ԾԱԽՈՒ ԱՉՔԵՐՍ

Այս օրուան պէս կը յիշեմ։

Աշնանային առաւօտ մըն էր։ Տասներկու տարեկան անմեղ աղջնակ, հօրս ձեռքը բռնած գացած էի դպրոց։ Գլուխս փակ, կապուած, դէմքս կիսածածկ, քալած էինք մեր տունէն, անցած էինք շուկայէն, հասած՝ դպրոց, ինչպէս ամէն դպրոցական օր։ Լուռ անցած էր հօրս հետ այդ ուղին, ինչպէս միշտ։ Հայրս երկու անգամ ծանօթ մարդոց հանդիպած, բարեւած ու զրուցած էր։ Ո՛չ նայած էին վրաս, ոչ խօսած հետս կամ իմ մասիս։ Գիտէի, որ այդպէս ալ պէտք է ըլլար, յատկապէս տղամարդոց հետ։

Տաք շունչս բռնած բերնիս ու շալիս միջեւ, հասած էի դպրոց, ուր կրնայի վերջապէս ազատիլ այդ փակ, այն ժամանակ դեռ զիս խեղդող վիճակէն։ Միայն աղջկանց վարժարան մըն էր, եւ կանայք ու օրիորդներ էին բոլոր ուսուցիչները բացառապէս։

Այդ օրը, ինչպէս ոչ մէկ այլ օր, տղամարդ մը տեսանք մեր դպրոցէն ներս։

Դասարանի դուռը յանկարծ բացուեցաւ, իրմէ ներս առաւ տնօրէնուհին ու շիկահեր մարդ մը, տարօրինակ տեսքով։ Ընկերուհիներս ու ես աճապարանքով քաշեցինք մեր շալերը մեր գլուխներուն. դէմքով ծածկեցի բերանս։ Մայրս, յիշած էի, այդպէս ըրած էր անգամ մը, երբ անակնկալօրէն տղամարդ մը ներկայացած էր մեր բակ։ Երեւի աւելի արագ միջոց էր, քան շալը լաւ մը փաթաթելը։

Տնօրէնուհին ըսաւ, որ օտարերկրացի նկարիչ մըն էր մարդը, որ կ՚ուզէր նկարել մեզ։ Վերջինս աչք մը նետեց մեր բոլորին վրայ, եւ երբ հասաւ ինծի՝ կանգ առաւ, ժպտաց գրեթէ, եւ անհասկնալի լեզուով դիմեց տնօրէնուհիին։ Տիկին Շաֆաքը կանչեց զիս ու խնդրեց, որ ընկերակցիմ։ Դասընկերուհիներս մտահոգ աչքերով նայեցան վրաս. իսկ ես սարսափած էի։ Երբեք զիս չէր կանչած տնօրէնը։ Հիմա ինչո՞ւ, եւ ի՞նչ կապ ունէր այս մարդը։

Անցանք քովի սենեակ, զիս նստեցուցին աթոռակի մը վրայ, եւ ըսին, որ պէտք է դէմքս նկարէր մարդը։ Հրահանգեցին, որ շալս քիչ մը ետեւ նետեմ, այնպէս մը, որ երեւին մազերս, որ բաց ձգեմ բերանս, ու նայիմ ուղղակի մարդուն աչքերուն, յետոյ ալ այդ միականի գործիքին։ Աւելին. օտարը համարձակեցաւ մօտենալ, դպչիլ ուսերուս, շարժել մարմինս ու կաւի նման ձեւել զայն, հրահանգելով որ չշարժիմ։ Ահաւոր մեղքի զգացումով ստիպուեցայ համակերպիլ, յատկապէս տնօրէնուհիի խիստ նայուածքի, լուռ հրահանգի տակ։ Մայրիկս էր մտքիս մէջ, ու յանցանքի զգացում մը իր ու հօրս հանդէպ։ Նկարեց։ Վազելով փախայ բաղնիք։

Լացի երկար։

Տարիներ ետք պիտի տեսնէի աշխարհահռչակ ամսագրի կողքին դրուած նկարս, եւ կատաղութենէս պատռէի զայն։ Պիտի իմանայի, տակաւին, որ կիսաշինծու պատմութիւն մը կարելով դէմքիս, զիս ներկայացուցեր էին որպէս «պատերազմի վախը կրող աղջիկ», մինչդեռ այդ օտար գանձագողի հանդէպ վախս ու պատուազրկութիւնս էին աչքերս բոցավառողը։ Աչքերս, անմեղ, որ վաճառքի հանուած էին ահա, առանց իմ կամ ծնողներուս թոյլտուութեան, ու հազարաւոր տոլարներ տուած նկարչին ու ամսագրին…

Հիմա կը նայիմ նկարին։ Ալ իմս չէ։ Ալ ես չեմ հոն։ Այլ աղջիկ մը, որ աշխարհին սեփականութիւնն է դարձեր գրեթէ երեսուն տարի առաջ։

Եւ անոր մէջ կը տեսնեմ ոչ թէ զոհ մը պատերազմի, այլ հասարակ արեւելքցի զոհ մը՝ արեւմտեան աշխարհի գաղութատիրութեան։ Երեխայ մը, «հետաքրքրական» եւ «ջնաշխարհիկ», «զոհ»ի կարգավիճակով ներկայացուած, բայց նոյն այդ ներկայացումովն իսկ անարգուած ու քանի մը դուրսէն-վերէն եկած մարդու յաջողութեան համար զոհաբերուած։ Գաղութատիրութիւնը դարձուցած էր զիս փախստական, յետոյ ալ եկած շահոյթ ապահովելու իմ այդ զոհի կարգավիճակս շահագործելով. Հոգ չէ թէ՝ կրկնակի զոհ դարձնելով զիս։

ԵՐԱՄ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 12, 2020