայտնաբերուած ամաններէն մէկը կ՚առանձնանայ իր շքեղ յարդարանքով։ Ան կը թուագրուի մ.թ.ա. առաջին դարու կէսով։ Գաւաթը կիսագնդաձեւ է, պատրաստուած է ձուլելու եղանակով, իսկ զարդանախշերը՝ փորագրուած եւ դրուագուած են։ Անօթի մակերեսը փորագրազարդուած է խաղողի պտուղներով ու ճիւղերով, սրածայր, տերեւաձեւ զարդամոթիֆներով եւ ուղղահայեաց ակօսներով։ Անօթի յատակի վրայ կան համակեդրոն շրջանակներ։ Վարպետի մանրակրկիտ աշխատանքի շնորհիւ տեսանելի են նոյնիսկ տերեւներու միջնաջիղերն ու երակները։

«Նմանատիպ անօթներ յայտնաբերուած են Մարաստանի մէջ՝ Նեհաւենտի մօտ (կը պահուի Պերլինի թանգարանին մէջ), եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ (կը պահ-ւի Սթոքհոլմի մէջ)։ Սիսիանի անօթը թէեւ ունի աղերսներ այս երկու անօթներու հետ, բայց ունի որոշակի տարբերութիւններ։ Ինչ որ կասկածէ վեր է, որ նշուած անօթները ժամանակակից են իրարու եւ նոյն միջավայրի, շատ հնարւոր է, որ նոյն կեդրոնի արտադրանք են», նշեց ան։

Ինչ կը վերաբերի արտադրութեան վայրին, հիմնականին կ՚ենթադրուի Միջերկրական ծովու արեւելեան ափերը, մասնաւորապէս Սուրիան, Փոքր Ասիան, Պերկամոնը, Հռոդոսը։ Միջերկրական ծովու արեւելեան ափերը հռչակուած էին արծաթէ թանկարժէք անօթներու արտադրանքով։ Թէեւ չի բացառուիր, որ անօթը ըլլայ տեղական արտադրութիւն։ Թերեւս աքեմենեան շրջանին Հայաստանի մէջ գործած են զարգացած մետաղագործական արհեստանոցներ՝ հռչակուած յատկապէս գեղարուեստական մետաղի բնագաւառին մէջ։

Ճուլիէթթա Կարապտեանի խօսքով՝ հնարաւոր է, որ անոնք պահպանած են իրենց նշանակութիւնը նաեւ հելլէնիստական շրջանին, իսկ անոնց զուգահեռ ստեղ-ծըւած են նորերը։ Բացի այդ, նետաբոյս (sagittaria) կամ լեզուաձեւ զարդերը շատ տարածուած էին նաեւ ուրարտական, ասորէստանեան եւ աքեմենեան շրջանի կիրառական արուեստի յատկապէս գեղարուեստական կերտուածքներուն մէջ։

Երկհազարամեայ նրբագեղ այս անօթը ցուցադրուած է Ֆրանսայի ՝ Նանթի, Առլիի թանգարաններուն եւ Թեհրանի Ազգային թանգարանին մէջ։

ԱՆԻ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Փետրուար 12, 2018