ԵՐԳԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

«IMAGINE» («ՊԱՏԿԵՐԱՑՈ՛ՒՐ»), ՃՈՆ ԼԵՆԸՆ

1971 թուականի յունիս 21-ին Ճոն Լենըն աշխարհին նուիրեց «Imagine» («Պատկերացո՛ւր») երգը, որ դարձաւ երաժշտութեան համաշխարհային պատմութեան մեծագոյն երգերէն մէկը:

Լենընը կը նշէր, որ երգը գրած է Եոքօ Օնոյի «Կրէյփֆրութ» («Grapefruit») գիրքէն ստացած տպաւորութիւններուն ազդեցութեան տակ, որ, ըստ էութեան, գերիրապաշտ ուղղորդումներու հաւաքածոյ է արուեստագէտներուն համար:

Երգի տողերէն շատերը կը սկսին «պատկերացո՛ւր» արտայայտութեամբ: Եոքոն կը պատմէր, որ Լենընը այս երգը կ՚երգէր այն ամէն ինչի մասին, որ անկեղծօրէն կը հաւատար՝ «բոլորը մէկ մոլորակի, մէկ երկրի, մէկ ազգի ներկայացուցիչներ են»: Լենընը զայն անուանեց համայնավարական հրովարտակ, թէեւ ինքը անձամբ, ըստ իր խօսքերուն, համայնավար չէր եւ չէր պատկաներ որեւէ քաղաքական շարժումի:

Այնուամենայնիւ, «Imagine» երգը դարձաւ Ճոն Լենընի այցեքարտը: Անիկա աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ կը հնչէ գրեթէ նոյնքան, որքան ազգային քայլերգները:

Լենընի մահէն ոչ շատ առաջ երգը կատարեց իր ընկերը՝ Էլթոն Ճոնը, իսկ մահուան օրը զայն կատարեց «Քուին» խումբը: Տարիներ ետք զայն կատարեցին բազմաթիւ յայտնի երգիչներ՝ Էթթա Ճէյմս, Ճոշ Կրոպան, Ռէյ Չարլզ, Մատոննա, Լէյտի Կակա, Աւրիլ Լաւին եւ այլք: Սթիվի Ուոնտերն զայն կատարեց 1996 թուականին ողիմպիական խաղերու փակումին, իսկ 2006 թուականին՝ Փիթըր Կապրիէլը՝ ձմեռնային ողիմպիական խաղերու (20-րդ) բացման արարողութիւններուն ժամանակ: Երգը կատարուեցաւ նաեւ 2012 թուականին Լոնտոնի ողիմպիական խաղերու փակումին:

2006 թուականէն Նիւ Եորքի մէջ աւանդոյթ դարձած է Թայմս-սքուերի մէջ անցնող տարուան վերջին վայրկեանները ճանապարհել երգի կատարումով:

Հետաքրքրական փաստեր.

- Նիւ Եորքի Կեդրոնական այգիի «Մօրու բացատ» հատուածը նուիրուած է Լենընի յիշատակին, որուն կեդրոնը զետեղուած է «Imagine» բառը:

- Քուպայի մայրաքաղաքը՝ Հաւանայի մէջ շինուած է Լենընի պրոնզէ արձանը, որուն պատուանդանին վրայ փորագրուած են երգէն հատուածներ:

- Լիվերփուլի օդակայանը կը կրէ Լենընի անունը, որուն նշանաբանն է «Մեզմէ վեր միայն երկինքն է» (հատուած երգէն):

Գրեթէ անհաւանական կը թուի, որ աշխարհիս վրայ կրնայ գտնուիլ մէկը, որ գոնէ մէկ անգամ լսած չէ այս երգը՝ անկախ դաւանանքէն, ազգի պատկանելիութենէն, տարիքէն, սեռէն եւ նոյնիսկ նախասիրութիւններէն: Աւելի քան 45 տարիէ ի վեր անիկա կը շոյէ հանդիսատեսի ականջը եւ մի քանի այլ երգերու հետ կը դասուի դարու անմահ երգերու շարքին:

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Երեքշաբթի, Փետրուար 12, 2019